«Փոքր աշխարհէս» մեծ կորուստ մը. հրաժեշտ Մեսրոպ Պատրիարքին՝ տասնմէկ տարիներու հիւանդութենէն վերջ
Սրբազան,
Որքա՛ն դժուար է նուաստիս տեսակէտէ հրաժեշտի խօսք մը գրել ձեզի համար։ Ի՞նչ հրաժեշտի մասին է խօսքը խորքին մէջ, իսկապէս չափազանց վերացական կը թուի այդ բանը՝ մանաւանդ, որ ձեր հիւանդութեան տասնմէկ տարիներուն որեւէ շփում ալ չէինք կրցած ունենալ իրարու հետ։
Չուրանանք. երբ դուք այդ անիծեալ հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ ինկաք, մեր յարաբերութիւնը վաղուց փճացած էր։ Կարճ խօսքով քէն էինք։ Որքան որ ալ, իմ համոզմամբ, գաղափարական հարց մըն էր եղածը, դուք արդէն իմ վրաս խաչ մը քաշած էիք։ Նախախնամութեան տնօրինութիւնը այնպէս եղաւ, որ առիթ մը չունեցանք մեր յարաբերութիւնը թարմացնելու։ Կեանքը այնպիսի ընթացք մը ունի, որ միշտ տուեալ պահը կ՚ըլլայ պարտադրողն ու տնօրինողը, սակայն միշտ կը յաջորդէ ուրիշ պահ մը՝ նոր պայմաններով եւ առաջնահերթութիւններով։ Եւ այդ հոլովոյթին մէջ կը պատահին այնպիսի գերակշիռ բաներ, որոնք ինքնաբերաբար կ՚իմաստազրկեն նախորդ փուլերու վերիվայրումները։ Մեր քէնն ու ձեր հիւանդութիւնն ալ այնպէս էր կարծէք։
Սրբազան,
Շատ փոքր տարիքով ճանչցայ ձեզ եւ եղայ ձեր համեստ աշակերտը, որքան որ ալ այդ ժամանակ իմ աչքին շատ մեծ երեւցած ըլլայիք, իրականութեան մէջ դուք ալ շատ երիտասարդ էիք։ Իմ կեանքի բազում խաչմերուկներուն վրայ, երբեմն քիչ մըն ալ հակասական ձեւով, մեր ճանապարհները խաչաձեւուեցան։ Լաւ եղեր է, չեմ զղջար, որովհետեւ տարիներու հոսքի մէջ անոնք վերածուած են նկարագրի կերտման գործօնի մը։ Հազարումէկ յուշ կը տողանցէ այսօր մտքիս մէջ։
Կը յիշեմ այն օրը, երբ առաջին անգամ այցելած էիք Գատըգիւղի մեր բնակարանը։ Ճաշասեղանի շուրջ էինք, բաւական մարդ կար։ Միջոց մը վեր կեցած էիք սեղանէն լուացարան երթալու համար ու վերադառնալէ առաջ ուզած էիք սենեակս տեսնել։ Հազիւ լոյսը վառած էի, որ հնչած էր ձեր հարցումը. «Փոքր աշխարհդ այստե՞ղ է»: Անմիջապէս ուշադրութիւն դարձուցած էիք գրադարանի գիրքերուն վրայ։
Սրբազան,
Ձեր մեկնումը իսկապէս մեծ կորուստ մըն է իմ այդ «փոքր աշխարհ»էն, որու վրայ դուք ունէիք ազդեցութիւն եւ թողած էիք հետք մը։ Այդ «փոքր աշխարհ»ին մէջ ձեր տեղը կը մնայ յաւերժ։
Կը յիշեմ այն օրը, երբ ձեր լուսահոգի հօր թաղումէն վերջ փափաքած էիք պահ մը առանձին աղօթել շիրմին վրայ, բազմութեան արձակումէն վերջ։ Այս հակիրճ գրութիւնն ալ, ընդունեցէք, նուաստիս կողմէ այդ առանձին կարճ աղօթքը՝ ձեր հրաժեշտի այս տխուր պահուն։
Հանգիստ ննջէք, Սրբազան, Տէրը լուսաւորէ ձեր հոգին եւ հողը թեթեւ գայ ձեր վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