Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ
Գերմանիայէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Պունտեսթակի անդամները Երեւանի մէջ շփումներ ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի շրջանակներէն ներս, նաեւ հիւրընկալուեցան Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շարք մը միջազգային եւ տարածքաշրջանային խնդիրներու։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Ուքրայնոյ ճգնաժամի եւ Իրանի հիւլէական ծրագրին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան մասին։
Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015