ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՒ

«Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 5-6)։

Ահաւասիկ միակ եզական կեանք մը, միակ եւ աննախընթաց երեւոյթ մը՝ միակ ճշմարտութիւնը…։ Ահաւասիկ երիտասարդ «մարդ» մը, որ ծնաւ աննշան գիւղի մը մէջ, զաւակը՝ համեստ եւ խոնարհ մօր մը։ Ան հետզհետէ մեծցաւ ուրիշ գիւղի մը մէջ, եւ համեստօրէն, հաւատարմութեամբ գործեց, աշխատեցաւ իր հօր ատաղձագործի խանութին մէջ, մինչեւ որ հասաւ 30  տարեկան հասակին։

Եւ յետոյ, միայն երեք տարի, ան եղաւ շրջիկ քարոզիչ մը։ Ան երբե՛ք չգրեց գիրք մը։ Երբե՛ք չտիրացաւ հանրային պաշտօնի մը։ Երբե՛ք չունեցաւ գերադաս դիրք կամ աստիճան, ան մնաց միշտ իր պարզութեան մէջ՝ հեզ եւ խոնարհ, համեստ եւ մանաւանդ սիրով լեցուն։ Ան երբե՛ք չունեցաւ իր անձնական տունը։ Երբե՛ք չփորձեց կազմել ընտանիք մը՝ «ընտանիք» մը իր սեղմ եւ յատուկ իմաստով։ Ընդհանուր նշանակութեամբ, ան երբե՛ք չհետեւեցաւ որեւէ դաստիարակութեան՝ դպրոցի եւ ուսումնական գործունէութեան։ Երբե՛ք ոտք չկոխեց մեծ քաղաքէ մը ներս. միշտ ապրեցաւ համեստ պայմաններու մէջ՝ պարզ եւ չափաւոր։ Ան երբե՛ք չճամբորդեց աւելի քան 200 մղոն, որ կը համապատասխանէ մօտաւորապէս 321.86-322 քիլօմեթր կամ հազարամեթր՝ իր ծննդավա՜յր գիւղէն։ Երբե՛ք չըրաւ այն բոլոր բաներէն մին, որ ընդհանրապէս կ՚ընկերանայ «մեծութեան»։ Ան որեւէ յանձնարարագիր չունէ՛ր, ի բաց առեալ իր ապրած անմեղ կեանքը։

Երբ տակաւին երիտասարդ էր, հանրային կարծիքի մակընթացութիւնը դարձաւ իրեն դէմ։ Եւ այս իսկ պատճառով, Ի՛ր բարեկամները լքեցին զինք եւ հեռացան իրմէ։ Ան մատնուեցաւ իր մերձաւորին կողմէ իր թշնամիներուն ձեռքը։ Մատնութեան հետեւանք՝ կեղծ դատավարութեան մը ծաղրանքին ենթարկուեցաւ։ Անիրաւ եւ անարդար վճիռով՝ գամուեցաւ խաչափայտի վրայ, որ կանգնուած էր երկու դատապարտեալ աւազակներու խաչափայտերուն մէջտեղ։

Երբ մեռնելու վրայ էր, իր դահիճները ուզեցին վիճակ ձգելով տիրանալ անոր «միակ ստացուածքին՝ միակտուր վերարկուին»։ Եւ երբ իր հոգին աւանդեց, դրուեցաւ վիմափոր գերեզմանի մը մէջ՝ «որ փոխ տրուած էր Անոր», Իր վրայ գթացող հաւատարիմ բարեկամի մը կողմէ։ Ուստի գերեզմանն անգամ իր սեփականութիւնը չէր՝ անձնական գերեզման մը իսկ չունեցաւ եւ փոխ տրուած գերեզմանի մէջ դրուեցաւ։

