ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԴԺՈՒԱՐԱՑՆՈՂ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ

Հակառակ ամբողջ աշխարհի կողմէ հաստատուած այն իրողութեան, որ կլիմայական փոփոխութիւնը ամենէն լուրջ սպառնալիքն է մարդկութեան, Միացեալ Նահանգներ տակաւին կը ձեւացնեն, որ չեն տեսներ եւ չեն լսեր՝ խուսափելով միջազգային խորհրդաժողովներէն կամ որոշումներէն: Բայց՝ մինչեւ ե՞րբ: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի կայքը վերջերս հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է այս առընչութեամբ:

*

ԿԼԻՄԱՅԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՆԵՐԳԱՂԹԵԱԼՆԵՐԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԿԸ ՄՂԷ

Կեդրոնական Ամերիկայի հիւսիսային եռանկիւնը՝ ապաստան փնտռողներուն ամենէն ընդարձակ աղբիւրը, խորապէս ազդուած է շրջակայ միջավայրի վատթարացումով։

Լրատու միջոցները եւ քաղաքական գործիչներ Կեդրոնական Ամերիկայի ներգաղթեալներու մասին խօսելու ատեն սովորաբար կը նշեն՝ «հեղեղ», «ապաստան փնտռողներու ալիք» երեխաներու «ողողում» եզրերը, հակառակ այն փաստին, որ, Միացեալ Նահանգներու ամբողջ սահմանագիծին վրայ ապօրինի ներգաղթը վերջին տարիներուն ամենէն ցած մրցանիշը արձանագրած է:

Մարդկային էակները բնական աղէտներու հետ համեմատելը թէ՛ ծուլութիւն եւ թէ անմարդկային է, բայց ներգաղթը նկարագրելու համար շրջակայ միջավայրի, կլիմայական լեզուով խօսելու այս միտումը թերեւս անգիտակից հաստատում մըն է աւելի խոր իրականութեան մը. Կեդրոնական Ամերիկայէն ներգաղթը, նաեւ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ ներգաղթը, հիմնականին մէջ հրահրուած է կլիմայական փոփոխութեամբ:

 «Բնական աշխարհը կրնայ մեզի օգնել՝ մեզ պաշտպանելու կլիմայական աղէտէ», Ճորճ Մոնիպոթ

Այո՛, Կեդրոնական Ամերիկայի այսօրուան ներգաղթեալները, մեծամասնութիւնը՝ իրենց կեանքերուն համար վախցող քաղաքական ապաստան փնտռողներ, կը փախչին հրոսակախումբերէ, տնտեսական խոր անկայունութենէ, աղքատութենէ, իրենց կառավարութեանց կողմէ անտեսուած ըլլալէ եւ պետական հալածանքներէ:

Բայց հարցերը բոլորն ալ ծանր են եւ աւելի բարդացած են այն փաստով, որ Կեդրոնական Ամերիկայի հիւսիսային եռանկիւնը՝ շրջան մը, որ կը ներառէ Կուաթեմալան, Էլ Սալվատորը եւ Հոնտուրասը (ուրկէ կու գան քաղաքական ապաստան փնտռողներէն շատեր), խորապէս ազդուած է շրջակայ միջավայրի քանդումէն, կենսոլորտային պայմաններու վատթարացումէն եւ համաշխարհային կլիմայական փոփոխութիւններու հետեւանքէն:

Կեդրոնական Ամերիկայի միջին ջերմաստիճանը 1950 թուականէն ի վեր 0.5 աստիճան բարձրացած է, եւ կը նախատեսուի, որ մինչեւ 2050 թուական 1-2 աստիճան եւս բարձրանայ:

Ասիկա ճակատագրական հետեւանքներ կ՚ունենայ օդին, անձրեւներուն, հողի որակին, բերքին եւ, ուրեմն, երկրագործներուն եւ տեղական տնտեսութեան վրայ: Նոյն ատեն արկածները, հեղեղները, փոթորիկներն ու երաշտը աւելցած են շրջանին մէջ: Յառաջիկայ տարիներուն կը նախատեսուի, որ ատոնք բազմապատկուին:

Հոնտուրասի կարգ մը շրջաններու մէջ հեղեղները պիտի աւելնան 60 առ հարիւրով: Կուաթեմալայի մէջ չոր արօտավայրերու պիտի վերածուին երկրագործական շրջանները: Եւ Էլ Սալվատորի մէջ կը նախատեսուի, որ ծովեզերեայ տարածքին 10-28 առ հարիւրը կորսուի նախքան 3000 թուական:

Այս մարդիկը ինչպէ՞ս պիտի գոյատեւեն եւ ո՞ւր պիտի երթան:

Էլ Սալվատորի Ճիքուիլսքօ ծոցը հրաշալի, փայլփլող եւ մարդաշատ թերակղզի մըն էր, ուր կը բնակէին ձկնորսական համայնքներ, եւ ուր կային ծառեր եւ ծովային կեանքի անհաշուելի տեսակներ: Այժմ, աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու նման, վտանգի ենթարկուած է կլիմայական փոփոխութենէն: Ծովու բարձրացող մակարդակը, սկսած է քանդել անտառները եւ ծովային կեանքը, որ անոնցմէ կախեալ է. հետեւաբար ձկնորսները, որոնք կախեալ են ծովային կեանքէն, թէ՛ սնունդ ստանալու եւ թէ տնտեսութիւնը ձեւով մը ոտքի պահելու համար:

Արնովիս Կիտոս Փորվիլոն մէկն է այդ մարդոցմէ: Ան 26 տարեկան եւ առանձին ապրող մարդ մըն է: Անոր ընտանիքին անդամներէն շատեր ձկնորսներ էին, բայց անոնք սկսան որսալ աւելի եւ աւելի նուազ ձուկեր: Երկրին երաշտին եւ կործանարար անձրեւներուն պատճառով շրջանի երկրագործական տնտեսութիւնն ալ կը տառապի: Հողը պրկուած է, ովկիանոսը պրկուած է, բնականաբար ժողովուրդն ալ պրկուած, ընկճուած է:

Արնովիս օր մը, ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին ծեծկռտուքի մը մասնակցեցաւ եւ ատկէ ետք ինք շրջանի մրցակից հրոսակախումբերէն մէկուն համար հակառակորդ նկատուեցաւ: Ան օրականով աշխատաւոր մըն էր, բայց երաշտին պատճառով, աշխատանք գտնելու համար պէտք էր երթեւեկէր մրցակից հրոսակախումբերու շրջաններուն մէջ, ուր կրնար սպաննուիլ: Ուրեմն ան առաւ իր դուստրը եւ ուղղուեցաւ հիւսիսային սահման, ուր Միացեալ Նահանգներու սահմանապահները զիրենք բաժնեցին իրարմէ երկու ամիս, տարբեր նահանգներու մէջ, առանց հաղորդակցելու կարելիութեան:

Վայրագութիւնը եւ շրջակայ միջավայրի կործանումը անխուսափելիօրէն կապուած են եւ կը յանգեցնեն զանգուածային գաղթի: Անկայուն մոլորակը եւ կենսոլորտային վատթարացող պայմանները, իրենց կարգին, կը յառաջացնեն անկայուն հանրութիւն, պառակտումներ, տնտեսական անապահովութիւն, մարդկային դաժանութիւն:

Երբ մէկու մը տունը աւելի եւ աւելի անբնակելի կ՚ըլլայ, անոնք այլ տեղ կը փոխադրուին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը այդպէս չ՚ընե՞ր:

Կուաթեմալայի բարձունքներուն վրայ երկրագործները այժմ կը դժուարանան սերմեր ցանել եւ աճեցնել: Անոնք այս աշխատանքը դարերէ ի վեր կ՚ընէին:

Արեւմտեան բարձունքներու մեծամասնութեան մէջ հարցումը այն չէ, թէ մէկը պիտի արտագաղթէ՞, այլ՝ ե՞րբ:

Կուաթեմալայի չոր միջանցքին մէջ երաշտը շրջանի երկրագործութիւնը քանդած է, մանաւանդ՝ սուրճի բերքը, որմէ կախեալ էր տեղւոյն երկրագործներուն 90 առ հարիւրը:

Ուրեմն ի՞նչ կը մնայ այս մարդոց ընել, բացի՝ հեռանալէ:

Շատ յստակ է, որ կլիմայական փոփոխութիւնը գլխաւոր ուժն է, որ գաղթականները կը մղէ դէպի Միացեալ Նահանգներ: Մենք ունինք տուեալներ, մենք ունինք փաստեր, մենք ունինք մարդոց պատմութիւնները:

Տակաւին, Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը ոչինչ ըրած է այս արմատական պատճառին միջամտելու:

