ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

«Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով»։

Ահաւասիկ, Մեծ պահոց 40 օրերը իրենց լրումին հասան եւ Հայ Եկեղեցին 40-օրեայ պահեցողութեան շրջանը բոլորեց։ Այս Կիրակին նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Երուսաղէմ «գալստեան» յիշատակին։

Արդարեւ ասիկա պատմական, աւետարանական «Գալուստ» մըն է, բոլորովին տարբեր անցեալ կիրակի օրուան գալուստէն։ Ուստի Քրիստոսի Երուսաղէմ գալուստը, «Գալուստ» մըն է, որուն առջեւ բոլոր Երուսաղէմ կը դղրդի։ Արտաքոյ կարգի երեւոյթ մը կը տեսնուի Քրիստոսի այս գալուստի պարագաներուն վրայ։ Քրիստոս իր երկրային կեանքին 33 տարիներու ընթացքին եւ յատկապէս իր կեանքի վերջին երեք տարիներուն, որոնք եղան քարոզչութեան, աւետարանչութեան, Աստուծոյ հետ մարդկութիւնը հաշտեցնելու տարիներ, աստուածային սիրոյ բոլոր սահմանները բացաւ մարդկութեան առջեւ՝ բժշկելով հիւանդները եւ նոյնիսկ մահացածները վերստին կեանքի կոչելով։ Քարոզչութեան այդ շրջանին, բացի իր աշակերտներէն եւ հետեւորդներէն, ան կապ էր հաստատած նաեւ զանազան ընտանիքներու հետ։ Ահաւասիկ, այդ ընտանիքներէն էր Ղազարոսի ընտանիքը։ Այն ընտանիքը բաղկացած էր երեք անձերէ. Ղազարոսէն եւ անոր երկու քոյրերէն՝ Մարիամէն եւ Մարթայէն։

Յիսուս իր աշակերտներով Հրէաստանի եւ Սամարիայի բնութեան գեղեցկութիւնները վայելելով, ժողովուրդին քարոզելով, ուսուցանելով կամաց-կամաց կը մօտենար Երուսաղէմ։ Երբ ան հասաւ Բեթանիա, այնտեղ անոր ընդառաջ գացին ծանօթներ՝ ըսելով. «Ո՞ւր ես, Վարդապե՛տ, գիտե՞ս որ Մարիամի եւ Մարթայի եղբայրը՝ Ղազարոս մեռած եւ թաղուած է չորս օր առաջ»։ Յիսուս անմիջապէս գնաց անոնց տունը եւ այնտեղ տեսնելով քոյրերը, անոնց լացն ու կոծը՝ չդիմանալով եւ ինքը եւս լացաւ։ Բայց ան իր մէջ ունէր այն վստահութիւնը, որ կարող է աստուածային ուժ ի գործ դնել եւ կեանք պարգեւել մեռեալներուն։ Յիսուս հարցուց, թէ ուրտեղ թաղուած է Ղազարոս։ Անոնք ըսին, թէ արդէն չորրորդ օրն է, որ Ղազարոս մեռած է, եւ անոր մարմինն ալ արդէն փտած կ՚ըլլայ, ուստի երթալու եւ տեսնելու կարիք չկա՛յ։ Յիսուս պնդեց, որ երթան գերեզման։ Եւ երբ գերեզման գացին, գերեզմանաքարը գլորեցին, Յիսուս Ղազարոսի անունը տուաւ՝ գոչելով. «Ղազարո՛ս, դո՛ւրս եկուր քու գերեզմանէդ»։ Եւ ահա Ղազարոս, պատանքներու մէջ փաթաթուած, յայտնուեցաւ գերեզմանին դրան առջեւ։ Անոր պատանքները քակեցին, եւ ան նոր կեանք ստացաւ, այսինքն՝ Յարութիւն առաւ։

Յարութեան այս հրաշքը, բացառիկ հրա՛շք մըն է, որ Յիսուս գործեց իր քարոզութեան շրջանին։ Անով ան ապացուցանեց, որ ինքն Աստուած է եւ ինքը միայն կարող է մեռեալները գերեզմանէն դուրս հանել եւ «նոր կեանք» պարգեւել անոնց։ Մինչ այդ մարդկութեան ամբողջ պատմութեան մէջ նման հրաշք չէր պատահած, չէր արձանագրուած։

Յիսուս ինչո՞ւ կատարեց այդ հրաշքը։

Յիսուս կատարեց այդ հրաշքը, քանի որ, որպէս արքայ եւ թագաւոր Իսրայէլի, յաջորդ օրը արքայավայել մուտք պիտի գործէր Երուսաղէմ իբրեւ Աստուծոյ կողմէ առաքուած մեսիայ։