Եւ աւելի քան քսան երկա՜ր դարեր եկած եւ անցած են, եւ այսօր Ան «կեդրոնական դէմք»ն է մարդկային ցեղին՝ համայն մարդկութեան եւ գլխաւոր առաջնորդը եւ ուղեցոյցը լուսաւորութեան եւ յառաջդիմութիւններու փառաւոր տողանցքին։

Արդարեւ, մարդ նշանակէտէն շա՜տ հեռու կը մնայ, երբ ըսէ թէ՝ բոլոր բանակները՝ որոնք երբեք քալած են խմբովին, բոլոր նաւատորմիղները՝ որոնք երբեք կառուցուած են, բոլոր խորհրդարանները, համագումարները՝ որոնք երբեք նիստեր գումարած են, բոլոր իշխանութիւնները եւ թագաւորութիւնները՝ որոնք երբեք գահակալած են, միասնաբար եւ հաւաքաբար կրցած չեն ազդելու այս երկրագունդին մարդոց կեանքին վրայ ա՛յնքան, ո՛րքան այդ միակ եզական Կեանքը։

Ահաւասի՛կ, եզական կեանք մը եւ եզական վախճան մը եւ աննախընթաց երեւոյթ մը՝ Յարութի՛ւնը։

Եւ այն որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին հազիւ 200 մղոն ճամբորդած էր, «կը զարգանար իմաստութեամբ եւ մարմնով՝ Աստուծոյ եւ մարդոց սիրելի ըլլալով» (ՂՈՒԿ. Բ 52), ինչպէս կը վկայէ Ղուկաս աւետարանիչ։

Այս եզական կեանքին ամենէն հետաքրքրական երեւոյթն է «Յարութիւն»ը։ Արդարեւ, «Յարութիւն»ը եղաւ քրիստոնէութեան հիմնական եւ էական ճշմարտութիւնը։

Մեռելներուն յարութեան դաւանանքը սկիզբէն իսկ քրիստոնեայ հաւատքին բաղկացուցիչ տարրը եղած է։

Այս ուղղութեամբ, «յառնել», այսինքն «յարութիւն առնել»ու, յարութեան ճշմարտութեան հանդէպ, սկիզբէն իսկ, քրիստոնեայ հաւատքը անհասկացողութիւններու եւ հակառակութիւններու բախած է. այս մասին Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ՝ թէ «Քրիստոնեայ հաւատքը իր ոչ մէկ կէտին մէջ այնքան հակառակութեան կը հանդիպի, որքան մարմինի յարութեան հարցով»։ Լայնօրէն, ընդհանրապէս ընդունուած է, թէ մարդուն կեանքը մահէն ետք հոգեպէ՛ս կը շարունակուի։ Բայց ինչպէ՞ս հաւատալ, թէ մարդու այնքա՛ն բացայայտօրէն «մահկանացու» այս մարմինը կարող է «յառնել» յաւիտենական կեանքին համար։

Հոգիին եւ մարմինին բաժանո՛ւմը հանդիսացող մահով՝ մարդուն մարմինը փտութեան կը մատնուի, մինչ անոր հոգին կ՚երթայ ընդառաջ Աստուծոյ, սպասելով որ վերստին միանայ փառաւորեալ մարմինին հետ։ Աստուած Իր Ամենակարողութեամբ անապական կեանքը վերջնականապէս պիտի վերադարձնէ մեր մարմիններուն, միացնելով զանոնք մեր հոգիներուն, զօրութեամբ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան։

Կարելի է հարցնել՝ թէ փտութեան մատնուած մարմինը ինչպէ՞ս պիտի վերակենդանանայ եւ միանայ հոգիին հետ։ Աստուած՝ որ ոչինչէն ստեղծեց մարդը՝ «մարմին»ը, ապա ուրեմն Իր Ամենակարողութեամբ կրնա՛յ վերակենդանացնել «փտութեան մատնուած» մարմինը, որ արդէն ստեղծած է նախապէս։

