ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ

Մահմուտ Տարուիշը պաղեստինցի նշանաւոր բանաստեղծ մըն է: Ծնած է 1941-ին: Մահացած է 2008-ին: Անոր անունը սերտօրէն կապուած է յեղափոխական եւ հայրենասիրական բանաստեղծութիւններուն: Հրէական կառավարութեան կողմէ բազմիցս ձերբակալուած է, իր հրապարակային ելոյթներուն պատճառով: 1972-ին Խորհրդային Միութիւն գացած է ուսանելու համար, ապա անցած է Գահիրէ՝ որպէս գաղթական, որմէ ետք տեղափոխուած է Լիբանան, ուր զբաղած է հրատարակչական գործունէութեամբ: Տարուիշի բանաստեղծութիւններուն մէջ հայրենիքի եւ կնոջ սէրը միախառնուած են: Տասնեակ մը բանաստեղծական հատորներ ունի:

Արդարեւ ընթերցողներուն թարգմանաբար կը ներկայացնեմ փունջ մը անոր միտքերէն եւ բանաստեղծութիւններէն: Բարի վայելում:

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԱՍԻՆ

- Ի՞նչ է Հայրենիքը: Հարցում մը չէ, որուն կը պատասխանես ու կ՚անցնիս: Այն միաժամանակ քու կենաքդ եւ քու դատդ է:

- Ի՞նչ է Հայրենիքը: Մահուան հանդէպ կարօտ մըն է, որպէսզի վերադարձնես իրաւունքն ու հողը: Հայրենիքը հող մը չէ, այլ՝ հողն ու իրաւունքը միասին: Իրաւունքը հետդ է, իսկ հողը՝ անոնց հետ…

- Հայրենիքս միշտ չէ, որ իրաւացի է, սակայն ես չեմ կրնար իսկական իրաւունք ապրիլ՝ բացի իմ Հայրենիքիս մէջ:

ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ

- Սէրը կը սորվեցնէ ինծի չսիրել, եւ օդին կը ձգէ զիս:

- Ով որ սէր չունի, ձմեռէն կը վախնայ:

- Սէրը մահուան նման է. խոստում մը, որ ո՛չ կը պատասխանէ եւ ո՛չ ալ կը վերանայ:

- Սէրէն բան չեմ ուզեր, բացի սիրոյ սկիզբը:

- Սէրը մեր ճի՛շդ խաբէութիւնն է:

- Այս է սէրը, որ կը սիրեմ քեզ երբ կը մեռնիմ, եւ երբ կը սիրեմ քեզ՝ կը մեռնիմ:

- Սիրտս կը մարզեմ սիրելու, որպէսզի կարողանայ տանիլ թէ՛ վարդեր եւ թէ ալ փուշեր:

- Երբ սէրը կը վերջանայ, իմացիր, որ այն սէր չէ եղած: Սէրը անպայման պէտք է ապրիլ եւ ո՛չ թէ յիշել:

- Պարտադրաբար սիրեցի քեզ, ո՛չ թէ որովհետեւ ամենէն գեղեցիկն ես, այլ՝ որովհետեւ ամենէն խորն ես: Արդարեւ, գեղեցկութեան սիրահարը սովորաբար յիմար է:

- Ոչ ոք յանկարծակիօրէն կը փոխուի, եւ ոչ ոք կը քնանայ ու կ՚արթննայ ծայրայեղութենէ մը, այլ ծայրայեղութեան փոխուած: Հարցը այն է, որ վայրկեանի մը ընթացքին, սիրոյ աչքը կը փակենք եւ իրականութեան աչքը կը բանանք, եւ իրականութեան աչքով կը տեսնենք անոնց իրականութիւնները, զորս սիրոյ աչքով  չէինք տեսած:

- Սիրոյ տեսակ մը կայ, որ կու գայ ու կ՚անցնի. ո՛չ ինք կ՚իմանայ եւ ո՛չ ալ մենք:

- Երանի՜ թէ սորված ըլլայինք քիչ սիրել, որպէսզի աւելի շատ չցաւինք:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ

- Յոյսը նիւթ մը կամ գաղափար մը չէ, այլ՝ այն ձիրք մըն է:

- Մենք այն զոհն ենք, որուն վրայ ամէն տեսակի սպանդ փորձուեցաւ…, նոյնիսկ ամենէն արդի զէնքերը… Սակայն, մենք այն հրաշքն ենք, որ չի՛ մեռնիր եւ չի՛ կրնար մեռնիլ:

- Պատմութիւնը կը հեգնէ իր զոհերն ու հերոսները…, աչք մը կը նետէ անոնց վրայ ու կ՚անցնի:

- Եկայ, բայց տակաւին չհասայ: Եկայ, սակայն չվերադարձայ:

- Ուրախութիւնը յանկարծ եկաւ մօտդ. իսկ կեանքը սորվեցուցած է քեզի, որպէսզի զգուշանաս ուրախութենէն, որովհետեւ անոր դաւաճանութիւնը խիստ է:

- Առանց յիշողութեան իսկական յարաբերութիւն չկայ վայրին հետ:

- Հոմերոսի, Մութանապաիի եւ Շէյքսփիրի տողերուն մէջ կը քայլեմ. կը քայլեմ, սակայն կը սայթաքիմ՝ արքայական հանդիսութեան մը համար մարզուած սպասեակի նման:

- Եւ հարցուց ինծի.