Փաստօրէն, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը համակարգուած կերպով հերքած է կլիմայի փոփոխութեան գոյութիւնը՝ զբաղելով ներքին կարգաւորումներով եւ հեռու մնալով միջազգային փորձերէն, օրինակ՝ Փարիզի համաձայնագիրներէն, համաշխարհային ջերմացումը արգիլելու համար:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը այժմ իր վերջին ապարդիւն, միամիտ եւ դաժան փորձը ըրած է՝ գլուխէն կրճատելու ներգաղթը, յայտարարելով, որ հիւսիսային եռանկիւնին յատկացուող օտարերկրեայ օժանդակութիւնը պիտի դադրեցնէ՝ փոխանակ հարցին արմատները փնտռելու եւ լուծելու, փոխարէն ինչպէս կ՚ընեն վատառողջ ծառի մը կամ բերքին:

Թրամփին ըրածը անպարկեշտ քայլ մըն է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս՝ սահմանին պատ կառուցելը, ընտանիքները բաժնելը, մարդիկ վերջնականապէս կղպելը եւ քաղաքական ապաստան փնտռողները մերժելը: Ասիկա վախցնելու վատ ձեւ մըն է, որ իսկապէս ոչինչ պիտի ընէ ներգաղթը սանձելու համար:

Փաստօրէն, Կեդրոնական Ամերիկայի յատկացուող օժանդակութիւնը դադրեցնելը ճիշդ հակառակ արդիւնքը պիտի տայ, որորովհետեւ հակառակ անկանոն ըլլալուն՝ Կեդրոնական Ամերիկայի յատկացուող միջազգային օժանդակութիւնը կենսական է տեղւոյն բնակչութեան համար: Այդ օժանդակութեան մաս կը կազմեն աշխատանքային զանազան ծրագիրներ, որոնց շարքին է երաշտի առաջքը առնելը, կլիմայական փոփոխութեան դիմանալու աշխատանքը, որոնք կրնան օգնել, որպէսզի մարդիկ մնան իրենց բնակավայրերուն մէջ:

Մարդիկ չեն ուզեր բռնաբարուիլ դէպի հիւսիս ճամբուն վրայ, կամ՝ մեռնիլ անապատին մէջ, չեն ուզեր, որ սահմանապահները խլեն իրենց զաւակները, կամ բանտարկուին՝ առանց օրինական հոլովոյթներու, առանց բժշկական խնամքի, առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ պիտի պատահի իրենց:

Ո՞վ այս վտանգները յանձն պիտի առնէ, եթէ ամէն բան բնականոն է իր բնակավայրին մէջ:

Արնովիսին նման մարդիկ պիտի լքեն, որովհետեւ կը զգան, որ պէտք է հեռանան:

Արնովիս փորձեց Միացեալ Նահանգներ ներգաղթել, բայց աղջիկը բաժնեցին իրմէ, զինք բանտարկեալի նման պահեցին, եւ ամիսներ տեւած փաստաբանական եւ վարչարարական հոլովոյթներէ ետք, անոնք հիմա ետ միացած են եւ վերադարձած՝ իրենց բնակավայրը:

Ասիկա անշուշտ լաւ բան մը չէ, հիմնական խնդիրը չէ փոխուած. Արնովիս աշխատանք չի կրնար գտնել: Իր հասարակութիւնը հիւանդ է, նոյնպէս՝ երկրագունդը, եւ հողն ու ծովը իր շուրն են:

Այսօր աշխարհի մէջ 64 միլիոն ներգաղթեալ կայ, բոլոր ժամանակներէ աւելի: Անոնք կը փախչին պատերազմներէ, սպանութիւններէ, աղէտներէ եւ, այո՛, կլիմայական փոփոխութենէ:

ՄԱԿ կը նշէ, որ 2050 թուականին պիտի ըլլան աւելի քան 200 միլիոն անձեր, որոնք պարտադրաբար պիտի լքեն իրենց բնակավայրերը՝ միայն կլիմայական փոփոխութեան պատճառով:

Ներգաղթը մարդկային բնական երեւոյթ է, եւ շատեր կը պնդեն, որ պէտք է հիմնարար իրաւունք ըլլայ, բայց պարտադիր արտագաղթ՝ տունէն դուրս գալը հակառակ անհատին կամքին, կեանքի սպառնալիքով, բնական չէ:

Այսօր, անկախ այն բանէն, թէ մենք կ՚ընտրենք ատիկա տեսնել, թէ ոչ, կլիմայի փոփոխութիւնը ներգաղթը մղող մեծագոյն գործօններէն մէկն է եւ կը շարունակուի գալիք տարիներուն ընթացքին, եթէ մենք բան մը չընենք:

Եթէ մենք կ՚ուզենք, որ մարդիկ կարենան մնալ իրենց տուներուն մէջ, մենք պէտք է լուծենք համաշխարհային կլիմայի փոփոխութեան հարցը, եւ մենք պէտք է ատիկա արագ ընենք:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2019