ՀԻՄԱ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

Հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ... Այս հարցումը այժմ առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ թրքահայութեան օրակարգը։ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանումով նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է համայնքային կեանքէն ներս։ Հոգելոյս Պատրիարքը շուրջ տասնմէկ տարի տառապեցաւ անբուժելի ու ողբերգական հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ՝ մատնուած ըլլալով անգործութեան։ Այդ ժամանակաշրջանը բնորոշուեցաւ ալեկոծումներով ու սուր տարակարծութիւններով։ Ըստ էութեան, երկու հակադիր մօտեցում պայմանաւորեց այս տարիներու ամբողջ ընթացքը։ Առաջինը այն էր, որ պատրիարքը ի վիճակի չէր իր առաքելութիւնը կատարելու, ուստի պէտք էր ընտրել նոր գահակալ մը։ Երկրորդ մօտեցումը այն էր, որ պատրիարքը թէեւ անգործութեան մատնուած էր, սակայն անոր ֆիզիքական գոյութիւնը թոյլ չէր տար նոր գահակալ մը ընտրելու։ Այս երկու հակադիր մօտեցումներու պարագային հնարաւոր չեղաւ գտնել օրինական ու տրամաբանական հասարակաց եզր մը, որ կրնար կանխել անելը։ Եւ այս հակասութիւնով համայնքը եկաւ-հասաւ ներկայ փուլին։ Այստեղ նպատակը, անշուշտ, մօտաւոր անցեալի վէճերու հրահրումը չէ։ Այժմ, քանի որ այդ երկու մօտեցումներէն մին ինքնաբերաբար դադրած է ի զօրու ըլլալէ՝ հոգելոյս Պատրիարքի վախճանումով, ապա տարակուսանքի պատճառներն ալ վերացած են միանգամընդմիշտ։ Այլ խօսքով, պատրիարքական ընտրութեան հեռանկարը միանշանակօրէն ուրուագծուած է թրքահայութեան առջեւ։

Ուրեմն, հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Ինչպէ՞ս պիտի շարունակուի այս գործընթացը։ Հասկնալի է, որ այժմ Պատրիարքական Աթոռն ու մեր համայնքը սուգի մէջ է պաշտօնապէս։ Քառասնօրեայ այդ ժամանակաշրջանի աւարտին կարելի պիտի ըլլայ աւելի յստակ ենթադրութիւններ ընել ամէն ինչի շուրջ։ Այսինքն, բուն գործընթացը պիտի սկսի լուսահոգի Պատրիարքի քառասունքի աւարտին։ Սա պիտի զուգադիպի Աւագ շաբթուան, հետեւաբար գործնականօրէն Զատիկէն վերջ պիտի տրուի ընտրութեան աշխատանքներուն մեկնարկը։ Պատրիարքական Աթոռը նոր գահակալով մը օժտելու ուղղութեամբ ջանքերը այսպէսով սկիզբ առած պիտի ըլլան ամառնամուտին։

Այս կէտին վրայ կայ կարեւոր մանրամասնութիւն մը։ Ճիշդ է, որ բուն ընտրական գործընթացը քառասունքէն վերջ պիտի սկսի, սակայն մինչ այդ պետութիւնը պաշտօնապէս, գրաւոր ձեւով պէտք է տեղեակ պահուի, որ Մեսրոպ Պատրիարք վախճանած է։ Նախորդ երկու երջանկայիշատակ պատրիարքներու՝ Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեանի եւ Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի վախճանումէն վերջ, որքան որ գիտենք, եղած է այդպէս։ Այսինքն, Աթոռին կողմէ պաշտօնական գրութիւնով պետութեան տեղեկացուած է, որ պատրիարքը վախճանած է եւ քառասունքէն վերջ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը պիտի սկսի։ Այդ նամակները Իսթանպուլի կուսակալութեան յանձնուած են պատուիրակութեան մը կողմէ։ Ըստ երեւոյթին, հիմա եւս կարելի է հետեւիլ նոյն օրինակին։ Պարզ է, որ դիւանակալական եւ արարողակարգային տրամաբանութիւնները էապէս կը տարբերին իրարմէ։ Հետեւաբար, պաշտօնական իրազեկումի նիւթը պէտք չէ մատնուի անուշադրութեան։

