ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջեւ վերջին օրերուն Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած եղբայրական հանդիպման արձագանգները կը շարունաուին։ Ներկայիս Քիրիլ Ա. Պատրիարք կը նշէ իր գահակալութեան 10-ամեակը եւ այս յոբելեանը շնորհաւորելու նպատակով Վեհափառ Հայրապետը այցելութիւն մը տուած է իրեն։ Մոսկուայի Ս. Դանիէլի պատրիարքանիստ վանքէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու գահակալներու եղբայրական զրոյցը։ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ ողջոյնի պաշտօնական խօսքերու փոխանակում։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ հետեւեալը. կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ։

*

Ձերդ Սրբութիւն, սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս,

Եղբայրական ջերմ սիրով եւ առ Աստուած աղօթքով կ՚ողջունենք եւ կրկին կը շնորհաւորենք ձեզ՝ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Պատրիարքական գահուն ձեր ընտրութեան տասնամեակին առթիւ։ Ուրախ ենք վերստին Մոսկուայի մէջ գտնուելով եւ ձեզի հանդիպելով՝ փոխանցելու քաջառողջ արեւշատութեան եւ երկար ու արդիւնաշատ գահակալութեան մեր եղբայրական բարեմաղթանքները։ Մեր սրտագին աղօթքն է, որ Բարձրեալն Աստուած իր օրհնութեան ու խնամքի ներքեւ պահէ ձեզ, Ռուս եկեղեցւոյ հոգեւորականաց ամբողջ դասը եւ ռուս հաւատաւոր եղբայր ժողովուրդը։ Ուրախալի է տեսնել նաեւ, որ Ռուսաստանի իշխանութեանց եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ հաստատուած յարաբերութիւնները կ՚արգասաւորուին բարի արդիւնքներով՝ ի նպաստ Ռուսաստանի հաւատաւոր ժողովուրդի հոգեւոր-եկեղեցական, հասարակական կեանքի յառաջընթացի եւ պայծառութեան։ Ձեր հովուապետութեան տարիներուն Աստուծոյ ողորմութեան նշանակալի ձեռքբերումներ եւ իրագործումներ արձանագրուած են քարոզչական առաքելութեան, կրթական, ընկերային, եկեղեցաշինութեան եւ այլ բազում ոլորտներու մէջ։ Ձերդ Սրբութեան առաքելութեան մէջ առաջնային տեղ կը գրաւեն ձեր ջանքերը՝ յանուն ազգերու, եկեղեցիներու ու կրօններու միջեւ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան զօրացման։

Գոհունակութիւն է մեզի համար անդրադառնալ մեր հաւատակից ժողովուրդներու դարաւոր եղբայրական կապերուն, որոնք կը զօրանան մեր պետութիւններու միջեւ համագործակցութեամբ եւ մեր քոյր եկեղեցիներու զօրացող յարաբերութիւններով եւ աղօթական ջանքերու մէկտեղումով։ Մեր երկիրներու ու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման համար կարեւոր կամուրջ կը հանդիսանայ Ռուսաստանի հայ համայնքը, որ վայելելով երկրի իշխանութեանց բարեացակամութիւնը եւ Ձերդ Սրբութեան հայրական վերաբերմունքը՝ իր բարի նպաստը կը բերէ Ռուսաստանի պետութեան զարգացման ու հասարակական կեանքի յառաջընթացին։

Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս, մեր զանազան հանդիպումներու ընթացքին յաճախ անդրադարձած ենք ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն, երբ կեանքի ճանապարհները յաճախ մարդիկը կը հեռացնեն Աստուծմէ, երբ անսքօղ են հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու ոտնահարումը, ազգամիջեան անհանդուրժողականութիւնը, ահաբեկչութիւնն ու պատերազմը, կարիքն ու աղքատութիւնը, համաշխարհայնացման համահարթեցնող ու բացասական արտայայտութիւնները, որոնք հրամայական կը դարձնեն քրիստոնէական եկեղեցիներուս աւելի սերտ գործակցութիւնը մեր առաքելութեան արդիւնաւորման ուղղութեամբ։ Ձեր միջեկեղեցական եւ հովուապետական առաքելութեան մէջ դուք մշտապէս հանդէս եկած էք հոգեւոր-բարոյական արժէքներու պահպանման ու արժեւորման տեսլականով, պետական, հասարակական կեանքէ ներս այդ արժէքներու տարածման եւ վերարժեւորման գաղափարով ու մօտեցմամբ։ Այս առումով յատկապէս ուրախ ենք արձանագրելու Արեւելեան Ուղղափառ եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան առաւել ամրապնդումը եւ ուժերու մէկտեղումը ամենատարբեր ընկերային, մարդասիրական ու հասարակական հարցերու մէջ՝ յատկապէս հաշուի առնելով մեր եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան գեղեցիկ ու մխիթարիչ օրինակները Մերձաւոր Արեւելքի բարդ համատեսքին մէջ։

