ԱՒԱԳ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
Աւագ շաբթուայ չորեքշաբթի օրը խորհրդանիշն է Յիսուսի իւղով օծումին եւ Յուդայի մատնութեան։
Արդարեւ, Աւագ չորեքշաբթի օրը մեզ կը տանի Աւագ շաբթուան ամենէն սոսկալի՛ օրերուն։ Այսօր է որ Յուդա կը դիմէ մատնութեան։ Յուդայի դաւաճանութեան ստուերը կը տարածուի այս օրուան վրայ, եւ հորիզոնի վրայ կը յայտնուի «խաւար»ը։
Արդարեւ, «Աշխարհի իշխանը», «Խաւարի իշխանը» (ԵՓԵՍ. Զ 12) սատանան է որ Յուդայի սրտին մէջ կը դնէ մատնութեան ծրագիրը (ՅՈՎՀ. ԺԳ 2)։ Յիսուս կը նկատէ. «Այլեւս շատ պիտի չխօսիմ ձեզի հետ, որովհետեւ կու գայ այս աշխարհի իշխանը». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 30)։
Յիսուս քարոզեց Աստուծոյ արքայութիւնը, տարածեց «Բարի լուր»ը՝ Աւետարանը, բժշկեց, մեղքերու թողութիւն շնորհեց։ Եւ սակայն մարդիկ կը խորհին եւ կը մտադրեն զինք սպաննել։ Նոյնիսկ իր առաքեալը՝ Յուդա, որ տարիներ անցուցած էր իր Վարդապետին հետ, ծանօթ էր թէ ան Մեսիան է, սակայն եւ այնպէս կը յանձնուէր «խաւարի իշխանութեան»։ Ագահութիւնը շլացուցած էր զայն։
Յիսուս կ՚այցելէ Իր բարեկամին՝ Ղազարոսին։ Ընթրիքի ընթացքին, Մարիամ կը մօտենայ Յիսուսի եւ թանկագին իւղով կ՚օծէ Անոր ոտքերը եւ մազերով կը սրբէ. (ՅՈՎՀ. ԺԲ 1-8), Յուդա կը գանգատի, այդ օծումը նկատելով վատնում։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Թող տուր ատոր. ան պահած էր այդ իւղը իմ թաղմանս օրուան համար»։ Այս խօսքերուն կ՚անդրադառնայ նաեւ շարականը. «Իւղի օծումը կենարար թաղմանդ նշանակ յայտնեցիր»։
Քրիստոս, որ «անճառելի աստուածութեամբ օծուած» էր, ինչպէս կ՚երգէ շարականը, թոյլ կու տայ որ մեղաւոր արարած մը զԻնք օծէ։ Ան «Հօր եւ Հոգիին հետ համախորհուրդ, անմահ Աստուած» կ՚ենթարկուի Յուդայի դաւաճանութեան։ Ան արարիչ է, նախախնամ եւ Փրկիչ, սակայն «կամաւոր կերպով յանձն կ՚առնէ այս ամէնը, մեզի՝ մեղաւորներուս փրկութեանը համար»։ Եւ այս իսկ պատճառով է որ հաւատացեալներ հաւատով եւ կատարեալ վստահութեամբ կ՚աղօթեն. «Քու անճառ խոնարհութամբդ մեզի ալ ողորմէ։ Դուն, որ խորհուրդներուն կը տիրես, վանէ չարին ապականած ծածուկ խորհուրդը»։
Եւ այսօր՝ Աւագ չորեքշաբթի Յուդայի արծաթսիրութեան գաղտնի խորհուրդը յայտնուեցա՛ւ։
Արդարեւ, «Ոտնալուայի միջադէպ»ին ընթացքին, երբ առաքեալները շուարած էին, աւանդութիւն է կարծել թէ առաջին անգամ Յուդայէն սկսաւ այդ գործողութիւնը, եւ թէ յատկապէ՛ս Յուդայի բան մը հասկցնելու համար ըրաւ այդ գործողութիւնը Յիսուս, սակայն Յուդայէն սկսելու պարագային կարելի է ընդունիլ, նկատելով որ ան Յիսուսի անմիջապէս քովը նստած էր։
