ԸՍՏ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻԻ՝ ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆՔ ՊԱՀՔ ՊԱՀԵԼ, Ի՞ՆՉ ԵՆ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ


Պահեցողութիւնը ինքնամաքրման եւ ինքնաքննութեան առիթ է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պարտաւոր է պահք պահել: Երբեմն մարդիկ չեն պահեր, որոհետեւ առողջական խնդիրներ ունին, ինչ որ հասկնալի եւ ընդունելի է: Երբեմն ալ մարդիկ առողջութիւնը պատճառաբանելով կը խուսափին պահեցողութենէն, այսպիսները սակայն կը մոռնան, որ մարդիկը կրնան խաբել իրենց պատճառաբանութիւններով, սակայն զԱստուած, որ ամէն ինչ կը տեսնէ եւ իւրաքանչիւրին միտքն ու խորհուրդը կը քննէ, ինչպէ՞ս կրնան խաբել: Ճիշդ ատոր համար է, որ պահեցողութիւնը յաճախ կը նոյնացուի ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչումի:

Ըսինք, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պարտաւոր է պահք պահելու: Տեսնենք, թէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին ի՞նչ կ՚ըսէ այս մասին, իր «Ձմեռան» քարոզագիրքին մէջ:

Այսպէս. «...Հետեւաբար, պարտաւոր ենք պահք պահել, որպէսզի փորձողին յաղթենք, ինչպէս որ Քրիստոս պահեց. ո՛չ թէ կարիք ունէր պահքի օգնութեան, այլ՝ որպէսզի մեզի ցոյց տայ, թէ հնրաւոր չէ, որ մարմինը առանց պահքի կարենայ փորձողին հեշտութեան յաղթէ: Սակայն, պէտք է գիտնալ, թէ պահքի տեսակները բազմաթիւ են, պէտք է գիտնալ զանոնք եւ պահքի տեւողութիւնը, թէ ատոնցմէ ո՞ր մէկը կը հալածէ դեւերը անոնց փորձութեամբ հանդերձ: Պահքը եօթ տեսակ է:

Նախ, աղքատութեան համար, որովհետեւ ուտելու կամք ունի, բայց ուտելու բան չունի:

Երկրորդ, ստամոքսի հիւանդութեան համար, չի՛ կրնար ուտել, որպէսզի յաճախակի ուտելուն պատճառով հիւանդութիւնը չաւելնայ:

Երրորդ, փառասէրները կը պահեն, եւ երկու մեղք կը գործեն. մէկը, որովհետեւ այդպիսի պահեցողները թշնամին՝ սատանան կը յագեցնեն. երկրորդը, որովհետեւ ինք կը չարչարուի, ո՛չ թէ վարձատրութեան համար, այլ՝ պատիժի:

Չորրորդ, կեղծաւորները կը պահեն՝ կարթ նետելով, որովհետեւ այսպիսի առաքինութեան պատճառով հերձուած կը մտցնեն եկեղեցիէն ներս, եւ ինչք ստանալ կը փափաքին:

Հինգերորդ, կը պահեն պակասութեան համար. այսպիսներուն համար Սողոմոնը պարսաւանքի խօսքեր կը դնէ. ''...թէ Աստուած հարստութիւն եւ ունեցուածք տուաւ, սակայն զանոնք տէր եւ իշխան չըրաւ'':

Վեցերորդ, ոմանք կը պահեն ստամոքսին համար, որպէսզի պատրաստեն զայն աւելի ճաշակելու:

Եօթներորդ, Քրիստոսին հաւատացողներն ու հետեւողները [պահք] կը պահեն, Անոր սիրոյն համար:

Եւ այս եօթի կը բաժնուի, որովհետեւ,

Նախ պահքը, որ անընդմիջաբար Աստուծմէ տրուեցաւ Ադամին, գիտութեան ծառէն չուտելն էր:

Երկրորդ, որովհետեւ իր կամքին համաձայն կը ստանայ, ինչպէս Ենովքը ստացաւ:

Երրորդ, որ մարգարէներուն միջոցաւ պահք սահմանուեցաւ, ինչպէս Յովէլ մարգարէն կ՚ըսէ. ''Սրբեցէ՛ք պահքը, պաղատանք քարոզեցէք'':

Չորրորդ՝ առաքելադիր, ինչպէս չորեքշաբթին եւ ուրբաթը Առաքելաներուն կողմէ սահմանուեցաւ ըստ հիներուն շաբաթը երկու անգամ եւ երեք յիսնակները:

