ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
Ժողովուրդներու կեանքին եւ պատմութեան մէջ, ամէնուրեք բնական երեւոյթ եղած է, որ նշանակալի դէպքեր, հայրենասիրական սխրագործութիւններ, կրօնական, նպատակային երազուած իրագործումներ արժանանան հաւաքականութիւններու գնահատանքին եւ յաջորդական սերունդներ զանոնք իբր աւանդ պահեն ու գնահատեն մասնաւոր յիշատակութեամբ, կամ՝ իբրեւ տօն:
Ժողովրդականութիւն վայելող գաղափարներ ալ կան սակայն, որոնք մղում ստանալով անհատական, մարդկային ազնիւ զգացումներէ եւ պարտաւորութիւններէ, հետզհետէ կը ստանան ընդհանրական բնոյթ, ապա նաեւ համամարդկային կշռոյթ:
Այդպիսի երեւոյթ կամ տօն է Մայրերու օրը, որ այսօր կայ գրեթէ ամէն երկրի մէջ:
Թուակա՞ն, ամսաթի՞ւ, կարեւոր չեն: Կարեւորը՝ գաղափարն է. այս պարագային՝ մայրական սրտամօտիկ զգացումը, զոր ամէն մարդ խնդութեամբ փայփայելու պատրաստ է տարուան որեւէ մէկ օրը, որեւէ տեղ:
ՄԱ՜ ՅՐ
Քաղցրահնչիւն բառ, որ նաեւ հրաշալի, հոգեգրաւ էութիւն է, որուն առջեւ կու գան խոնարհիլ անխտիր՝ բոլորը. ե՛ւ մեծերը, ե՛ւ փոքրերը՝ առանց սեռի խտրութեան:
Ամէն երկրի մէջ ընդունուած տօնախմբութիւններն ու կարգը անկասկած որ ունին տեղայնական իրենց իւրայատուկ աւանդութիւնն ու պատմութիւնը:
Ամէն ժողովուրդ, մօրը յատկացուած օրուան գաղափարը կը հարստացնէ իւրայատուկ մշակոյթով. երաժշտութիւն, երգ, նկարչական գեղարուեստ, վէպ, պատմուածք, յուշագրութիւն, քերթողական զեղումներ եւ այլն:
Անկասկած՝ հետաքրքրական է ծանօթանալ շատ ու շատ ժողովուրդներու մօտ մօրը նուիրուած տօնին ընդունուած աւանդներուն ու սովորութիւններուն, որոնք բազմազան են, ճոխ եւ միշտ սրտամօտիկ:
Մենք պիտի անդրադառնանք սակայն մեր շրջապատին՝ Միացեալ Նահանգներու եւ անշուշտ հայ կեանքի մէջ մօրը նուիրուած օրուան, աւանդներուն, գնահատանքներուն եւ անդրադարձներուն:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Մայրերու օրուան հիմնադիրը Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը նկատուի ուսուցչուհի եւ հասարակական գործիչ օրիորդ Աննա Ճարվիսը, որ ծնած է 1864-ին, Ուեսթ Վըրճինիայի Ուեպսթըր քաղաքին մէջ: Մէկուկէս տարեկանին ընտանիքը կը փոխադրուի մօտակայ Կրաֆթըն քաղաքը, ուր մայրը՝ Էնն Մէյրի Ճարվիս, հրաւիրուած էր ուսուցչական պաշտօնի: Հօրը անունն էր Կրենտվիլ Ճարվիս:
Աննան մեծնալով կը դառնայ մօրը աշակերտուհին: Այդ հանգամանքով, ընկերուհիներուն հետ յաճախ կը լսէ մայր եւ ուսուցչուհի Էննի հետեւեալ բաղձանք-թելադրանքը, թէ կը յուսայ որ օր մը, ողջ եւ մահացած բոլոր մայրերու սիրոյն կը գտնուի մէկը, որ հաստատէ մայրերը գնահատելու յատուկ օր մը:
Աննան կը պատմէ, որ նոյն այս բաղձանքը ուրիշ առիթով մը ան շատ զգացուած կերպով կը պատգամէ: «Օրուան դասանիւթն էր,- կÿաւելցնէ ան,- Մայրերը Աստուածաշունչին մէջ» եւ իր խօսքի աւարտին՝ մայր Էնն պատգամի մը պէս կը յիշեցնէ բաղձանք-թելադրանքը, թէ՝ «Կը յուսամ, որ օր մը մէկը հաստատէ բոլոր մայրերու համար գնահատանքի ազգային օր մը, որուն անոնք արժանի են, մարդկային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ թափած իրենց անսակարկ եւ անսահման ճիգերուն համար»։
Աննան այդ շրջանին տակաւին 12 տարեկան, երբեք չի մոռնար մօրը յիշեալ պատգամը, որ իրեն կը թուի, թէ աղօթքի մը պէս արտասանուած էր:
1902-ին կը մահանայ Աննային հայրը. ընտանիքը կը փոխադրուի Ֆիլատելֆիա, ուր կÿապրէր Աննային մեծ եղբայրը՝ Քլոտ:
1905-ի մայիս 9-ին դարձեալ Ֆիլատելֆիոյ մէջ, կը մահանայ նաեւ դաստիարակ եւ մայր Էնն Ճարվիսը: Թաղման տխուր առիթով, Աննան գերեզմանին առջեւ կը կրկնէ եւ կը յիշատակէ մօրը յուզիչ բաղձանք-աղօթքը, որ իրեն համար դարձած էր քաղցր աւանդ եւ կÿաւելցնէ. «Մա՛յր, Աստուծոյ կամքով, դուն անպայման պիտի ունենաս Մայրերու օրը»:
Առաջին տարելիցին՝ 1906-ի մայիսի սկիզբը, Աննան կը վերաշխուժացնէ իր մօրը հիմնած Մայրերու օրուան աշխատանքի ակումբները, որոնք գործած էին Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ, պատերազմի ընթացքին եւ վերջը, եւ որոնք շօշափելի կարեկցութիւն տուած էին աղքատներուն, պայքարած փոխանցիկ հիւանդութիւններու տարածման դէմ, նուազեցուցած նորածին երեխաներու մահացութիւնը եւ նպաստած հարաւի եւ հիւսիսի հակադիր կողմերուն միջեւ ընդհանուր հաշտութեան:
Աննան նամակներով կը խնդրէ Կրաֆթընի եկեղեցական եւ քաղաքական պատասխանատուներէն, որ առաջացնեն յանձնախումբեր եւ աշխատին, որ օրէնք մը ընդունուի Մայրերու օրուան մասին:
Ուսուցչուհի եւ մայր Էննի բարի համբաւը Կրաֆթընի մէջ պատճառ կ՚ըլլայ, որ պատասխանատուներ սիրով ընդունին առաջարկը:
Յաջորդ տարին՝ 1907-ի մայիսի երկրորդ կիրակի օրը՝ մայիս 12-ին, տեղի կ՚ունենայ յիշատակի հանդիսաւոր արարողութիւն, Կրաֆթընի Էնտրիւզ եկեղեցիին մէջ՝ նուիրուած մայրերուն եւ մայր Էննին:
Հանդիսաւոր եւ նշանակալի այս արարողութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ յետագային ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ, այդ եկեղեցին՝ Andrews Methodist Episcopal Church-ը, վերակոչուի Մայրերու օրուան Մայր եկեղեցի (The Mother Church of Mother՚s Day):
