ՄԱՐԴԻԿ ԿՏՈՐ ՄԸ ՀԱՑ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆՔ
Ձմրան բուքին,
Երկու որբեր՝ քոյր ու եղբայր։
Առտուընէ ի վեր, փողոցներն ինկած։
Կը թափառէին անօթի փորով։
Կտոր մը հաց կը խնդրեն։
Սակայն մարդիկ՝ անգութ կու գան,
կ՚անցնին,
Քիթերնին վեր, երկինք տնկած…
Ցնցոտիներով՝ երկար ու կարճ ճամբաներ կտրելէ ետք, եօթնամեայ որբուհիին քիթին հասաւ անուշ ճաշի մը բոյրը։ Պահ մը կեցաւ. լիաթոք շունչ մը առաւ։ Սառնամանիքին հետ ամբողջացած՝ անգամ մը եւս քիթին հասաւ անուշ ճաշի մը բոյրը։ Քանի մը անգամ գոհունակութեամբ աչքերը գոցելով խոր շունչ առաւ։ Այլեւս համոզուելով, թէ ճաշին հոտը պատրանք չէ, դէմքին ժպիտ մը պարզուեցաւ։ Մարմինի տկարութիւնն ու յոգնութիւնը մոռնալով՝ աչքերը սկսան կայծկլտալ։ Որբուհին յոյսով լեցուն ու խանդավառուած բացագանչեց.
-Եղբա՛յր, դուն ալ ճաշի հոտ առի՞ր։
-Ոչ քոյրիկ,- թոյլ ու կամացուկ ձայնով պատասխանեց հնգամեայ փոքր եղբայրը։
-Փորձէ՛ խոր շունչ առնել։
Յանկարծ եղբօր յոգնած ու վշտաբեկ դէմքին արեւ ծագեցաւ։
-Այո՛, հիմա առի։ Ի՜նչ աղուոր կը բուրէ։
-Վերջապէս այսօր պիտի ճաշենք։ Փորիկնիս համով ճաշով պիտի լեցնենք։
-Քոյրիկ այլեւս չեմ կրնար համբերել, եկուր աճապարենք։
-Ձեռքդ տուր վազենք. վազքի ընթացքին թէ՛ կը տաքնանք, թէ աւելի շուտ կը գտնենք ճաշին տեղը։
Քոյր ու եղբայր ձեռք ձեռքի սկսան վազել։ Անոնց տխուր աչուկները կը խնդային, յոյսով լեցուն, ուրախ ու զուարթ կը վազէին մինչեւ կրցան գտնել այն վայրը, ուրկէ զգլխիչ ճաշի հոտ կը տարածուէր։
Ահաւասիկ կեցած են երկյարկանի, գեղեցիկ, նրբաոճ, բարձրակարգ ապակեպատ ճաշարանի մը դիմաց։ Գրեթէ բոլոր սեղանները զբաղեցուցած էին շքեղ հագուած ու զարդարուած կանայք ու աղջիկներ, փողկապով ու տարազով տղամարդիկ։
Ցնցոտիներով, հնամաշ կօշիկներով, անփոյթ տեսքով փոքրիկները չհամարձակեցան ճաշարանի շեմէն ներս անցնիլ։ Պահ մը փորձեցին հեռանալ, սակայն ենթագիտակցութիւնը թոյլ չտուաւ։ Փոքրիկները անկարող եղան յաղթահարելու քաղցի զգացումը։ Ներքին ձայն մը կը յուշէր՝ հեռացէ՛ք, սակայն սիրտն ու միտքը հրաման չէին տար։ Անտեսելով ինքնասիրութիւնն ու ամօթը՝ ապակիի մը դիմաց գամուած մնացին։
Ճաշարանի ներսէն հիւրերը կը նշմարէին որբերը, ոմանք անտարբերութեամբ կը շարունակէին իրենց ճաշը կամ զրոյցը, ոմանք արհամարհական հայեացքներ կ՚ուղղէին տղոց ուղղութեամբ։ Քանի մը կանայք ալ զզուանքով ու նողկանքով նայեցան անփոյթ ու ցնցոտիաւոր փոքրիկներուն։ Այնուհետեւ սկսան իրարու բան մը փսփսալ, ատեն-ատեն խիստ ստորնացուցիչ հայեացքներ նետելով որբերուն։ Անոնցմէ մէկը, որ իր շլացուցիչ տեսքով շուրջիներուն ուշադրութիւնը գրաւած էր, ձեռքով խնդրեց, որպէսզի սպասեակը մօտենայ իրենց սեղանին։ Շքեղ հագուած կինը վերջինիս ականջին բան մը ըսաւ։
Քանի մը վայրկեան ետք՝ նոյն սպասեակը մօտեցաւ փոքրիկներուն եւ.
-Կորչէ՛ք այստեղէն։ Ինչպէս համարձակեցաք գալ ու ցցուիլ ճաշարանի ճիշդ դիմացը։
Փոքրիկ աղջնակը չափազանց ազդուած ու վիրաւորուած սպասեակի ծանր խօսքերէն, եղբօր ձեռքը բռնեց ու ըսաւ.
-Եկո՛ւր, երթանք։
Սակայն հնգամեայ փոքրիկը կտրուկ շարժումով մը ձգեց քրոջ ձեռքը ու տամուկ աչքերով դիմեց սպասեակին.
-Պարոն, կտոր մը հաց կ՚աղերսենք, կտոր մը հաց։
-Չկայ ձե՛զի հաց, անտէր որբեր։ Գացէ՛ք ուրիշ տեղէ հաց մուրացէ՛ք։ Ուրկէ՞ ծլեցաք, մեր հիւրերն ալ անհանգիստ կ՚ընէք, այլեւս ձեզ այս կողմերը չեմ ուզեր տեսնել,- բարկացած ըսաւ սպասեակը ու մտաւ ճաշարան։
Տղաքը հեկեկալով հեռացան։ Քիչ մը անդին անոնց ուշադրութիւնը աղբամանի ուղղութեամբ սեւեռուեցաւ։
Նոյն ճաշարանի մէկ ուրիշ սպասեակը ի ձեռին տոպրակ մը խնամքով զատուած ուտելիքներու մնացուկներ՝ մօտեցաւ աղբամանին շուրջ գտնուող կատուներուն։ Մէկ ուրիշ մաքուր տոպրակէ երեք մեծ պնակ հանեց։ Պնակներէն մէկուն մէջ ջուր լեցուց, միւս երկու պնակներն ալ՝ տաք ճաշերով, որոնցմէ բարձրացող գոլորշիները կ՚անէանային օդին մէջ։ Հինգ-վեց կատու պոչիկները տնկած գոհունակութեամբ սկսան լափել համով ճաշերը։ Կատուները ճաշելու ընթացքին սպասեակը շոյելով անոնց ստեւները՝ փայփայանքի խօսքեր կը շռայլէր կենդանիներուն։
-Քոյրիկ, ինչո՞ւ մարդիկ մեզ չեն սիրեր… Երանի՜ մենք ալ փիսիկ ըլլայինք…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