ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԸՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ
Ընդհանրական եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը իրենց գրութիւններուն մէջ յաճախակի կերպով անդրադարձած են պահեցողութեան մասին, երբեմն ալ նոյնիսկ ամբողջական ճառեր ու գրութիւններ նուիրած են բացատրելու համար պահքի ինչութիւնը: Այս գրութեան մէջ այդ գրութիւններէն փունջ մը պիտի ներկայացնեմ ընթերցողներուն, որպէսզի հաղորդակից դառնան Ս. Հայրերու հոգեմտաւոր գաղափարներուն, որոնք Ս. Գիրքի ընթերցանութեան կողքին պիտի օգնեն պահեցողին գտնելու ճշմարիտ ճանապարհը, որ պիտի առաջնորդէ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ:
Ս. Բարսեղ Մեծ կը գրէ.
- «Պահեցողութիւնը մի՛ սահմանափակեր միայն ուտելիքներէ հեռանալով, որովհետեւ ճշմարիտ պահեցողութիւնը չարութիւններէն հեռանալն է՝ «անիրաւութեան կապանքները քակելը» (Ես 58.6)։ Պահեցողութեան ընթացքին մսեղէն չե՛ս ուտեր, սակայն դժբախտաբար եղբօրդ միսը կ՚ուտես։ Խմիչք չե՛ս խմեր, սակայն չես կրնար լեզուդ զսպել հայհոյանքներէ, հակառակ որ մինչեւ գիշեր կը սպասես որպէսզի ուտես, սակայն ամբողջ օրդ դատարաններուն մէջ կ՚անցընես. «Վա՜յ Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակին, որուն փառաւոր զարդը թառամեալ ծաղիկ մըն է, որ գինով թմրածներուն պարարտ հովիտին գլուխը կը կենայ» (Ես 28.1)»:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կ՚ըսէ.
- «Պահքը, լկտիութիւններուն դադար կու տայ, որոնք շատակերութենէն եւ գինովութենէն յառաջ կու գան»:
- «Պահքը միտքին ու մարմինին յուզումները կը խափանէ՝ պղտորուած ցանկութիւններու հեղեղի հոսանքէն, եւ մաքրուելով ըմբռնելի եւ հոգեկիր հողը կը ջրէ»:
- «Պահքը հզօր պարիսպ է եւ զօրաւոր դուռ, որ մեզ հեռու կը պահէ մեր խորամանկ թշնամիին վնասակար միտքերէն»:
- «Պահքը ներկայ ըլլալով՝ ժուժկալներուն առողջանալու դեղ կու տայ, հոգիի ջերմութեամբ եւ սիրով կը մաշէ աղտեղութեան կուտակումը եւ դէպի առաքինութիւններ կը վերադարձնէ»:
- «Պահքը մեր հոգեւոր կեանքը կը զօրացնէ եւ մարմնաւոր անկարողութիւնները կը խափանէ, որովհետեւ մէկուն զօրանալու միջոցին միւսը կը տկարանայ։ Ինչպէս որ լէշակեր թռչունները անխնայ ուտելնուն պատճառով դժուարութեամբ կը թռչին եւ հեշտութեամբ կը որսացուին, իսկ սակաւակերները արագաթռիչ են եւ դժուար կը բռնուին, այդպէս ալ որկրամոլ ու չափաւոր մարդն է»:
Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ.
