ԲԱԽՏԱԳՈՒՇԱԿԸ

Աչքերը հանդիպեցան իրարու, բարեւեցին: Բարեւը հնչիւն հագաւ՝ «Նստէ՛ք», ու մեքենայական շարժումներով մէկը ձախ ձեռքը երկարեց, միւսը ձեռքը բռնած, աչքերը սեւեռեց դիմագիծին, ճակտին եւ սկսաւ մեկնութեան.

«Իմաստուն հաւասարակշռուած մի կին էք»,- ըսաւ ու աչքերուն խորը թափանցեց, երկու զոյգ աչքերուն շատախօսութիւնը ծայր առաւ. բախտագուշակը կը տեսնէ՞ր արդեօք դէմինին աչքերուն հարցական շեշտը, որ շատ հասկնալի կը թուէր երբեմն՝ «Ինչո՞ւ հոս նստած էք»: Կը տեսնէր հարկաւ հարցումը, կը տեսնէր իր ամէնօրեայ աշխատավայրը դարձած այս նստարանին վրայ նստած այս պահուն, կը տեսնէր ակնոցով, որուն ձախ ապակիին ճիշդ մէջտեղի հորիզոնական ճեղքը երբեմն աչքը զոյգ կը ցցնէր, կը կարդար ալ շատ յստակ, անցեալն ու ապագան տեսնողը այս անհեթեթ հարցո՞ւմը չի տեսներ, բայց...

«Երկու մեծ կորուստ էք ունեցել», կը շարունակէ: Չէ՛ հոս սխալ մը սպրդած ըլլալու է տեսողութենէն, մէկ կորուստ է տեղի ունեցածը, բայց իսկապէս՝ ՄԵԾ, թերեւս այդ պատճառով ալ կրկնապատկուած երեւեցաւ բախտագուշակին. հարց չէ, թող խօսի, բայց ինչո՞ւ չի պատասխաներ յաճախ կրկնուած նոյն անձայն հարցումին՝ «Ինչո՞ւ հոս նստած էք»:

Անցեալը կը թերթէր խոր ու ներթափանց նայուածքներով, մերթ սխալ, մերթ ճիշդ բաներ ըսելով: Ճիշդով, թէ սխալով սակայն կը յաջողէր դէմինը փոխադրել ու դիտել տալ անցեալը էջ առ էջ, պատկեր առ պատկեր. դէպքեր, դէմքեր, դրոշմներ կ՚երեւէին ու կ՚անհետանային, ապրուած յուշեր կը յաջորդէին իրարու մերթ ժպիտ ու մերթ թախիծ արտայայտելով դիմագիծի մեկնաբանութեամբ:

Գոհ էր բախտագուշակը, գոհ էր որ կրցած էր պահեր յիշել տալ, ակնթարթային վերապրումներ կենդանացնել, գոհ էր իր աշխատանքին արդիւնքը դէմինին դիմագիծին վրայ տեսնելով, բայց ինչո՞ւ արդեօք կ՚անտեսէր այդ ակներեւ հարցումը...

«Երկար տարիներու կեանք էք ունենալու, յաջողութիւնն ու հարստութիւնը ձեր դռների մօտ են կանգնել...», ապագայի պատկերները կը փոխարինեն անցեալիններուն, դէմքը ափով կը փոխարինուի. աշխատանքին մէկ մասը աւարտած միւսին անցած է բախտագուշակը:

Ապագան: Անորոշութիւններու կոյտ մը, որ յաճախ պեղել կ՚ուզես, հասկնալ, իմանալ բան մը, լոյս մը, յոյս մը տեսնել կ՚ուզես, բայց այնքան շատ են կեանքի անակնկալները, որ իւրաքանչիւր օրուան հետ հատ մը կը մխուի էութեանդ մէջ: Կը յուսաս, որ աւելի լաւը ըլլայ, երէկը չկրկնուի իր մռայլութեամբ, երբեմն յոյսդ կ՚արդարացուի ու ժպիտ մը կը գծէ դէմքիդ վրայ, աչքերուդ մէջ, բայց աւելին՝ կը հիասթափեցնէ, լուրեր կը հաղորդէ, երէկուան «սէր» կարծուածներուն մասին կը լսես հիասթափութիւն պատճառող լուրեր՝ «մենք բաժնուեցանք»... տարիներու միութիւնը, սէրը, ձգտումը իրար հասնելու, իրարու հետ ըլլալու՝ երկու բառով վերջ կը գտնէ: Երկու բառ միայն, այո՛, բաւարար է վերջակէտ մը դնելու «սէր», «բարեկամութիւն», «ընկերութիւն» կարծուածներուն: Որքան հզօր է բառը...

Բախտագուշակը կը շարունակէ ապագայի մասին լաւատեսութեամբ օժտել դիմացինը, բայց կ՚անդրադառնայ նաեւ ձանձրոյթին, որ իրմէ ելած բառերուն պատճառով է որ գոյացած է, կ՚անդրադառնայ որ նոյն հնչիւնները, զորս կը կրկնէ բոլորին, նոյն ներգործութիւնը չունին այս անգամ, յանկերգը աւարտին հասցնելու ճիգեր կը թափէ, ու... վերջապէս կը պատասխանէ յաճախ կրկնուած անձայն հարցումին՝ «Ինչո՞ւ հոս նստած էք».

-Ես հոգեբան եմ,- կը սկսի,- երեսուն տարուան մանկավարժական աշխատանք եմ տարել դպրոցներում, ու հիմա, հիմա՛ հոս գալիս, էս նստարանի վրայ եմ նստում ու անցորդներին բախտին եմ նայում չնչին գումարի փոխարէն: Էստեղ եմ աշխատում, պա՛, պա ի՞նչ անեմ, մենակ թոշակը չի բաւարարում իմ ապրուստին, ես միայն 32000 դրամ եմ թոշակ ստանում,- ու կոպեկները գրպանէն դուրս հանելով ցոյց կու տայ,- առաւօտուանից աշխատում եմ, տեսէ՛ք, մենակ հացի ու մածունի փող եմ վաստակել:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2019