Ծաղկազարդի կիրակի օրը, Յիսուս մօտեցաւ Բեթփագէ կոչուած գիւղին՝ որ կը նշանակէ «թզենիի տուն»։ Յիսուս նստաւ իշու վրայ, իր աշակերտներով շրջապատուած եւ ուղղուեցաւ դէպի Երուսաղէմ։ Հոս յատկանշական է այն՝ որ Յիսուս նստած իշու վրայ՝ իր հետ ունէր նաեւ իշուն ձագը՝ քուռակը։ Այս կը նշանակէ՝ թէ Յիսուս Նոր Ուխտը բերաւ Հին Ուխտի միջոցով, անոր հետ։ Այս իրողութեան կը վկայեն Աւետարանիչները. (ՄԱՏԹ. ԻԱ 1-11), (ՄԱՐԿ. ԺԱ 1-11), (ՂՈՒԿ. ԺԹ 29-40) եւ (ՅՈՎՀ. ԺԲ 12-19)։

Յիսուս շատ անգամ Երուսաղէմ մտած ելած էր, շատ անգամ ուշագրաւ քարոզներ խօսած եւ հրաշագործած էր հոն, շատ անգամ առարկայ եղած ժողովրդեան խանդավառութեան եւ պաշտօնական ուշադրութեան, բայց չենք հանդիպիր Աւետարանի պատմութեան մէջ այսպիսի շքեղ ցոյցի մը՝ որու մէջ Մարդու Որդին մտած ըլլայ Սուրբ Քաղաքը, որու նկարագիրն էր հալածել ճշմարիտ մարգարէները եւ պատգամաբերները, սպաննել ճշմարտութեան քարոզիչները. «արիւնի՜ քաղաք» մը ո՛չ միայն զոհերու, որոնք նուիրագործած էր օրէնքը, այլ նաեւ անմեղ զոհերու, որոնք արձանագրած է պատմութիւնը եւ որոնց վերջինը եղած էր Յովհաննէս Մկրտիչ՝ Սուրբգրական պատմութեան մէջ սկիզբը առնելով Աբէլի սպաննումէն եւ Զաքարիայի խողխողումէն Տաճարի մէջ եւ վերջինը պիտի չըլլար անշուշտ նոյն ինքն Յիսուսի Քրիստոսի խաչամահ սպաննումը, քանի որ Փրկչին խաչելութիւնը «նոր թուական» մը պիտի բանար անմեղութեան եւ արդարութեան զոհերուն, մինչեւ Աւետարանի Թագաւորութեան հաստատումը երկրագունդիս վրայ, եւ անշուշտ շատ շիտակ էր այսպիսի նախագուշակ հաւաստում մը, քանի որ Երուսաղէմի պէս մայրաքաղաք մը, գիտակ, տեղեակ եւ ընդունակ աստուածային նորագոյն յայտնութիւններու պայմաններուն, կ՚ըմբոստանար, եթէ կարելի է ըսել, կ՚անառակէր, ցաւալի մտայնութեամբ մը, եւ չէր ըմբռներ Փրկչին պաշտօնը. Անոր, որ շատ անգամ ուզած էր թեւարկել Սուրբ Քաղաքին, խնամածու հաւին պէս՝ որ իր ձագուկները կը պահէ ու կը պաշտպանէ իր թեւերուն տակ՝ իր անձին եւ սրտին մօտիկ, որեւէ վտանգի պահուն, եւ այսպիսի խնամատածութիւն մը. Յիսուսի Քրիստոսի խօսքերուն, գործերուն եւ անձին մէջ արտայայտուած, արհամարհուեր էր, եւ այս իրողութիւնը չէր հեռանար Անոր աչքէն ու մտքէն, որ հիմա առարկայ կը դառնար նախանձելի, աննախընթաց ցոյցերու։

Բայց այս նախանձելի ցոյցեր Քրիստոսի աչքին տարբեր նշանակութիւն մը ունէին՝ որոնք Իր Երուսաղէմ մուտքին «խորհուրդ»ը կը կազմէին. ուրիշ խօսքով, Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ «Ծաղկազարդ»ի իմաստը՝ խորհո՛ւրդը։ Այդ բոլորը թէեւ իր հրաշալի՜ գործունէութեան, առաքելութեան նուիրուած էին, զինք զգացող եւ հասկցող ժողովուրդին կողմէն, սակայն Ինք, այդ ժողովրդական ցոյցերը կ՚ըմբռնէր իբրեւ «դատապարտութիւն»ը պաշտօնական Երուսաղէմին, որ իրօք հինցած էր Հին Կտակի սխա՛լ հասկցողութեան եւ գործադրութեան մէջ, եւ հոգեկան այսպիսի յուզումներու մէջ Փրկիչը լացեր էր դառնապէս մատնանիշ ընելով Սուրբ Քաղաքին շլացուցիչ փառքերը՝ որոնք պիտի անցնէին շուտով եւ նոյնիսկ «քար քարի վրայ պիտի չմնար…»։