Այնուհետեւ կը սկսի ծաւալուն աշխատանք՝ Մայրերու օրը վերածելու համամերիկեան ազգային տօնի: Աննան կը գրէ բազմահարիւր նամակներ, թէ՛ նահանգային, թէ՛ դաշնակցային օրէնսդիր եւ կառավարական անձնաւորութիւններու. կը բացատրէ, կը շեշտէ առաջադրուած գաղափարին համամարդկային արժէքը եւ ընկերութիւններու համար անոր օգտակարութիւնը: Դիմումները յաճախ կը բախին խուլ ականջներու: Սակայն, հաւատքը՝ նպատակին արդարութեան եւ ազնուական բնոյթին նկատմամբ, զինք կը մղէ առանց յուսահատելու շարունակելու պայքարը: Բարեբախտաբար, այդ ժամանակաշրջանին ի յայտ կու գայ Ֆիլատելֆիայէն գործարար, մեծահարուստ եւ ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը՝ Ճան Ուանամէյքըր, որ սրտանց կը քաջալերէ նախաձեռնութիւնը եւ իր ամբողջ ազդեցութիւնը ի գործ կը դնէ Աննային նպատակը իրականացնելու:
Թափուած աշխատանքները շուտով եւ աննախատեսելի արագութեամբ կ՚արդիւնաւորուին: Մայրերու օր-ւան գաղափարը երկու տարուան ընթացքին կÿորդեգրեն շուրջ 45 նահանգներ: 1914-ին, ծերակուտականներ առաջարկը կը ներկայացնեն նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի, որ կÿիւրացնէ զայն: Մայրերու օրը պաշտօնապէս կը յայտարարուի Ազգային օր. թուականը՝ ամէն մայիսի երկրորդ կիրակին:
Մայր Էնն Ճարվիսի երազը, գլխաւորաբար իր հոյակապ աղջկան Աննա Ճարվիսի ազնիւ ճիգերով, կը դառնայ իրականութիւն: Միլիոնաւոր ընտանիքներ, այսօր, յարգանքի, սիրոյ եւ երախտագիտութեան երջանիկ առիթ մը կամ օր մը կÿապրին աբմողջ երկրի տարածքին:
Նշենք, որ Աննա Ճարվիս անձամբ՝ ինք եւս տարիներ կը վայելէ իր յաջողութեան պտուղը: Ամէն տարի հոգեկան հրճուանքով կը հետեւի եւ մասնակցութիւն կը բերէ Մայերու օրուան տօնակատարութեանց: Կ՚ապրի մինչեւ 1948-ի նոյեմբեր 24-ը: Կը մահանայ Ֆիլատելֆիոյ մէջ, 84 տարեկանին: Յայտնենք, որ իր մահուան տխուր առիթով, թաղման օրը, Կրաֆթընի Մայրերու օրուան Մայր եկեղեցիին զանգակները կը ղօղանջեն եւ 84 զարկերով, ի պատիւ Աննա Ճարվիսի, կը ծանուցանեն անոր ապրած 84 տարիներու բովանդակալից կեանքը:
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆԱՑՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
Մայրերու օրը պաշտօնապէս Ազգային օր (1914-ին) հռչակուելէ քանի մը տարի ետք, կը նկատուի, որ անոր նկատմամբ ժողովրդային մեծ խանդավառութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ առիթը շահագործուի եւ աւելի շատ շեշտը դրուի առեւտրական օգտագործումներու վրայ: Աննա Ճարվիս կը յայտնէ իր մտահոգութիւնները:
Այսուհանդերձ, ընտանիքներ, հաստատութիւններ, դպրոցներ եւ ընկերային ու մշակութային շատ ու շատ կազմակերպութիւններ կը մնան խանդավառ՝ Մայրերու օրուան գաղափարին նկատմամբ եւ ամէնքը ընդհանրապէս կը փորձեն իրենց լաւագոյնը՝ արժանի յարգանք, երախտագիտութիւն եւ սէր արտայայտելու եւ զգացնելու մայրերուն:
Վիճակագրական տուեալներ ուշագրաւ երեւոյթներ կը պարզեն Մայրերու օրուան կապակցութեամբ:
ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
(Յապաւուած)