Այժմու կանխատեսումներով, ընտրական գործընթացին սկիզբ տալու համար առաջին հերթին համապատասխան օրակարգով պիտի գումարուի Կրօնական ժողովը, որ Աթոռի միակ օրինական մարմինն է ներկայ պահու դրութեամբ։ Ըստ կարգ մը մեկնաբանութիւններու, Կրօնական ժողովի հրաւէրով կրնայ գումարուիլ նաեւ Եկեղեցական համագումար մը, սակայն եւ այդ փուլին կրնայ նաեւ չգումարուիլ։ Սա կախում պիտի ունենայ իրադարձութիւններու ընթացքէն։ Արդարեւ, այժմ Պատրիարքական Աթոռը թափուր է վերջնականօրէն եւ անվիճելիօրէն։ Այս պայմաններուն ներքեւ Կրօնական ժողովը պիտի ընէ ընդհանուր արժեւորում մը։ Հանրապետական շրջանի պատրիարքական ընտրութիւնները ունին բազմակողմանի նախընթացներ, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն առանց օրինականութեան ճանապարհէն շեղելու՝ ճկունանալու ըստ տուեալ պահի իրադրութեան ու նպատակայարմարութեան։ Այլ խօսքով, Կրօնական ժողովը պիտի որոշէ, որ մինչեւ ընտրութիւն փոխանորդո՞վ պէտք է ընթանալ, թէ ոչ պէտք է ընտրել տեղապահ մը։ Երկու ձեւն ալ կիրարկուած է անցեալին։ Այս որոշումը կը մնայ ժողովին։ Միայն էականը այն է, որ Կրօնական ժողովը պէտք է գործէ անպայմանօրէն թափանցիկ։ Ի՛նչ որոշում որ ալ առնէ, յաչս ժողովուրդին պէտք է հիմնաւորէ համոզիչ ձեւով։ Եւ ի՛նչ ճանապարհ որ ալ որդեգրէ, պէտք է հաւաստիացնէ, յստակ երաշխաւորէ, որ հետամուտ պիտի ըլլայ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան աւանդակա՛ն ձեւով։

Անցնող տասնմէկ տարիներուն ապրուածները ներկայ փուլի պարագային կարգ մը առանձնայատկութիւններու դուռ կրնա՞ն բանալ, թէ ոչ. բոլոր վարկածները պիտի դրուին կշիռքի վրայ։ Կրօնական ժողովը քառասնօրեայ սուգի աւարտին ձեւով մը ճանապարհային քարտէս մը պիտի մշակէ գործընթացի շարունակութեան համար եւ ըստ այդմ յառաջ պիտի տարուին աշխատանքները։ Զուգահեռաբար պիտի ապահովուի համայնքի աշխարհական դասու ներգրաւումը եւ շփում պիտի հաստատուի պատկան իշխանութիւններուն հետ՝ գործի պաշտօնական երեսակը ամուր հիմքերու վրայ դնելու առաջադրութեամբ։

Տակաւին օրակարգի վրայ պիտի գայ նախաձեռնարկ մարմնի մը ստեղծման հարցը, սակայն տակաւին վաղ ըլլալ կը թուի այս մասին խօսիլը։ Սա եւս պիտի ըլլայ նուրբ կէտ մը։ Բաւարար է յիշեցնել, որ վերջին տասնմէկ տարիներուն երկու անգամ կազմուեցան նախաձեռնարկ մարմիններ, որոնց գոյութիւնը չարդարացաւ, որոնք լուծուեցան՝ առանց տրամաբանական աւարտին հասցնելու այն գործը, որուն համար հիմնուած էին։

Սկզբունքօրէն երեք գործօնի համընկնած կէտին վրայ պիտի կազմակերպուի պատրիարքական ընտրութիւնը։ Առաջին՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ իրաւունքը, կարգ ու կանոնները։ Երկրորդ՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի աւանդութիւններն ու նախընթացները։ Երրորդ՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութիւնը, իրաւունքը եւ ընթացակարգերը։ Այս երեք գործօնները կարեւոր կը համարուին հաւասարապէս եւ մէկը միւսին բաղդատմամբ գերադաս կարելի չէ համարել։ Մօտաւոր անցեալի ամբողջ փորձառութիւնն ալ արդէն եկած է ապացուցանել այս հանգամանքը։

Թէ ի՞նչ շօշափելի տուեալներ կան համայնքին ձեռքը՝ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան ընդառաջ։ Քառասնօրեայ սուգէն վերջ, ի՞նչ երաշխիքներով սկիզբ պիտի առնէ ընտրական գործընթացը։ Այս կէտին վրայ, առաջին հերթին կարելի է վերյիշել երկու բարձրաստիճան պետական գործիչներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւններ։ Արդարեւ, վերջին տասնմէկ տարիներուն, երբ առկախուած ընտրութեան հետեւանքով լարուած մթնոլորտ կը ստեղծուէր համայնքէն ներս, անմիջապէս հանրային կարծիքի ուշադրութեան սլաքները կը թեքուէին պետութեան վրայ՝ ընտրական թոյլտուութեան ակնկալութեամբ, երբեմն ալ այդ թոյլտուութեան յապաղեցման կամ զլացման գանգատով։ Նման իրավիճակներու մէջ շարք մը պետական այրեր կը բացատրէին պատկան իշխանութիւններու մօտեցումը, տրամադրութիւնները։ Մօտաւոր անցեալին այդ մասին խօսած էր Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու։ Բոլորովին վերջերս, տակաւին անցեալ ամիս ալ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու անդրադարձած էր այս խնդրին։ Երկու նախարարներն ալ ձեւով մը վստահեցուցած էին, որ պատկան իշխանութիւնները կ՚երաշխաւորէին՝ թէ մեր կարգ ու կանոնաց, մեր աւանդութիւններուն ու նախընթացներուն համապատասխան պատրիարքական ընտրութեան մը ձեռնարկել կարելի պիտի ըլլար, բուն խնդիրը ժամկէտին մէջ էր։

