ԼՈՒՍԻՆ ԹԵՐԶԵԱՆ. «ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԿԵԱՆՔԸ ՀԱՐՑՄԱՆ ՆՇԱՆ Է»

Անկեղծներուն թիւը քիչ չէ, սակայն շատ կարեւոր է լսելի դարձնել անոնց ձայնը։ Անկասկած, որ հալէպահայ Լուսին Թերզեան մէկն է անոնցմէ, որ կը գտնուին անկեղծութեամբ արտայայտուող մարդոց առաջին ճակատին վրայ։ Ան կը խօսի Հալէպի խնդիրներուն մասին. կը պատմէ պատերազմի օրերէն ու նաեւ կը հանրայնացնէ, Հալէպէն հեռանալու խնդիրը եւ այդ հեռացման վերաբերեալ իր ապրած ահն ու սոսկումները։

Հիմա շատեր պիտի առարկեն, թէ ինչ համարաձակութեամբ այս կինը կը ներկայացնէ Հալէպի այսօրուան դժուարին իրավիճակները, նաեւ կը խօսի, թէ առնուազն անցնող երեք-չորս տարիներուն, իր կեանքին մէջ եղած են պահեր, երբ ան ուզած է ամէն գնով Հալէպը լքել... բայց չէ կարողացած։

Չէ կարողացած, ոչ թէ Հալէպի հանդէպ իր ունեցած սիրոյն ու նուիրումին պատճառով, այլ անոր համար, որ չէ ունեցած ամենանօսր պայմանները, որոնց միջոցաւ պիտի կարողանայ լքել... իր ծննդավայրը։

Շատեր անոր միտքը դասալքութիւն պիտի համարեն, մոռնալով այն փաստը, որ Հալէպի մասին «երգող» ու գիշեր-ցերեկ Հալէպի ցաւին մասին խօսող մեր հայրենակիցներէն շատ-շատեր այսօր իրենց շունչը առած են... հեռաւոր Գանատայի մէջ։

Ի դէպ, եղածը նորութիւն մը չէ, կան բազմաթիւներ, որոնք առաջին փոթորիկին հետ կը լքեն կայմը եւ կը մտածեն միայն իրենց սեփական մորթի փրկութեան մասին։

Լուսին Թերզեան անոնցմէ մին չէ եւ ահա իր «պատմութիւն»ը։

-Ներկայիս ի՞նչ են Հալէպի հիմնական դժուարութիւնները:

-Կրնամ ըսել, որ Հալէպի մէջ ոչ մէկ բան դիւրաւ կը տրուի։ Ամէն ինչ դժուար է, ինչ որ պիտի ընես, պէտք է ջանք, աշխատանք ներդնես եւ կա՛մ կը հասնիս կամ՝ ոչ:

-Անձնական օրինակով եթէ պատմէք, ինչպէ՞ս կ՚ապահովէք ձեր տան առօրեայ կարիքները՝ կազը, ջուրը, ելեկտրականութիւնը. եթէ այս մասին հակիրճ տեղեկութիւններ տաք ուրախ կ՚ըլլանք:

-Վառելանիւթի՝ մազոթի պարագային, օրէնքով պետութիւնը մեզի՝ իւրաքանչիւր ընտանիքի տարեկան 400 լիթր պէտք է յատկացնէ, բայց դժբախտաբար, ահա ձմեռը վերջացաւ եւ մենք դեռ միայն 200 լիթր ստացած ենք, տուներ կան դեռ այդ ալ չեն ստացած: Բացի այդ, այս սահմանուած քանակը շատ քիչ է, 200 լիթրը քսան օրուան մէջ կը սպառի, միաժամանակ շատ սուղ է, 200 լիթրին համար մենք մօտաւորապէս 40 հազար սուրիական կը վճարենք, մինչ նախքան պատերազմը, 1000 լիթրը 7 հազար ոսկիի կը գնէինք:

Ջուրի պարագային, փառք Աստուծոյ, ներկայիս արդէն հարց չունինք, շատ լաւ, բնականոն կերպով կը ստանանք, ըսելիք չունինք: Բայց ելեկտրականութեան համար յաւելեալ ծախսեր շատ ունինք. պետութեան կողմէ տրամադրուած ելեկտրական հոսանքը շատ-շատ քիչ ժամերով կը տրուի եւ այդ պատճառով ալ, ստիպուած կ՚ըլլանք որպէս այլընտրանքային ելեկտրականութիւն ստանալ վճարելով յաւելեալ գումարներ։ Անցեալին, երբ «ամփեր»ով ելեկտրականութիւն ստանալու երեւոյթը նոր սկսած էր, մէկ «ամփեր»ի համար կը վճարէինք 300 սուրիական ոսկի, իսկ ներկայիս կը վճարենք 1500 սուրիական ոսկի եւ անշուշտ այս սղաճը կապ ունի մազոթի բաւարար քանակի բացակայութեան հետ։

Ինչ կը վերաբերի կազի տագնապին, այդ մէկը իմ կարծիքով՝ այս շրջանին սրած է, որովհետեւ երբ պետութիւնը ձմրան ընթացքին տուները մազոթով չի կրնար ապահովել, մարդիկ ստիպուած կ՚ըլլան իրենց տուները ջեռուցել օգտագործելով կազի տակառներ եւ այդ պատճառով է նաեւ, որ կազի տագնապ մը սկիզբ կ՚առնէ։ Կազի տագնապը ընդհանրապէս դեկտեմբեր ամսուն վերջաւորութեան կը սկսի, կը շարունակուի մինչեւ փետրուարի վերջը, կ՚ենթադրեմ, որ ասկէ վերջ բաւարար քանակութեամբ կը բաժնուի:

Անշուշտ պետութիւնը միշտ ջանք կ՚ընէ այս տագնապներուն լուծումներ գտնելու համար։ Վերջերս իւրաքանչիւր ընտանիքի բաժնեցին «խելացի քարտ»եր, որոնք Դամասկոսի մէջ սկսած են օգտագործուիլ, իսկ Հալէպի մէջ դեռ չ՚օգտագործուիր։ Ինչպէս անցեալին մենք «պոն» ըսուած հնարաւորութիւն մը ունէինք, ճշդուած քանակութեամբ շատ յարմար գինով շաքար, բրինձ ստանալու, կ՚ենթադրեմ, որ այս քարտերն ալ նման ծառայութիւն մը պիտի մատուցեն, եւ շատ հաւանական է, որ այս միջոցով կառավարութիւնը պիտի կարողանայ վառելանիւթի տագնապները լուծել։

-Նիւթական առումով Հալէպի մէջ բնակող քառանդամ ընտանիք մը ինչքա՞ն գումարի պէտք ունի, սովորական կեանք մը վարելու համար:

-Ներկայիս քառանդամ ընտանիք մը, միջին հաշուով, պէտք է ամիսը 250-300 հազար սուրիական ոսկիի եկամուտ ունենայ, որպէսզի կարենայ սովորական կեանք մը վարել: Բայց դժբախտաբար, ներկայ պայմաններով այս գումարը ապահովելը շատ դժուար է թէ՛ պաշտօնեաներու եւ թէ ազատ աշխատողներու համար: Այսօր մէկ անձի աշխատանքով անկարելի է, որ ան կարողանայ ընտանիք պահել։ Մանաւանդ եթէ այդ տան մէջ ուսանող կայ, ծեր ունի, հիւանդ կայ, կամ վարձով տան մէջ կը բնակի: Պետական պաշտօնեան ամիսը միջին հաշուով 40-50 հազար գումար կը ստանայ: Ներկայիս մէկ տան մէջ գոնէ չորս հոգի պէտք է աշխատի, որպէսզի ձեւով մը կարենան գոյատեւել։ Այս բոլորը հաշուի առնելով կարելի է ըսել, որ այսօր հալէպահայուն համար սովորական կեանքի ապրուստ ապահովելը բաւական «թանկ հաճոյք» մը դարձաւ։ Այո, բարեսիրական հաստատութիւններ կան, որոշ չափով կ՚օժանդակեն, բայց նորէն ալ կեանքի սովորական պայմաններ ապահովելը շատ դժուար եղաւ։

