ՀԱՅԵՐԷՆՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (Դ.)
ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ
Նախորդ քանի մը յօդուածներուս մէջ անդրադարձած էի Թուրքիոյ մէջ հայ ինքնութիւնը ծածկելու երեւոյթին ու անոր լեզուական դրսեւորումներուն։ Ժամանակակից պոլսահայոց մօտ հայերէնի օգտագործման նիւթով շարքին վերջինը պիտի ըլլայ այս յօդուածը, որուն մէջ պիտի անդրադառնամ անձնանուններու թեմային։ Անձնանունները, ի վերջոյ, թէ՛ լեզուական երեւոյթ են, թէ՛ ինքնութեան։
Կրնաս հայերէն չխօսիլ, որպէս թուրք ներկայանալ, բայց եթէ անունդ Պօղոս է՝ մեծ հաւանականութեամբ հայ ես։ Պոլսահայոց վերապրումի բնազդը սակայն, այս հարցին եւս լուծումներ գտած է. երբեմն բաւական ստեղծագործ։
Ամենէն բնական ձեւը անշուշտ կեղծ անունով ներկայանալն է, որ յատկապէս պիտանի կրնայ ըլլալ առեւտրական կեանքէ ներս։ Այսպէս, Պարոյր մը կրնայ Գոց շուկայի մէջ որպէս Պաղըշ ներկայանալ, Սիմոն մը որպէս՝ Սինան, եւ այլն։ Այս մէկը ամբողջական լուծում չէ սակայն, այնքան ատեն որ անձնաթուղթին մէջ հայկական է մարդուս անունը. պաշտօնական տեղեր, դրամատան կամ նամակատան մէջ օրինակ, Պարոյրը որպէս Պաղըշ չի կրնար ներկայանալ, բացի եթէ ուրիշ մէկուն հաշիւին կամ նամակներուն կ՚ուզէ հասնիլ... Աւելի արմատական լուծումը մարդուս ծնողներուն հայեցողութեան ձգուած է միայն. ի՞նչ անձնանուն տալ երեխային, որպէսզի դիւրանայ անոր ինքնութեան խուսանաւումը։ Այստեղ եւս կան մի քանի տարբերակներ։
Ամենէն պարզը զուտ թրքական անուն տալն է։ Ճէմ, Ճան, Գամէր ու նմանատիպ անունները քիչ չեն յատկապէս երիտասարդներու մօտ։ Քիչ մը աւելի բարդ տարբերակը ընտրելն է այնպիսի անուններ, որոնք թէեւ հայկական չեն, բայց ձեւով մը կարելի է կապել հայութեան։ Սայաթ անունը օրինակ, հայուն կարելի է որպէս Սայաթ-Նովայի յիշատակին տրուած անուն ներկայացնել, իսկ հոն ուր հայ ըլլալը բացայայտելը ցանկալի չէ՝ ըսել, որ արաբերէնով կամ պարսկերէնով որսորդ կը նշանակէ։ Մուրատը, նմանապէս, լայնօրէն տարածուած է Թուրքիոյ մէջ, բայց նաեւ հինէն օգտագործուած հայերու կողմէ։ Սէրտարը Թուրքիոյ մէջ շատ օգտագործուող առական անուն է, բայց մի զարմանաք, եթէ պոլսահայ մը պնդէ, որ հայկական անուն տուած է իր տղուն՝ «սէրը ա՛ռ տա՛ր»։ Այս առումով հետաքրքրական է նաեւ Արաս անունը, որ դարձեալ բաւական տարածուած է պոլսահայոց մօտ։ Արաքս գետի թրքերէն անունն է, եւ որպէս այդպիսին՝ հայկականութիւն չմատնող. բայց միաժամանակ հայոց համար հայկականութեան հետ ուղղակիօրէն կապ ունի՝ Արաս-Արաքս-Հայաստան մտաւոր կապը հաստատելը դժուար չէ բնաւ։ Ինչպէս գետը, այնպէս ալ այս անձնանունը թէ՛ հայկական է, թէ՛ թրքական. նայած իրավիճակը. կացութենական է։
Այլ հետաքրքրական մարտավարութիւն մըն է հայկական կամ քրիստոնէական անձնանուններ ի հարկին թրքերէնով ստուգաբանելը։ Լսած եմ, օրինակ, որ երբեմն Սեւաններ իրենց անունը ստիպուած եղած են բացատրել որպէս թրքերէնով Սեւ (sev - սիրէ՛) եւ Ան (an - յիշէ՛)։ Աքսել մը, օրինակ, բացատրեց որ զինուորական ծառայութեան ընթացքին ընկերներու հարցումին ի պատասխան իր պիպլիական արմատներով անունը կը բացատրէ որպէս ճերմակ ջրհեղեղ։ Թրքերէն աքը՝ ճերմակն է, սելը՝ թրքերէնը։ Այսպիսով Սեւանն ու Աքսելը կը դառնան թրքական անուններ, երբ պէտք է, իսկ զանոնք կրողները՝ ժամանակաւոր թուրքեր։
Ամենէն հետաքրքրական մարտավարութիւնը սակայն Պոլսոյ մէջ որոշ ժամանակ անցնելէ ետք պիտի հասկնայի։ Ամիսներու ընթացքին կը հանդիպէի հայկական անուններու, որոնք ամբողջովին նոր էին ինծի համար։ Առաջինը՝ Պուրակն էր. հրճուած էի տեսնելով, որ նոր հայկական անուն ստեղծուած է Պոլսոյ մէջ։ Պուրակ, այսինքն անտառակ։ Միամիտ գտնուած էի։ Յետոյ քիչ-քիչ մեծցաւ այս նորաստեղծ անուններու ցանկը, համալրուեցաւ Պայքարով, Սիրեմով, Այգունով (Այգին, լուսաբացին), Արթունով, եւ այլն։ Արդէն հասկցայ, որ այլ բացատրութիւն մը ըլլալու է, կապուած տեղական առաձնայատկութիւններու։ Ինչո՞ւ այս անունները ծնած էին Պոլսոյ մէջ, եւ ոչ Պէյրութի, Հալէպի, կամ Երեւանի։ Որոշ պրպտումէ ետք ամէն ինչ յստակացաւ. անոնք այնպիսի անուններ էին, որոնք թէեւ հայերէն էին կատարելապէս, բայց շատ նման, նոյնութեան չափ նման էին թրքական անձնանուններու։ Համալսարանին մէջ, կամ զինուորական ծառայութեան ընթացքին հնչած Պուրակը՝ թրքական Պուրաք անուան հետ պիտի շփոթուէր. Պայքարը՝ Պայքալի հետ, Սիրեմը՝ Սինեմի, Այգունը՝ Այգութի, Արթունը՝ Արքունի կամ նոյնիսկ աւելի քիչ գործածուող նոյնինքն (թրքական) Արթունի։
Ճնշման դիմակայումն ու վերապրումի ճիգը նորարար ու ստեղծարար են երբեմն։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ապրիլ 15, 2019