ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՕՐՈՒԱՅ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

«Աստուած վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը, եւ եօթներորդ օրը դադրեցաւ եւ հանգստացաւ» (ԵԼԻՑ. ԼԱ 17)։ Աստուած «հանգստացաւ» կամ «դադրեցաւ» գործելէ, որովհետեւ երկրիս ստեղծագործութեան նկատմամբ ունեցած Իր մտադրութիւնը «կատարած» էր։ Յաջողութեան այդ գագաթնակէտին՝ Ան աչքէ անցուց Իր «աւարտած» գործը, եւ «Աստուած իր ամէն ըրածը տեսաւ, եւ ահա շատ բարի էր» (ԾՆՆԴ. Ա 31)։ Ուրեմն, Աստուած կրնար ատոր համար «հանգստացած» զգալ, այսինքն՝ Ան կրնար վայելել Իր կամքը ի գործ դրած ըլլալուն բերկրալի հաճոյքը։ Իր փափաքած չափովը Իր գործը լրացուցած ըլլալով՝ Ան միմիայն երկրիս նկատմամբ «դադ-րած» ըլլալու էր «ստեղծում»ի գործէն։

Ո՛չ տրամաբանական եւ ոչ ալ Ս. Գրոց համաձայն է խորհիլ, թէ տիեզերքի բոլոր մասերուն մէջ ալ ստեղծագործութեան գործողութիւնները կանգ առնել տուաւ Ան։ Արդարեւ, Աստուած «Արարիչ» է, բայց նաեւ «Նախախնամ», ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ստեղծագործութիւնը որքան ալ վերջացած նկատուի, ան կը շարունակուի միշտ բարեփոխուելով՝ միշտ դէպի աւելի բարին, աւելի կատարեալը։ Ուստի, հարց է թէ՝ Արարիչը եօթներորդ օրը ի՞նչ տեսակէտով Իր բոլոր «գործ»երէն դադրեցաւ, եւ այդ օրը որքա՞ն երկար է, եւ մանաւանդ, վերջացա՞ծ է թէ ո՛չ դեռ։ Եւ քանի որ Աստուած միայն «Արարիչ» չէ, այլ նաեւ՝ «Նախախնամ», ուրեմն պէտք է տակաւին շարունակէ եւ գործէ այդ «Օր»ը։

«Եւ կատարուեցան երկինք եւ երկիր եւ անոնց բոլոր զարդերը (կամ՝ զօրութիւնները)… Եւ օրհնեց Աստուած եօթներորդ օրը, եւ սրբեց զանիկա, որովհետեւ անոր մէջ հանգստացաւ իր ամէն գործերէն՝ որոնք Աստուած ստեղծեց եւ ըրաւ» (ԾՆՆԴ. Բ 1-3)։

Արդարեւ, պէտք չէ՛ այնպէս հասկնանք, թէ «24 ժամուան» օր մըն էր այդ «եօթներորդ օր»ը, ինչպէս նախորդ օրերը, երբ Աստուած մեր երկրագունդին նկատմամբ գործելէ «դադրեցաւ»։

Այդ «եօթներորդ օր»ը կապուած է նախընթաց վեց օրերուն հետ, եւ բոլոր ապացոյցներէն այնպէս կը տեսնուի թէ՝ այդ նախընթաց վեց օրերուն ամէն մէկը 24 ժամէն շատ աւելի երկար էր՝ իւրաքանչիւրը «շրջան» մը։ Ստուգիւ, անոնք թերեւս աւելի քան հազարաւոր տարիներու, դարերու երկարութիւն ունեցող մեծ ժամանակաշրջաններ էին։ Չափելով «եօթներորդ օր»ուան հետ՝ երբ Աստուած գործելէ «դադրած» ըլլալով հանգստացաւ, կը տեսնենք, որ այդ օրերուն իւրաքանչիւրը 7.000 տարուան երկարութիւն ունէր։ Մարդը վեցերորդ «օր»ուան վերջաւորութեան ժամանակները ստեղծուած ըլլալով՝ ան երկրագունդիս վրայ դրուեցաւ անոր պատրաստութեան 42.000 տարուայ շրջանին լրացած ատենները։

Եւ հետեւաբար, ժամանակի ընթացքին, եօթը «օր»երու մեծ շրջանը 49.000 տարիի համագումարի մը պիտի հասնի։

