ՍԷՐԸ ՍՐՏԷՆ ԿԸ ԲԽԻ
Քաղաքակրթութեան բերած արագութիւնը այդպէս կը թուի՝ թէ մարդ էակը ի՛նք ձեւակերպելու մտադրութիւնը ունի բնութիւնը։ Եւ այնպէս կը տեսնուի՝ թէ «հին մարդ»ը այլեւս այն մարդը չէ, այլ՝ քաղաքակրթութեան թեւերուն տակ փոխուած եւ բարեկարգուած «նո՛ր մարդ»ը։
Սաւառնակներ, հեռաձայններ եւ զանազան արդիական հաղորդակցութեան միջոցներ մղոններ հեռաւորութեան մարդիկ իրար կը մօտեցնեն ձայնով եւ նոյնիսկ տեսքով, բայց մօտինները կը հեռացնեն իրարմէ սրտով։ Ձայնը եւ տեսքը մօտ կ՚երեւին, բայց սրտեր իրարու հեռու կը մնան։
Միջոցը կը մօտենայ, բայց սրտեր կը հեռանան եւ չեն կրնար քայլ մը իսկ մօտենալ իրարու։
Արուեստականութիւնը կարծես պարտութեան է մատնած բնութիւնը։ Մինչդեռ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներ բնութեան մէջ են. միջոցը՝ կարճ, սրտերը՝ հեռու, այն սրտերը՝ որոնք պէտք է միշտ տաք մնան եւ մօտ։ Եւ բնութիւնը նախամեծար կը համարէ քալելը, քան արդիական զանազան հաղորդակցութեան միջոցները՝ արագասահ ամէն արուեստական գործիք։
Տեսէ՛ք, Յիսուս քալելով մօտեցաւ իր բարեկամներուն եւ հասաւ ամէնուն՝ անկեղծ սիրով, սրտէ բխած իսկական սիրով, ամենայն խոնարհութեամբ։ Անշուշտ պիտի ըսէք՝ թէ դարը փոխուած է, բայց սիրտը՝ մարդկային զգացումները, անկեղծ սէրը չէ փոխուած, միշտ նոյնն է եւ այդպէս ալ պիտի շարունակէ, քանի որ ան բնութեան, բնականութեան արտայայտութիւնն է։ Շրջանները որքան ալ փոխուին՝ մարդկային բնութիւնը, բնաւորութիւնը, զգացումները չեն փոխուիր, եւ ուրեմն մարդկային փոխյարաբերութիւններ նոյն կերպով կը ցուցաբերուին՝ երբեմն անկեղծ եւ երբեմն ալ կեղծ, յետին նպատակներով։
Ընկերային ընդհանուր յարաբերութիւններու մէջ, դժբախտաբար, անկեղծ սէրը հալած է, նօսրացած է կեղծ ձեւակերպութիւններու մէջ։ Եւ այս պատճառով, մարդկային փոխյարաբերութիւնները խաթարուած կ՚երեւի մեծ մասամբ։ Ձեւապաշտութիւնը կը տիրապետէ մարդկային յարաբերութիւններու մէջ՝ ո՞րն է անկեղծը, ո՞րն է կեղծը՝ կարելի չէ զանազանել, անկարելի է ընդհանրապէս որոշել եւ հասկնալ։
Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք, սիրելինե՜ր, մարդիկ ընդհանրապէս իրարու հետ կը հաղորդակցին կաղապարուած խօսքերով՝ ուրիշէն առնուած՝ փոխառեալ բառերով կ՚արտայայտուին իրարու հետ։
Մարդիկ փոխանակ իրենց անկեղծ, սրտաբուխ զգացումները իրենց բառերով, խօսքով արտայայտելու, փոխանակ իր անկեղծ ժպիտը ցոյց տալու, կը յայտնեն հեռաձայնի գործիքով եւ այլ արդիական - արուեստական միջոցներով՝ որոնց մէջ ամէն ինչ կայ, բայց հոգի չկա՛յ։ Երբեմն ալ զգացումներ կը յայտնուին քարտով մը՝ որուն վրայ գրուած կը տեսնուի օտարի մը, անծանօթի մը բոլորովին «անանձնական» մէկ խօսքը։ Զգացումներ մեքենայացած, արուեստական արտայայտութիւններ են եղած՝ ուր կարելի չէ նկատել ո՛չ հոգի, ո՛չ սիրտ եւ ոչ իսկ անկեղծութիւն, բայց միա՛յն՝ ձեւականութի՛ւն։