-Դուք բաւական դժուարութիւններէ անցաք, սակայն չհեռացաք Հալէպէն: Այսօրուան իրավիճակը ձեզի յոյս կը ներշնչէ վաղուան՝ ապագայի հանդէպ:

-Հալէպ մնալը կամ Հալէպէն ելլելը անձնական որոշումի հարց է: Իմ պարագայիս, օրինակ, ես ո՛չ ամուսին, ո՛չ որդի ունիմ, աղջիկ մը ունիմ՝ ուսանող:

Եթէ անկեղծ ըլլամ, մանաւանդ պատերազմի ծանր օրերուն յաճախ մտածեր եմ Հալէպէն դուրս ելլելու մասին։ Այդ ժամանակ ծովու ճամբով, որպէս գաղթական կ՚երթային, բայց շատ վախցայ, որ եթէ ես այդպիսի քայլ մը առնեմ եւ աղջկանս բան մը պատահի, ծովուն մէջ խեղդուի, ես իմ մնացած կեանքս դժբախտ եւ խղճի խայթով պիտի ապրիմ, իսկ եթէ հակառակը ըլլայ, ինծի բան մը պատահի, աղջիկս առանձին պիտի մնայ։ Ես այս հաշիւները ընելով դուրս չելայ:

Չեմ գիտեր, արդեօք ասկէ վերջ լաւ պիտի ըլլա՞նք, թէ ոչ… շատ մութ է մեզի համար ներկայիս Հալէպի ապագան, բայց ժամանակի ընթացքին մթնոլորտին վարժուեցանք, օր մը կայ, օր մը չկայ, օր մը մեր պէտքերը կրնանք ապահովել, օր մը չենք կրնար:

Բարեսիրական հաստատութիւնները, ինչպէս ըսի, որոշ չնչին օգնութիւն մը կու տան, բայց այդ մէկը, ինչպէս թրքերէն առածը կ՚ըսէ՝ «Դուրսէն եկածը տեղին չի գար, նոյնիսկ եթէ գայ, չես կրնար օգտագործել»:

Երբեմն կ՚ըսեմ. երանի Հալէպէն ելած ըլլայի։ Եթէ ելլելու ըլլայինք ես ու աղջիկս միայն Հայաստան հաստատուելու մասին կը մտածէինք, բայց այդ պարագային ալ մեր կեանքին դարձեալ զերոյէն պիտի սկսէինք։ Շատ մտածեցի, բայց չկրցայ, թերեւս եթէ կարենանք, յետագային, ես ու աղջիկս կը նախընտրենք հայրենիք հաստատուիլ, բայց հիմա կը սպասենք, որ ան իր վկայականը առնէ, յետոյ կը տեսնենք, թէ ինչ կ՚ըլլայ։ Մենք այդ ուղղութեամբ կը մտածենք, բայց, ինչպէս կ՚ըսեն՝ «Խորհուրդ մարդկանց, կամքն Աստուծոյ»:

Ես ասկէ աւելի չեմ կրնար ընել, քանի որ արդէն շատ վնասներ կրեցինք, կրնամ ըսել այս ութ տարուան ընթացքին 2 քիլօ ոսկիս ծախած եմ, որպէսզի կարենանք ապրիլ։ 2 քիլօ ոսկին քիչ բան չէ, հակառակ որ կ՚աշխատիմ։ Նաեւ ունիմ տուն մըն ալ, որ վարձակալած եմ, հոնկէ ալ քիչ մը գումար կը ստանամ, բայց դարձեալ բաւարար չէ. կեանքը շատ սուղ է, որքան ալ խնայենք, չի բաւեր։ Կեանքը մեզի համար հիմա Հալէպի մէջ հարցման նշան է, չենք կրնար այդ հարցման նշանին դէմ կենալ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2019