ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻ
ԳԼՈՒԽ Ա.
Յառաջ բերուած խօսքի մասին
Երրորդ հարցում.- Ինչպէ՞ս խօսք կ՚ըսուի, ըստ յառաջ բերուած խօսքին:
Պատասխան.- Եւ կ՚ըսեմ, նոյնպէս տասը կերպով. նախ՝ որովհետեւ նոյնն է բնական խօսքը եւ յառաջ բերելը, ասոր նման նոյնն է Բանն՝ անմարմին ծնած եւ մարմինով երեւցած: Երկրորդ՝ խօսքը անշփոթ կերպով ձայնին միացած է, նոյնպէս Բանը անշփոթ կերպով մարմինին միացած է: Երրորդ՝ որովհետեւ մեր խօսքերը ըսողներու եւ լսողներու միտքերէն անբաժանելի են, այդպէս ալ Բանն Աստուածը անբաժանելի է Հօրմէն եւ իւրաքանչիւր սիրտէ: Չորրորդ՝ որովհետեւ խօսքը ըսողին եւ լսողներուն միտքերուն մէջ է, եւ ամբողջ Բանը Աստուած էր՝ Հօր հետ, եւ ամբողջը՝ Կոյսի արգանդին մէջ, եւ ամբողջ մարմինին միացած: Հինգերորդ՝ խօսքը միտքին պատմողն է, այդպէս ալ Որդիով Հայրը ճանչցանք, որովհետեւ Ան մեր խորհուրդին Հրեշտակն է (Ես. 9.6): Վեցերորդ՝ խօսքը միտքին նկարագիրն ու պատկերն է, այդպէս ալ Բանն Աստուածը Հօր էութեան պատկերն ու նկարագիրն է. «Ով որ զԻս տեսաւ՝ Հայրը տեսած եղաւ» (Յհ. 14.9): Եօթներորդ՝ ինչպէս որ խօսքը ըստ իմաստասէրներուն սահմանում է, ենթակայ եղող իրին՝ յայտնիչին, այդպէս ալ Որդին Հօր սահմանումն է՝ դնելով եւ վերցնելով: Ութերորդ՝ ինչպէս միտքը խօսքը գիտէ եւ խօսքը՝ միտքը, այդպէս ալ Հայրը գիտէ Որդին եւ Որդին՝ Հայրը: Իններորդ՝ Քրիստոս Բան կը կոչուի, որովհետեւ նախեւառաջ մեզի խօսք եւ իմաստութիւն տուաւ, իսկ երկրորդը՝ Իր գալստեամբ: Տասներորդ՝ Բան կը կոչուի, որովհետեւ մեր խօսքը երեք մաս ունի, այսինքն՝ ըսողին միտքը, լսողներուն սիրտը եւ թուղթերուն վրայ գրուածները, այդպէս ալ Բանն Աստուածը Հօր մօտ է, հաւատացեալներուն սիրտերուն մէջ եւ անբաժանելի կեպով մարմինին միացած է:
Որովհետեւ օդի մասին ըսաւ՝ Բանն
Հարցում.- Ինչո՞ւ չըսաւ Բան, այլ՝ Բանն:
Պատասխան.- Տառին յաւելուածը ամէն տեղ կը նշանակէ եւ առանձնութեան ցուցանակ է: Տասը կերպով Աստուծոյ բանայ կը յատկանայ մարդու խօսքէն. նախ՝ որովհետեւ Աստուծոյ Բանը մէ՛կ է, իսկ մարդուն խօսքը՝ յաճախ: Երկրորդ՝ որովհետեւ Աստուծոյ Բանը անսահման է, իսկ մարդուն խօսքը՝ սահմանուած: Երրորդ՝ Աստուծոյ Բանը անձնաւոր է, իսկ մարդուն խօսքը՝ անանձն: Չորրորդ՝ Աստուծոյ Բանը գոյացութիւն է, իսկ մարդուն խօսքը՝ անգոյ եւ օդին մէջ ցնդող: Հինգերորդ՝ Աստուծոյ Բանը միշտ է, իսկ մարդուն խօսքը՝ երբեմն: Վեցերորդ՝ Աստուծոյ Բանը անփոփոխ է, իսկ մարդուն խօսքը՝ կասեցող եւ փոփոխուող: Եօթներորդ՝ Աստուծոյ Բանը ամբողջ է ու կատարեալ, իսկ մարդուն խօսքը՝ մասնատուած եւ անկատար: Ութերորդ՝ Աստուծոյ Բանը չմոռցուող է, իսկ մար-դուն խօսքը՝ մոռցուող: Իններորդ՝ Աստուծոյ Բանը ուսուցանող է, իսկ մարդուն խօսքը՝ սովորովի: Տասներորդ՝ Աստուծոյ Բանը Աստուած է, իսկ մարդուն խօսքը՝ մարդ չէ:
Որովհետեւ Որդի չըսաւ
Հինգերորդ հարցում.- Ինչո՞ւ համար Որդի չ՚ըսեր, այլ՝ Բան:
Պատասխան.- Նախ՝ որովհետեւ տկար միտքերը կ՚ալեկոծէին վեց պատճառի համար, քանզի որդին ժամանակով, ախտով, կարիքներով, կցորդութեամբ, կամքով եւ բաժանումով կը ծնի: Դարեձալ, յարութենէն ետք Որդի ըսուեցաւ, երբ աշակերտներուն միտքերը երկինք բարձրացուց՝ ըսելով. «Մկրտեցէ՛ք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով» (Մտ. 28.19): Իսկ ուրիշ վարդապետներ չորս պատճառի համար կ՚ըսեն. նախ՝ որովհետեւ Պղատոնի եւ յոյներուն համեմատ կը խօսի եւ անոնց կը գրէ Աւետարանը, որոնք կ՚ըսէին, թէ Աստուծոյ համար մեծ Բան մը գոյութիւն ունէր, սակայն Որդի չէին խոստովանիր: Այս բանէն մոլորուելով Արիոսը, Աստուծոյ Բանը արարած է, ըսաւ: Երկրորդ՝ որորվհետեւ Բանը Որդին աւելիով կը ցուցնէ աննիւթ եւ Հօր անապական ծնունդ: Երրորդ՝ որովհետեւ Բանը աւելիով կը ցուցնէր Որդիին Հօրմէ ըլլալը, քան՝ Որդի անունը: Չորրորդ՝ որովհետեւ առաւել կը ցուցուի խօսքէն Որդին քան Որդիէն Բանը, այդ պատճառով նախեւառաջ Բանին անունը դրին եւ ապա՝ Որդիին անունը:
Որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս չկոչեց
Վեցերորդ հարցում.- Ինչպէ՞ս Յիսուս Քրիստոս չկոչուեցաւ:
Պատասխան.- Նախ՝ որովհետեւ ասոնք միաւորութեան կոչումներ են եւ ո՛չ միայն խօսքի: Երկրորդ՝ որովհետեւ երբ մեզ մեղքերէն փրկեց, Յիսուս կոչուեցաւ, որ է՝ Փրկիչ. իսկ երբ մեզ Հոգիով օծեց, Քրիստոս կոչուեցաւ: Երրորդ՝ կ՚ըսենք, թէ հինի ժամանակ, թլփատութեան ընթացքին անունը կը դնէին, իսկ նորի ժամանակ՝ մկրտութեան, այդպէս ալ Տէրը թլփատութեան ժամանակ Յիսուս կոչուեցաւ, իսկ մկրտութեան ժամանակ Յովհաննէսը Քրիստոս կոչեց զԻնք, այդպէս ալ յարութենէն ետք՝ Աստուծոյ Որդի: Եթէ ոեւէ մէկը ըսէ, թէ մկրտութենէն ետք Օծեալ եղաւ, իսկ յարութենէն ետք՝ Աստուծոյ Որդի, այդպէս էր [այսինքն՝ այդպէս ըսաւ] նաեւ Նեստորը: Այս ուղղութեամբ կ՚ըսենք, թէ արգանդին մէջ յղացուած ժամանակ Օծեալ եղաւ, երբ Բանը միաւորեցաւ եւ օծեց մարմինը, ինչպէս հրեշտակը ըսաւ. «Ձեզի Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ. 2.11): Նմանապէս արգանդին մէջ, երբ Բանը մարմին եղաւ եւ միաւորուած մարմինը՝ Աստուած եւ Աստուծոյ Որդի, ինչպէս հրեշտակը ըսաւ. «Ծնելիք զաւակդ սուրբ է եւ Աստուծոյ Որդի» (տե՛ս Ղկ. 1.35): Իսկ Մարգարէին միջոցով կ՚ըսէ. «Տէրը ինծի ըսաւ. «Դո՛ւն Իմ Որդիս ես, Ես այսօր Քեզ ծնայ»» (Սղ. 2.7): Արդարեւ, յայտնի է, թէ Կոյսին արգանդին մէջ Փրկիչ, Օծեալ եւ Աստուծոյ Որդի է միաւորութեամբ:
Այս վեցերորդ հարցումը առաջին խօսքին համար է, որ կ՚ըսէ. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը» (Յհ. 1.1):
Արդ, Աւետարանիչը երբ Աստուծոյ Բանին յաւիտենական էութեան մասին խօսեցաւ, հիմա Բանին յատուկ անձնաւորութեան մասին կը խօսի:
Խօսք.- «Բանը Աստուծոյ հետ էր» (Յհ. 1.1):
Մեկնութիւն.- Այս խօսքը ութ բան կը նշանակէ. նախ՝ թէ մշտնջենաւոր էր: Երկրորդ՝ առանձին անձ: Երրորդ՝ հաւասար ու ո՛չ թէ մեծ կամ փոքր: Չորրորդ՝ ցոյց կու տայ, որ ո՛չ թէ մարդու կամ հրեշտակի խօսք էր, այլ՝ Աստուծոյ եւ Աստուծոյ հետ էր: Հինգերորդ՝ թէ տեղի [վայրի] մէջ չի՛ պարագրուիր, այլ՝ Աստուած է եւ Աստուծոյ հետ: Վեցերորդ՝ թէ բաժանուած չէ, այլ՝ Աստուծոյ հետ է: Եօթներորդ՝ թէ հակառակ չէ, այլ Աստուած է եւ Աստուծոյ հետ: Ութերորդ՝ թէ խառնուած չէ, այլ՝ յատուկ անձ է:
Հարցում.- Ի՞նչ է անձը:
Պատասխան.- Անձը այսպէս կը սահմանուի. «Անձը իմացական բնութեան անհաղորդելի գոյացութիւնն է», թէեւ բազմաթիւ ուրիշ սահմանումներ ալ կը տրուին անձին, սակայն ասիկա կատարելագոյնն է: Գիտելի է, որ աստուածային Բանը պատահում մը չէ, որովհետեւ պատահումի էութիւնը անկատար է, տակաւին, պատահումին ենթական ըստ ինքեան անկատար է, որովհետեւ ինչպէս որ պատահումը ենթակայով կը հաստատուի, այդպէս ալ ենթական կերպով մը պատահումով կը կատարուի: Սակայն Աստուած եւ Աստուծոյ Բանը անկատար չեն եւ ո՛չ ալ կարօտ են ուրիշի մը կատարումին, այդ պատճառով պէտք է ըսել, թէ Աստուծոյ Բանը պատահում չէ, այլ՝ գոյացական էութիւն ունի, ինչպէս նախապէս գրեցինք, եւ բոլոր իմաստունները կը համաձայնին: Աստուած իմացական բնութիւն ունի, սակայն Բանն Աստուածը Ծնողին անհաղորդելի է, որովհետեւ ո՛չ մարդուն հանճարը, ո՛չ ալ բնութիւնը կրնան ըմբռնել, ատոր համար պէտք է ըսել, թէ Հօր Աստուծոյ եւ Աստուծոյ Բանին միջեւ անձնական զանազանութիւն կ՚ըլլայ, ըստ իրենց յատկութիւններուն անհաղորդելի, որովհետեւ Հայրը Իր հայրութիւնը չի՛ հաղորդեր Բանին եւ Հօր ալ որդիութիւն չի՛ հաղորդուիր, այդ պատճառով պէտք է ըսել, թէ Հայրը եւ Բանը անձով տարբեր են: Այս մէկը կը յայտնէ Աւետարանիչը՝ ըսելով. «Եւ Բանը Աստուած էր» (Յհ 1.1): Որոհետեւ Անոր մէջ բան մը չկայ, ատոր համար խօսքին մէջ կ՚ըսէ սկիզբէն, գոյին մօտ, պէտք է անձնական զանազանութիւն ըլլայ:
Իսկ ըսելը՝ Աստուծոյ հետ էր, որովհետեւ Բանը Աստուծմէ կ՚ելլէ՝ ո՛չ բաժանմամբ, այլ՝ անձամբ կ՚ելլէ եւ կը մնայ մէջը՝ Աստուծոյ մօտ սկզբնական էութեամբ: Դարձեալ, այս նախադրութիւնը՝ հետ, նախ՝ ցոյց կու տայ Որդիին կցորդութիւնը Հօր: Երկրորդ՝ անձնական զանազանութիւն: Երրորդ՝ Հօր պետութիւնը Որդիին նկատմամբ, որովհետեւ Որդիէն առաջ է, սակայն ո՛չ թէ ըստ մեծութեան, ինչպէս Արիոս