ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ պահքի շրջանի վեց կիրակիի երկրո՛րդն է «Արտաքսման կիրակի»ն՝ որ կը յաջորդէ «Բարեկենդանի կիրակի»ին եւ կ՚արտայայտնէ նախաստեղծներու մեղանչումը եւ անհնազանդութեան պատճառով վտարումը դրախտէն։

Արդարեւ, անհնազանդութեան արարքը միշտ կարելի է տեսնել մարդու մէջ, նոյնպէս անոր հնարաւորութիւնը որպէս փորձութիւն։ Ուստի մեղքը միշտ կ՚ուղեկցի մարդուն։

Ադամը մեղանչելով մեղանչեց ամբողջ մարդկութիւնը։

Սերունդներու յաջորդականութեամբ, մեղքը երբեք չի պակսիր, եւ նաեւ պէտք չէ պակսի, քանի որ փորձութեան մէջ է որ մարդը կը կատարելագործուի, անոր ուժերը հետզհետէ կը զօրանան եւ հաւատարմութիւնը կը զօրանայ, կ՚ամրապնդուի։ Սուրբ Գիրքի փորձութեան պատմութիւնը այլաբանօրէն իւրաքանչիւր անհատի փորձութեան պատմութիւնն է։ Ամէն ոք իր երջանիկ օրերուն ունեցած է իր դրախտը եւ այնուհետեւ կորսնցուցած է զայն։

Այս իմաստով իւրաքանչիւր մարդու կեանքին մէջ տնկուած է գիտութեան՝ բարի եւ չարի ծառը։ Եւ ամէն մարդու ալ կը մօտենայ փորձութեան օձը, որպէսզի հեռացնէ զայն Աստուծմէ։ Քանի որ Առաքեալը կ՚ըսէ.- «Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ Աստուած ինք պիտի մօտենայ ձեզի» (ՅԱԿՈԲ. Դ 8)։ Երբ յանցանքը վիշտ եւ տրտմութիւն կը պատճառէ, կեանքի ճամբուն մէջ, բաժանման տեղը՝ Քերովբէն կ՚ըսէ. «Դուն պէտք է առաջ երթաս, քանի որ այլեւս չես կրնար ետ երթալ»։

Մարդ պատուիրազանց չէր ըլլար, եթէ զԱստուած ընդունէր որպէս բարի Հայր եւ անոր պատուիրաններն ալ որպէս փրկարար խօսքեր ընդունէր։ Այն որ զԱստուած կը ճանչնայ որպէս Հայր, անշուշտ կ՚ընդունի նաեւ անոր պատուիրանները եւ պատուիրազանց չ՚ըլլա՛ր։

Ահաւասիկ, Սուրբ Գիրքի փորձութեան, պատուիրանի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ արհամարհեցին Աստուծոյ պատուիրանը եւ հեռացան իրմէ։ Եւ սակայն յանցաւորը՝ պատուիրազանցը ի վերջոյ կու գայ այն գիտակցութեան, որ մարդկային սիրտը առանց Աստուծոյ խաղաղութիւն չի կրնար գտնել, եւ առանց դարձի կարելի չէ՛ որ փրկութիւն ըլլայ։ Ուստի մարդ պէտք է քննէ ինքզինք, ապաշխարի, բարին գործէ, մխիթարուի, միաբանի խաղաղութեան եւ սիրտը լեցուն սիրով, հեռու մնայ միշտ չարէն. «Որովհետեւ Աստուծոյ ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, այլ միայն կրնանք անոր համար աշխատիլ։ Ուրախութեամբ յանձն կ՚առնենք տկարանալ, միայն թէ դուք զօրանաք։ Ուստի կ՚աղօթենք որ հետզհետէ կատարեալ ըլլաք» (Բ ԿՈՐՆ. ԺԳ 8-9)։

Արդարեւ, «դրախտ»ը իր ներքին իմաստով նոյնն է «երջանկութեան» հետ. իսկ երջանկութիւնը՝ երջանկութեան ըմբռնումը նոյնը չէ ամէն անհատի համար։ Կարելի է ըսել, թէ որչափ անհատ կայ, ա՛յնչափ ալ տարբեր ըմբռնումներ կան երջանկութեան մասին։ Կարելի է ըսել նաեւ, թէ փափաքներու, ըղձանքներու, պահանջներու գոհացումն է երջանկութիւնը, ուրիշ խօսքով կատարելութեան հասած ըլլալու վիճակ, փափաքին տիրանալ… Բայց դժբախտաբար բաւական եւ գոհացուցիչ չէ ասիկա՝ երջանկութիւնը սահմանելու համար, քանի որ մարդկային փափաքներ եւ պահանջներ փոփոխական են, եւ եթէ նոյնիսկ փոփոխական չըլլան ոմանց համար, յափրացումը կու գայ եւ ա՛լ անոնք երջանիկ չեն զգար իրենք զիրենք։