Սիրեցեալ եղբայր, հոգեւոր գոհունակութեամբ եւ գնահատանքով կը կամենանք անդրադառնալ նաեւ ձեր՝ որպէս Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ հովուապետ, ունեցած կարեւոր դերակատարութեան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ լուծման ի խնդիր հոգեւոր պետերուս եռակողմանի հանդիպումներու կազմակերպման գործին մէջ։ Մեր ժողովուրդը, կորուստի ցաւը իր սրտին, կը յարգէ եւ կ՚ոգեկոչէ պանծալի յիշատակը իր հերոս զաւակներուն, որոնք զոհուեցան 2016 թուականի ապրիլի 2-ին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած քառօրեայ պատերազմին։ Արցախեան հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը էական է տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման համար։ Հիմնախնդրի հանգուցալուծման համար առաջնային կարեւորութիւն ունի խաղաղութեան նպաստող միջավայրի հաստատումը, ներառեալ՝ փոխադարձ վստահութեան միջոցառումներու իրականացումն ու ռազմատենչ հռետորաբանութեան նուազեցումը։ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը հաստատակամ են խաղաղութեան եւ համերաշխութեան իրենց ձգտման մէջ։ Այդ ճանապարհը, սակայն, միակողմանի չի կրնար ըլլալ։

Այս առումով կը փափաքինք ձեր ուշադրութեան ներկայացնել նաեւ դէպք մը։ Վերջերս Ատրպէյճանի մէջ քսան տարի ազատազրկման դատապարտուեցաւ տակաւին ամրան, չբացայայտուած պայմաններով Ատրպէյճանի տարածքին մէջ յայտնուած Տաւուշի մարզի Բերդաւան գիւղի բնակիչ Կարէն Ղազարեան, որ ունի հոգեկան խնդիրներ։ Դատական այդ որոշումը առնուած է մարդու իրաւունքներու բացայայտ խախտմամբ։ Այս հարցին մէջ, նկատի ունենալով հոգեւոր պետերուս նախորդիւ ունեցած փորձառութիւնը, կը դիմենք Ձերդ Սրբութեան միջնորդութեան Ատրպէյճանի հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութեանց առջեւ՝ միջազգային պարտաւորութիւններու պահպանումով երիտասարդը վերադարձնելու իր ընտանիքին։

Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս,

Վերստին, սիրոյ եւ եղբայրական ողջոյնով, կը մաղթենք Ձերդ Սրբութեան մեր Տիրոջ զօրակցութիւնն ու առատ շնորհները, որպէսզի շարունակէք իմաստաբար առաջնորդել ձեր հաւատացեալ հօտը՝ ի պայծառութիւն Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ ի հոգեւոր մխիթարութիւն համայն հաւատացեալ ձեր ժողովուրդի։

*

Իր հերթին, Քիրիլ Ա. Պատրիարքն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց իր գահակալութեան 10-ամեակին կապակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետի կողմէ յղուած շնորհաւորական ուղերձին եւ բարեմաղթանքներուն համար։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ անցեալ տասն տարիներու ընթացքին Հայ Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու յարաբերութիւնները յատկանշուած են եղբայրական սիրով ու ջերմութեամբ։ Քիրիլ Ա. Պատրիարք անդրադարձաւ Ռուսաստանէ ներս Հայոց թեմի աշխոյժ գործունէութեան ու ներգրաւուածութեան երկու եկեղեցիներու կապերու զօրացման գործին։ Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանէ ներս Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ գտնուող համայնքի հոգեւոր կեանքին։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետն ու Ռուսաց Պատրիարքը գոհունակութեամբ հաստատեցին երկու ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու միջեւ զարգացող համագործակցութիւնը՝ միջեկեղեցական եւ միջազգային զանազան հարթակներու վրայ կրօնական-հասարակական հիմնախնդիրներու ընդառաջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2019