կ՚ըսէ, այլ՝ ըստ ծնողութեան եւ պատճառի: Այս մէկը ծանօթ է, թէ Հայրը Որդիին մէջ է եւ Որդին՝ Հօր: Նոյնպէս Հոգին՝ Հօր եւ Որդիին, ըստ այնմ. «Հայրը Իմ մէջս է եւ Ես՝ Հօրս մէջ» (Յհ. 10.38), սակայն չ՚ըսեր Հայրը Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին մէջ է, որովհետեւ [Աստուած] պատճառն է Որդիին՝ ծննդեան, իսկ Հոգիին՝ բխումին: Դարձեալ, չ՚ըսուիր, թէ Որդիին մէջ է որեւէ կերպով, որովհետեւ թէեւ Որդին Հոգիին բխումին պատճառը չէ, սակայն՝ պատճառն է իմատութեան եւ շնորհներու բաշխումին, որովհետեւ Հոգին Հօրմէն կը բխի եւ Որդին կ՚առնէ՝ ու բոլորին կը բաշխէ: Դարձեալ է ծանօթ է, այս անունը՝ Աստուած, Ս. Գիրքին մէջ զանազան կերպերով կ՚ըսուի, որովհետեւ երբեմն մէ՛կ անձ ցոյց կու տայ, երբ կ՚ըսենք. «Աստուած զԱստուած ծնաւ եւ Աստուած զԱստուած բխաւ», այս կը նշանակէ, թէ նախ Հայրը եւ ապա Որդին, եւ նախ բխողը եւ ապա բխուողը: Դարձեալ երբ կ՚ըսենք. «Աստուած Աստուծմէ կը ծնի եւ Աստուած Աստումծէ կը բխի», այս կը նշանակէ, թէ նախ Որդին եւ ապա Հայրը, եւ նախ Հոգին ու ապա բխողը: Ասոնք մէ՛կ անձ ցոյց կու տան: Երբեմն ալ երկու անձ կը նշանակեն, երբ կ՚ըսենք. «Աստուած զԱստուած կը տեսնէ կամ Աստուած զԱստուած կ՚իմանայ»: Ասիկա երկու անձ ցոյց կու տայ, որ կը տեսնեն եւ կ՚իմանան միւսը, եւ կամ մէկ անձ, որ կը տեսնէ ու կ՚իմանայ երկուքը: Երբեմն ալ երեք անձերը ցոյց կու տայ, երբ կ՚ըսենք. «Աստուած ամբողջ աշխարհը ստեղծեց եւ Աստուած կը խնամէ ու կը նորոգէ ամբողջ աշխարհը»: Իսկ երբ Աւետարանիչը Բանին անձնաւորութիւնը ցոյց տուաւ, այդ ատեն Բանին էութիւնը ցոյց կու տայ, ըսելով.
Խօսք.- «Եւ Բանը Աստուած էր» (Յհ. 1.1):
Մեկնութիւն.- Երեք բան ցոյց կու տայ. նախ՝ որովհետեւ էութիւնը Աստուած է: Երկրորդ՝ Աստուծոյ համար ստեղծական բնութիւն գոյութիւն չունի, այլ՝ բոլորն ալ Աստուած են, այսինքն՝ ծնողը եւ ծնունդը, բխողը եւ բխուողը, անձը եւ բնութիւնը: Երրորդ՝ որովհետեւ հնարաւոր չէ եղականին անեղին հետ էակցիլ. իսկ եթէ մէկը ըսէ «մարմինը Բանին միացաւ», այս մասին կ՚ըսենք, թէ Բանը մարմին եղաւ եւ ո՛չ թէ օտար կամ նոր մարդ մը Աստուծոյ հետ լծակցեցաւ: Դարձեալ, լաւ կ՚ըսէ, թէ Բանը Աստուած էր, այսինքն՝ Բանը Աստուծոյ հետ էր, որովհետեւ Արիստոտէլը Պերի Արմենիասին կ՚ըսէ, թէ «փոփոխուած անուններն ու բայերը նոյնը կը նշանակեն», ինչպէս Աւետարանիչը կ՚ըսէ, թէ թէեւ Բանը Աստուծոյ մէջ է, սակայն այլ բնութիւն չունի, քան զԱստուած՝ Որդիէն: Ինչպէս որ մեր միտքերուն խօսքը այլ բնութիւն չունի՝ քան մեր միտքերը, ատոր համար կ՚ըսէ. «Եւ Բանը Աստուած էր», ինչպէս որ ծնողն ալ Աստուած է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 2
Վաղարշապատ