ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ

ՀԱՆՐԱԿԱՌՔԻՆ ՄԷՋ

Հանրակառքը Երեւանի ընդարձակ պողոտաներէն մէկուն ազդալոյսին մօտ կը կանգնի, ինքնաշարժները հետզհետէ մօտենալով զինուորական խումբի մը պէս կը շարուին: Առիթէն օգտուելով՝ միջահասակ, համեստ հագուածքով, կոկիկ արտաքինով, քառասունի մօտ յղի կին մը կը թափառի կանգնած ինքնաշարժներուն չորս կողմը եւ մէկիկ-մէկիկ պատուհանները թակելով կը կատարէ իր ամէնօրեայ աշխատանքը:

Այս երեւոյթէն յուզուած, վրդոված հանրակառքի յաճախորդներուն՝ երկու բարեկամ տղամարդոց, միջեւ կ՚ընթանայ զրոյց մը:

-Ճահել հասակին էլ չի խնայում, էս ի՞նչ աշխատանք ա,- կ՚ըսէ մէկը:

-Ախպե՛րս, պա ի՞նչ անի,- կը պատասխանէ միւսը սառնօրէն:

-Ո՞նց թէ ինչ անի, թող գնա՛, կարգին մի աշխատանք ճարի. ճահելների համար լիքը աշխատանք կայ, հասկացանք՝ տարեցները մուրացկանութիւն են անում, էս ճահելները խի՞ պիտ՚ էսպէս անեն:

-Է՜հ, ախպերս,- կ՚ընդմիջէ ընկերը,- էն քո ասած աշխատանքների աշխատավարձերի կրկնապատիկը նա է՛ս աշխատանքով կը վաստակի, է՛ս յղի վիճակում..., պա՛:

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Սովորութեան համաձայն, հայրենադարձ ընտանիք մը, ամէն Կիրակի եկեղեցի կը յաճախէ: Ս. Պատարագի ընթացքին երկիւղածութեամբ արարողութեան կը հետեւին հայրը, մայրը եւ հնգամեայ մանչուկը ու երբեմն ձեռքերը միացուցած անշշունջ աղօթքներ կը մրմնջեն, աղերսներ կը յղեն Բարձրեալին:

Մանչուկը մէյ մը մօր, մէյ մը հօր կը նայի ու կը կապկէ անոնց շարժուձեւերը: Հայրը աչքերը գոց, ձեռքերը պարզած մէկ պահուն ուսին հպում մը կը զգայ, ու կը դառնայ այդ ուղղութեամբ՝

-Օգնէ՛ք, էլի՛, օգնէք, որ էս սրբապատկերի սուրբն էլ ձեզ օգնի:

Սրբապատկերներու ծրարը ձեռքը բռնած մուրացիկը կը շշնջայ հօր ունկին:

-Հո՞ս ալ եկար ետեւէս, եկեղեցւոյ մէ՞ջ ալ կը մուրան: Ձգէ՛ աղօթքնիս ընենք, էլի՛:

Զայրացած կը պատասխանէ մի քանի անգամ նոյն մուրացկանին հանդիպած ու յաճախ խղճալով ձեռքին գումար մը դրած հայրենադարձը:

ՀԱՑԻ ՓՈՂՈՎ Կ՚ՕԳՆԷ՞Ք...

Կիրակի է, Մաշտոցի պողոտայէն դէպի Ս. Սարգիս տանող գետնանցումը խճողուած է եկեղեցի յաճախող անցորդներով, ուր որոշ տեղ մը ծուարած, վաթսուննոց կին մը ցնցոտիներով պատուած, կեղտին բոյրը ռունգերուն հասած, մազերը խուզած, լացակումած ձայնով, արցուքն աչքերուն յաճախ կը կրկնէ նոյն նախադասութիւնը.

-Հացի փողով կ՚օգնէ՞ք...

Ձայն մը, որ սիրտ կը ճմլէ, գութ, հետաքրքրութիւն կ՚արթնցնէ ու լսողը տեսնել, հասնիլ, ձեռք երկարելու բուռն ցանկութեամբ մը կը համակէ, բայց... իսկոյն ձայնը կը ստանայ մեղմ շեշտ մը, աչքերուն արցունքները կը քարանան ի տես անցորդին, որ միջին տարիքով հայրենադարձ կին մըն է, որուն գութը յաջողած էր շարժել ամիսներ առաջ ու կոկիկ գումար մը ստանալ անկէ:

Հայրենադարձը իր վերջին վարձակալած տան հանդիպակաց մայթին վրայ, երբ առաջին անգամ նկատած էր այս տարիքը առած կինը, որ լալով կ՚աղերսէր, եւ այնպէ՛ս լալով որ կարծես հիմա, ա՛յս վայրկեանիս, բան մը պատահած էր իրեն:

Հայրենադարձին գութը շարժած էր, ինչպէս բոլոր սփիւռքահայերունը պիտի շարժէր, երբ հայրենիք առաջին այցելութեան հանդիպէին հայ մուրացկաններու... Բայց ժամանակի ընթացքին ան ընտելացաւ տեսնելու մուրացկաններ, տեսնելու ա՛յս կինը ամէն օր նո՛յն վիճակով, իր աշխատավայրը եկած ամէնօրեայ նո՛յն տարազով, ու երբեմն նոյնիսկ բարեւել թաղեցի մը համարելով զայն, ինչպէս կը բարեւէ ամէն օր յաճախած փուռի վաճառողին կամ բանջարավաճառին:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019