Դառն էր այսպիսի մարգարէացում մը։ Երուսաղէմ պաշտօնապէս սնանկացա՛ծ էր, հրաշակերտ Տաճարն ալ, որ այլեւս իր արտաքին հրապոյրով էր ուշագրաւ, եւ պատկառելի, թափուր էր ներքնապէս իր առաջնորդողի աստուածային ուժէն ու սնունդէն, հարկ էր որ իյնար, իյնար անկանգնելի՛ կերպով։ Քրիստոս Երուսաղէմի այդ շքեղ մեռելութեան մէջ կ՚ուզէր վերջին ճիգ մը ընել եւ վերականգնել զայն Բեթանիացի Ղազարին պէս. կենդանի, ցնցող շարժումով ուշի բերել պաշտօնական Երուսաղէմը։

Եւ արդէն Յիսուս Քրիստոսի այս կերպով արտայայտութիւնն է, որ կարեւոր է Ծաղկազարդի յիշատակին մէջ։ Քրիստոսի համար պատրաստուած այս շքեղ ցոյցին պատճառը Բեթանիացի Ղազարոսին հրաշագործ յարութիւնն էր չորեքօրեայ մեռելութենէ, թէ ձիթենիի ոստեր եւ արմաւենիի ճիւղեր, որոնք տարածուեցան Քրիստոսի ճամբուն վրայ, կը մարմնացնէին ժողովրդական խանդավառութեան շատ բնական կենդանութիւնը. թէ «Ովսաննա»ները, որոնք կը թնդացնէին օդը, արձակ համարձակ պոռթկացումներն էին սիրոյ, համակրանքի եւ գնահատութեան, եւ ասոր հրապոյրը կ՚աւելնար ցո՛րչափ մանկական անխարդախ էութիւններէ կը բխէին ատոնք, եթէ ատոնք լռէին, Տաճարի բակին մէջ դիզուած քարերը պիտի աղաղակէին, թէ «ծաղկազարդ»ը, որ գարնանային թարմութիւն կը բուրէ, կրնայ «հայ հեթանոսական տօն»ի մը մնացորդն եղած ըլլալ, մա՛նաւանդ իր «Զարզարդար» (ծառազարդ, ծառծարդար) ձեւով, որ ծիսական լեզուին մէջ «Արմաւենեաց կիրակի» ալ ըսուած է, թէ քրիստոնէական եկեղեցիներ այս կիրակի կը վերակենդանացնեն Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ գալստեան յիշատակը, նորածիլ ընձիւղներով, թարմ ու թուրմ ծաղիկներով, մշտադալար եւ օծուն ձիթենիի շիւղերով եւ նոյնիսկ Երուսաղէմէն բերուած արմաւենիի ոստերուն չոր չոր հիւսքերով, երբ չկարենան գտնել թարմ ու կանաչը։ Երուսաղէմի վրայ լացած էր Յիսուս, վճռած էր, Տաճարին դատակնիքը, ու հիմա առանց շուարելու եւ առանց շլանալու դղրդեցուցիչ ցոյցերէ, երբ կը մտնէ Տաճար, կը վրդովի, որովհետեւ կը տեսնէ որ Աստուծոյ անունով ամէն ինչ եղած էր շահու աղբիւր, առարկա՛յ շահագործութեան։ Ուստի Քրիստոս կը հռչակէ, թէ Աստուծոյ տունը աղօթքի տուն է սկիզբէն ի վեր, եւ պէտք է որ մնա՛յ եւ պահուի իբրեւ «տուն Աղօթից»։

Տքթ. Վարդ Շիկահեր իր «Ծաղկազարդի բերկրանքով» յօդուածին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Ծաղկազարդը ակնաղբիւր է վերանորոգ ապրումներու, նախերգա՛նք է վաղուան պտղառատ օրերուն, սերմանացի հրաւէրն է հայրենական դաշտերու վրայ, վաղուան բազում հունձքերու խոստումներով թրթռուն, բարեւէտ ա՛յց է պապենական կտուրներուն։

«Ծաղկազարդը պատկամաբերն է միշտ ցանկալի խաղաղութեան։ Կրկին կը յայտնուի ահա՝ Խաղաղութեան Իշխանը Երուսաղէմի դռներուն առջեւ։ Սա պիտի ըլլար Իր վերջին մուտքը այդ քաղաք։ Կը բացուին ամրափակ դռները պարիսպներուն։

«Կը հրձձատուին ամպերը, կը ժպտին կապոյտն ու արեւը, կը յորդի ոգեշնչումը ուխտակալ ժողովուրդին։ Կը դալարածածկուին ուղիները ձիթենիներու, արմաւենիներու ճիւղերով ու ճղիկներով, տերեւ ու տերեւիկներով։ Հո՛ղն է տուեր զանոնք ու կը ծածկուի հիմա անոնց դալարով…»։

Ուրեմն կ՚արժէ ապրիլ Ծաղկազարդը իր խորհո՛ւրդով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 1, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 13, 2019