ԵՐԵՔ ԱՐԺԷՔՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՁԵՒԱՒՈՐԱԾ ԵՆ ՍԻՆԿԱՓՈՒՐԸ
Այն պահուն, երբ Սինկափուր կը յիշատակէ իր 200-րդ տարեդարձը, 2019 թուականին, բնակիչները կ՚անդրադառնան երեք արժէքներու՝ անկեղծութեան, բազմամշակութայնութեան եւ ինքնորոշման, որոնք օգնած են ձեւաւորելու ժամանակակից ազգը:
Թէեւ Սինկափուր անկախութեան 50-րդ տարին նշեց 2015 թուականին, սակայն երկիրը ժամանակ չկորսնցուց պատրաստելու յաջորդ տօնակատարութիւնը՝ Սինկափուրի 200-րդ տարեդարձը՝ հանդիսութիւններով, ցուցահանդէսներով եւ փառատօներով, ամբողջ 2019-ին ընթացքին, նշելու համար ժամանման 200-ամեակը՝ սըր Սթամֆորտ Ռաֆըլզի, որ բրիտանական «Իսթ Ինտիա» ընկերութեան համար Սինկափուրը ստեղծեց որպէս առեւտրական կայան:
Ի տարբերութիւն Սինկափուրի անկախութեան 50-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններուն՝ 200-րդ տարեդարձը նշուած է որպէս յիշատակի ժամանակ: Կղզիի բրիտանական գաղութացումը շատոնց արդէն վիճելի հարց է, եւ բազմաթիւ տեղացիներ դժգոհ են, որ այդ օրը ընդհանրապէս կը նշուի: Թէեւ 200-րդ տարեդարձի կազմակերպիչ մարմինը կ՚ըսէ, որ ինք նպատակ ունի քաղաքացիներուն կարելիութիւն ընձեռել արտացոլելու գաղութային անցեալը, որ կ՚երթայ ետ՝ մինչեւ 700 տարի, եւ այն արժէքները, որոնք ձեւաւորած են ժամանակակից պետութիւնը:
Այս արժէքներուն համար (անկեղծութիւն, բազմամշակութայնութիւն եւ ինքնորոշում), ինչպէս անուանած է 200-րդ տարեդարձի մարմինը, մարդիկ կը սիրեն այստեղ ապրիլ:
«Սինկափուրը իր սեփական ինքնութիւնը ունեցող երկիր մըն է: Ցեղային եւ կրօնական բազմազանութիւնները անզգալիօրէն կը միաձուլուին ընկերային փոխազդեցութեան, ուտեստեղէնի եւ ուղենիշներու մէջ: Հակառակ բազմազանութեան՝ բոլոր սինկափուրցիները մեզի նման բնաւորութիւն ունին, նոյն արժէքները կը բաժնեն եւ կ՚ընդունին կեանքի բոլոր խաւերէն մարդիկը», կ՚ըսէ սինկափուրցի խոհարար-ճաշարանատէր ԼՃ Հան:
Հակառակ Սինկափուրի մշակութային այլազանութեան՝ երկրին մէջ միշտ կը զարգանայ սեռային հարցերու մասին քննարկումը: Սինկափուր տակաւին կը ճանչնայ օրէնք մը, որ ժառանգ մնացած է բրիտանական գաղութատիրութեան իշխանութենէն՝ միասեռական ամուսնութիւնները արգիլելով, թէեւ այդ օրէնքը ջնջելու դիմում յաճախ կը ներկայացուի դատարան: 2019-ին այս հարցով սկսաւ դատական հոլովոյթ, երբ Հնդկաստան գաղութատիրական նման օրէնք մը ջնջեց:
Մարդիկ ինչո՞ւ կը սիրեն Սինկափուրը
