ԱՆԱՐԴԱՐ Է…

Գեղեցիկ ու շքեղ հագուած կին մը մօտեցաւ գետնանցումի սանդուխներուն տակ նստած՝ հաւկիթ ծախող ծերունիի մը ու հարցուց.

-Հաւկիթները ի՞նչ կ՚արժեն։

-Մէկ լիրա, տիկին,- պատասխանեց ծերունին՝ յաւելելով, որ հաւկիթները շատ թարմ են, իր սեփական հաւնոցէն հաւաքած է։

-Ինծի վեց հատ հաւկիթ պէտք է։ Եթէ հինգ լիրայով կու տաս, պիտի առնեմ։

Ծերունին տիկնոջ նայեցաւ, պահ մը ո՞վ գիտէ ինչ խորհեցաւ… այնուհետեւ լուռ՝ կեր-պընկալէ տոպրակի մը մէջ խնամքով վեց հաւկիթ տեղաւորելով երկարեց տիկնոջ.

-Տիկին, թո՛ղ ձեր կամքը ըլլայ։ Քանի ժամ է հոս եմ, ոչ մէկը մօտեցաւ։ Այսօր դուք իմ առաջին յաճախորդն էք, այդ իսկ պատճառաւ չեմ համարձակիր մերժելու ձեզ։

Հպարտ կինը գոհունակութեամբ կատարեց վճարումը ու նստելով ինքնաշարժի ղեկին հեռացաւ։ Քանզի ճաշի ժամը կը մօտենար, քաղաքի կեդրոնական յարմարաւէտ ու նրբաոճ ճաշարաններրէն մէկուն մէջ ընկերուհիներուն հանդիպեցաւ։ 

Ջերմ ու տաքուկ սրահի երդիքին տակ երեք ընկերուհիներ ճաշակեցին զանազան համեղ ուտելիքներ։ Պատուիրուած ուտելիքներու առատ տեսականիէն անոնք մաս մը միայն կրցան փորձել։ Նոյնիսկ սեղանին ակամայ հայեացք մը նետած ատեն, կը թուէր, թէ ուտելիքներուն ձեռք չէ դպած։  Երբ այլեւս կշտացան, սպասեակէն հաշիւը խնդրեցին։ Քանի մը վայրկեան ետք բերին հաշիւը, որ 280 լիրա կը կազմէր։

Հաւկիթի համար խեղճ ծերունիին հետ սակարկութեան մտած շքեղ հագ-ւած տիկինը՝ ի նշան հիւրասիրութեան, ընկերուհիներէն վճարելու թոյլտուութիւն խնդրեց։ 280-ի փոխարէն, ան 300 լիրա վճարեց, քսան լիրա ձեռաձիր ձգելով սպասեակին՝ բարձրակարգ ու որակեալ սպասարկման համար…

Սիրելի ընթերցող, իմ համեստ կարծիքով՝ այս ազդու ու տպաւորիչ դէպքէն քաղելու եւ սորվելու շատ բան ունինք։ Վստահ եմ, թէ շատեր կարդալով այս տողերը, այդ տիկինը խիստ քննադատութեան կ՚արժանացնեն, սակայն՝ պահ մը կեցէ՛ք. չէ՞ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը տիկնոջ պէս յաճախ անփոյթ կը գտնուի իր շրջապատին նկատմամբ մոռնալով, որ կեանքը սանդուխի կը նմանի, մէկը կ՚իջնէ, միւսը՝ կը բարձրանայ… Ո՛չ մէկ բան մնայուն է մեր ապրած երկրային կեանքին մէջ։ Ակամայ միտքս եկաւ «Մեր մանկութեան տանկոն» նշանաւոր հայկական՝ շատ սիրելի շարժանկարէն, դերասանուհի Կալեա Նովենցի թեւաւոր դարձած հետեւեալ խօսքերը՝ «Կեղնի մէ օր, որ երկնքից տեսնիմ, թէ էս աշխարհը ընչի է էսպէս ծուռ...»։

Իրականութեան մէջ աշխարհի բոլոր դրամներն ու ուտելիքները բաւարար են համայն մարդկութիւնը յագեցնելու, կարիքները հոգալու համար։ Այսօր՝ աշխարհի մէջ քանի մը տասնեակ միլիոն անօթի, ծարաւ, ցնցոտիներով մարդ կայ եւ ամէ՛ն օր հազարաւոր թոն սնունդ աղբաման կը թափուի։ Օրական թափուող սնունդը միլիոնաւոր անօթի մարդոց թիւին կրկնապատիկը, եռապատիկն է։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ վերոնշեալ օրինակի համաձայն՝ մենք նախ կը խորհինք ո՛չ թէ մեր փորը կշտացնելու մասին, այլեւ՝ աչքը։ Իսկ մարդու աչքը հազուադէպ կրնայ կշտանալ, ի զուր չէ որ կ՚ըսենք. ծակաչք մարդ։ 

Բաց աստի, յաճախ կարեւորը անտեսելով, չնկատելով, անկարեւորը կ՚արժեւորենք։ Զոր օրինակ, սրճարաններու, ճաշարաններու մէջ մենք գրեթէ միշտ պատրաստ ենք ձեռաձիր թողնել անոր կարիքը շատ չզգացող սպասեակներուն, սակայն գետնանցումներու տակ, մայթերու եզրին եւ կամ այլ տեղ մը սեփական ճակտի քրտինքով իր օրուան ապրուստը հայթայթող ծերունիին, գիւղացիին հետ առանց ամօթի զգացումի՝ սակարկութեան մէջ կը մտնենք։ 

Միթէ սա արդա՞ր է մարդի՛կ…

Այս պատմութեան հակառակ երեսակը նոյնպէս գոյութիւն ունի, կ՚ապրի մեր մէջ։ Եւ այսպէս՝ «Սինկափուրեան հրաշքի պատմութիւնը» շուրջ 1300 էջնոց գիրքին մէջ Սինկափուրի վարչապետ Լի Քուան Եու կը պատմէ. «Իմ հայրը կարիքաւոր մարդոցմէ բարձր գիներով կը գնէր մանր մունր ապրանքներ, որոնք նոյնիսկ իրեն պէտք չէին։  Իմ հարցին, թէ ինչո՞ւ ան այդքան դրամ կը վճարէ անպէտք իրերուն համար, հայրս պատասխանեց, որ իր արարքը բարեգործութիւն է»։ 

Իմ փափաքն է, որ  «Սինկափուրի փրկչի»՝ վարչապետ Լի Քուան Եուի հօր արարքը մարդկութեան համար ընդօրինակելի դառնայ, որպէսզի ամէն անգամ ձմրան ցուրտին թէ ամառուան տապին երբ որոշենք փողոցի անկիւնը կանգնած վաճառորդէ մը առեւտուր ընել, նախապէս մեր մտքին մէջ վերյիշենք հաւկիթ գնող բարեկեցիկ տիկինին ու Լի Քուան Եուի հօր արարքը եւ անոր համեմատ քայլեր ձեռնարկենք… 

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019