ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մարդկային կեանքի մէջ որքան բնական է որ պատահին դժուարութիւններ, նեղութիւններ, նո՛յնքան բնական է ձախողութիւններ, անյաջողութիւններ, որոնք կ՚ենթադրեն պարտութիւն՝ կեանքի պայքարին մէջ։
Արդարեւ, ձախողութեան յառաջ բերած փորձանքները սովորական եւ բնական կը թուին, ձախողութեան հետեւանք կը նկատուին ընդհանրապէս։
Եւ սակայն յաջողութեան ձախողութիւնները, անպատեհութիւնները եւ փորձանքներն ալ հազուադէպ չեն։ Յաջողութեան արդիւնք նուազ չեն ողբալի արդիւնքներ։ Այս իմաստով, փորձանքներ, իրապէս արդիւնք են իրարու տրամագծապէս ներհակ պատճառներու, զոր օրինակ՝ «կորուստ»ի, եւ կամ «շահել»ու։
Առաջին ակնարկով զարմանալի կը թուի մարդուս՝ շահելու պատճառով ձախողութեան մատնուիլը, բայց քիչ չեն այն կեանքի փորձառութիւնները, որոնք կը վկայեն այս իրողութեան։ Այս ուղղութեամբ չեն պակսիր թերթերու մէջ այնպէս լուրեր, որոնք կ՚ապացուցանեն «յաջողութեան ձախողութիւն»ը կամ «շահելով կորսնցնել»ը։ Օրինակ մը այդ տեսակ լուրերու.
«Գործաւոր մը գրաւէն մեծագոյն պարգեւը շահեցաւ, բայց այդ անակնկալ հարստութենէն խելայեղ՝ այդ օրը այնքան շատ խմեց, որ գինովութեան հետեւանքով մեռաւ…»։ Եւ այս լուրին նման զանազան լուրեր՝ որոնք ցոյց կու տան շահելու պատճառած կորուստները։ Զարմանալի՜ չէ՞. դրամ շահիլ եւ կեանքը կորսնցնել։
Բայց ո՞վ կ՚ուզէ շահիլ՝ կորսնցնելու համար։
Կեանքի մէջ շատ բաներ կան, որ երեւութապէս շահ են, բայց իրականութեան մէջ՝ կորո՛ւստ։
Զարմանալի չէ այնքան երբ մարդ կորսնցնէ որեւէ բան, անոր յաջորդէ ուրիշ կորուստներ։
Ահաւասիկ, այս դժբախտութիւններուն իսկական պատճառը, հակառակ պատճառներու երեւութական տարբերութեան, չարիքին բուն արմատը կը գտնուի միեւնոյն հոգեկան տրամադրութեան մէջ։ Վերոյիշեալ երկու դէպքերուն մէջ՝ շահելով կորսնցնելու եւ կորսնցնելով կորսնցնելու պարագաներուն մէջ ենթակաները զո՛ւրկ կը տեսնուին «կեանքը պայմաններուն յարմարցնելու» դաստիարակութենէն կամ քաջութենէն։
Ուստի կեանքը անակնկալներով լեցուն է. մարդ միշտ պատրա՛ստ ըլլալու է այս անակնկալներուն եւ քաջութեամբ դիմաւորելու կորովը զգալու է իր մէջ։ Նեղութիւնները քաջութեամբ դիմաւորելն ալ առաքինութի՛ւն մըն է արդարեւ։
Հոգեբաններ կ՚ըսեն, թէ մարդկային կեանքին մէջ բնազդական երկու ուժ կը գտնուի, որոնք թէեւ ըստ երեւոյթին բարոյական-բանական էակին համար երկրորդական կարեւորութիւն ունենալ կը թուին, եւ սակայն կեանքին պահպանութեան եւ պաշտպանութեան եւ տեւականութեան համար անհրաժեշտ եւ անմիջական պայմաններ են։
