ԱՉՔԸ ՅԱՌԵԼ ԴԷՊԻ ՀԵՌՈՒՆ
Մարդկային կեանքի մէջ ամէն ոք կ՚ուզէ հասնիլ տեղ մը՝ յաջողիլ եւ երջանիկ ըլլալ։ Այս կը նշանակէ՝ ունենալ նպատակ մը՝ հեռատիպար մը եւ աշխարտիլ հոն հասնելու, նպատակը իրականացնելու համար։ Անշուշտ նպատակը եւ հեռատիպարը կը փոխուին իւրաքանչիւր անձի համար, անոր զգացումներուն, մտածումներուն, համոզումներուն համեմատ։ Ուստի կան մարդիկ, որոնց նպատակը «մեծ» է եւ հեռատիպարը դժուար իրականալի։ Կան նաեւ մարդիկ, որոնք կը գոհանան մասամբ «փոքր» նպատակներով եւ դիւրին իրականալի հեռատիպարներով։ Բայց ամէն մարդ ունի նպատակ մը եւ հեռանկար մը այս աշխարհի վրայ։ Արդարեւ այս աշխարհի ժամանակաւոր կեանքը ունենալու է պատճառ մը, իմաստ մը եւ նպատակ մը, այլապէս կեանքը ապրիլ, եթէ նոյնիսկ ժամանակաւոր ըլլայ ան, որեւէ նշանակութիւն պիտի չունենար՝ անիմաստ, սին եւ փուճ ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլար։ Սակայն մարդ կ՚ապրի այս կեանքը նպատակի մը համար, հասնելու համար հեռատիպարի մը…։
Այս ուղղութեամբ մտածող միտքեր կը յայտնեն իրենց մտածումները, համոզումները, որոնք պիտի օգնեն մարդուս յաջողութեանը եւ երջանկութեանը։
Զոր օրինակ, Էնէսքօ, յաջողութեան համար կը պատուիրէ՝ լաւագոյնը կատարելու համար աչքը հեռաւոր կէտի մը վրայ յառած պահել։ Այս կը նշանակէ՝ կարողութեան եւ տարողութեան չափով աշխատիլ լաւագոյնը ընելու համար։
Արդարեւ, իւրաքանչիւր անձ ունի կարողութիւն մը եւ տարողութիւն մը՝ կատարելու համար լաւագոյնը. բաւ է որ ան անդրադառնայ իր կարողութիւններուն եւ տարողութեան եւ գործադրէ անոնց տուած կարելիութիւնները։ Այս սկզբունքը գործադրելի է ամէն մարզի, կեանքի ամէն ասպարէզի մէջ՝ «փոքր» կամ «մեծ» նպատակներու հասնելու, հեռատիպարներու հասնելու համար։
Բայց կեանքի մէջ կան զանազան արգելքներ իրականացնելու համար հեռատիպարը, նպատակը՝ որ ծրագրուած է մարդուս մտքին մէջ։ Նեղութիւններ, դժուարութիւններ, վատ տրամադրութեան պատճառած յուսաբեկ, յուսահատ վիճակներ, յուսալքումներ արգելքներ են, որոնք պատճառ կ՚ըլլան, որ մարդ անիմաստ եւ աննպատակ կարծէ կեանքը։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այդ պահուն է որ «աչքը հեռաւոր կէտի մը յառած պահել»ու պատուէրը եւ կամ յանձնարարութիւնը բոլորովին տարբեր, նոր նշանակութիւններ կը ստանայ։ Ուստի, այդպիսի պահերուն «աչքին յառած հեռաւոր կէտ»ը՝ հաւա՛տքն է, այն հաստատ համոզումը, որ պիտի կազդուրէ ոեւէ մարդկային էակի հոգին, եւ ո՛չ թէ միայն սակաւաթիւ «մշակեալ» մարդոց։ Ուստի հաւատքը ամենազօրաւոր, անպարտելի ո՛ւժն է յուսաբեկ, յուսահատ վիճակի մատնուած մարդուն։ Արդարեւ, քաջութի՛ւն է ապաւինիլ հաւատքի զօրութեան, վստահիլ հաւատքի ամենակարող Ենթակային, հաւատքի առատահոս եւ մշտնջենաւոր, անվերջ Ակնաղբի՛ւրին։ Եւ ո՜րքան մխիթարիչ է հաւատալ եւ վստահի՛լ։
Բառերէ աւելի մարդուս հոգեվիճակը եւ տրամադրութիւնն է որ ուղղութիւն եւ ընթացք կու տայ իր ապրումներուն, զգացումներուն եւ մտածումներուն։ Հաւատքն է, որ կը խօսի ցաւերու եւ տառապանքներու եւ ան կ՚արտացոլացնէ նաեւ հանդարտութիւն, խաղաղութիւն, չափաւորութիւն եւ հաւասարկշռութի՛ւն։ Եւ ահաւասիկ, այս կերպով, «աչքը յառած պահել հեռաւոր կէտ»ի պատուէրը կը ստանայ աւելի լայն նշանակութիւն՝ իմա՛ստ։