Մշակոյթներու միացումը հոս թոյլ կու տայ, որ նորեկները, մանաւանդ՝ արեւմուտքցիները, արագօրէն յարմարին:
Ասիկա մեծ դարպաս մըն է դէպի Ասիա, թէ՛ ֆիզիքապէս, որպէս հրաշալի հանգոյց մը ճամբորդական այլ կեդրոններու՝ Պալիի, Պորաքայի նման, թէ՛ մշակութային:
Սինկափուր խոր կապեր ունի Արեւմուտքի հետ, յատկապէս՝ բրիտանական ազդեցութեամբ: Քաղաքին մէջ քալելով՝ դուք պիտի տեսնէք պուտտայական տաճարներ՝ բրիտանական ոճով վաճառատուներու կողքին, եւ տեղական փոքր ճաշարաններ՝ արեւելեան եւ արեւմտեան ճաշատեսակներով։
Ամէն շաբաթ նոր ճաշարաններու եւ «պառ»երու բացումով Սինկափուր հարուստ է բազմազան խոհանոցներով, որոնք կ՚արտացոլացնեն առեւտրական կապերը՝ Չինաստանի, Մալայի, Հնդկաստանի, Իտալիոյ, Ճաբոնի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Վիեթնամի եւ Ամերիկայի հետ:
Բազմամշակութային գոյակցութիւնը չի սահմանափակուիր միայն ուտելիքով: Տեղացիները նոյնիսկ ունին իրենց օտար բարբառը՝ Singlish, որ ճանչցուած չէ կառավարութեան կողմէ, եւ որ վերջերս գործնապէս ատոր գործածութեան դէմ աշխատեցաւ: Singlish-ը (խառնուրդ մը՝ անգլերէնի, մանտարինի, հոքքէյնի, մալայի եւ թամիլի) սովորաբար կը գործածուի ընկերային կացութիւններու մէջ, ինչպէս՝ սուրճ մը ապսպրելը կամ ընկերներու հետ բամբասելը:
ԻՆՉՊԷ՞Ս Է ՀՈՆ ԱՊՐԻԼԸ
Ի տարբերութիւն բազմաթիւ այլ մեծ քաղաքներու բնակիչներուն՝ մարդիկ հոս հազուադէպօրէն կը մտահոգուին գողութեան կամ բռնութեան պատճառով: Աշխարհի մէջ յանցագործութիւններու ամենէն ցած ցուցանիշը ունեցող երկիրներէն մէկուն մէջ, նոյնիսկ՝ փողոցային մանր յանցանքը, «ժամանակի կորուստ» է, կ՚ըսէ 11-ամեայ բնակիչ Պինօ Չուան, որ պլոկըր է. «I Wander»:
«Դուք կրնաք ձեր ինքնաշարժը ձգել առանց կղպելու, ձեր դրամապանակին ոչ ոք կը դպնայ», կ՚ըսէ ամերիկացի Էլիսոն Սանտըրս, որ Սինկափուր բնակած է հինգ տարի եւ համահեղինակն է «Սինկափուրի ուղեցոյց» գիրքին:
«Որպէս կին՝ ես կրնամ գիշերել որեւէ տեղ եւ բնաւ չմտահոգուիլ իմ անձնական անվտանգութեամբ: Որպէս ծնողք՝ ես չունիմ այն զգացումը, որ եթէ երկու վայրկեան իմ ուշադրութիւնս շեղեմ երեխաներէս, անոնք կ՚առեւանգուին», կ՚աւելցնէ ան:
Սինկափուրը նաեւ շատ մաքուր է ու հանգստաւէտ՝ շրջագայելու համար, երթեւեկի խճողում չըլլալուն պատճառով: Ասիկա պայմանաւորուած է ինքնաշարժներու վրայ կառավարութեան սահմանափակումներով եւ երկրին մէջ ինքնաշարժներու բարձր գինով:
«Որոշ մարդիկ կ՚ըսեն, որ ասիկա նեղացուցիչ եւ ձանձրալի է, բայց անձամբ ես կը կարծեմ, որ ատիկա անվտանգութիւն եւ հանգստաւէտութիւն է: Ես ամէն օր չեմ մտահոգուիր, որ կողոպտուելու կարելիութիւն կայ», ըսաւ Չուան:
«Քաղաքին կեդրոնը շատ լաւ կառուցուած է: Կը զգաս, որ մարդիկ աշխոյժ կ՚ուղղուին աշխատանքի, բայց դիւրին է խուսափիլ հրմշտուկէն, երբ անհրաժեշտ ըլլայ: Իմ բնակարանէս ես կրնամ 20 վայրկեան քալելով հասնիլ խիտ անտառներու շրջան մը, ուր շատ հաճելի է թռչունները դիտելը», կ՚ըսէ ամերիկացի Տանիէլ Պըրնհամ: «Սինկափուր գեղեցիկ ազգային զբօսայգիներ ունի եւ կենդանական աշխարհի տարածութիւններ», կ՚աւելցնէ ան:
Քանի որ կղզին համեմատաբար փոքր է, բնակիչները խորհուրդ կու տան օգտուելու աշխարհահռչակ Չանկի օդակայանէն եւ ցած գիներէն:
«Երբ անհանդարտ, անտրամադիր զգաք, շատ դիւրին է օդանաւ մը ցատկել եւ դուրս գալ քաղաքէն», կ՚ըսէ Պըրնհամ:
ՈՒՐԻՇ Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԳԻՏՆԱԼ
«Հասարակածէն միայն մէկ աստիճան հիւսիս գտնուելով՝ Սինկափուր ամբողջ տարին ունի տաք կլիմայ, որ հաճելի է արտասահմանցիներու համար», գրուած է ուղեցոյցին մէջ:
«Պէտք է վարժուիլ, որ ամբողջ ժամանակը կրնաք քրտնիլ: Եւ ձեր մազերը բնաւ նոյնը չեն մնար, ինչպէս՝ տան մէջ», կ՚ըսէ Օսաուա Սանտըրս:
Ըստ Պըրնհամի, շէնքերը օդափոխիչներով զովացնելը «անհրաժեշտ չարիք է»:
Սինկափուրը նոյնպէս տխրահռչակ կերպով ամենէն սուղ վայրն է բնակելու համար:
Շատ փոքր յարկաբաժինի մը (սթիւտիօ) ամսական վարձքը շուրջ 2000 տոլար է, իսկ նոր ինքնաշարժ մը նուազագոյնը կ՚արժէ 100 հազար տոլար:
Թէեւ ժամանակաւոր բնակողները կ՚ըսեն, թէ այս գիները միշտ չէ, որ իրականութիւնը կը ցոլացնեն:
«Բազմաթիւ այցելուներ եւ օտարերկրացիներ կը կարծեն, որ Սինկափուրի մէջ կեանքը իրենց տեսած շարժապատկերներու հարուստներուն ապրածին նման է: Այդպէս չէ: Գիները շատ բարձր չեն, եթէ պարզ, տեղացիի կեանք մը պիտի ապրիս: Այդ պարագային, ծախսերը շատ աւելի նուազ են Միացեալ Նահանգներէն», կ՚ըսէ Պըրնհամ:
Ընդհանրապէս Սինկափուր կը փայլի այն ժամանակ, երբ բնակիչները յաւելեալ ջանքեր կը գործադրեն երբեմն դուրս գալու համար միատարր քաղաքային կեդրոն եւ առեւտրական փողոցներուն երկարութիւնը քիլօմեթրներ կը թուի:
Պըրնհամ նաեւ ըսաւ. «Քաղաքային շատ բազմազանութիւն կայ, եթէ դուք ատիկա կը փնտռէք: Պահուըտած 21-րդ դարու գրպաններէն ներս՝ Սինկափուրի շրջակայքին յայտնաբերուած են գիւղատնտեսական հողեր, տապալած գերեզմանոցներ, ձկնորսական գիւղեր եւ գաղութատիրական շրջանի ռազմական պաշտպանողական կառոյցներ»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան