Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՍԷՐ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Վերջին երեք-չորս տարիներու ընթացքին Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը դարձաւ հայկական օրակարգի ամենէն առաջնահերթ նիւթերէն մին։
Այդ ե՞րբ էր, որ մենք հայերով, աշխարհի ամենէն հեռաւոր կէտէն մինչեւ Երեւան, Պէյրութ ու նոյնիսկ Հալէպ բարձրաձայն պիտի խօսէինք Պոլսոյ Պատրիարքութեան մասին։ Գիտէի՞նք, որ Պոլսոյ մէջ նուիրապետական Աթոռ մը կը գործէ. այո՛, գիտէինք։
Գիտէի՞նք, որ Պոլսոյ պատրիարքը ոչ միայն կրօնական առաջնորդ է, այլ նաեւ համայնքի գլուխ եւ պետ։ Այո՛, գիտէինք։
Գիտէի՞նք, որ Պոլսոյ պատմական Աթոռը գրեթէ հինգ դարու պատմութիւն ունի եւ այդ Աթոռին գտնուած վայրը՝ այսօրուան Գումգաբուն կը համարուէր Պոլսոյ հայութեան երբեմնի ամենաբանուկ շրջաններէն մին. այո՛, գիտէինք…
Սակայն չէինք գիտեր, չէինք նշմարած ու չէինք իմացած, որ Պոլսոյ պատրիարքները աւելին են, քան սովորական համարուած, կամ նոյնիսկ սովորական կարծուած հոգեւոր առաջնորդներ։
Անցնող օրերուն Պոլսոյ Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ իմ ունեցած բազմաթիւ զրոյցներու ընթացքին ես նկատեցի երկու կարեւոր բան։
Առաջինն այն էր, որ պոլսահայոց համար այսօր ալ պատրիարքը կը շարունակէր մնալ համայնքի տէր ու պաշտպան, համայնքի տիրական դէմք եւ գլխաւոր առաջնորդ։ Այսինքն, հակառակ անոր, որ Օսմանեան կայսրութիւնը վաղուց արդէն չկայ ու հակառակ անոր, որ Թուրքիա կ՚առաջնորդուի աշխարհավար հանրապետութեան մը սկզբունքներով, պատրիարքի կերպարը, անոր տրուած իրաւասութիւնները, անոր ունեցած առանձնաշնորհումները կը շարունակուին իւրայատուկ ձեւով։
Տակաւին իմ լսելովս սուլթանական ժամանակներուն պատրիարքը, նոյնիսկ իրաւասութիւն ունէր ոեւէ անհատի դէմ ցմահ բանտարկութեան վճիռ արձակել եւ այդ վճիռը կը գործադրուէր անշուշտ, սուլթանի վաւերացումէն ետք…
Այսօր այդ օրէնքը չի գործեր, բայց անշուշտ շատ բան յստակ պիտի դառնայ երբ մարդս հասկնայ, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը ինչ տեսակի իրաւասութիւններ շնորհած էր հայոց պատրիարքին։
Այս բոլորէն անդին պէտք է նաեւ արձանագրել, որ պատրիարքին տրուած իրաւասութիւններու եւ իրաւունքներու ընդհանուր ծիրին մէջ շատ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ համայնքի ունեցած տեսակէտն ու խօսքը։ Պատրիարքի մօտեցումը, համայնքի տեսակէտը եւ այդ վիճակին արդիւնքով ստեղծուած համախոհական մթնոլորտը ձեւով մը կը դառնային «պատրիարքական վահան»։ Ու թերեւս պատրիարքի զօրութեան եւ անոր ուժին կարօտն էր, որ կը համակէր պոլսահայութեան աղիողորմ հայեացքները։ Կարօտը պատրիարքի մը, որ պիտի խօսէր, կարօտը պատրիարքի մը, որ պիտի լսէր, վերլուծէր, ծանր ու թեթեւ ընէր ապա որոշէր։
***
Ու այս բոլորին համար էր թերեւս, որ նոյնիսկ երկար տարիներու բացակայութենէ ետք պատրիարքին չակերտեալ դէպի Գումգաբու վերադարձը կը ստեղծէր ծանր ու ճնշիչ մթնոլորտ մը՝ ո՛չ միայն պատրիարքին աշակերտած երիտասարդներուն, այլ՝ համայնքի ջախջախիչ մեծամասնութեան համար։
***
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ՕՐ
Անցեալ հինգշաբթի յետմիջօրէին մեծ լռութիւն մը կը տիրէր Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքը պատարագիչի իր շքեղ ամբողջ հանդերձանքով դրուած էր դագաղին մէջ, անոր շուրջ վառուած էին մոմեր եւ միաբան հայրեր կը մօտենային ու Հոգւոցներ կ՚արտասանէին։ Աղօթքներ ու խունկ… Եկեղեցիի դատարկութիւնը կը լեցուէր յուզումի մեծ ալիքներով եւ բոլորի սրտերուն մէջ եղած բառերը հատ առ հատ կը թեւածէին եթերին մէջ։
Ի՞նչ պիտի ըսէր պատրիարքը, ինչի՞ մասին պիտի խօսէր ան, ի՞նչ պիտի թելադրէր եւ ի՞նչ բառերով պիտի կազմէր իր նախադասութիւնը՝ եթէ կարենար։ Պատրիարքի այսօրուայ լռութիւնը. իր գործած ժամանակին պէս ծանր մառախլապատ տեսարաններով եւ մեծ հարցականներով… Անոր լռութիւնը՝ իր տեսակին պէս իւրայատուկ, երիտասարդները սիրող ու սիրցնող եւ այդ բոլորին մէջ, բոլորին համար հայր մը ըլլալու փափաք-իրականութիւնը…
Հայրերը խօսիլ չեն սիրեր, պիտի ըսէր բարեկամս։ Հայրերը գթասիրտ են, խնամատար են, հոգացող են, պահող են, բայց խօսող չեն։ Եւ ահա այս պատկերին մէջ գաղափար մըն է, որ կը սաւառնի։ Ի՞նչ պիտի բարբառէր պատրիարքը։ Ի՞նչ պիտի ըլլային այն առաջին բառերը, որոնք պիտի արձակէին անոր յոյզը, անոր երազը եւ անոր հայրական շունչը։ Կամ ինչպէ՞ս պիտի լեցուէին անոր կոկորդէն վեր բարձրացող խօսքի փոքր թրթիռները, որոնք կամաց-կամաց պիտի փարատէին մեր մեծ հարցումներու ամպերը։
Պատրիարքը լուռ էր։
Պատրիարքը անխօս էր։
Պատրիարքը մունջ էր։
Ու եթէ այսօր ան պիտի բարբառի, եթէ ան այսօր պիտի խօսի, պիտի ըսէ միայն մէկ բան.
Սիրեցէք զմիմեանս։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