-Արդեօք ես+ես, երկու կ՚ընէ:

Պատասխանեցի.

-Ես եւ դուն մէկէն պակաս ենք:

- Եթէ ձիթապտուղի ծառը յիշէ ով տնկած է զայն, ապա ձէթը արցունք կ՚ըլլար:

- Երկինքս գաղափար մըն է, իսկ հողը՝ նախասիրած աքսորավայրս է:

- Պոռա՛, որպէսզի իմանաս թէ տակաւին ողջ ես, ողջ ես, եւ թէ այս աշխարհին վրայ կեանքը հնարաւոր է:

- Պաղեստինցի ըլլալ կը նշանակէ, հիւանադանալ յոյսով, որուն բուժում չկայ:

- Ինքզինքիդ հաւատալը աւելի գէշ է, քան ուրիշ մը խաբելը:

- Պիտի երազեմ. ո՛չ թէ արտաքինիս վրայ բան մը նորոգելու համար, այլ՝ լքուած ներսս բարենորոգելու համար:

- Եթէ գետ բառը գրելու չսխալիս, ապա գետը պիտի հոսի տետրակիդ մէջ:

- Կը վկայեմ, թէ ողջ եւ ազատ եմ՝ երբ կը մոռնամ:

- Մեր իրերն ալ մեզի նման կը մահանան, սակայն մեր հետ չեն թաղուիր:

- Մոռացութիւնը երեւակայութեան մարզումն է յարգելու համար իրականութիւնը:

ԱՄԵՆԷՆ ԳԵՂԵՑԻԿ ՍԷՐԸ

Ինչպէս որ խոտը կ՚աճի ժայռի ծերպերուն մէջ,

Օրին մէկը որպէս օտարականներ գտնուեցանք,

Եւ գարնան երկինքը աստղ մը եւ աստղ մը կը յօրինէր,

Իսկ ես սիրոյ հանգրուան մը կը յօրինէի աչքերուդ համար…,

Ու երգեցի զայն:

Աչքերդ գիտե՞ն արդեօք, որ երկար սպասեցի

Ինչպէս ամառը կը սպասէ թռչունին,

Եւ քնացայ…, գաղթողի մը քունով,

Որով աչք մը կը քնանայ, որպէսզի միւս աչքը արթննայ…,

Երկա՜ր, եւ կու լայ իր քրոջ համար:

Մենք երկու սիրահարներ ենք, մինչեւ որ լուսինը քնանայ,

Եւ գիտենք, որ գրկախառնումը, համբոյրները,

Սիրոյ գիշերներու սնունդն են,

Եւ առաւօտը կը կանչէ քայլերուս,

Որպէսզի շարունակէ նոր օրուան ճանապարհին վրայ:

Մենք ընկերներ ենք,

Քայլէ՛ կողքովս ափ-ափի,

Միասին լուրեր եւ երգեր ընենք:

Ինչո՞ւ այս ճանապարհին կը հարցնենք…

Ի՞նչ ճակատագիրի կը տանի մեզ,

Եւ ուրկէ՞ հաւաքեց մեր ոտքերը,

Քու եւ իմ բախտն է, որ միասին քալենք, յաւիտեան:

Ինչո՞ւ համար լացակումած երգեր կը փնտռենք

Բանաստեղծութեան հին հատորի մը մէջ,

Եւ կը հարցնենք, ո՜վ մեր սէր, պիտի տեւե՞ս:

Կը սիրեմ քեզ, ինչպէս կարաւանները կը սիրեն կօտի եւ ջուրի ովասիսը,

Եւ աղքատի բաղարջը կը սիրէ,

Եւ միշտ ընկերներ մնանք:

ԹՇՆԱՄԻՆ

Այնտեղ է մէկ ամիս առաջ:

Այնտեղ է մէկ տարի առաջ:

Եւ միշտ այնտեղ էի, կարծէք միայն այնտեղ եղած ըլլայի:

Եւ անցեալ դարու 82-ին, մեզի պատահեցաւ այն ինչ որ հիմա կը պատահի:

Պաշարուեցանք, սպաննուեցանք եւ պայքարեցանք

դժոխքէն մեզի հրամցուածին դէմ:

Սպաննուածները/նահատակները չեն նմանիր:

Ամէն մէկը յատուկ կազմուածք մը, յատուկ դիմագիծ մը,

Յատուկ աչքեր եւ տարբեր անուն ու տարիք մը ունին:

Սակայն սպաննողները ի՛րենք են, որ նման են:

Անոնք մէկ են, բաժնուած երկաթեայ գործիքներու,

Կը սեղմեն ելեկտրոնական կոճակներու վրայ, կը սպաննէ ու կ՚անհետանայ:

Կը տեսնէ մեզ, բայց մենք՝ չենք տեսներ զինք,

Ո՛չ թէ որովհետեւ ուրուական է,

Այլ՝ որովհետեւ գաղափարն է պողպատեայ դիմակի մը…

Ո՛չ դիմագիծ ունի, ո՛չ աչքեր, ո՛չ տարիք, ո՛չ ալ անուն:

Ան…, ի՛նք ընտրած է, որ մէ՛կ անուն ունենայ. ԹՇՆԱՄԻ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

26 մարտ 2019, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019