ՀԱՅԵՐԷՆՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (Գ.)

Նախորդ յօդուածով գրած էի այն մասին, թէ Պոլսոյ մէջ հայերէն լեզուն, թէեւ գրեթէ լքեալ, օգտագործուելու պարագային ընդհանրապէս սահմանափակուած է ներհայկական միջավայրէ ներս. համայնքի հայախօս փոքրամասնութեան մօտ սովորութիւն դարձած է օտար շրջանակներու ու հանրային տարածքի մէջ մայրենին չօգտագործելը։ Պատճառն այն է, որ հայախօսութիւնը հայութիւն մատնող ամենէն անմիջական հանգամանքն է, իսկ հայ ինքնութիւն կրելը՝ մարդս հաւանական խտրականութեան թիրախ դարձնող կացութիւն։

Սակայն լայն տարածում գտած այս երեւոյթի կողքին, աւելի ճիշդ՝ անոր հակադրուող, կայ նաեւ այլ երեւոյթ մը, որ հիմնականին մէջ քսանմէկերորդ դարուն զարգացած է եւ շատ աւելի քիչ տարածում ունի քան նախորդը։ Այստեղ խօսքը արտահայկական միջավայրերէ ներս հայերէնի յատուկ, կանխամտածուած, ես պիտի ըսէի՝ քաղաքակա՛ն օգտագործման մասին է։

Երեւոյթը բացատրելու համար ստիպուած եմ նախ լայնցնել վերլուծական կարկինը։ Դաշտային ուսումնասիրութեանս ընթացքին նկատած եմ, որ պոլսահայոց մօտ կան Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալու հետ կապուած երկու զուգահեռ ընկերահոգեբանական դժուարութիւններ։ Առաջինը՝ երբեմն վախի հասնող զգուշաւորութիւնն է, որ անշուշտ ունի պատմական խորք եւ հասկնալի է լիովին։ Ատոր արդիւնքն է հայ ինքնութեան քօղարկումը, ի միջի այլոց նաեւ լեզուի կացութենական օգտագործման միջոցով։ Իսկ երկրորդը՝ մերժուած ըլլալու, անտեսուած ըլլալու, երկրի պատմութենէն եւ ներկայէն արտաքսուած ըլլալու զգացումն է։

Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան անցեալի մէջ հայոց մասնակցութեան ու դերակատարութեան թերագնահատումը կամ ամբողջական անտեսումը, քաղաքի կամ երկրի բազմաթիւ շրջաններու մէջ հայկական պատմական ներկայութեան ու այդ մասին վկայող ճարտարապետական կոթողներու ջնջումը, եւ նմանօրինակ այլ երեւոյթներ հասկնալիօրէն պոլսահայոց մէջ կ՚առաջացնեն ընդվզման զգացումներ։ Տեղացի բարեկամներս պատմած են, օրինակ, թէ ինչքան վիրաւորական եղած է զբօսաշրջիկներու ուղեկցող տեղացի պաշտօնեաներու բերնէն Վանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Սելճուքեան կոթող ըլլալու մասին «տեղեկութիւն» լսելը, կամ տեսնելը, թէ ինչպէս Պոլսոյ ճարտարապետական գլուխ-գործոցներու հայ ճարտարապետ Պալեանները որպէս իտալացի Պալիանիներ կը յիշատակուին։ Այս վերջինը անշուշտ փոխուած է ներկայիս։

Պատմութենէն ջնջուած ըլլալու կողքին սակայն կայ նաեւ ժամանակակից հանրային կեանքէ դուրս մղուած ըլլալու հանգամանքը։ Արտագաղթի պատճառով համայնքի թիւի շարունակական անկումը՝ մէկ կողմէն, զգուշաւորութենէ մեկնած ինքնաբուխ (բայց անուղղակիօրէն պարտադրուած) կերպով պատեանէն ներս քաշուելու վերը նշուած երեւոյթը՝ միւս կողմէն, հասցուցած են այնպիսի իրավիճակի, ուր անցեալին հանրային կեանքի մէջ աշխոյժ եւ գործունեայ մասնակցութիւն ունեցած երկրի հայութիւնը այժմ «կորսուած» ու աներեւոյթ փոքրամասնութեան մը վերածուած է։

Պոլսահայութեան առաւել քաղաքականացած ու համարձակ շերտի որոշ ներկայացուցիչներու մօտ կարելի է տեսնել, յատկապէս վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին, օտարման ու նուաստացման այս երեւոյթներուն դիմադրելու փորձեր։ Եթէ այդ փորձերէն ոմանք չափի եւ հնչեղութեան առումով աւելի երեւելի են (հրատարակչական աշխատանք, խորհրդաժողովներու կամ յիշատակի ձեռնարկներու կազմակերպում, քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու մէջ ներկայութիւն, եւ այլն), կան նաեւ առօրեայ կեանքի մէջ գործարկուող փոքր մարտավարութիւններ, որոնցմէ մէկն ալ հայերէն լեզուի դիտաւորեալ օգտագործումն է՝ ներկայութիւն փաստելու եւ ճնշումի հակազդելու միտումով։

Քուրթուլուշ հայաբնակ թաղամասի պատերուն վերջին տարիներուն յայտնուող հայերէն ու հայատառ կարճ գրութիւնները, կամ տարբեր քաղաքական հաւաքներու ընթացքին հայ երիտասարդ մասնակիցներու կողմէ հայերէն լեզուով պաստառներու օգտագործումը այս պրիսմակին ընդմեջէն միայն կարելի է բացատրել, յատկապէս քանի որ այդ նոյն մարդոց համար հայերէնը երկրորդ լեզու է։ Լեզուաքաղաքական այդպիսի ակտերու հեղինակները իրենք եւս կը վկայեն, որ հայերէնի այդպիսի օգտագործումը կը նպատակադրէ «մեր լեզուն ու մեր գոյութիւնը այս քաղաքին մէջ բնականոն եւ ընդունելի դարձնել»։

Պոլսոյ մէջ հայերէնի օգտագործումը, ահաւասիկ, չօգտագործման նման, զուտ լեզուական-հաղորդակցական մակարդակէ անդին անցնող երեւոյթ է, եւ շատ բան կ՚ըսէ Թուրքիոյ մէջ ժամանակակից հայ ինքնութեան ու փորձառութեան մասին։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019