Այս երկու բնազդներն են «անօթութեան» եւ «վախի» զգացումները։ Ուստի, առանց անօթութեան զգացումին, յայտնի է, թէ կեանքին պահպանումը եւ շարունակութիւնը անկարելի պիտի ըլլար եւ լոկ դիպուածներէ կախում պիտի ունենար։ Իսկ վախը մարդ էակին ինքնապաշտպանութեան կարեւոր մէկ «զէնք»ն է, ըսենք, անհրաժեշտ մէկ միջոցը։ Այս իմաստով, անօթութիւնը եւ վախը, մարդուս համար «օգտակար» զգացումներ են, որոնք կորուստներու արգելք կ՚ըլլան՝ շահ կ՚ապահովեն ենթակային։
Այս երկու զգացումներէն «վախ»ը առնելով՝ կարելի է ըսել, թէ որքան որ այս զօրաւոր բնազդը մարդուն կեանքը պահպանող եւ պաշտպանող զրահ մըն է, միեւնոյն ժամանակ անոր պատճառած թշուառութիւնն ալ պէտք է նկատի առնել, որուն պատճառ կրնայ դառնալ, երբ վախը բանաւոր ամէն սահման ոտնակոխ ընէ եւ վերածուի մտատանջութեան եւ տեւապէս ազդէ մարդուս ընթացիկ կեանքին վրայ։
Մարդուս հարստութեան եւ առողջութեան, հանգստութեան, ներքին խաղաղութեան եւ կեանքի ամէն տեսակ դիւրութեան, բարեպատեհութեան, բարեկամներուն եւ սիրելիներուն, եւ վերջապէս կեանքի մէջ իր թանկագին նկատած ո՛րեւէ մէկ արժէքին կորուստին վախը շատերուն համար մտահոգութեան առիթ մը կը հանդիսանայ՝ մղձաւանջի մը կը վերածուի։
Կրնայ այս վախը բանաւոր ըլլալ, եւ սակայն իրողութիւն մըն է, թէ շատ անգամ անբանաւոր վախեր են, հիւանդագին եւ տկար հոգիներու մղձաւանջները՝ որոնք կեանքին խաղաղութիւնը եւ երջանկութիւնը կը թունաւորեն անհարկի կերպով։ Եւ կեանքը իր պարագաներուն պատշաճեցնելու դաստիարակութեան կարեւոր պայմաններէն մէ՛կն է վախը պահել իր բանաւոր սահմանին մէջ։ Եւ այս կերպով ազատ ասպարէզ չտալ անոր սանձարձակ արշաւելու ամէն կողմ եւ ամէն ժամանակ։ Այստեղ, ահաւասիկ, բանականութիւնը պէտք է իշխէ վախին։
Այս դաստիարակութեան մէջ աւելի կարեւոր տարր մըն ալ կայ, ինչպէս կ՚ըսէ Յովհաննէս Ս. Ալիքսանեան, մեր թանկագին նկատած բաներուն կորուստին վախը կրնայ ոչ թէ միայն բանաւոր եւ ստոյգ ըլլայ, այլ կրնայ դադրիլ «սոսկ վախ» մը ըլլալէ եւ կրնայ «իրականութիւն» մը դառնալ, եւ իրապէս կրնանք «կորսնցնել», օրինակ, մեր նիւթական բարեկեցութիւնը, մեր շահաբեր զբաղումը՝ եւ մնալ առանց գործի, կամ կորսնցնել կեանքին զանազան բարիքները, որոնք մեր հանգստութեան եւ երջանկութեան խարիսխը կը կազմեն … պատմութիւնը կը վկայէ անձերու՝ որոնք ենթարկուած են կորուստներու եւ փոփոխութիւններու։ Յաճախադէպ պարագաներու մէջ՝ մարդուն հոգիին պարտութիւնը եւ յուսահատութիւնը … եւ անոնք որ կեանքին յանկարծական աննպաստ փոփոխութիւններուն առջեւ նահանջած են եւ պարտուած են, կեանքին անակնկալները նախատեսելու իմաստութիւնը եւ հեռատեսութիւնը չեն ունեցած։
Ուրեմն, մարդուս կը մնայ նախատես, հեռատես ըլլալ եւ մանաւանդ չհեռանա՛լ չափաւորութենէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 15, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024