Եւ դժբախտաբար, այլեւս սէրը սրտէն չի բխիր, այլ անկենդան եւ պայմանադրական գրչի մը ծայրէն եւ շատ անգամ արուեստական «արդի» գործիքէ մը։ Պատուհանները այլեւս ո՛չ թէ մաքուր բնութեան տեսարաններ, այլ արուեստական, անկենդան պատկերներ ցոյց կու տան։
Ուստի, մարդ էակը ելած է սրտի, հոգիի տիրակալութենէն, անկեղծ սիրոյ տիրապետութենէն եւ անձնատուր է եղած արուեստականութեան, գործիքներու եւ մեքենաներու շինծու կանոններուն։
Կարելի է մտածել, թէ այս բոլորը անգիտակցաբար, ակամայ կերպով՝ ընկերային միջավայրի ազդեցութիւններէն տարուելով կը պատահին, բայց մարդկային բանականութիւնը պէտք է հակակշռէ օգտակարը եւ վնասակարը, պիտանին եւ անպէտը։ Արդարեւ, քաղաքակրթութիւնը շատ մեծ արժէքներ ընծայած է մարդկութեան՝ որոնք կարելի չէ անտեսել, ուրանալ եւ կամ մերժել, բայց հարցը զանոնք լաւագոյն եւ օգտակար կերպով կարենալ գործածելն է. մարդ պէտք չէ՛ գերին ըլլայ գործիքին, այլ գործիքը պէտք է մարդուն կեանքը դիւրացնէ եւ մարդ ըստ այնմ գործածէ զայն։
Օգտակարը եւ վնասակարը ներդաշնակելու հարց մըն է ասիկա, ինչ որ կը մնայ մարդուն ուղիղ բանականութեան եւ բանականութեամբ օգտագործելու մէջ զանոնք։
Այս բոլոր իրողութիւններէ կարելի է եզրակացնել՝ թէ քաղաքակրթութիւնը «անձնաւորութիւն» մը չէ. ո՛չ հոգի եւ ոչ ալ սիրտ ունի, միջոց մը, մեքենայ մը, գործիք մըն է, որ կը դիւրացնէ մարդկային կեանքը, բայց նոյն ատեն կ՚ընթարմացնէ մարդկային սիրտը եւ չի թողուր որ առանց պայմանադրականութիւններու, կեղծ եւ ձեւականութենէ մղուած շարժառիթներու տրոփէ։
Ուրեմն, եզրակացնելով, բնութիւնը՝ բնականը եւ արուեստականութիւնը՝ քաղաքակրթութիւնը մարդկային կեանքին անբաժան տարրերն են, որոնց համակերպիլ պէտք է մարդուս օգտին համար։ Քաղաքակրթութիւնը կը դիւրացնէ եւ կը բարեկարգէ կեանքը, որմէ մարդ օգտուելու է չափաւորութեան պայմաններու մէջ՝ առանց չափազանցելու եւ առանց անտեսելու բնութիւնը եւ բնականը։ Հակառակ պարագային, քաղաքակրթութիւնը որ հաստատուած է արուեստականութեան վրայ, բնական մարդը կը վերածէ անբնական մարդու՝ մեքենայի մը պարզապէս։
Երբ քաղաքակրթութիւնը չափաւոր չօգտագործուի, բնութեան տեղ կը դրուի արուեստականը, ինչ որ պատճառ կը հանդիսանայ կորսնցնելու կարգ մը բարոյական - հոգեւոր արժէքներ. կորսնցնել սիրտը, սէրը եւ ամէն ազնիւ զգացումներ՝ որ մարդս հաւատարիմ կը պահեն իր սկզբնական կոչումին մէջ։
Արուեստականութեան անտեղի գործածութիւնը կ՚ամբարշտացնէ մարդը եւ ան կը շեղի իր գիծէն։
Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով է որ քրիստոնեան միշտ թէ՛ «աշխարհի մէջ» եւ թէ՛ «աշխարհէն» պէտք է զգայ ինքզինք, ինչ որ չափաւորութիւն կը պահանջէ հոգեւոր եւ մարմնաւոր արժէքներէ օգտագործուելու մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 11, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024