Հակառակ այս հակասութիւններուն, որոնցմով տոգորուած է մարդկային բնաւորութիւնը, մարդիկ հետամուտ են եղած երջանիկ կեանքի մը, զոր նկատած են ոչ միայն գաղափարական վիճակ, այլ նաեւ իրակա՛ն կեանք մը, զոր կարելի է վայելել, զոր օրինակ, դրախտի մէջ, ընդունելով որ դրախտը այն վայրն է՝ ուր ամէն փափաք եւ ըղձանք կը գտնէ իր գոհացումը։

Բայց ի՞նչ է «դրախտ»ը։ Աստուածաշունչի մէջ, օրինակի համար, դրախտը նկարագրուած է տեղագրական դիրքով, այն ժամանակներու ծանօթ աշխարհին ամենէն մեծ եւ գեղեցիկ գետերով շրջապատուած մէկ միջավայրը՝ ուր ամէն տեսակ ծառ կայ, ակնապարա՜ր տեսարան մը, եւ ո՛ւր սուրբգրական ստեղծագործութեան առաջին զոյգը՝ Ադամ եւ Եւա, դրուած էին յաւէտ երջանիկ եւ երանաւէտ կեանք մը վայելելու իրաւունքով եւ ազատութեամբ, պայմանաւ, որ չմօտենային «գիտութեան ծառ»ին՝ ճաշակելու համար անոր պտուղէն։

Աստուածաշնչական դրախտին կորուստը բացատրուած է «անհնազանդութեամբ» կամ «պատուիրանազանցութեամբ»։ Տէր Աստուած, Հայր Աստուած, առաջին ամոլին թոյլ տուած է լիովին վայելել դրախտային փափկութիւնները, եւ պատուիրած է անոնց մահուան դատակնիքով, որ «գիտութեան ծառ»ին չմօտենան եւ չուտեն անոր պտուղէն։ Անոնք սակայն, այս կամ այն պատճառով, չպահեցին տրուած պատուէրը, անհնազա՛նդ եղան, կերան արգիլուած պտուղը եւ իրենց աչքը բացին աշխատանքի եւ տառապանքի աշխարհին վրայ…։

Ասիկա, դրախտի կամ երջանիկ կեանքի մասին հրաշալի՜ եւ շատ կրթիչ ըմբռնում մըն է, որ մեր ժամանակներու ամենէն արդիական եւ ազատական տեսութիւններուն առջեւ ալ կը պահէ իր գեղեցկութիւնը, եւ հետեւաբար իր բարոյական արժէքը, որուն պէտք ունի այսօրուան մարդկութիւնն ալ, քանի որ «դրախտային երջանկութեան» մը գաղափարը կը տոչորէ զայն, կը գրաւէ զայն՝ աշխատանքի եւ վազքի կեանքին մէջ։

Մեծ պահքի այս երկրորդ կիրակին, նախածնողներու դրախտէն արտաքսման յիշատակով, Եկեղեցին ուզած է հետաքրքրել հաւատացեալները, դիւրութիւն ընդծայելու համար անոնց ինքնամփոփման եւ ինքնասրբագրութեան նուիրական գործին։

Հայ Եկեղեցւոյ ըմբռնումը սա է դրախտի մասին. առաջին մարդը երջանիկ էր դրախտի մէջ, երկու պատճառաւ, նախ անոր համար որ մարդը, թէեւ հողանիւթ բնութեամբ ստեղծուած, բայց աստուածային պատկերով օժտուած էր, եւ երկրորդ՝ անոր համար որ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ էր միշտ։ Մեծ պահքի այս շրջանին, հաւատացեալը պէտք է ինքնամփոփուի, եւ ի՛նչպէս նախաստեղծն Ադամ կ՚ուրախանար փափկութեան դրախտին մէջ, ինքն ալ պէտք է ցնծայ հոգեւոր օրհնութիւններով, որոնք կը բխին երջանկացեալ սրտէ մը։ Հաւատացեալը, դարձեալ, «աստուածասեղծ նախահօր» պէս, որ ադենականն դրախտի պտուղը ճաշակելով կը զուարճանար, պէտք է ճաշակէ աստուածային պատուէրները եւ առնէ անոնց անմահական համը։

Ուստի հաւատացեալը, մանաւանդ Մեծ պահքի այս բարեբեր շրջանին, պէտք է աղօթէ, որպէսզի աստուածային քաղցր պատուէրները ճաշակէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 28, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019