Յովհաննէս աւետարանիչ կ՚ըսէ՝ թէ «Անոնք որ բարին գործած են՝ կեանքին յարութեան համար, իսկ անոնք որ չարը գործած են՝ դատապարտութեան յարութեան համար» (ՅՈՎՀ. Ե 29)։ Ուստի ո՞վ յարութիւն պիտի առնէ հարցումին պատասխանն է՝ «Բոլո՛ր մահացած մարդիկ»՝ ոմանք կեանքի, ոմանք դատապարտութեան համար յարութիւն պիտի առնեն։

Քրիստոս յարեաւ Իր իսկ մարմինով. «Տեսէ՛ք ձեռքերս եւ ոտքերս. Ես նո՛յնն եմ» (ՂՈՒԿ. ԻԴ 39)։ Սակայն Քրիստոս չվերադարձա՛ւ իր երկրային կեանքին։ Նո՛յնպէս Քրիստոսով «ամէնքը պիտի յառնեն իրենց այժմու մարմինով», բայց այս մարմինը պիտի «կերպարանափոխուի փառքի մարմինի (ՓԻԼ. Գ 21)՝ «հոգեղէն մարմինի» (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 44)։

Թէ ի՞նչպէս յարութիւն պիտի առնեն մարդիկ։ Այս հարցումին մէջ «ի՞նչպէս»ը կը գերազանցէ մարդկային երեւակայութիւնը եւ հասկացողութիւնը. ան մարդուս մատչելի կը դառնայ միա՛յն հաւատքով։ Սակայն Սուրբ Պատարագի խորհուրդին մարդուն «մասնակցութիւն»ը իր կերպարանափոխութեան նախաճաշակը կու տայ իրեն Քրիստոսով։ Ուստի Սուրբ Երանոս Լիոնցի սապէս կ՚ըսէ.

«Ինչպէս որ երկրէն եկող հացը, Աստուծոյ ոգեկոչումը ստանալէ ետք, այլեւս հասարակ հաց չէ, այլ երկրային եւ երկնային երկու տարրերէ կազմուած Սուրբ Հաղորդութիւն, նոյնպէս ալ Սուրբ Հաղորդութեան մասնակցող մեր մարմինները այլեւս ապականացու չեն, քանի որ յարութեան յոյսը ունին»։

Արդարեւ, յառնելու համար Քրիստոսի հետ, հարկ է մեռնիլ Քրիստոսի հետ, հա՛րկ է «թողուլ այս մարմինը եւ երթալ բնակիլ Տիրոջ մօտ» (Բ ԿՈՐՆ. Ե 8)։ Ուստի մահով՝ հոգին կը բաժնուի մարմինէն։ Ան պիտի «վերամիանայ» իր մարմինին՝ մեռեալներուն յարութեան օրը։ Եւ այս կը նշանակէ՝ թէ յարութեան համար նախ պէտք է մարդ մեռնի, եւ այդ իսկ պատճառով է որ խաչուեցաւ Յիսուս եւ ապա յարութիւն առաւ, ցոյց տալու համար այս ճշմարտութիւնը։

Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, Ինքն ալ կրեց մարդկային վիճակը բնորոշող մահը։ Բայց հակառակ Իր մահուան դիմաց զգացած սոսկումին, զայն յանձն առաւ, Իր Հօր կամքին ամբողջական եւ ազատ հաւատարմութեամբ եւ հնազանդութեամբ. Յիսուսի հաւատարմութիւնը եւ հնազանդութիւնը մահուան անէծքը փոխակերպեց օրհնութեա՛ն։