Բաւական էր որ անոնց ոտքերը միայն լուար. քանի որ անոնք մաքրուած եւ սրբուած էին արդէն։ Բայց Յիսուս կ՚ըսէ. «Սակայն եթէ դուք մաքրուած ու սրբուած էք կ՚ըսեմ, ամէննուդ համար ամբողջաբար չեմ հասկնար, որովհետեւ մէջերնիդ դեռ չմաքրուած ալ կայ»։ Այդ վերջին ակնարկը, կը դիտէ աւետարանիչը, Յուդային համար էր։ Արդէն Յովհաննէս առիթ չի փախցներ, որ Յուդայի համար բացատրութիւն տայ, եւ ամէն Յիսուսի ձախող ակնարկները անոր վրայ կը մեկնէ. (ՅՈՎՀ. Զ 72, ԺԲ 6, ԺԳ 11)։ Յովհաննէս, սիրոյ աշակերտը, սաստիկ կերպով զգածեալ կ՚երեւի որ Յուդա այսպիսի չարութեամբ կը պատասխանէ Յիսուսի սիրոյն։
Խօսքին կարգը Յիսուսի առիթ տուած էր դժպհի պարագայի մը ակնարկել։ Ընթրիքին մէջ միշտ իր մօտալուտ մահուան վրայ կը խօսէր, խաչը եւ չարչարանքները կը յիշուէին, սակայն թէ այս ամէնը ի՛նչպէս կը պատրաստուի եւ ի՛նչպէս պիտի գործադրուի, չէր ըսուեր։ Թէպէտ Յիսուսի աչքին ներքեւ ներկայ էր «մատնութեան հեղինակը»։ Երբոր իր առաքեալներուն ըսելիքին վրայ ինկաւ խօսքը, չէր կրնար չգիտնալ թէ անոնց մէջ «բացառութիւն կազմող» մը կայ, որ այդ ապագայ գործունէութիւնը պիտի չունենայ, որովհետեւ բոլորովին հակառա՛կ միտքի մը կը ծառայէ, եւ հետեւաբար անուղղակի կերպով մը իմացուած էր, թէ իր խօսքերը Երկոտասաններէն ամէնուն համար չէին, մէջերնին կար մինչեւ իսկ «դաւաճանութիւն մտածող» մը։ Այդ ակնարկը. զոր բնական կերպով խօսեցաւ Յիսուս, սաստիկ տպաւորութիւն մը թողուց նոյնիսկ խօսողին վրայ. մատնութեան դառնութիւնը եւ մատնիչին չարութիւնը ծանր կերպով ճնշեց Յիսուսի սիրտը, իր ներսը պահած գաղտնիքը այլեւս չկրցաւ ծածկել, պէտք ալ զգաց որ այլեւս իրողութիւնը մէջտեղ ելլայ, անոր համար բացէն բաց ըսաւ, թէ իր մահը նոյնիսկ իր աշակերտներուն ձեռքով կը պատրաստուի, եւ թէ ներկա՛յ եւ սեղանակից Երկոտասաններուն մէջէն մէկն է, որ զինք պիտի մատնէ։
Յիսուսի առանձինն պատառ մը տալուն նշանակութիւնը չէր լսած Յուդա, ուստի ընդհանուր շփոթութեան մէջ Յիսուսի կողմէ «պատուասիրութեան նշան» մը ընդունիլը, զինք քաջալերեց կարծելու թէ իրօք Յիսուս իր վրայ կասկած չունի, ուստի Յիսուսի ձեռքէն մատուցուած պատառը գոհունակութեամբ ընդունելով, դաշն ձայնով եւ մտերմական շեշտով կրկնեց. «Միթէ ե՞ս իցեմ, վարդապետ» եւ կամ որ նոյն է. «Վարդապետ, իմ վրաս ալ արդեօք կը կասկածի՞ս», իբր թէ հասկցնել ուզեր. «Շնորհակալ եմ պատուասիրութեանդ, կը տեսնեմ որ իմ վրաս չես կասկածիր»։ Սակայն յանկարծակի եկաւ երբոր Յիսուսի կողմէ «Դո՛ւն ըսիր» վճռական պատասխանը լսեց, որ է ըսել. «Ըսածիդ պէս է. ահա խոստովանեցար թէ դո՛ւն ես»։
Աւետարանիչը կ՚ըսէ, թէ երբ Յուդա մեկնեցաւ, արդէն «մութը կոխած էր». «Եւ էր գիշեր»։
Յուդայի համար այլեւս երկբայութեան տեղ չմնաց, թէ Յիսուս ամէն բան հասկցած էր, ան ի՛նչ ընելիքը չէր կրնար որոշել… եւ տեղէն ելաւ, հրաժեշտի ողջոյնը տուաւ եւ անմիջապէս մեկնեցաւ։ Ան ի՞նչ նպատակով մեկնեցաւ եւ թէ ո՞ւր գնաց վերնատունէն ելլելէն ետք՝ այդ մասին չի խօսիր Աւետարանիչը։
Բայց երբ մեկնեցաւ «գիշեր էր…»։
Սկզբնաղբիւր.- Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, «Համապատում», եւ Ռատիօ Վատիկան «hy.radiovaticana.va/news», մարտ 28, 2018։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 7, 2019, Իսթանպուլ