ՄԱՆՐԱԴԷՏԻ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԸ…

Մանրադէտը (microscope) այն գործիքն է, որ բազմապատիկ անգամ աւելի մեծ ցոյց կու տայ այն իրերը՝ որոնք մարդկային պարզ աչքով անտեսանելի են եւ աննկատելի։ Այս գործիքը թէեւ անտեսանելի իրերը տեսանելի կ՚ընէ մարդուս, բայց կարելի է խորհիլ, թէ արդեօք կարելի՞ է գտնել մանրադէտ մը՝ որ կարենայ աւելի յստակ ցոյց տայ ո՛չ թէ նիւթական իրերը միայն, բայց նաեւ՝ անըմբռնելի, անմեկնելի մարդկային արտայայտութիւնները, անհասկնալի եւ թիւրիմացութեան պատճառ դարձող մարդկային յարաբերութիւնները։

Այսպէս կը մտածենք, քանի որ ընդհանրապէս մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ, արտայայտութիւններու նկատմամբ կը պակսի անկեղծութի՛ւնը։ Մարդիկ, ինչպէս կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, շատ անգամ «դիմակաւոր» կը վարուին իրարու հանդէպ՝ արտաքին կեղծ երեւոյթով, առաքինութեան դիմակին ներքեւ իրենց դիտաւորութիւնը ծածկելով։ Ուստի մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ աւելի շատ կը տիրէ կեղծիքը՝ փոխանակ անկեղծութեան։ Եւ ո՜վ կրնայ ուրանալ, որ իր կեանքի ընթացքին չէ հանդիպած նման կեղծիքներու եւ բարոյապէս վիրաւորուած եւ վնասուած է այդ «կեղծ» արտայայտութիւններուն պատճառով։ Պէտք է յիշել, քանի որ մոռնալ կարելի չէ՛…։

Բայց եթէ կարելի ըլլար ունենալ «մանրադիտակ» մը՝ որ ցոյց տար ծածուկը, աւելի մեծ եւ յստակ տեսնելով իր խօսակիցին դիտաւորութիւնները, եւ առիթ ընծայէր որ սուտը իրաւէն, կեղծիքը ճշմարիտէն զանազանուէր, վստահ ենք, որ մարդկութիւնը շատ աւելի երջանիկ կեանք մը պիտի ապրէր՝ ուր տեղ պիտի չունենային անհամաձայնութիւններ, հակառակութիւններ եւ խաբէութիւններ։ Եւ չենք սխալիր կարծեմ երբ խորհինք, թէ մարդկային անհամաձայնութիւններու գլխաւոր պատճառը իրարու հետ անկեղծ չվարուիլն է, միշտ ծածուկ բան մը ունենալ իրարու հանդէպ եւ չհասկնալ զիրար։ Եւ ինչպէ՞ս իրար հասկնալ երբ մարդիկ իրարու հանդէպ անկեղծ չեն վար-ւիր եւ մի՛շտ ունին «ծածուկ բան» մը։

Կատարեալ «մա՛րդ» է այն՝ որուն խորհուրդները, խօսքերը եւ գործերը իրարու համաձայն են եւ զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Իսկ այն մարդը որ տարբեր կը խորհի եւ տարբեր կը խօսի, տարբեր կը խօսի եւ տարբեր կը շարժի, տարբեր կը գործէ՝ անվստահելի՛ մարդ մըն է եւ միշտ հարց կը ստեղծէ իր փոխյարաբերութիւններուն մէջ։

Երանի՜ անոնց՝ որ ունեցած են եւ ունին անկեղծ բարեկամներ, որոնք իրենց հետ խօսած են միշտ այնպէս՝ ինչպէս որ կը խորհին եւ իրենց խորհուրդի եւ խօսքի համաձայնութիւնը վերածած են գործի։

Բոլոր այս խորհրդածութիւնները սկսանք ընել, երբ կը կարդայինք մեր ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերի «Մանրադէտերու տեսադաշտերով» քրոնիկը։ Հեղինակը «մանրադէտ»ը կը դիտէ տարբեր տեսանկիւնէ մը՝ տարբեր մանրադիտակի մը միջոցով։

Ուստի «Մանրադէտերու տեսադաշտերով»էն հատուածներ կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն, որոնք վստահ ենք, որ պիտի փորձեն անգամ մըն ալ «մանրադէտ»ով դիտել մարդկային յարաբերութիւնները՝ կեանքը եւ աշխա՛րհը։

ՄԱՆՐԱԴԷՏԵՐՈՒ ՏԵՍԱԴԱՇՏԵՐՈՎ

«Ամերիկայի Շիքակօ քաղաքին մէջ աշխատանք կը տարուէր կատարելագործելու համար մանրադէտ մը, որ պիտի կարենար հարիւրյիսուն միլիոն անգամ ա՛ւելի մեծ ցոյց տալ՝ պարզ աչքերու անտեսանելի ու աննկատելի իրերը։

