ԱՉՔԵՐԸ

Ո՞ւր են աչքերը,- կը մտմտամ դարձեալ 
պահն է վերյիշելու

Կ՚որոնեմ զանոնք
կ՚որոնեմ միա՛յն զանոնք
հինէն
անցեալէն
այդ աննման կառոյցին խորանէն դիտող աչքերը...

Աչքերը խոր ու հարազատ
աչքերը, որոնք կը տեսնեն չտեսնուածը
ժպիտներուն ետին՝ թաքուն արցունքները
լռութեան ետին՝ աղերսագին աղօթքները

Մենք կը տեսնենք տուողը
անոնք՝ անկէ խլուածը
գեղեցիկ արտաքինին ետին՝ հոգիի կնճիռները
յոյսին ետին՝ յուսալքութիւնը

Բայց... ո՞ւր են անոնք

Տարիներէ ի վեր կ՚որոնեմ
չկան... 
կապոյտ 
խաղաղութիւն հաղորդող
յոյս պարգեւող աչքերը 
չկա՜ն...

երբ յուսալիք կը մօտենայի
ես՝ մեղսահակս
կ՚աղերսէի 
կը թափէի ներսէս
կուտակումը ամէն ինչի
կը գտնէի միայն զանոնք 
կը խնդրէի միայն անոնցմէ՝
ինծի սիրելի աչքերէն
խօսուն
հաղորդակից
պատկերին մէջէն նայուածք մը իսկական
բարի 
Սուրբ
Մայրակա՜ն...

Խնդրանքիս պատասխանը երբեք
չէր ուշանար
կը սփոփէր
կը յուսադրէր
զիս՝
տկարիս
անկարիս...

Խորհուրդ մը կար հայեացքին մէջ
կենդանի
շնչաւոր 
խաղաղութիւն սփռող
հոգւոյս խռովքը մեղմացնող
ու... պատասխանո՜ղ

Զօրութիւն մը աստուածային
կամ գերբնական բան մը անբացատրելի
որ միայն սփոփանք կը պարգեւէր
յոյսին փակ աչքերը կը բանար
ու ցոյց կու տար 
իրական
շօշափելի

Բայց, ո՞ւր են անոնք...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 12, 2019