ՃՊՐԱՆ ԽԱԼԻԼ ՃՊՐԱՆ

Ճպրան Խալիլ Ճպրան ծնած է 1883-ին Լիբանանի մէջ: Բանաստեղծ, գրող եւ գծագրիչ: Պատանի տարիքին իր ընտանիքին հետ գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Երիտասարդ տարիքին վերադարձած է Լիբանան, ուր Պէյրութի մէջ ուսանած է եւ բարելաւած իր արաբերէն լեզուն: Ապա վերադարձած է ԱՄՆ, ուրկէ անցած է Փարիզ արուեստներ ուսանելու համար: 1912-ին հաստատուած է Նիւ Եորք եւ ինքզինք նուրիած է ստեղծագործելու: Ան յօդուածներ եւ փոքր պատմուածքներ գրած է, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Բազմաթիւ հատորներու հեղինակ է: Իր ամենէն յայտնի հատորներէն կը համարուի «Մարգարէ»ն, որ հրատարակած է 1923-ին: Այլ յայտնի հատոր մը ունի նաեւ՝ «Յիսուս մարդու որդի» խորագիրով:

Ան Ուիլիըմ Շէյքսփիրէն ետք ճանչցուած է որպէս ամենէն շատ վաճառք ունեցող գրողներէն մէկը: Ան նաեւ բազմաթիւ պատկերներու ալ հեղինակ է: Անոր ստեղծագործութիւնները ուշագրաւ են զգացողականութեամբ: Ան մեծ ազդեցութիւն կրած է Ս. Գիրքէն, ինչպէս նաեւ Ֆրետերիք Նիցչէէն եւ Ուիլիըմ Պլէյքէն: Մահացած է Նիւ Եորքի մէջ, 1931-ին:

Ընթերցողներուն թարգմանաբար կը ներկայացնեմ փունջ մը անոր ստեղծագործութիւններէն եւ գաղափարներէն:

ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ

- Այս կեանքին մէջ մայրը ամէն ինչ է: Ան ցաւին մէջ մխիթարութիւնն է, յոյս՝ յուսահատութեան մէջ, եւ զօրութիւն՝ տկարութեան մէջ:

- Յոռետեսը այս կեանքէն միայն անոր շուքը կը տեսնէ:

- Տարօրինակ է, որ մեր ամենէն սիրելի մարդիկը, ամենէն կարողներն են մեր կեանքը խանգարելուն:

- Եթէ երկու տիկիններ խօսեցան, անոնք ոչինչ կը յայտարարեն. բայց եթէ մէկ տիկին խօսեցաւ, ան ամբողջ կենաքը կը յայտարարէ:

ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ

- Երէկ, թագաւորներուն ծառայեցինք եւ հերոսներուն դիմաց մեր գլուխները ծռեցինք. սակայն, այսօր, միայն ճշմարտութեան դիմաց ծունկի կու գանք… Չենք հետեւիր բացի գեղեցկութեան եւ չենք ծառայեր բացի սիրոյ:

- Մի՛ մտածեր, թէ կրնաս կառավարել սիրոյ ընթացքը. սէրը, եթէ տեսնէ, որ արժանի ես անոր, ան կը կառավարէ ընթացքդ:

- Սէրը մահուան նման է, ամէն ինչ կը փոխէ:

- Ինչքա՜ն լաւ են սիրոյ օրերը… եւ ինչքա՜ն մաքուր են անոր երազները…: Եւ ինչքա՜ն դառն են տխրութեան գիշերները ու ինչքա՜ն շատ են անոր մտավախութիւնները:

- Մէկդ միւսը թող սիրէ, սակայն սէրը շղթայի մի՛ վերածէք, այլ զայն վերածեցէք ալեկոծ ծովի մը ձեր հոգիներու ծովեզերքներուն վրայ:

- Ոմանք կը սիրենք, որովհետեւ այդպիսիները միայն սիրուելու արժանի են եւ անոնց դիմաց ոչինչ ունինք՝ բացի զիրենք սիրելէ: Անոնց հետ շատ բաներ կը նորոգենք, կեանքկը վերստին կը գունազարդենք, եւ անկեղծութեամբ կը ջանանք, որպէսզի անոնց քիչ մը ուրախութիւն պարգեւենք:

- Մարդիկը սիրելու բազմաթիւ տեսակներ կան, եւ անոնցմէ ամենէն շատը՝ պարտէզի մէջի խոտին նման է, ո՛չ ծաղիկ ունի եւ ո՛չ ալ պտուղ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ

- Մարդ կայ, որ կը բողոքէ, որովհետեւ վարդը փուշ ունի, մարդ ալ կայ, որ բաւարարութիւն կը զգայ, որովհետեւ փուշին վրայ վարդ կայ:

- Կրիաները նապաստակներէն աւելի փորձառու են ճանապարհներուն մէջ:

- Ամենէն ծանր ընկճուածները անոնք են, որոնք իրենց ընկճուածութեան պատճառը չե՛ն գիտեր:

- Երէկը այսօրուան յիշատակն է, իսկ վաղը՝ անոր երազը:

- Մելանով գրողը նոյնը չէ, ինչ որ սիրտի արիւնով գրողը:

- Չես կրնար ծիծաղիլ եւ միաժամանակ խիստ ըլլալ:

- Շատախօսէն լռութիւն սորվեցայ, ծայրայեղէն՝ ներողամտութիւն եւ անտաշէն՝ ազնուութիւն: Բայց հետաքրքրականը այն է, որ իմ ուսուցիչներուս բարեմտութիւնը չե՛մ խոստովանիր:

- Մարդկութեան ամպիոնը լուռ սիրտն է եւ ո՛չ թէ շատախօս ուղեղը:

- Իրական ազատը այն է, որ երախտագիտութեամբ եւ համբերութեամբ շղթայուած գերիին ծանրութիւնները կը շալկէ:

- Այնպէս մի՛ ըներ, որ հագուստներդ ամենէն սուղ բանը ըլլան վրադ, որպէսզի օրին մէկը դուն քեզ հագածէդ աւելի արժան չգտնես:

- Ի՜նչ ազնիւ է տխուր սիրտը, որուն տխրութիւնը չ՚արգիլեր իրեն, որպէսզի ուրախ սիրտերուն հետ երգ մը երգէ:

- Տղամարդը, որ կնոջ չի՛ ներեր անոր փոքր սխալները, պիտի չվայելէ անոր մեծ առաքինութիւնները:

- Սէրը, որ աչքերուն արցունքները կը լուան զայն, մաքուր, գեղեցիկ եւ յաւիտեան կը մնայ:

- Կ՚ըսեն ինծի. եթէ դուն քեզ ճանչնաս, բոլոր մարդիկը կը ճանչնաս: Կ՚ըսեմ անոնց. նախ եւ առաջ ինքզինքս պիտի չճանչնա՞մ, որպէսզի բոլոր մարդիկը ճանչնամ:

- Մարդուն իսկութիւնը այն չէ, ինչ որ ցոյց կու տայ քեզի, այլ՝ այն ինչ որ չի՛ կրնար ցոյց տալ. այդ պատճառով ալ, եթէ կ՚ուզես ճանչնալ զինք, մի՛ լսեր թէ ինչ կ՚ըսէ:

- Ճշմարտութիւնը երկու մարդու կարիքը ունի. մէկը կ՚ըսէ զայն, իսկ միւսը կը հասկնայ զայն:

- Երբ տխրութիւնը կը համակէ քեզ, ուսումնասիրէ սիրտդ, եւ պիտի տեսնես, որ իրականութեան մէջ կու լաս այն բանին վրայ, որ օրին մէկը ուրախութեանդ աղբիւրը եղած է:

- Կեղծ ընկերը շուքի նման է. ետեւէս կը քայլէ երբ արեւին տակ եմ, ու կը կորսուի երբ մթութեան մէջ ըլլամ:

- Ես պարզ ճշմարտութիւնը չեմ գիտեր, սակայն խոնարհաբար ծունկի կու գամ տգիտութեանս դիմաց, որուն մէջ է հպարտութիւնս ու վարձատրութիւնս:

- Մարդոց լաւ յատկութիւններէն է, որ անոնք իրենց գէշութիւնները չեն կրնար երկար ժամանակ ծածկել:

- Այս աշխարհին մէջ զգայուն հոգիները վիրաւորողը՝ անհասկացողութիւնն է:

- Մեզմէ ոմանք մելանի նման են, իսկ ոմանք՝ թուղթի. մեզմէ ոմանք եթէ սեւ չըլլային, ճերմակը խուլ պիտի մնար. իսկ մեզմէ ոմանք ճերմակ եթէ չըլլային, սեւոթիւնը կոյր պիտի մնար:

ԿԱՐՃ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ

ԱՂՈՒԷՍԸ

Առաւօտեան աղուէսը իր բոյնէն դուրս ելաւ, իր շուքին նայեցաւ ու ըսաւ.

-Այսօր, ուղտ պիտի ճաշեմ:

Ապա, ճամբայ ելաւ եւ ամբողջ առաւօտը ուղտեր կը փնտռէր: Կէսօրին, դարձեալ իր շուքին նայեցաւ, ու զարմացած ըսաւ.

-Այո՛, մէկ հատիկ մուկ մըն ալ բաւարար է զիս:

ԶՂՋՈՒՄ

Խաւար գիշեր մը, մարդ մը իր դրացիին պարտէզը մտաւ, եւ իր դրացիին տնկած ձմերուկներէն ամենէն մեծը գողցաւ ու իր տուն բերաւ: Երբ կտրեց զայն, սակայն, տեսաւ որ տակաւին չէ հասունցած. այն ատեն իր խիղճը շարժեցաւ եւ յանդիմանեց զինք, որով զղջաց ձմերուկը գողնալուն համար…

ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ՝ ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ ԳՐԱԾ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵՆԷՆ

Ոմանք կը սիրենք,

Սակայն անոնց չենք մօտենար…

Անոնք հեռու աւելի լաւ են,

Անոնք հեռու աւելի վսեմ են…

Անոնք հեռու աւելի թանկ են:

 

Ոմանք ալ կը սիրենք,

Եւ կը ջանանք մօտենալ անոնց,

Եւ կեանքի մանրամասնութիւնները բաժնեկցիլ անոնց հետ:

Անոնցմէ հեռանալը կը ցաւցնէ մեզ,

Եւ կը դժուարանանք կեանք պատկերացնել առանց անոնց:

 

Եւ ոմանք ալ կը սիրենք,

Ու կը փափաքինք անոնց հետ գեղեցիկ պատմութիւն մը ապրիլ,

Եւ պատահականութիւններ կը ստեղծենք հանդիպելու համար անոնց,

Եւ պատճառներ կը ստեղծենք, որպէսզի տեսնենք զանոնք,

Ու աւելի երեւակայութեան մէջ կ՚ապրինք անոնց հետ՝ քան իրականութեան:

 

Իսկ ոմանք ալ կը սիրենք,

Սակայն մենք մեր մէջ միայն:

Կը լռենք, հակառակ լռութեան ցաւին,

Եւ ցոյց չենք տար մեր սէրը նոյնիսկ անոնց,

Որովհետեւ արգելքները շատ են,

Եւ հետեւանքները՝ վախցնող,

Եւ թէ՛ մեզի եւ թէ իրենց համար աւելի լաւ է,

Որ մեր միջեւ եղող դռները փակ մնան…

 

Ոմանք ալ կը սիրենք,

Սակայն անոնց սիրտին մէջ արձագանգ չենք գտներ այդ սիրոյն,

Որով կը կոտրուինք ու կը տապալինք,

Եւ ձախող պատմութիւններու կը զարնուինք:

Չենք ատեր զանոնք,

Չենք մոռնար զանոնք,

Իրենցմէ բացի ոչ ոք կը սիրենք,

Եւ կրկին ու կրկին կու լանք անոնց վրայ՝

Իւրաքանչիւր ձախող փորձէ մը ետք:

 

Իսկ ոմանք ալ կը սիրենք…

Ու կը մնայ միայն, որ իրենք սիրեն մեզ…

Ինչպէս մենք զիրենք կը սիրենք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2 ապրիլ 2019, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019