«Քաղաքի համալսարանի դասախօսներէն մին՝ Ալպէրթ Քրուվ զուգակշռով մը կ՚ուզէր պարզել այս զարմանահրաշ տեսաբանական գործիքի տարողութիւնն ու ոյժը։ Կը յայտնէր, թէ անիկա կարող է փոքրիկ գնդակ մը ցոյց տալ լուսնի իսկական մեծութեան չափով։

«Կը պնդէր նաեւ, թէ նոր մանրացոյցը հինգ անգամ ա՛ւելի կարողագոյն եւ գերակշիռ կոչուած ըլլալ՝ բաղդատմամբ այն ելեքտրոնիկ մանրադիտակներուն, որոնք կը գործածուին ներկայիս գիտական հետազօտութիւններու համար։ Պիտի ունենար երեք հազար քիլօկրամ ծանրութիւն, օժտուած՝ հաշ-ւիչ կազմածներով։ Այնինչ, որ ա՛մենէն աւելի ուշագրաւն է, այս մանրացոյցը պիտի կարենար առանձին առանձին հետազօտել մարմիններու հիւլէներն ու անոնց կորիզները, մանրամասնիկները, ընձեռելով մանրալուսանկարներ՝ գիտական քննախուզութեան համար։

«Յայտնի է, թէ -տիեզերք-ի, այսինքն՝ մեծ աշխարհի մէջ, ո՛ւրիշ աշխարհ մը կայ պարփակուած։ Փոքր աշխարհ, մանրաշխարհ կը կոչուի ան, սովորական հայեացքի առաջ, աննշմարելի իրերու եւ մարմիններու աշխարհը, ուր այնքա՜ն խորհուրդներ կան թաքուն։

«Այդ հսկայ մանրադէտերու տեսողութեան դաշտին մէջ, հետզհետէ պիտի յայտնուին մանրաշխարհի գոյութիւնները եւ իրենց յօրինուածքներով, կազմախօսական առանձնայատկութիւններով եւ տարօինապէ՛ս կենսունակ շարժունակութեամբ՝ անակնկալի պիտի բերեն զմեզ եւ պիտի բանան -մանրեզերք- մը, որ -տիեզերք-ի չափ լայնածի՛ր է ու զարմանակերտ։

«Ճշդուեր է, թէ ամենէն հզօր զէնքը՝ ամենափոքր կենդանիին կամ փոքրագոյն մարմնի մը, յօրինուածքի մը զէնքն է։ Մանրադէտով հազիւ տեսանելի կարգ մը գործարանաւոր մարմիններ, մանրագոյն թունաւոր նետերով կը յարձակին իրենց նման մանրիկ, այլ ուժեղ գոյութիւններու դէմ։ Շատ վտանգաւոր կ՚ըլլան, անո՛ր համար որ իրե՛նք ալ, նետերն ալ չե՛ն երեւիր։ Մանրէներն ալ կը ներկայանան, իրարու հանդէպ նմա՛ն հակամարտ էութիւններով։ Անոնք միաբջիջ մանրամարմիններ են, միոյն բազմացումը, միւսին չքացումը իրեն հետ կը բերէ։

«Միաբջիջին եւ բազմաբջիջին միջեւ ալ պայքար մը գոյութիւն ունի։ Մանրէները ծնունդ կու տան վարակիչ ախտերու։ Նոր մանրադէտերը մանրէաբանական գիտութեան ա՛ւելի մեծ նպաստ պիտի ընծայեն եւ հակամանրէական պայքարի յաջողագոյն երքերուն պիտի սատարեն։

«Մենք ալ ունինք մանրաշխարհ մը մեր մէջ։ .-Բարոյական ախտերու բժիշկ եմ, կ՚ըսէր Երուանդ Օտեան։ Նա կ՚ակնարկէր, թէ ախտեր, ապառողջ վիճակներ կը յայտնուին այնտեղ։ Ցանկալի է որ յատուկ մանրադիտակներ ալ ըլլային, ա՛յդ աշխարհին մէջ մանրիկ ու ժխտական գործօնները յայտնաբերելու, կեղծիքի, սուտի, նախանձի եւ ատելութեան մանր-մունր -մանրէ-ները ցուցանշելու համար, որպէսզի անոնց դէմ հակազդակներ պատրաստուէին, խղճմտանքի ու գիտակցութեան ջինջ աղբերակներէն»։

***

Արդեօք պիտի գա՞յ օր մը՝ որ մարդկային միտքը յօրինէ «մանրադիտակ» մը՝ որ տեսանելի դարձնէ արտաքին մարդուն ներսը՝ «ներքին մարդ»ը, որ մի՛շտ ծածուկ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 1, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 4, 2019