ԿԻՐԱԿՆԱՄՈՒՏ ԵՒ ՀՈԳԵՃԱՇ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի վերջին Այգուցը շաբաթ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան հանդիսապետեց վերջին Այգուցին՝ իր կողքին ունենալով Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանն ու Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանը։ Վերջին Այգուցով հոգելոյս Պատրիարք Հօր շիրիմը ամբողջութեամբ ծածկուեցաւ հողով։ Համայնքային շրջանակներէն մեծ թիւով ներկաներ համախմբուած էին շիրմին շուրջ։

Շիշլիի գերեզմանատան վերջին Այգուցէն վերջ նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի կիրակնամուտը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Բոլոր ներկաները անգամ մը եւս աղօթեցին նորոգ վախճանեալ Պատրիարք Հօր հոգւոյ խաղաղութեան համար։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, վեղարաւոր հայրեր եւ մեր քահանայից դասէն անդամներ։

Կիրակնամուտի առթիւ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ լուսահոգի Պատրիարք Հօր ի յիշատակ սարքուեցաւ հոգեճաշ մը։ Սրահին մէկ անկիւնը տեղադրուած էր երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի մեծադիր լուսանկարը, որու շրջանակին փաթթուած էր սեւ ժապաւէն մը, իսկ երկու կողմերը վառուած էին մոմեր։ Լուսանկարին առջեւ կը ծխար խնկամանը։ Յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ ներկաները հերթական անգամ համախմբուեցան հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարք Հօր բարոյական ներկայութեան շուրջ։ Պահքի սեղան մըն էր այս մէկը, որու մասնակիցները բիւր յարգանքով ու երանութեամբ հերթական անգամ վերյիշեցին Մեսրոպ Պատրիարքը։

Միեւնոյն ժամանակ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած արարողութեան բոլոր մասնակիցները հերթական անգամ բարոյական զօրակցութիւն յայտնեցին Տիրամայր Մարի Մութաֆեանին եւ իր հարազատներուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2019