Հինգերորդ, հայրապետադիր պահք, ինչպէս մեր շաբաթապահքերը:

Վեցերորդ, որ խոստովանահայրը կը կարգէ:

Եօթներորդ, բարեպաշտօն իշխանները երբեմն ոմանց իրենց յանցանքներուն պատճառով բանտ կը դնեն, եւ կը հրամայեն չոր հաց տալ:

Իսկ այն առաջին եօթին վեցը առանց վարձքի են: Իսկ այս երկրորդը, բոլորն ալ վարձատրութիւն ունին:

Անոնցմէ [երկրորդ եօթնեակին] վեցը, ո՛չ ոք կրնայ արգիլել կամ իշխանութիւն ունի լուծելու, այլ՝ ան որ սահմանեց զանոնք՝ ան լուծելու իշխանութիւն ունի. իսկ այն մէկը, որ իր կամքով ստացաւ [այսինքն՝ երկրորդը], կրնայ լուծել:

Իսկ պահքը, պէտք է Զաքարիա մարգարէի խրատին համաձայն պահել, որ կ՚ըսէ. ''Չորրորդ ամսուան ծոմը [պահքը] ու հինգերորդին՝ ծոմը ու եօթներորդին՝ ծոմը եւ տասներորդին ծոմը'' (Զք 8.19): Բարկացողները չարասիրտ են եւ դէպի վար կ՚իջնեն ջերմ եւ խոնաւոտ խառնուածքով:

Իսկ տրտմաթախիծները, չոր են եւ խառնուածքով ցուրտ: Իսկ ծոյլերն ու գարշելիները, գէջ [նաեւ վաւաշոտ] եւ ցուրտ են խառնուածքով: Իսկ հինգը՝ հինգ զգայարանքներուն համար կ՚ըսէ: Իսկ եօթը՝ եօթ մահացու մեղքերը կ՚ըսէ: Իսկ տասը՝ տասնաբանեայ օրէնքները կ՚ըսէ:

Իսկ բերանի պահքը ա՛յս է:

Նախ, որ փակէ զայն բոլոր պարարտ կերակուրներէն:

Երկրորդ, ո՛չ թէ ցանկութեամբ, այլ՝ ջերմեռանդութեամբ ուտէ:

Երրորդ, առանց ժամի չճաշակէ:

Չորրորդ, չկշտանայ (յագենայ):

Հինգերորդ, որ իններորդ ժամին ուտէ՝ օրը մէկ անգամ. եթէ այսպէս չըլլայ, պահքը կը լուծուի:

Իսկ թէ պահքը ի՞նչ օգտակարութիւն ունի:

Նախ, մարդը դրախտին ժառանգորդ կը դարձնէ, ինչպէս Ադամը, երբ տակաւին պատուիրանը կը պահէր:

Երկրորդ, մարդը երկնային հրեշտակ կը դարձնէ, ինչպէս Յովհաննէսը, որ չէր ուտեր եւ չէր խմեր, աստուածային Գիրքը զինք հրեշտակ կը կոչէ. ''Իմ հրեշտակս Իմ առջեւէս ղրկեցի'':

Երրորդ, որովհետեւ դեւերը կը հալածէ, ինչպէս որ Քրիստոս Ինք հրամայեց, թէ ''այս տեսակի դեւերը այլ կերպ դուրս չեն գար, եթէ ոչ աղօթքով եւ պահեցողութեամբ'':

Չորրորդ, որովհետեւ որոգայթներէն զերծ կը պահէ, ինչպէս որ Քրիստոս Ինք հրամայեց, թէ “հնարաւոր չէ որոգայթներէն զերծ մնալ, եթէ ոչ պահքով եւ աղօթքով”:

Հինգերորդ, որովհետեւ մարդը երկինք կը վերափոխէ, ինչպէս Ենովքը եւ Եղիային:

Վեցերորդ, որովհետեւ Աստուածատես եւ օրէնսդիր կը դարձնէ՝ ինչպէս Մովսէսը:

Եօթներորդ, որոհետեւ մահէն կը փրկէ եւ թշնամին կը խորտակէ, ինչպէս Յուդիթը պահքով, աղօթքով եւ արցունքներով Հողէփեռնէսը սպաննեց եւ քաղաքը փրկեց:

Ութերորդ, որովհետեւ կրնայ Աստուծոյ հրամանը ետ դարձնել, ինչպէս նինուէացիները պահքով՝ քաղաքին կործանումը [կանգեցուցին]:

Իններորդ, որովհետեւ կրակը կը մարէ, ինչպէս երեք երիտասարդներունը:

Տասներորդ, առիւծներուն բերանները կը փակէ, ինչպէս Դանիէլը:

Տասնմէկերորդ, որովհետեւ մարմինի առողջութիւնը պահքի միջոցով կրնանք ունենալ:

Իսկ քառասնորդաց պահքը, թէեւ Մովսէսն ու Եղիան պահեցին, սակայն այս պահքը Քրիստոսինն է. ''Որ քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր պահեց եւ յաղթեց փորձողին'': Իսկ Մովսէսինը ամրան յիսնակն է. իսկ Եղիաինը ձմեռան յիսնակը:

Սակայն այս մէկը եւս յայտնի է, որ Քրիստոս Իր մկրտութենէն ետք պահեց այս պահքը, իսկ մենք ինչպէ՞ս չարչարաքներէն առաջ կը կատարենք: Վեց պատճառի համար:

Նախ, որովհետեւ Ադամը 21 նիսանին եւ 22 մարտին ստեծուեցաւ, եւ այս ժամանակահատուածին պատուիրանազանց եղաւ ու դրախտէն դուրս հանուեցաւ՝ ուտելուն պատճառով: Այս ժամանակահատուածին կը պահենք մենք, որովհետեւ ինչպէս որ ան ուտելուն պատճառով արտաքսուեցաւ, մենք պահելով՝ դրախտ մտնենք:

Երկրորդ, որովհետեւ բոլոր քրիստոնեաները պարտաւոր են Զատիկին հաղորդուիլ, այդ պատճառով ալ Զատիկին մօտիկ ժամանակահատուածին կը պահենք, որպէսզի սրբութեամբ արժանի ըլլանք մեր Տիրոջ Մարմինին եւ Արեան ընդունելութեան:

Երրորդ, որովհետեւ ձմրան բոլոր բաները մեռելութիւն կը հագուին՝ ծառերը, բոյսերը, երկիրը, իսկ գարնան ժամանակ, բոլորն ալ նորոգուելով կը զարդարուին: Այսպէս, մեղքերով հինցած եւ բարի պտուղներէն տերեւաթափ եղած մարդը, պէտք է բարի գործերով պտղաբերի եւ սաղարթախիտ ըլլայ մեր Աստուծոյն՝ Քրիստոսի յարութեան ատեն, եւ այս բանը այս պահքի միջոցով կ՚ըլլայ:

Չորրորդ, երբ հիւանդութիւնը մօտիկ է, այդ ատեն բժիշկ պէտք է. իսկ գարնան, տարերքը կը խառնուին, եւ ջերմ ու խոնաւոտ խառնուածքը՝ կը զօրանայ մարդուն մէջ, որ Նիւսացին կ՚ըսէ, թէ կործանարար է:

Հինգերորդ, որովհետեւ ձմրան գիշերը աւելի երկար կ՚ըլլայ, իսկ ամրան՝ ցերեկը. երկուքին առաւելութիւններն ալ խոտան են, ինչպէս յանդգնութիւնն ու երկչոտութիւնը. իսկ այդ երկուքին մէջտեղը, որ արիութիւն է՝ բարի է, որովհետեւ հաւասարութիւն եւ արդարութիւն է: Այսպէս, այդ երկու աւելորդութիւններուն մէջտեղինը Գարունն է, եւ արդարութիւն է, իսկ արդարութեան պահքը պէտք էր արդար ժամանակի մօտիկ ըլլար, եւ արդար դատաւորութիւն ըլլալ:

Վեցերորդ, ասիկա Սուրբ Հայրապետներուն կողմէ դրուեցաւ այս ժամանակին, մեզի վարդապետ եւ ուսուցիչ [ըլլալու]: Որովհետեւ, ինչպէս որ պահքի աշխատութեան աւարտը մեզ Քրիստոսի յարութեան ցնծութեան կը հասցնէ, այդպէս ալ, այս բազմավիշտ կեանքին աւարտը՝ մեզ Երկինքի Արքայութեան հասցնէ եւ Քրիստոսին փառք յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

12 մարտ 2019, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019