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան՝ իւղաբեր կիներ վկայեցին երբ անոնք երկիւղով եւ զարմանքով նկատեցին որ վիմափոր գերեզմանին դուռը բաց է։ Անոնք մտածեցին, թէ արդեօք ո՞վ է իրենցմէ առաջ եկած եւ գլորած գերեզմանի ծանր քարը։ Անոնք գերեզմանին ներսը չգտան Յիսուսի մարմինը։ Ահաբկուած՝ անոնք կը վազեն դէպի Երուսաղէմ, եղելութիւնը յայտնելու համար Յիսուսի աշակերտներուն։ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները շտապ կու գան գերեզման եւ երբ ներս կը մտնեն, այնտեղ կը նկատեն Յիսուսի գլխու վարշամակը՝ ծալլուած եւ միւս կտաւներու հետ մէկ կողմ դրուած։ Անոնք կը տեսնեն սնարի եւ ոտքերու կողմը կանգնած երկու հրեշտակներ։ Հրեշտակներ կը յայտնեն եղելութիւնը եւ կ՚ըսեն. «Ինչո՞ւ ողջը կը փնտռէք մեռելներու մէջ, այստեղ չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ»։

Արդեօք մեր իւրաքանչիւրին կեանքի եւ բնութեան պատկերը, որ ամէն տարի կը կրկնուի, նման չէ՞ Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին։ Կեանքը եւ բնութիւնը յստակ օրինակներ չե՞ն Յարութեան Ճշմարտութեան. անոնք չե՞ն ներկայացներ եւ չե՞ն պատկերացներ Յարութեան խորհուրդը։ Դիտենք մեր շուրջը, բնութիւնը, երբ գարնան ծառերը կը ծաղկին, կը վերակենդանանան, դաշտեր կը զարդարուին կանաչ մարգախոտերով, թռչուններ կը վերադառնան իրենց նախկին բոյները… եւ բնութիւնը վերստին կ՚արթննայ մեռելութենէն. կը թօթափէ մահուան նինջը, եւ կը ժպտի կենսալի, ուրա՜խ…։

Քրիստոսի Յարութիւնը բնութեան այս վերակենդանացման չափ ճշմարի՛տ է. անկասկածելի, ստոյգ եւ աներկբա՛յ։ Եւ երբ գարնան կը տեսնենք ծառերը ծաղկած, բնութիւնը վերակենդանացած եւ չենք զարմանար, հապա ինչո՞ւ կը տարակուսինք երբեմն աւելի մեծ ճշմարտութեան մը նկատմամբ՝ Յարութեան։ Արդարեւ Յարութիւնը ա՛յնքան ճշմարիտ է՝ որքան գարնան վերակենդանացած բնութիւնը։

Եւ քանի որ Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը ճշմարտութիւն է, ան մեզ երբեք պիտի չլքէ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ եւ առօրեային։ Յարութեան խորհուրդը մեզ ուժ եւ կարողութիւն պիտի ներշնչէ մեր կեանքի ամենէն ճգնաժամային պահերուն։ Քրիստոնեայի համար, սիրելի՜ներ, Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խորհուրդը անհամեմատօրէն աւելի խոր է, քան մեր կեանքի եւ կամ բնութեան վերակենդանութեան գաղափարները։ Իր իսկ օրինակով Քրիստոս յարութիւն կու տայ իր հաւատարիմ եւ հաւատաւոր հօտի անդամներուն։ Եւ այս իսկ պատճառով, Քրիստոսի Յարութեան գաղափարը կը հանդիսանայ քրիստոնէական վարդապետութեան հիմնախարիսխը։

Առանց յարութեան յոյսի, առանց անդենական կեանքի եւ վերջին դատաստանի վարդապետութեան, քրիստոնէութիւնը պիտի չկարողանայ խորապէս արմատաւորուիլ մարդոց հոգիներուն մէջ։ «Քրիստոնեայ ըլլալ» կը նշանակէ Քրիստոսի հետեւիլ եւ հաւատալ՝ Քրիստոսի Յարութեա՛ն։

Եւ ահաւասիկ Պօղոս առաքեալի խօսքերը.

«Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, մեր քարոզութիւնը եւ ձեր հաւատքը ի զուր պիտի կորսուէին» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 14)։

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։

Ա՛յս է ահաւասիկ Յարութեան աւետիսը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 2, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2019