Ս. Գրոց ժամանակացուցակը լրանալու համար դեռ հազար տարիէն քիչ մը աւելի կայ ուրեմն։

«Հանգստացաւ» բառը եբրայեցերէն ո՞ր բառէն թարգմանուած է, եւ ի՞նչ դժուարութիւններ կը ծագին, երբ յայտարարուի, թէ «Եօթներորդ օր»ը 24 ժամուան երկարութիւն ունի։ Արդարեւ, ԾՆՆԴ. Բ 1-3-ի «հանգստացաւ» բառը՝ եբրայեցերէն «շապաթհ» բառէն թարգմանուած է, որմէ եկած են անգլերէն «սէպպըթհ» եւ հայերէն «շաբաթ» բառերը։ Կարգ մը հոգեւորականներ այնպէս կը բացատրեն եւ կը պատճառաբանեն թէ՝ այդ ժամանակ, մարդուն գոյութեան սկզբնաւորութենէն իսկ, Աստուած «շաբաթ օրուան օրէնք»ը բերաւ դրաւ Իր մարդկային արարածներուն վրայ, եւ իբր փաստ մէջ կը բերեն ԾՆՆԴՈՑ Բ 1-3 համարները։

«Շապաթհ»ը՝ ստեղծագործութեան նախընթաց վեց օրերուն իւրաքանչիւրին հաւասար երկարութեամբ «եօթներորդ օր»ն էր եւ է՛ տակաւին։

Սուրբ Գիրքը որոշ կերպով ցոյց կու տայ թէ՝ Աստուած, եօթներորդ օրը չէ սահմանափակած 24 ժամով, թէ՝ Աստուծոյ եօթներորդ օրը արեւուն մէկ մայրամուտէն մինչեւ միւս մայրամուտը տեւող օրէն աւելի՛ երկար էր, ճիշդ ինչպէս որ «օր»ը 24 ժամուան շրջան մը չէր կրնար ըլլալ երբ ԾՆՆԴՈՑ Բ 4-ը կ՚ըսէր. «Ասոնք են երկնից ու երկրի ծնունդները՝ անոնց ստեղծուած ատենը, այն -Օր-ը որ Տէր Աստուած երկիրն ու երկինքը ըրաւ»։ Ուրեմն, ըստ Ս. Գրոց՝ «Եօթներորդ Օր»ը Արարիչ Աստուծոյ համար դեռ կը շարուանակուի։ Արդէն աղօթքներն ալ իմաստ կը ստանան այն իրողութենէն՝ թէ ստեղծագործութիւնը կը շարունակուի եւ կարելի է տակաւին բարեփոխել կարգ մը բաներ եւ փոխել նաեւ Աստուծոյ կամքը։ Եւ քանի որ ամբողջ արարչագործութիւնը աստուածային ստեղծագործութեան «ծրագիր» մըն է, ապա ուրեմն այդ ծրագրին վրայ, Աստուած Ի՛նք կրնայ բարեփոխութիւններ կատարել։

Պիտի ըսուի, որ Աստուծոյ կամքը վճռական է, քանի որ ան միշտ բարի է եւ կատարեալ։

Բայց նաեւ Աստուած «խորհող Անձ» մըն է, եւ ուրեմն, խորհիլ կը նշանակէ միշտ աւելի լաւը, աւելի օգտակարը, աւելի յարմարը փնտռել, եւ այս իսկ պատճառով, Աստուած ալ կրնայ բարեփոխութիւններ կատարել Իր «ծրագրին» նկատմամբ։ Եւ ուրեմն ասիկա պէտք է նկատել որպէս «ծրագիր», որ կրնայ բարեփոխման ենթարկուիլ, եւ ո՛չ թէ «ճակատագիր», որ երբեք չի փոխուիր։ Ուստի աղօթքով կարելի է փոխել շատ մը բաներ, բա՛ւ է որ աղօթքը կատարուի կատարեալ հաւատով եւ աներկբայ վստահութեա՛մբ։ Անշուշտ աղօթքը պատասխան կը գտնէ երբ աղօթքով ուզուածը կը համապատասխանէ Աստուծոյ կամքին։ Արդարեւ մարդկային հոգեւոր կեանքեր՝ անցեալին եւ ներկային վկայած են եւ կը վկայեն «հրաշք»ներու՝ որոնք կատարուած են զօրաւոր աղօթքո՛վ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 10, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2019