- «Թոյլ է աղօթքը, եթէ այն պահքով ամրապնդուած չէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ աղօթած ատեն՝ մենք հոգեւորապէս Աստուծոյ կը նուիրուինք, իսկ պահեցողութեան ատեն թէ՛ հոգիով եւ թէ՛ ալ մարմինով Աստուծոյ կը նուիրուինք, որով Աստուծոյ մատուց-ւած անուշահոտ ողջակէզ մը կ՚ըլլանք եւ մեր զոհը կատարեալ կ՚ըլլայ»:
- «ՊԱՀՔ ՊԱՀԱ՞Ծ ԵՍ
«Պահք պահելուդ փաստը գործերուդ ընդմէջէն ցոյց տուր ինծի։ Բերանդ մի՛ պահեր միայն, այլ՝ պահէ աչքերդ, ականջներդ, ոտքերդ, ձեռքերդ եւ մարմինիդ բոլոր անդամները։
«Ձեռքերդ պահէ՛ առնելէ, ագահութենէ եւ գէշ գործերէ։
«Ոտքերդ պահէ՛ յանցանքներու եւ նեղութիւններու ետեւէ վազելէ։
«Աչքերդ պահէ՛ ուրախութեամբ տեսնելէ այն ամէնը ինչ չար է։
«Ականջներդ պահէ՛ չար խօսքերէ ու բամբասանքէ։
«Բերանդ պահէ՛ ատելութեան խօսքերէ, քննադատելէ եւ անիրաւելէ։
«Լաւ է, որ ինքզինքդ կը զրկես թռչուններու եւ անասուններու միս ուտելէ, սակայն վա՛յ անոր որ կը շարունակէ իր եղբայրներուն միսը ուտել»:
- «Ճշմարիտ պահեցողութեան մասին կը խօսիմ, որ միայն ուտելիքներէն զրկանք չէ, այլեւ՝ դադրիլ մեղանչելէ եւս։ Փարիսեցին պահք պահեց, սակայն դատարկաձեռն դուրս եկաւ, ունայն՝ պահեցողութեան պտուղէն... բայց նինուէացիները պահք պահեցին եւ Աստուծոյ ողորմութիւնները շահեցան»:
Ս. Յովհան Մանդակունի Հայրապետ կը գրէ.
- «Պահեցողութիւնը շղթայի մը նման ամուր կը դարձնէ եւ կը պահէ բարոյական բոլոր առաքինութիւններն ու հաւատքի զօրութիւնը. ան թշնամիին դէմ հզօր աշտարակ մըն է ու սատանային բոլոր նետերուն դէմ՝ ամուր պարիսպ մը»:
Յովհաննէս Երզնկացի կը գրէ.
- «Քրիստոնեան պէտք է սուրբ եւ անարատ պահէ պահքը, որովհետեւ անոնք որոնք սրբութեամբ պահք բռնեցին արդարացան, իսկ անոնք որոնք չպահեցին կորսուեցան»:
- «Այն քրիստոնեան որ կը սիրէ պահքը, սուրբերու փառքին կ՚արժանանայ, իսկ ան որ սրբութեամբ չի՛ պահեր զայն, այլ ձուկ ուտելով կամ արբեցութեամբ կը լուծէ, պիղծերուն եւ չարերուն հետ պիտի տանջուի»:
Պօղոս Ատրիանապոլսեցի Պատրիարք կը գրէ.
- «Ինչպէս երբ մարմինը կերակուրներով կը զօրանայ, հոգին կը տկարանայ, այդպէս ալ երբ մարմինը պահեցողութեամբ կը տկարանայ, հոգին կը զօրանայ՝ ըստ այսմ. «Երբ տկար եմ, այն ատեն զօրաւոր եմ» (Բ.Կր 12.10)»:
- «Պէտք է ծոմով, պահեցղութեամբ եւ ժուժկալութեամբ ճնշել մարմինը, որպէսզի հլու հնազանդութեամբ մինչեւ վերջ Աստուծոյ ծառայէ»։
- «Բոլորին վրայ պարտաւորութիւն դրուած է ամբողջութեամբ պահել Ս. Եկեղեցւոյ կարգած կանոնական պահեցողութիւնները։ Իսկ եթէ մէկը, պահքը աւելորդ եւ անօգուտ նեղութիւն համարելով, կը գայթակղի եւ ուրիշներն ալ կը գայթակղեցնէ, մեծապէս կը մեղանչէ, որովհետեւ կը դատէ այն Ս. Հայրերը, որոնք Ս. Հոգիով սահմանեցին Եկեղեցւոյ կանոնները»։
- «Անօգուտ է միայն բերանով պահք պահել եւ միւս զգայարանքներով չզգուշանալ մեղքի պատճառէն։ Հետեւաբար՝ մարդ ինքզինք ո՛չ միայն պարարտ կերակուրներէն պէտք է պահէ, այլեւ՝ մեղքի բոլոր պատճառներէն»:
Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան կը գրէ.
