Շաբաթավերջի յուղարկաւորութիւնը կենսունակութեան ապացոյց մը եղաւ մեր համայնքին համար
Թրքահայ համայնքին տեսակէտէ մեծ ու լուրջ քննութիւն մըն էր հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի յուղարկաւորութիւնը։ Կանխաւ յայտնենք, որ համայնքը պատուով դուրս եկաւ այդ քննութենէն։ Կենսունակութեան փորձաքարի մը առջեւ կը գտնուէր թրքահայութիւնը եւ այս պահու դրութեամբ կարելի է խօսիլ դրական արդիւնքի մասին։
Ընդհանրապէս, պատրիարքներու յուղարկաւորութիւնները մեր հաւաքական կեանքէն ներս չափազանց կարեւոր նշանակութիւն կ՚ունենան։ Հոգեւոր պետի անշնչացած մարմինը ակնթարթի մը մէջ կը վերածուի բարոյական արժէքի մը, որ իր շուրջ կը համախմբէ ամբողջ համայնքը։ Այս անգամ ալ եղաւ այդպէս։ Թէեւ զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, սակայն, ի վերջոյ, այս անգամուանը եզակի բնոյթ մըն ալ ունէր։ Մեր համայնքէն ներս շուրջ տասը տարիէ ի վեր յառաջացած են ցաւալի բեւեռացումներ, որոնց լուրջ հետեւանքներով հանդերձ, համայնքային շրջանակները ամէն ինչ մէկ կողմ թողլով յաջողեցան համախմբուիլ ու չթերացան հանգուցեալ Պատրիարքի յիշատակին նկատմամբ։ Սա հաւաքական գիտակցութեան, պատասխանատուութեան զգացումի վառ արտայայտութիւն մըն էր։ Այս պատկերը, բառին բուն իմաստով, տպաւորիչ էր՝ մանաւանդ, որ մեր նոր սերունդն ալ անփոխարինելի դեր մը ստանձնեց շուրջ տասը օրուան մեծ մարաթոնի տեւողութեան։ Այդ վիթխարի աշխատանքի իւրաքանչիւր փուլը կ՚ենթադրէր լարուած աշխատանք, որ կատարուեցաւ յաջողութեամբ եւ գործը ի կատար ածուեցաւ առանց մեծ թերութիւններու։
Այս արդիւնքին մէջ լուրջ ներդրում ունին քանի մը անուններ։ Առաջին հերթին պէտք է յիշել Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ու Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, որոնք եղբայրական զօրակցութեամբ վերահսկեցին ամբողջ աշխատանքը։ Անկարելի է չմատնանշել, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կուռ դամբանականով մըն ալ ամփոփեց լուսահոգի Պատրիարքի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Այդ արժեւորումը նշանակալի էր ո՛չ միայն Մեսրոպ Պատրիարքի յիշատակին առջեւ արդարութեան տեսակէտէ, այլ նաեւ՝ Պատրիարքական Աթոռի աւելի քան հինգ դարերու երթի անկիւնաքարերը ընդգծելու առումով։
Անկարելի է չառանձնացնել Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, որուն վիճակեցաւ գործնական աշխատանքի ծանրութեան առիւծի բաժինը։ Գալով աշխարհականներուն... Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ ի գործ դրաւ իր ամբողջ փորձառութիւնը, որով յաջողեցաւ նաեւ կամրջել սերունդները։ Իր կերպարը մղիչ ուժ մը եղաւ նաեւ կազմակերպչական աշխատանքներուն ներգրաւուած երիտասարդներուն տեսակէտէ։
Երիտասարդական մէկէ աւելի խմբաւորումներ, որոնք կը գործեն համայնքէն ներս, ձեռք ձեռքի, ուս ուսի աշխատեցան հոգելոյս Պատրիարք Հօր հրաժեշտ տալու համար։ Մաղթենք՝ ներկայ ողջունելի արդիւնքը անոնց համար ըլլայ ուղեցոյց մը, որպէսզի ապագային ալ շարունակեն համագործակցիլ դրական ոգիով, նոյն համայնքին զաւակները ըլլալու, հարազատ եղբայրներ ըլլալու գիտակցութեամբ։ Եթէ այսօր մեր համայնքը առանց Մեսրոպ Պատրիարքի կամ յետ Մեսրոպ Պատրիարքի նոր անցումային շրջան մը պիտի դիմագրաւէ, ապա մեր երիտասարդներու ուսին վրայ է արդէն ի գին ամէն ինչի համախումբ մնալու եւ իրարու զօրավիգ ըլլալու բարոյական պարտքը։
Հուսկ, այս յուղարկաւորութիւնը հաւաքական ձեռքբերում մը եղաւ մեր համայնքին տեսակէտէ։ Այդ մէկն ալ պէտք է վերածել արժէքի մը, որպէսզի թրքահայութեան երթը յաջորդ քայլափոխին ըլլայ դիւրին ու նոյնքան պատուաբեր։
Երանաշնորհ պատրիարքի յիշատակին առջեւ, ընդհանուր առմամբ, մեր համայնքի բարոյական պարտքն է իրմէ վերջ նոր եռանդով ու թարմ շունչով գործի լծուիլ առանց պառակտումներու։ Պատրիարքական Աթոռը պիտի շարունակէ վերահսկել թրքահայութեան երթը, սակայն համայնքի նաւը կարելի չէ խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդել՝ առանց համատարած զգայնութեան ամրապնդման։ Այս մարտահրաւէրն ալ պէտք է գլուխ հանել պատուով։
Վստահինք իրարու ու գիտնանք, որ իրարմէ զատ ապաւէն չունինք։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