ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
WHEN A MAN LOVES A WOMEN («ԵՐԲ ՏՂԱՄԱՐԴԸ ԿԸ ՍԻՐԷ ԿԻՆԸ») - ՓԸՐՍԻ ՍԼԷՏՃ
Գեղեցիկ, զգացականութեամբ լի այս երգը իր երկրորդ ծնունդը առաւ 90-ականներուն, երբ Մայքըլ Պոլթոն վերաերգեց զայն։ Անիկա ամբողջութեամբ լեցուած է քնքշութեամբ եւ սիրով։ Ամէն տողի մէջ կը լսուի տղամարդու սրտի զարկը, երբ կը տեսնէ իր սիրելի էակը, յանուն որուն պատրաստ է փոխել երկրագունդի ուղեծիրն անգամ։
Երգի ստեղծման մասին Փըրսի Սլէտճ շատ հետաքրքրական եւ վիպապաշտական նախապատմութիւն մը կը պատմէ։
Սլէտճ կ՚երգէր The Esquires Combo խումբէն, իսկ ցերեկները կ՚աշխատէր Ալապամայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ իբրեւ բոյժ-եղբայր։ Իր հարսնցուն իրմէ կը հեռանայ, որպէսզի դառնայ բնորդուհի։ «Ես այնքան խեղճ կ՚ապրէի, որ նոյնիսկ գումար չունէի անոր ետեւէն երթալու։ Այդ երեկոյ մեր խումբը պարի մէջ ելոյթ ունէր։ Տրամադրութիւնս ու հոգեվիճակս այնքան վատ էին, որ չէի կրնար կեդրոնանալ մեր երգացանկի վրայ։ Ես նուագակից ընկերներէս խնդրեցի պարզապէս թեթեւ պլուզ նուագեն եւ սկսայ երգել այն ինչ, որ կուտակուած էր մէջս։ Երգի մեղեդին երկար ժամանակէ ի վեր մտքիս մէջ կը դառնար, բայց անիկա անաւարտ էր եւ անով լրջօրէն չէի զբաղած։ Այդ պահուն այն ինչ որ կ՚երգէի, կատարեալ յանպատրաստից էր։ Բառերը կը յորդէին։ Այդ օրը խմածս երկու գաւաթ «Ճէք Տենիելս»ը զիս վերածած էր փետուրի թեթեւութեամբ պերճախօս անձի։ Այդպէս ստեղծուեցաւ երգը։ Անիկա ամբողջութեամբ կ՚արտայայտէ այնպէս, ինչ որ կ՚ապրէի ես այդ պահուն», կը յիշէ Սլէտճ ։
Անոր խմբակիցները, սակայն, այլ կերպով կը յիշեն պատմութիւնը։ Քելուին Լիւիսն ու Էնտրիւ Ռայթ կը պնդեն, որ այդ երեկոյ անոնք կը պատրաստուէին յառաջիկային կայանալիք խրախճանքի մը եւ երգացանկը ի մի կը բերէին, երբ երգը գրուեցաւ խմբային համատեղ աշխատանքի արդիւնքով։ Եւ հակառակ Սլէտճի այն պնդման, որ ինք կատարած է երգի ստեղծման աշխատանքներուն մեծ մասը, երգի հեղինակային իրաւունքները գրանցուեցան Լիւիսի եւ Ռայթի անունով։ «Անիկա մեծագոյն սխալ էր, որ այդ ժամանակ ես թոյլ տուի միամտութեանս պատճառով։ Եւ հիմա, տարիներ անց, կը կարծեմ, որ եթէ Աստուած ուզեց, որ այդպէս ըլլայ, ուրեմն ճիշդ այդպէս ալ պէտք է ըլլար ու չեմ զղջար այդ որոշմանս համար», կը պատմէ Սլէտճ։
Երգի ստեղծման ճակատագրական օրը պարի մէջ իրենց ելոյթը կը լսէ արտադրող Քուին Այուին եւ կ՚առաջարկէ ձայնագրել։ 1966 թուականին ձայնագրուեցաւ երգը եւ գրաւեց Աթլանթիկ Ռեգորտսի տնօրէն Ճերրի Ուեքսլըրի ուշադրութիւնը, որ առաջարկեց թողարկել զայն։ Օրեր անց երգը կը գրաւէ Պիլպորտ թէժ 100-ի առաջնակարգ դիրքերը։ Անիկա ունի բազմաթիւ վերաերգուած տարբերակներ, որոնցմէ ամենայայտնին եղաւ Մայքլ Պոլթընի կատարումը, որ երկրորդ անգամ վերակենդանացուց երգը եւ կրկին բարձրացուց ամերիկեան եւ բրիտանական հիթ-շքերթներու առաջին դիրքեր։
Երգի մասին մի քանի հետաքրքրական փաստ կայ.
Անիկա հարսանեկան երգերու ցանկին մէջ ամենայաճախ կատարուող երգն է։ Փըրսի ինքն ալ անձամբ բազմաթիւ անգամ երգը երգած է իր ընկերներու հարսանիքներուն։
Երգը ամերիկացի զինուորներու սիրելի երգն էր վիեթնամական պատերազմի ժամանակ։
1987 թուականին անիկա դարձաւ «Դասակ» շարժապատկերի երաժշտութիւնը (soundtrack):
«․․․ երբ տղամարդը կը սիրէ կինը, այլեւս աշխարհի մէջ որեւէ բան զինք չի յուզեր։ Ան պատրաստ է ողջ աշխարհը զոհաբերելու յանուն իր սիրելիի երջանկութեան․․․»։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