Ո՞ՒՐ ԵՆ ՄԵՐ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ
Արաբ մեծահամբաւ արուեստագէտ Տորէտ Լահհամ (բեմի անունով ճանչցուած որպէս Ղաուար Ալ Թոշէ) ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած է երէկ՝ տարածելով տեսերիզ մը, ուր ան դառն երգիծանքով կը ծաղրէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ սուրիական Կոլան նահանգը Իսրայէլի պետութեան տարածքային գերիշխանութեան կը պատկանի:
Ան տեսերիզին մէջ Թրամփի արարողութիւնը կապկելով, ամերիկեան աւանդական գլխարկով եւ Թրամփի ձեռագիրը որդեգրելով՝ կը ստորագրէ «փատաթուղթ» մը, որուն միջոցաւ Տորէտ Լահհամ ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիա նահանգը կը փոխանցէ Մեքսիքոյի պետութեան՝ աւարտին շեշտելով, որ իր այս արարքը նոյնքան օրինական է, որքան Թրամփի որոշումը։
Անկախ Կոլանի հարցին վերաբերող իմ անձնական կարծիքէն, թէ ո՛վ որմէ առաջ Կոլանը Իսրայէլին նուիրած է,- Թրա՞մփը, թէ՞ ինքնին սուրիական իշխանութիւնը,- եւ թէ սուրիական իշխանութիւնը երէկ թէ այսօր քանի՞ փամփուշտ գործածած է վերագրաւելու կամ ազատագրելու Կոլանը, փաստը կը մնայ փաստ, որ արաբ արուեստագէտը իր ոճով իր ուժգին խօսքը ըսած է վերոյիշեալ իրադարձութեան մասին՝ կանխելով շատերը, ներառեալ միջազգային ընտանիքը:
Այստեղ հարց մը կը ծագի մտքիս մէջ, սիրելի ընթերցող: Մինչ Տորէտ Լահհամ, ինչպէս քաղաքականացած արաբ այլ մտաւորական արուեստագէտ մը՝ Ատէլ Իմամ, ո՛չ մէկ անգամ անմասն մնացած են իրենց երկրին ու ժողովուրդին առընչուած ընկերային կամ քաղաքական խնդիրներէն, որոնց կապակցութեամբ քաջաբար արտայայտուած են իրենց բեմերէն՝ շատ յաճախ անցնելով ազգայինը եւ թեւակոխելով համամարդկային խնդիրներու հարթակը, ո՞ւր են հայրենի թէ սփիւռքահայ մեր արուեստագէտները, երբ մենք համահայկական շատ լուրջ հարցեր կը դիմակալենք հայրենի քաղաքական վերջին իրադարձութիւններէն մինչեւ սփիւռքահայ վերջին հաստատութիւնն ու անոր ցաւալի իրավիճակը:
Աւելին, ո՞ւր էին այսպէս կոչուած յառաջդիմական կամ հայրենասէր (հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ) մեր արուեստագէտները (բացառութիւնները միշտ յարգելի են), երբ Սթալին պապիկը Լեռնային Ղարաբաղը ատենին օր ցերեկով նուիրեց Ատրպէյճանին: Ո՞ւր են անոնց աւանդին ժառանգորդները այսօր, երբ օր ցերեկով Աստուած գիտէ՝ ի՛նչ կ՚եփի ստուերին մէջ նոյն Արցախին ճակատագրին վերաբերող: Ո՞ւր է մեր «Տորէտ Լահհամը»: Արդեօք պէ՞տք է իրաւ Տորէտ Լահհամին դիմել, որպէսզի ան իր դիրքէն արծարծէ նաեւ մեր հարցերը՝ ի հեճուկս եւ ի ամօթանք իր հայ պաշտօնակիցներուն:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