- «Պահեցողութեան նպատակն է հոգին ապրեցնելու համար մահացնել մարմինն ու զգայութիւնները։ Պահեցողութեան նպատակը միտքի մաքրութիւնն ու սիրտի սրբութիւնն է»։
- «Պահքը սանձ մըն է, որով հոգին մարմինը կը կառավարէ, ինչպէս կառապանը՝ ձիերը, եւ չի ձգեր, որ մարդը իյնայ։ Պահքով սիրտին բոցը կը հանգչի, պահքով հեշտութիւնները կը հալածուին եւ ցանկութիւնները կը թօշնին»։
- «Քրիստոսէ ետք Անոր սուրբ առաքեալները սրբացուցին պահեցողութեան օրէնքը՝ ամէն շաբաթ, երկու օր՝ Զատիկէն առաջ ալ՝ քառասուն օր պահելով ու պահել տալով։ Առաքեալները կ՚ըսեն քեզի. «Ո՛վ անարգ կաւ, ազատն Աստուած քեզի համար, քու փոխարէնդ բռնուեցաւ եւ Իր հրաշագործ ձեռքերը քու պատճառովդ կապուած՝ հրեաներուն ձեռքը մատնուեցաւ, երկինք եւ երկիր ստեղծողը քեզ մեղքի գերութենէն ազատելու համար Գողգոթայի անարգ փայտէն կախուեցաւ եւ խաչուեցաւ, քու հոգիդ կենդանի պահելու համար՝ Իր հոգին աւանդեց, այդ պատճառով քու վրադ սուրբ պարտք կը դնենք՝ չորեքշաբթին պահել Յիսուսի մատնութեան յիշատակին եւ ուրբաթը՝ Անոր խաչելութեան ու մահուան յիշատակին համար։ Տակաւին, քառասնօրեայ պահք կը սահմանենք եւ Եկեղեցւոյ Ս. Սեղանը կը ծածկենք քեզմէ, ինչպէս որ Աստուած Ադամը դրախտէն արտաքսելէ ետք՝ անոր առջեւ փակեց փափկութեան դրախտին դռները, որպէսզի սուրբ պահեցողութեամբ քեզ Քրիստոսի Ս. Յարութեան արժանանալու համար պատրաստես»»:
Շնուտա Գ. Հայրապետ կը գրէ.
- «Եթէ փորձութիւնները պահքի ընթացքին պատահին, մի՛ նեղուիք, որովհետեւ ատիկա փաստ մըն է թէ պահքը իր օգտակարութիւնը ունեցած է, եւ սատանան նեղացուցած է»:
- «Պահեցողութեան լաւութիւնը միայն թերութիւններուն եւ յոռի երեւոյթներուն դէմ պատերազմիլը չէ, այլ՝ դրականօրէն կ՚ազդէ հոգին զօրացնելու»:
- «Պահեցողութիւնը մարմինին անօթութիւն չէ, այլ՝ հոգիին յագեցում»:
Գարեգին Ա. Սարգիսեան Ամենայն Հայոց Հայրապետը կը գրէ.
- «Մեծ պահքի քառասնօրեայ շրջանը եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար հոգեկան վերանորոգութեան սքանչելի առիթ մըն է: Երբ անիկա գիտակցօրէն ապրուի հոգեկան ազնուացման, առհասարակ մարդ անհատի երջանկութեան ամենէն ազդու եւ բարերար միջոցը կը դառնայ: Մեծ պահքը գիտակցօրէն ապրիլ կը նշանակէ՝
«1) Աղօթքը դարձնել մեր կեանքին կեդրոնական առանցքը:
«Առաջին հերթին, աղօթել առանձնապէս տունին կամ որեւէ այլ հանդարտ միջավայրի մը մէջ, ուր ինքնամփոփումի, առանձին ըլլալու, ինքն իր խիղճին հետ խօսակից դառնալու կարելիութիւնը կայ: Կ՚անդրադառնա՞նք թէ մարդ առօրեայ կեանքին մէջ որքան գրաւուած է ուրիշներով...: Բայց անհրաժեշտ է, որ երբեմն ինքն իր անձին հետ առանձին ըլլայ եւ Աստուծոյ ամենատես աչքին ներքեւ, դիտէ ու քննէ ինքզինք...:
«Խոկումի, ինքնանդրադարձումի, առանձնութեան, աղօթքի պահերուն, երբ ոչ ոք մեզի կը նայի, ոեւէ մէկուն հետ կապ չունինք, երբ մեր աչքերը մեր անձերուն վրայ կը սեւեռենք, այն ատեն կը յաջողինք սրտբացօրէն, ճշմարտօրէն եւ ջինջ յստակութեամբ մենք զմեզ տեսնել, ճանչնալ եւ սրբագրել կամ վերանորոգել...:
«2) Պահք բռնել.
«Աղօթելու հետ առընթեր եւ բացի աղօթելէ անհրաժեշտ է պահք բռնել, ինչպէս ժողովրդական արտայայտութեամբ կ՚ըսուի: Ի՞նչ կը նշանակէ պահք բռնել...:
«Կրօնական ճշգրիտ եւ խորունկ իմաստով՝ պահքը այնպիսի արարք մըն է, որ մարդը կ՚առաջնորդէ ինքզինք կամաւորապէս զրկելու որոշ զգայարանական, նիւթական հաճոյքներէ եւ ճոխութիւններէ: Առիթ կու տայ անոր մտածելու հոգեկան, բարոյական կեանքի մշակման մասին...:
«Յիսուսի կեանքի պատկերին մէջ մենք կը տեսնենք, որ Ան քառասուն (40) օր անապատին մէջ առանձնացաւ, ինքզինք կերակուրներէ զրկեց, հոգեպէս զօրանալու համար: Աւետարանին մէջ մենք կը կարդանք, թէ Ան պատուիրեց Իր հետեւորդներուն եւ ըսաւ, որ պէտք է պահք բռնէք բայց ո՛չ «ի ցոյց մարդկանց», այլ` ներքին ինքնամփոփումով, որպէսզի պահքը արժէք ստանայ եւ ծառայէ անձին վերանորոգութեան...:
«3) Բարիք գործել.
«Մեծ պահոց շրջանը գիտակցօրէն ապրիլ կամ գործնապէս իմաստաւորել կը նշանակէ ոչ միայն ներանձնական աղօթք ընել կամ պահք բռնել, այլ նաեւ որոշ գործեր կատարել, դրական արարքներ գործել, որոնց նպատակն ու արդիւնքը բարիք ըլլան, եւ՝ ոչ թէ միայն անհատին, այլ՝ իր նմանին, ուրիշին երջանկութեան ծառայեն:
«Հետեւաբար, Մեծ պահոց քառասնօրեայ շրջանը քրիստոնէաբար եւ հայօրէն ապրելու համար ունինք երեք գլխաւոր պարտաւորութիւններ.
«ա. Աղօթել՝ առանձնապէս եւ հաւաքաբար:
«բ. Պահք բռնել ինքնազրկումի սկզբունքով: Եւ՝
«գ. Բարիք գործել՝ ծառայութիւններ մատուցելով»:
- «Մեծ պահքի շրջանը այն շրջանն է, ուր մենք մեզ կը դիտենք մեր ներքին աշխարհի հայելիին մէջ, մեր խիղճի հայելիին մեջ, որ Աստուծոյ ներկայութեան զգացումն է մեր մէջ: Ո՞ւր եմ ես, ո՞վ եմ ես իմ խիղճիս հայելիին մէջ: Այդ հարցումին բարերար ներգործութեան ժամանակն է Մեծ պահքը մեր Եկեղեցւոյ ծիսական համակարգին մէջ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
5 մարտ 2019, Վաղարշապատ