ԵՐՈՒԽԱՆԻ ԱՆՄԵՌ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ԶԱՆԳԱԿԱՀԱՐԸ Աշուղ (Երուխան)

-Զը՛նկ, զը՛նկ, զը՛նկ... տը՛նկ, տը՛նկ, տը՛նկ…

Խեղճ կուզիկին անվախճան յանկերգն է աս, փողոցները դանդաղ-դանդաղ ժուռ եկած ատեն, գինովի ինքնամփոփ, ինքնամոռաց գնացքովը: Ճռզած մարմին մը ունի, խորտուբորտ, ճղճիմ համեմատութիւններով, վրան գլուխը թափթփած է. կ՚նմանի կեանքէն ձանձրացածի մը, որ ինքնասպանութեան պիտի դիմէ: Տեսած ատենդ անպատճառ կ՚արգահատիս իր վրայ ու ձեռքը ողորմութիւն մը կը դնես:

Կռնակին կուզը, ոսկորի ցաւագին ժայթքում մը, կարծես բոլոր մարմինը կաշկանդած, գալարած, չորցուցած է: Խեղճ տղան ընկճուած է այդ անմերժելի բեռան տակ, զոր գիշեր-ցորեկ հետը կ՚պտտցնէ: Իրեն ծանօթ թաղէն անցած պահուն, երբ պատուհանէ մը իրեն սա՛ հրաւէրը ուղղուի.

-Միխա՛լ, երգ մը երգէ, կուզիկը կ՚կենայ, կ՚ժպտի խելագարի ժպիտով ու աջ թեւը, ծառի գօս անհիւթ ճիւղ մը, կը սկսի երերցնել ճօճանակի շարժումով, մինչ կռնակի կուզը ասդին-անդին կ՚տրորուի քրքրուելու սպառնալիքով. ու այդ հիւանդոտ ժպիտը միշտ շուրթերուն վրայ, աչքերը կիսախուփ, քունին մէջ զառանցող մարդու մը պէս, կ՚երգէ, ձայնը՝ տկար կուրծքին հեւքովը չարչարուած.

-Զը՛նկ, զը՛նկ, զը՛նկ... տը՛նկ, տը՛նկ, տը՛նկ...

Այս վանկերը իրարու ետեւէ կը գլորին՝ ողբական եղանակի մը վրայ շղթայուած: Այնքան կ՚յափշտակուի, որ եթէ ձգես, ժամերով կ՚շարունակէ իր թեւին շարժումը ու ողբագին երգը: Հարկ է ըսել իրեն. «Կ՚օգտէ, Միխա՛լ»: Ան ատեն, կարծես սթափած, կ՚կենայ, կ՚առնէ իրեն տրուած ողորմութիւնը ու ճամբան կ՚շարունակէ, միշտ մրմռալով սակայն: «Զը՛նկ, զը՛նկ…»:

Զանգակի ղօղանջին այս մղձաւանջային նմանութեան մէջ էր Միխալաքիին կեանքին տռամը, զոր պիտի պատմեմ:

* * *

Թաղին յոյն կատակասէր, չարասիրտ աղջիկներուն զուարճութեան առարկան եղած էր Միխալաքին, Այ-Նիքոլայ եկեղեցիին հիւանդոտ, կուզիկ զանգակահարը: Այս եկեղեցին կարծես միջին դարու ճիզուիդական ջերմեռանդութեան մէկ վաղնջուց նշխարքն է. անոր երկար մարմինը հողին մէջ թաղուած է. ու երբ սանդուխներէն վար իջնալով բարեպաշտ խորհրդանկարներով հարթ քանդակուած արոյրէ դռնէն ներս մտնես, երկրին տակէն եկած խոնաւ զովութիւն մը, սարսուռ մը կուտայ ջիղերուդ: Վարը, տաճարին մէջ, ուր լոյսը վերի պատուհաններէն կ՚իյնայ՝ չկրնալով այդ խորութեան անկիւններէն բոլոր մութը վանել սակայն, հին բիւզանդեան բոյրէ մը կ՚ազդուիս. հանդարտ, կոյս մաքրութեան մէջ իւղաներկ պատկերները պատերուն վրայ՝ առջեւնին կանթեղներով՝ կը փռեն խանդավառող քրիստոնէականութիւն մը: Սուրբերն ու առաքեալները՝ իրենց նկարներուն մէջէն՝ Քրիստոսը կ՚քարոզեն քեզ սրտառուչ մրմունջներով: Ստեղնավառ ջահերը՝ ձեղունէն վար խունկէ ու աղօթաւոր շունչերէ թխացեալ պղնձի ձողերով յօդաւորուած, այդ անխռով կուսական խաղաղութեան մէջ գիտես թէ կրօնքի միստիքութիւնը կ՚մարմնաւորեն:

Փոքր զանգակահարը, զոր թաղին աղուոր Հելլէնուհիները անվնաս կերպով կ՚խոշտանգեն իրենց ծաղրածութիւններովը եւ ցաւցնող քահքահներովը, հոն կ՚անցընէր գրեթէ իր հաշմոտ պատանեկութիւնը: Իր մարմինը, ոսկորներու աղէտալի թեքութեան մը մէջ խեղցած, տձեւ, մանր, նիհար զանգուած մ՚էր, զոր բարակ, ճերմակ մորթ մը ամէն կողմէն պաշտպանած, թող չէր տար, որ ապաժաման քրքրի: Ձախ ուսոսկրը առաջ մղուած էր, ու ընդհակառակն աջը թէեւ բնական շիտակութիւն մը ունէր, այսու հանդերձ ծուռ կ՚երեւար, ձախ անրակը հիմնովին աւրած ըլլալով թիկունքին վերնամասին ամբողջ բնական շինուածքը: Սրունքները բան մը չունէին, գոնէ այնպէս կ՚երեւային իրանին խառնաբնդոր կծիկին տակ, միայն այնչափ բարակ էին, որ քիչ մը շուտ քալած ատենը կ՚կասկածէիր, թէ անոնք կրնային փրթիլ, իյնալ:

Միխալաքին այդ գետնափոր ժամուն մէջ մեծցած տղայ մ՚էր, գուցէ ժամանակին գթասիրտ ժամակոչի մը կողմէ գտնուած՝ իր եկեղեցիին դռնէն կախուած կողովի մը մէջէ: Ան տեսակ արարածներէն էր, որոց ե՛րբ երեւան գալը, կամ երբէ՛ն ի վեր գոյութիւն ունենալը չես հետաքրքրիր գիտնալ. անոր գոյութեան գիտակցութիւնդ արդէն բաւական կը սեպես: Եթէ նոյնիսկ փորձուէիր թաղեցիի մը հարցնելու, թէ Միխալաքին ո՞ր տեղացի էր, պիտի պատասխանուէր քեզ. - Այ-Նիքոլացի:

Ուստի, փոքր կուզիկը, որուն տարիքը կերպարանքէն կամ դէմքէն դիտելով անհնար էր հասկնալ, վասնզի 10էն 20 տարիներուն մէջ պիտի վարանէիր, փոքր կուզիկը եկեղեցիին մէջ ու եկեղեցիով կ՚ապրէր, բայց կ՚ապրեցնէր ալ զայն, վասնզի անոր զանգակահարն էր:

Զանգակատունը փայտէ աշտարակիկ մ՚է քառակուսի, խոյրաձեւ տանիքով, որուն ծայրէն երկաթէ փշփշանքաւոր խաչ մը իր ժանգոտած սեւ թեւերը կ՚տարածէ օդին մէջ: Տանիքին տակ, մութին մէջ, երեք զանգակներ կախուած են իրարմէ համեմատապէս պզտիկ, միեւնոյն առանցքին վրայ դարձող: Իւրաքանչիւրին ձուլածոյ ուռնակէն առասան մը անցուցած է, որ կ՚ծառայէ զայն շարժելու, երբ զանգակահարութեան ժամն հասնի: Զանգակներուն ամէն մէկը մասնաւոր ներդաշնակութիւն եւ հնչեղութիւն ունի. երբ երեքը միահամուռ սկսին ղօղանջել, եռաձայն երաժշտութիւն մը առաջ կուգայ. թաւ, բամբ, հնչուն:

Միխալաքին էր անոնց երաժիշտը: Խանդավառօրէն փաթթուած յարած էր իր զանգակներուն: Իրմէ զատ ոչ ոք կրնար դպչիլ անոնց: Եկեղեցիէն աւելի այդ ձայնարկու աշտարակիկը կը պաշտէր: Ան իր կուռքն էր: Տգէտ ու շլացող հոգիին մէջէն այդ ներդաշնակ ղօղանջիւնները կ՚ընդնշմարէր իբրեւ երկնապարգեւ ռեքլամներ կրօնի պաշտամունքին: Պատկերէ, խունկի գինովցուցիչ բուրմունքէ, երգեցողութեան սրտայոյզ դաշնաւորութիւններէ աւելի ազդեցիկ, տիրական, թելադրական կ՚դաւանէր իր զանգակներուն եռանուագ համերգը, որ իր զուարթ, հնչեղ, արձագանգող ալիքները կ՚ցանցնէր տարածութեան մէջ, երկարաձիգ, անսահման ջրցայտի մը արծաթափայլ վարսերուն պէս, զորս արեւին ճառագայթները կ՚ծիածանեն:

Մանր կապոյտ աչուըները, որք իր երեսին անարիւն ու դեղնորակ մորթին վրայ տխրութեան ցոլք մը կը պտտցընէին միշտ, խանդի, յաղթանակի, երջանկութեան կայծեր կ՚արձկէին, երբ զանգակատան տանիքին տակ թառած, կծկտած, կ՚նուագէր առաւօտեան կամ իրիկնամուտի մերթ թախծոտ, մերթ ցնծուն կոչնակահարութիւնը: Հոն՝ վերացած էր խեղանդամը, երեք զանգակներուն թելերը մատուըներուն անցուցած, կուզը աւելի դուրս, ցից, շունչը ընդհատ, աչքերը սեւեռուն, ամբողջ էութիւնը կեդրոնացուցած իր լսողութեան մէջ՝ մէկ խազի մը իսկ ըմբոշխնումէն չզրկուելու համար, կ՚շարժէր իր թեւերը, մեծ զանգակին թաւ ու միօրինակ ղօղանջումը կէտկիտելով միջին զանգակին քիչ մը աւելի նուրբ հարուածներովը, ու այս ներդաշնակ երկձայնին՝ հաւասար, անայլայլ ընդմիջումներով՝ խառնելով երրորդ զանգակին վճիտ, պղնձային զանգիւնը, որ օդը կը ճեղքէր սուր, արագաթռիչ, ոստոստուն:

Իր այդ երանական ղօղանջաւոր գահաւանդէն՝ կուզիկը, յափշտակուած, վերացած, տենդագրգիռ, ամպերու մէջէ սլացող արծիւի գինովութեամբը առլի, կ՚կարծէր թերեւս ըլլալ խորհրդաւոր պարիկը քրիստոնէութեան, որ այդ բարձրութենէն իր տաւիղին յորդելակ դաշնակութիւններովը կ՚հրահրէ ժողովրդային բարեպաշտութիւնը: Զանգակներուն ցնծագին, մերթ լացող ձայնարկութիւնը կ՚ապրեցնէր իր տխրաթաթաւ հոգին, որ այդ ծռմռկած անհարթ պատեանին տակ կը ծածկուէր այնքան դիւրաբորբ ու դիւրազգած: Մարդկային անկարեկիր հեգնութիւնը, որ ամէն տեղ ու ամէն ատեն կ՚հալածէր զինք՝ քստմնելի յաճախանքի մը պէս, լայնափեռեկ վիրաւորելով իր էութիւնը, դառնութեան թոյն մը խառնելով անոր մէջ ընդդէմ անողոք ճակատագրին, որ այդ մթին ու անանուանելի կազմութիւնը տուեր էր իրեն, կ՚դադրէր հոդ, այդ աշտարակին կատարը, խելխօլ ծնծղահարութեան արբեցումին մէջ, մարդոց չար ծիծաղէն ու ծաղրող նայուածքէն վեր, անդորր ու մաքրաշունչ այդ մթնոլորտին մէջ:

Թաղին աղջիկները կը սիրէին խեղճ զանգակահարը, բայց իրենց սէրը արտայայտելու տարբեր եղանակ մը ունէին. խաղեր կ՚ընէին իրեն ու կ՚ծաղրէին զինքը: Միխալաքին, այն տխուր համակերպութեամբը, զոր ընդհանրապէս կ՚ունենան իրեն վիճակակից դժբախտները, անայլայլ, անմռունչ կ՚տոկար ամէն ծաղրանքներու, եւ իր կողմէ ցոյց տրուած այդ անտարբեր ու թոյլատու անզգածութիւնը աւելի կ՚գրգռէր, կ՚սաստկացնէր զանոնք: Բայց կատակի մը չէր հանդուրժեր ամենեւին. երբեք յարգանքի պակասութիւն չպիտի գործուէր իր զանգակներուն հանդէպ: Անոնք նուիրական էին: Անոնց կապուած էին իր ջիղերը նուրբ, զգայնոտ լարերով. զանոնք խառնածիդ պէս կ՚ցնցուէր ինք, կ՚զայրանար, կ՚ընդվզէր:

-Միխալաքի, դուն ինչ ծոյլ տղայ ես, զանգակներդ ժանգոտէր, սեւցեր են, մե՜ղք…

Այս խօսքը կ՚բաւէր, որպէսզի տժգոյն սապատողը ամբողջ մարմնովը դողար, աչքերը անսովոր կերպով կայծկլտէին եւ արիւն խուժէր այտերուն գունատութեանը վրայ: Եւ ինք, որ ամէն օր մասնաւոր հոգածութեամբ կ՚մաքրէր զանգակները, կ՚քերթէր, կ՚փայլեցնէր զանոնք, չժուժելով այս անիրաւ դիտողութեան, տենդոտ վազքով մը կ՚երթար մագլցիլ զանգակատան վրայ եւ աչքէ անցնել զանգակները, զորս կ՚քննէր, կ՚փայփայէր, եւ համոզուելէ ետքը, թէ անոնք մաքուր ու անեղծ կ՚մնային, վար կ՚իջնար արհամարհանքի բառեր մ՚ալ տալով զինք գրգռողներուն հասցէին:

Բայց ամէնէն աւելի կիրակի ու տօնական օրեր տեսնալու բան էր կարճուկ զանգակահարին ուռուցիկ խրոխտանքը, երբ ինք՝ զանգակատան կատարը թառած՝ զգայնոտ խաղեր կ՚թռցնէր անկից ձեռքի խիզախ ու հպարտ շարժումներով, աչքերը յաղթականօրէն ուղղած վարը, բակին մէջ խռնուող բազմութեան, մանաւանդ աղուոր հելլէնուհիներուն, որք կ՚հաճէին իրեն վերցնել արգահատանքով խառն զմայլանքի նայ-ւածքներ: Խեղճ Միխալաքի, պիտի ուզէր, որ հոդ այդ վերացած դիրքին մէջ մնար յաւերժապէս, մոռցած ամէն բան, իր տգեղութիւնը, մարդոց արհամարհանքը, արգահատանքը, հեգնութիւն, ինչ որ ամէն ատեն կսկիծի բոց մը կ՚վառէր իր տխեղծ ու ազազուն պատեանին տակ, ուր սակայն զգացում եւ գիտակցութիւն զուգորդաբար կ՚բաբախէին:

Սակայն իրիկուն մը զարմանալի բան մը պատահեցաւ: Մթնշաղին, երբոր եկեղեցիին գետնամած մարմինը խաւարի առաջին ալիքներուն մէջ սկսած էր մեղմացնել իր շրջագծերը, ու աշտարակիկին տակ զանգակները գոգաձեւ անորոշ իրերու ձեւը կ՚առնէին, յանկարծ լսուեցաւ տարտամ ղօղանջ մը, որ իրիկնամուտի անդորրութեան մէջ տարտամ կերպով թրթռաց:

Վայրկեան մը ետքը հոն էր Միխալաքին՝ խելացնոր, զայրոյթէն դողդոջուն: Հակառակ իր տենդին, զգուշօրէն վեր ելաւ, եւ այն պահուն, որ զանգակատան խորշը պիտի մտնար, աղաղակ մը թռաւ կոկորդէն: Ագռաւ մը սեւ, քստմնելի, որ թառած էր աշտարակիկին ներքին կողմնակի յեցակներէն մէկուն վրայ, սապատողին մօտենալը տեսածին պէս, արագաթռիչ հեռացած էր՝ թեւերու չոր բախմամբ:

Սապատողը, արձանացած, յիշոց մը արձակեց:

Մարդերէն յետոյ, ահա ագռաւ մը կուգար կատակել մեր հէք սապատողին հետ: Եւ ի՜նչ կատակ: Չարաճճի բնազդով մը թռչունը իր կտուցով քաշած էր զանգակին լարը, ու զանգակը ձայնած էր: Խուլ կատաղութեամբ լցուած, Միխալաքի սպասեց հոն ժամերով, մութնալէն շատ ետքը, ագռաւին վերադարձին սպասեց՝ վրէժ լուծելու համար: Բայց անիկայ չեկաւ:

Հետեւեալ օրը, թաղին մէջ, ուր իմացուած էր անակնկալ ղօղանջը, հետը ինկան սապատողին:

-Միխա՛լ, խենդեցա՞ր, ի՞նչ եղար… ա՛լ խելքիդ փչած ատենը զանգա՞կ կ՚զարնես կոր… կ՚վայլէ՞ քեզի…

Խեղճ տղան խպնելով ըսելու, թէ ագռաւ մը խաղ խաղացած էր իրեն, ձայն չհանեց: Բայց թռչունին դէմ ոխը սաստկացաւ: Եւ միտքը դրաւ ագռաւ մը տեսածին պէս վրէժ լուծել: Բայց աղէտալի կատակը վերջացած չէր, յաջորդ իրիկունը, ագռաւը վերադարձաւ, եւ մեծ հաճոյք զգաց զանգակին լարը քաշելով, այս անգամ աւելի սաստիկ: Սապատողը այնքա՛ն շուտ վազեց, որ երկու-երեք անգամ գետին գլորեցաւ…:

Հետեւեալ օրը ըսին իրեն.

-Միխա՛լ, ամօթ չէ՞ քեզի, որ զանգակներուն հետ կը խաղաս:

Մինչեւ իսկ եկեղեցիին քահանային ականջը հասաւ գործը. մարդը կանչեց սապատողը եւ խստիւ պատուիրեց, որ լրջութեամբ կատարէ իր զանգակահարութեան պաշտօնը: Տղան դեղնեցաւ, կակազեց, բայց երեւան չհանեց գաղտնիքը: Փոթորիկ մը կը դառնար իր մէջ: Միւս օրը, եկեղեցիին բակը նստած, շարունակ երկինքը դիտեց, անցնող դարձող թռչունները լրտեսելով եւ անիծելով զանոնք: Այն իրիկունը ագռաւին գալստեանը սպասեց աշտարակիկին մէջ. իր ափ մը մարմինը պլոր-ւած կ՚կծկուէր զանգակատան մէկ անկիւնը, գրեթէ աննշմարելի դառնալով: Բան մը չի կար կարծես հոն:

Մթնշաղին, ագռաւը եկաւ անկասկած, մտաւ աշտարակիկին տակ ու թառելով իր սովորական յեցակին վրայ, կտուցը երկնցուց լարին, բայց վիզը դեռ անոր չհասած, ձեռք մը եկաւ ակնթարթի մէջ բռնեց զայն ու գալարեց:

Խղդուկ կռինչ մը եւ ուրախութեան խենդ աղաղակ մը լսուեցան:

Ու խաւարին անծայրածիր վերարկուն ծածկեց ամէն բան:

* * *

Առտուն, երբոր եկեղեցիին ժամկոչը բակը կ՚աւլէր, դիպուածով վեր նայեցաւ եւ զարմանքէն ապշած մնաց: Միխալաքին զանգակատան գերաններէն մէկուն վրայ նստած, ոտքերը վար, ձեռքը գտնուած թռչունի մը փետուրները կ՚փետտէր ծանր-ծանր, տեսակ մը գուրգուրանքով, շուրթերուն վրայ յիմար ժպիտ մը:

Վար առին զինքը ատկից բաւական դժուարութեամբ, վասնզի ա՛լ չէր ուզեր իր զանգակներէն բաժնուիլ: Ու տեսան, որ խենդեցեր է:

Ոչ ոք բան մը կռահեց. թող տուին զինքը: Ու առաւ քալեց:

Այն օրէն ի վեր փողոցները կը պտըտի, կուզը աւելի շեշտուած, աւելի նիհար, մարմնին խեղութիւնը օր օրի աւելի սաստկանալով: Ու երբոր հրաւիրեն զինքը, որ բան մը երգէ, կը կենայ, ձեռքը կը սկսի տատանել ու միանգամայն իր նեղ, վտիտ կոկորդէն ճիչեր, գանչիւններ կ՚ելնեն, որք տարօրինակ կերպով կ՚նմանին իր երբեմնի զանգակներուն ղօղանջներուն:

-Զը՛նկ, զը՛նկ, զը՛նկ… տը՛նկ, տը՛նկ, տը՛նկ…

«Բիւզանդիոն», 1899 թ.

*

1899 թուականին, Պոլսոյ «Բիւզանդիոն» օրաթերթին մէջ շարունակաբար լոյս տեսած է Երուխանի՝ Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի «Զանգակահարը» նորավէպը: Արեւմտահայ նորավէպի ժանրը, գիրքերով հրատարակուելէ զատ, ծաղկում ապրած է նաեւ օրաթերթերու մէջ, եւ բազմաթիւ արեւմտահայ նորավիպագիրներ, իրենց նորավէպերը նախ օրաթերթերուն տուած են, ապա, յետագային անոնք լոյս տեսած են առանձին գիրքերով: Այդպէս եղած է նաեւ Երուխանի պարագային, սակայն անոր նորավէպերէն շատեր տակաւին ցրուած կը մնան արեւմտահայ մամուլի էջերուն մէջ: «Զանգակահարը» դիմանկար նորավէպը գրողին այդպիսի գործերէն է: «Բիւզանդիոն»ի միայն երկու թիւի մէջ լոյս տեսած այս պատմութիւնը կը դասուի դիմանկար-նորավէպերու ժանրէն: Երուխան իր այս պատմութեան մէջ կը նկարագրէ մտաւոր եւ ֆիզիքական արատներ ունեցող մարդու մը հոգեբանութիւնը: Հերոսը եկեղեցւոյ կորաքամակ, սապատաւոր Միխալաքին է, որուն հոգեկան անհաւասարակշռութեան կը հասցնեն զանգակատան անտեղի ղօղանջները եւ որոնց «հեղինակ»ը ագռաւն է:

Մարդիկ, լսելով այդ թոյլ զանգերը, կը կարծեն, թէ զանգակահարը խենդացած է, եւ այս «կատակը» կը վերջանայ ողբերգութեամբ: Հերթական անտեղի այս ղօղանջէն առաջ Միխալը կը բռնէ խեղճ ագռաւը եւ ինք, արդէն խելագարուած, փետրահան կ՚ընէ թռչունը:

Հրաշալի հայերէնով գրուած այս պատմուածքը այսօր ալ կ՚ընթերցուի մեծ հետաքրքրութեամբ: Պատմուածքը թուայնացուցած ենք «Բիւզանդիոն»էն եւ կը հրատարակենք Երուխանի յիշատակին, որ մէկն էր եղեռնազոհ այն տասնեակ հայ գրողներէն, որուն աւանդը մեծ է արեւմտահայ գրականութեան եւ մամուլին մէջ: Այս պատմուածքը Երուխան գրած է Պուլղարիա եղած ժամանակ եւ «Բիւզանդիոն»ի մէջ հրատարակած է «Աշուղ» ծածկանունով: Երուխան ունեցած է նաեւ «Գաղթական» եւ Ե. «Գաղթական» ծածկանունները եւ այս վերջին երկու ծածկանուններով «Բիւզանդիոն» թերթին մէջ յօդուածներ տպագրած է հայ գաղթականներու կեանքէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2019