Կեանքի մէջ երբեմն մարդ ինքզինք «մինակ» կը զգայ՝ աւելի վատ վիճակի մէջ քան՝ «առանձին»։ Մարդուս այնպէս կը թուի, թէ գրեթէ բոլոր բարեկամները կռնակնին դարձուցած են իրեն։ Ահաւասիկ, այդ «մինակ» զգացուած պահուն «աչքը յառած պահել հեռաւոր կէտ»ի խրատը կենսանիւթ կը ներմուծէ «յուսահատ» եւ «մինակ» մարդուն հոգւոյն մէջ։ Կը տառապեցնէ այդ հոգեվիճակը եւ մարդ կը կորսնցնէ կեանքի լոյսը եւ կը մնայ մութ խաւարի մէջ։ Բայց ամէն խաւարի մէջ կա՛յ լոյսի շող մը, ճառագայթ մը՝ որ է. «աչքին յառած հեռաւոր կէ՛տ»ը։ Ասիկա եւս արգելք մըն է, որ կարելի կ՚ըլլայ յաղթահարել միայն հաւատքի զօրութեամբ անցնիլ եւ հասնիլ հեռաւոր հանգրուանին՝ կէտին։ Այս «հեռաւոր կէտ»ին հասնելու փափաքը կ՚իրականանայ խաղաղութեամբ՝ որ մեզ կը ներշնչէ հաւա՛տքը։
Ատելութի՜ւն. ատելութիւնը գրեթէ բնաջինջ կ՚ընէ մարդասիրութիւնը, սակայն ատելութիւնը ատելութեամբ, չարութիւնը չարութեամբ դիմագրաւելէ օգուտ մը յառաջ չի գար. զիրար հասկնալ, հասարակաց «հեռաւոր կէտ»եր ունենալ եւ մանաւա՛նդ սիրել զիրար անկեղծ սիրով, աստուածային սիրով, այնպէս՝ ի՛նչպէս Ան կը սիրէ մեզ։ «Հեռաւոր կէտ»ը՝ հաւատքը, հաստատ համոզումն է, որ կ՚ապահովէ այս ամէնքը՝ մարդուս կատարելութեանը եւ երջանկութեանը համար։
Եւ այս իմաստուն խրատը՝ աչքը յառած պահել հեռաւոր կէտի մը վրայ, ամէն անհատի համար, ամէն ժամանակ եւ ամէնուրեք օգտակար է եւ անհրաժե՛շտ։
Գիտնական, իմաստասէր, հոգեւորական, բոլորն ալ պէտքը եւ պահանջքը ունին «հեռաւոր կէտ»ին՝ հաւատքի զօրութեան, որպէսզի հասնին իրենց մօտակայ նպատակներուն։
Այն գիտուններ, այն մտածողներ որոնք հասած են իրենց նպատակին՝ յառած են իրենց աչքը հեռաւոր այն կէտին, որ զօրացուցած է զիրենք։ Եւ հոգեւորականներ, վանականներ, մանաւանդ ԺԴ դարու վանքերուն մէջ իրենց կեանքի բուն նպատակը կ՚իրագործուէր, գիտնականներու, իմաստասէրներու նման, քանի որ անոնք ալ իրենց աչքը յառած էին հեռաւոր կէտի մը…։
Ոեւէ անձ որ իր աչքը կը սեւեռէ կէտի մը, որով իր գործը աւելի մե՛ծ կ՚երեւայ իր աչքին, քան բուն իսկ իր անձը, այնպիսին կ՚անդրադառնայ եւ կը հասկնայ իմաստը «աչքը յառած պահելու հեռաւոր կէտ»ի մը։ Ամենէն պարզ, ամենէն անկարեւոր եւ աննշան գործն իսկ կարեւոր է կեանքի մէջ՝ աւելի կարեւոր եւ անհրաժեշտ գործեր իրականացնելու համար։ Ուստի, «փոքր» կամ «մեծ» ամէն նպատակի հասնելու, ամէն ծրագիր իրականացնելու համար մարդ պէ՛տք է իր աչքը յառած պահէ կէտի մը՝ ունենայ հեռատիպար մը իր կեանքին մէջ եւ հաւատայ, վստահի Ամենակարողին եւ բարձր պահէ իր տրամադրութիւնը միշտ։
Կան մտածող միտքեր, որոնք «աչքը յառած պահել հեռաւոր կէտ»ի մը պատուէրին կը հակադրեն, բոլորովին ներհակ կը թուի այս գաղափարը իրենց եւ հակասական։ Զոր օրինակ, Ֆ. Նիչէ կ՚ըսէ՝ թէ երբ մարդ իր աչքը շա՜տ հեռուները յառած պահէ, գուցէ չի կրնար տեսնել իր մօտը գտնուող բարիքը եւ կը կորսնցնէ զայն։ Գաղափար մը ահաւասիկ որ կը հակադրէ հեռուն նայելու օգտին։ Ուրեմն, մարդ երբ կը յառէ իր աչքը եւ յառած կը պահէ «հեռաւոր կէտ»ին, պէտք չէ անտեսէ նաեւ աշխարհը, աշխարհային բնական կեանքը, իրական ապրուած կեանքը նաեւ. այո՛ յառած պահէ իր աչքը մարդ, բայց ատեն ատեն ալ աչք նետէ ներկային, իրական կեանքին եւ անցեալին նաեւ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 4, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024