Այդ յայտարարութիւնները ապագայի տեսակէտէ կարեւոր նախադրեալներ են, միեւնոյն ժամանակ ունին ուսանելի երեսակներ։ Արդարեւ, այդ բանաձեւումներուն մէջ կար նրբութիւն մը։ Համայնքը միահամուռ էր եւ է նոր պատրիարք մը ընտրելու եզրին կամ ձեւին մէջ եւ պետական աւագանիի այդ բարձրաստիճան դէմքերը տուած էին համապատասխան երաշխիքներ։ Մետայլի միւս երեսակին, համայնքը ընդհանուր համաձայնութեան մթնոլորտէն շատ հեռու էր ժամկէտի առումով եւ պաշտօնական դէմքերն ալ խնդրին լուծում տալու ճանապարհին այդ հանգամանքը կը մատնանշէին՝ որպէս խոչընդոտ, արգելք։

Առհասարակ, այս տուեալը պէտք չէ անտեսել այլեւս անխուսափելի դարձած ընտրութեան գործը առողջ ձեւով ի կատար ածելու համար։ Եթէ նոյնիսկ միայն Հանրապետական շրջանին փորձառութիւնը հաշուի առնելու ըլլանք, ապա պարզ կը դառնայ, որ գործի պետական իշխանութիւններէն կախեալ բաժնին արագութիւնը ուղիղ համեմատութեան մէջ է համայնքի ներքին ներդաշնակութեան ու միասնականութեան հետ։ Սա, անշուշտ, չի նշանակեր հարցականի տակ դնել գործընթացի օրինականութիւնը կամ անոր առջեւ պարտադրանքներու առումով խոցելի վիճակ մը ստեղծել։ Միեւնոյն ժամանակ, հասկնալի է, որ անձնական կամ նեղ շրջանակի շահերու հետամուտ դառնալով՝ համայնքի կամքի դրսեւորումը գործնականօրէն պատնէշելն ալ կրնայ նշանակել ընտրական գործընթացը խափանարարել։

Թրքահայութիւնը այլեւս յոգնած ու ձանձրացած է անցումային շրջան դիմագրաւելէ։ Համայնքը կը ձգտի նոր գահակալ մը տեսնել Պատրիարքական Աթոռին վրայ։ Քառասնօրեայ սուգի աւարտին ամէն ինչ պէտք է յառաջ տանիլ այս գիտակցութեամբ։ Ընդհանուր կամք պէտք է ցուցաբերուի, որպէսզի քուէատուփը այլեւս դրուի համայնքին առջեւ։ Ճանապարհ պէտք է հարթել մեր ժողովուրդի խղճի դատողութեան դրսեւորման առջեւ։ Կասկած պէտք չէ ունենալ, թէ մեր ժողովուրդը կ՚ըլլայ ամենաիմաստուն, հեռատես եւ արդար ձեւով դատողը։ Պէտք է յարգել անոր ընտրելու իրաւունքը։

Աւելի՛ն, համայնքի բոլոր վարչայինները կամ պատասխանատուները ծայր աստիճան նրբանկատ պէտք է ըլլան՝ աւանդական գիծին հաւատարիմ մնալու համար։ Երբ Պատրիարքական Աթոռը չունի պաշտօնական կարգավիճակ ու կը կառավարուի անգիր օրէնքներով, ապա աւանդական գիծին հետեւիլը ունի կենսական նշանակութիւն։ Ապագայ գահակալի օրինականութիւնը ստուերի տակ մնալէ զերծ պահելու ճանապարհը կ՚անցնի՝ աւանդական գիծէն չշեղելու նկատմամբ նախանձախնդրութենէ։

Բոլոր անոնք, որոնք կը հարցնեն, թէ հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ, պէտք է պատրաստուին այս մարտահրաւէրին։ Ըստ երեւոյթին, բաւարար ժամանակ կայ, որպէսզի մարդիկ ամփոփեն իրենց միտքը եւ հասնին հասարակաց յայտարարի մը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019