ՈՒԽՏԻ ՄՇՏՆՋԵՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Խոհք եւ խօսք»ին մէջ իր կարծիքները կը յայտնէ նաեւ ուխտի մասին։ Հետաքրքրական եւ ուսուցողական այս տողերէն հատուածներ կը ներկայացնենք, միշտ հաւատարիմ մնալով բնատիպին։
«Սակայն դիտել կը տրուի, թէ զրկումի յանձնառուն պէտք է որ ինչէ զրկուիլը լաւ գիտնայ, ինչ որ չ՚արդարանար նորահաս պատանիներու եւ երիտասարդներու ուխտադրութեան մէջ։ Այս մասին փորձառութենէ քաղած պատասխանս է, թէ շատ աւելի դիւրին է կիսովի տեղեկութեամբ կատարուած որոշումը, քան թէ ամէն պարագաներու ծանօթութեամբ եւ գործադրական հմտութեամբ տրուածը։
«Յայտնի եւ վկայուած իրողութիւն մըն է թէ աւելի անժոյժ են այրիներ եւ ապօրէն կենակցութեանց հետեւողներ, քան թէ սկիզբէն մարմնական գործերէ հեռու մնացածներ։ Մարդը ունակական կենդանի ըսուած է, եւ ամէն ճիւղի մէջ ունակութիւն ունեցողներ ունակութենէ հեռանալու կը դժուարանան, եւ մինչեւ որ ծանր վախ մը կամ վերահաս վտանգ մը զիրենք չստիպէ՝ ունակութենէն չեն հրաժարիր։ Այդ կէտը կը ճշմարտուի նոյնիսկ աւելորդ եւ պատահական ունակութեանց հետեւողներու վրայ, ինչպէս են ծխողներ եւ խմողներ, հարկաւ աւելի պիտի ծանրանայ բնական ունակութեանց վրայ։ Հետեւապէս ո՛չ միայն անտեղի չեմ նկատեր նորահասներու ուխտադրութիւնը, այլեւ իրենց դիւրութիւն մը ընծայուած կը կարծեմ, երբ որ պաշտօնական եւ օրինական դարձած կենցաղի մը պայմաններուն թեթեւութեան կը պատրաստուի։
«Ամուրի եկեղեցականութիւնը, ինչ ալ ըլլայ անոր ծագումն ու զարգացումը, այլեւս օրինական պահանջի կարգ անցած է, եւ կրօնական ընկերականութեան մէջ այդ ընթացքին հետեւողներու պէտք կայ. լաւագոյն է այդպիսիներուն յանձնառութիւնը դիւրացնել, քան թէ դժուարացնել։
«Խնդիրը ամփոփենք ուխտին մշտնջենաւորութեան վրայ։ Ինչ ալ ըլլայ ոմանց տեսութիւնն ու նախապաշարեալ կարծիքը, եւ խստակրօններու սկզբունքը, ես իմ մասին երբեք անդարմանելի մարդկային գործ մը չեմ ընդունիր, միշտ կարգ ու կանոնի մը եւ օրինական պահանջներու պատկառ մնալով։ Ըստ այսմ ուխտի մշտնջենաւորութիւնն ալ կ՚իմանամ իբր ցնոր տնօրէնութիւն, այսինքն ցորչափ իրաց վիճակը, ուխտդիրին դիրքը, էական պայմաններու ձեւը փոխուած չէ։ Մարդ չի կրնար բովանդակ ապագայն նախատեսել, եւ իւր կեանքին բոլոր փոփոխութիւնները գուշակել, ուստի անհրաժեշտ է որ բաց դուռ մը ունենայ իւր դիրքը եւ կացութիւնը փոփոխելու եւ նոր դիրքին յարմարելու։
«Ըստ այսմ բնաւ դժուարութիւն չեմ զգար եւ դիտողութիւն չեմ ըներ, եթէ կուսակրօնութեան նուիրեալ եկեղեցական մը իւր կոչումէն հրաժարի, բաւական է որ օրինական պայմանները յարգէ եւ ընդհանուր բարոյականութեան դէմ չմեղանչէ։ Կարծեմ թէ այս բացայայտ վերապահութիւնս բաւական է իմ համոզումս ուղղապէս դատելու, եւ զիս մոլեռանդ եւ անխորհուրդ աւանդապահ մը չսեպելու։
«Իմ ծանօթներէս եւ սիրելիներէս եղած են կուսակրօն եկեղեցականութենէ հրաժարողներ, որոնց մասին այս պատճառով սէրս ու յարգանքս չեմ պակսեցուցած, մինչեւ՝ իսկ ազգականութեան կապերու ընդունած եմ, միայն դիտողութիւն ըրած եմ անոնց որ ընդհանուր բարոյականութեան ճշդապահ եղած չեն, կամ թէ քաշքշուքներ եւ այլընդայլոյ պատճառանքներ ուզած են յուզել իրենց արդարացման համար։ Աւելի պատուաւոր դատած եմ որ համարձակ խոստովանին եւ յայտնեն իրենց փոփոխուած պայմանները։
«Կրնայի կուսակրօն եկեղեցականութեան պէտքին վրայ ալ խօսիլ, սակայն կը վախնամ որ նպատակէս դուրս խնդիրներու մէջ դեգերած կ՚ըլլամ։ Բայց գոնէ համառօտիւ միտքս յայտնած ըլլալու համար աւելցնեմ, որ նախնական եկեղեցւոյ մէջ կուսակրօնութիւնը եկեղեցականութեան պայման չէ եղած, թէպէտ կամաւոր յանձնառուն չէ մերժուած, ինչպէս Յովհաննէս եւ Պօղոս առաքելոց մէջ եւ Արիստակէս՝ մեր սուրբ հարց մէջ։
«Եկեղեցականութիւնը իբրեւ ժողովուրդի հովուութիւն ամուսնացելոց սեփական եղած է, նոյնիսկ եպիսկոպոսութեան եւ հայրապետութեան աստիճաններուն մէջ։ Իսկ կուսակրօններ իրենց կոչումը անաղարտ պահելուն համար աշխարհէ հեռու եւ աշխարհիկ յարաբերութիւններէ զերծ վանքերու մէջ փակուած են, իրենց նուիրական կենցաղը չվտանգելու համար։
«Այժմեան կուսակրօններու սովորական դարձած աշխարհի եւ աշխարհիկ յարաբերութեանց հետ համարձակ շփումը նախնական օրինաց եւ սկզբնական սովորութեանց համաձայն չէ, բայց այդ մասին յետադարձը գործադրելն ալ դիւրին չէ։
«Եթէ արեւելեան եկեղեցիներու մէջ պահուած ամուսնացեալ եկեղեցականութեան զարգացումը բարձրանայ, եւ եթէ իւր առջեւ աստիճաններու բարձրացման դուռերը բացուին, կուսակրօն եկեղեցականութիւնը կրնայ հետզհետէ նուազիլ, եւ իւր նախնական բացառիկ եւ պատահական չափին վերածուիլ։ Բայց այս եկեղեցւոյ բարեկարգութեան կէտ մըն է, որ աստ եւ այժմ մեր նպատակէն դուրս է, գուցէ առաջիկային այն ալ շօշափեմ»։
- Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան «Խոհք եւ խօսք», ԺԹ Դամասկոս, 1917 դեկտեմբեր 15/28 Ուր. (էջ 47-50)։
- «Խոհք եւ խօսք»ին բնագիրը կը գտնուէր Գէորգ Մոստիչեանի քով, որ սիրով տրամադրած է զայն, հրատարկուած տեսնելու փափաքով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 5, 2019, Իսթանպուլ