ԽՐՃԻԹԻ ՆԿՈՒՂԷՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀ
Ողբերգական շերտերով լի են ամերիկահայ երկու հայ նկարիչներու՝ Արշիլ Կորքիի եւ Արթիւր (Աշոտ) Փինաճեանի կեանքի անցած ճանապարհները: Մինչ կարգ մը արուեստաբաններ կը համեմատեն այս երկու նկարիչները ամերիկեան վերացական արուեստի մէջ ունեցած անոնց հսկայական դերին համար, ուրիշներ՝ տարբեր հարթութիւններու վրայ կը դնեն Փինաճեանն ու Կորքին: Այս երկու հայերուն ճակատագրերը թերեւս այնքան նման են, որ երկուքն ալ կը սերին Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ յետմահու փառքի արժանացած են: Հետաքրքրական է, որ թէ՛ Փինաճեան եւ թէ Կորքի տառապած են ընկճախտէ: Մինչ Կորքին իր կեանքին վերջ կու տայ 44 տարեկանին, Փինաճեան կ՚ապրի մինչեւ 85 տարեկան եւ կեանքի աւարտին կը յորդորէ մահէն ետք ոչնչացնել իր բոլոր նկարները… Այդ մէկը նոյնպէս ընկճուածութեան արդիւնք էր: Ողջ կեանքին ընթացքին անոր կ՚ուղեկցէին ընտանիքի տեղահանութեան պատմութիւնները, եւ իբրեւ արուեստագէտ չհասկցուած ըլլալուն ցաւը:
Այսօր Փինաճեանի ստեղծագործական ողջ ժառանգութիւնը կը գնահատուի տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներով: Նիւ Եորքի բարձրակարգ ցուցասրահներուն եւ նշանաւոր աճուրդներուն մէջ վաճառքի դրուած են Փինաճեանի գործերը, որոնց արժէքը եթէ առաջ հազարներով կը գնահատուէր, այսօր՝ միլիոններով:
Իր ստեղծագործական տաղանդին ամենէն շատ հաւատացողը քոյրը՝ Արմինն էր, որ հակառակ եղբօր պահանջին, դեռ չէ նետած նկարները… Բայց Փինաճեանի ժառանգութիւնը հռչակի հասած է ոչ թէ իր հարազատներուն, այլ անծանօթ ամերիկացիի մը կողմէ, որ գնած է Փինաճեաններուն բնակած տունը եւ նկուղին մէջ յայտնաբերած է նկարներով եւ ամսագիրներով լեցուն արկղեր: Ամերիկացին յարգանք ունէր ժառանգութեան հանդէպ եւ հաւատացած է, որ այդ արկղերուն մէջ կայ ոեւէ մէկուն կեանքին պատմութիւնը, եւ չէ թափած անծանօթ արկղերը: Փոշոտ, մութ նկուղէն փրկուած նկարները այսօր կախուած են Նիւ Եորքի SoHo պատկերասրահի ճերմակ, լուսաւոր պատերէն:
Արուեստաբանները հաստատած են, որ Արթիւր Փինաճեան Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն վերացական-տպաւորապաշտ նկարիչներէն մէկն է, որ կիրքով ստեղծագործած է ողջ կեանքին ընթացքին՝ չտեսնելով այն փառքը, որուն այսօր կ՚արժանանայ:
1999 թուականին Փինաճեան հեռացած է կեանքէն, իսկ 2005 թուականին մահացած է անոր քոյրը. ազգականները որոշած են վաճառել այն տունը, ուր կը բնակէին անոնք: Պերճանքներէ զուրկ տուն մըն էր՝ ամերիկեան տուներուն համեմատ խրճիթ մը: Գնորդը՝ Թոմըս Շուլց, մտածած է, որ բնութեան մօտ գտնուող, խաղաղ այդ տունը կարելի է նորոգել եւ աւելի սուղ գինով վաճառել: Տան համար ան վճարած է 300 հազար տոլար: Դասաւորումներուն ժամանակ ինքնաշարժի տնակին եւ նկուղին մէջ յայտնաբերած է արկղեր, բացած եւ անոնց մէջ տեսնելով տպաւորիչ նկարներ՝ մտքափոխուած է բնակարանը վերավաճառել եւ ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է նկարներուն վրայ: Սկսած է զննել նկարները եւ տեսած, որ բոլորին վրայ կայ նոյն անունը՝ Արթիւր Փինաճեան, իսկ տարեթիւերէն եզրակացուցած է, որ մօտաւորապէս հինգ տասնամեակ այս անձը ինքզինք նուիրած է արուեստին: Հոս է, որ հասկցած է, թէ գործ ունի անձի մը անցած լուրջ ճանապարհին հետ:
Շուլց նոյնպէս կը բնակէր Պելփորթ, ուր կեանքին վերջին շրջանը անցուցած է Փինաճեան եւ հոն ալ մահացած: 2005 թուականին Շուլց իր ընկերներէն մէկուն հետ կ՚որոշէ զբաղիլ տուներու առուծախով՝ օգտուելու համար անշարժ գոյքի շուկայի աշխուժացումէն։ Երկու սենեականի բնակարանին վաճառքին մասին, յայտարարութեան հետքերով, գտած են Փինաճեաններուն տունը: Սեփականատէր Արմին Փինաճեան մահացած էր վաճառքի յայտարարութենէն որոշ ժամանակ առաջ… Յայտարարութիւն տուած ազգականները գնորդներէն ներողութիւն խնդրած են՝ տունին մէջ տիրող թափթփածութեան համար: Բազմաթիւ թուղթեր, գիրքեր, ամսագիրներ բորբոսած էին նկուղին եւ ձեղնայարկին մէջ: Հակառակ որ Արթիւր Փինաճեանի քոյրը միշտ քաջալերած է իր եղբօր ստեղծագործական մղումները, սակայն, անզօր գտնուած է կառավարելու այն ողջ ժառանգութիւնը, զոր եղբայրը ձգած է իր մահէն ետք: Կամ, հաւանաբար, չէ հասկցած արուեստի այն ուղղութիւնը, որ որդեգրած էր Արթիւր Փինաճեան եւ որ այսօր մեծ համարում ունի աշխարհի մէջ: Քոյր ու եղբայր կեանքի մեծ մասը միասին անցուցած են: Ո՜վ գիտէ՝ ինչ կեանք ապրած են հայութենէն հեռու շրջանին մէջ բնակող երկու ծեր եւ հարազատ այս մարդիկը, եւ ինչ ապրումներ ունեցած են: Յայտնի է, որ քոյրը հաշուակալ աշխատած է, իսկ եղբայրը տունը նկարած է՝ զուրկ քաջալերանքէ եւ ջերմութենէ: Երկուքն ալ չէին ամուսնացած: Տեղեկութիւններ կան այն մասին, թէ նկարիչը կեանքին ընթացքին փորձեր կատարած էր նկարները ցուցադրելու, յաջողութեան եւ ճանաչումի հասնելու, բայց այդ ջանքերը ապարդիւն մնացած էին…
Փինաճեաններուն տունը վաճառող անոնց ազգականը աղբատար ինքնաշարժ մը կը կանչէ՝ տունը արկղերէն մաքրելու համար, եւ մինչ ինքնաշարժը դուրսը կը սպասէր, գնորդները, տունին համար 300 հազար տոլար վճարելէ զատ, յաւելեալ 2500 տոլար կը վճարեն արկղերը գնելու համար: Գնորդներուն այդ ուշադրութիւնը նկարիչին ազգականներուն չէ յուշած ետ առնել նկարները… Փինաճեաններուն զարմիկը` Փիթըր Նաճարեան, որ օգնած է տնակին պարպումին, խառնակոյտէն որոշ բաներ նախօրօք աղբ նետած էր, որովհետեւ մգլոտած էին:
Արթիւր Փինաճեանի վիթխարի հաւաքածոն այս ձեւով ոչ միայն փրկուած է, այլեւ յայտնուած է խնամեալ ձեռքերու մէջ: Յայտնաբերուած են աւելի քան վեց հազար կտաւներ, գծանկարներ, մամուլի եւ գիրքերու համար կատարուած պատկերազարդումներ, գրութիւններով լեցուն տետրակներ: Շուլց ամերիկեան արուեստի յարգի գիտնական մը կը ճանչնար: Ան յուզուած կը հեռաձայնէ անոր՝ արուեստի պատմաբան եւ գնահատող Փիթըր Հասթինքս Ֆոլքին։ Վերջինս կ՚ապշի արկղերուն մէջ ամերիկեան վերացական նկարիչներ Ճեքսըն Փոլոքի եւ Ուիլիըմ տէ Քունինքի գործերուն հաւասարազօր աշխատանքներ տեսնելով: Երկար ժամանակ կարծիք կար, թէ ոչ ոք այլեւս կրնայ տեղ գրաւել Փոլոքի եւ տէ Քունինքի անուններուն քով:
Շուլց կը ձգէ տուներու առեւտուրի իր գործը եւ ինքզինք կը նուիրէ Փինաճեանի գործերու վաճառքին: Յետագային ան ըսած է, որ իր նոր զբաղումը աւելի շատ ներշնչանք է, քան՝ գումար վաստակելու միջոց: Իր կեանքին մէջ ի յայտ եկած այս պատահարը ներշնչած է զայն:
Անոր ընկերը՝ արուեստաբան Ֆոլք կը դառնայ Արթիւր Փինաճեանի ժառանգութեան ցուցադրութիւններու տնօրէնը եւ յետագային անոր ցուցահանդէսները համադրողը: Արուեստաբան Ֆոլք Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտնի է մոռցուած արուեստագէտներու գործերը վերարժեւորելու իր ձիրքով: Այդպէսով ան մոռացութենէն փրկած է բազմաթիւ արուեստագէտներ:
Ֆոլք նաեւ Փինաճեանի մասին առաջին մենագրութեան խմբագիրն է։ «Փինաճեան. Վերացականութեան բացայայտուած վարպետը» խորագրով մենագրութիւնը փորձ մըն էր՝ լոյս սփռելու Պելփորթի առանձնութեան մէջ, աշխարհէն կտրուած հայ նկարիչին, անոր անցած ճանապարհին, հոգեբանութեան եւ մտածումներուն վրայ: Այս բոլորին հետքերը, անշուշտ, կը տանին Տիգրանակերտ, ուրկէ տարագրուած է անոր ծնողքը եւ որոնց պատմութիւնները հանգիստ չէ ձգած նկարիչը: Իր բազմաթիւ հայրենակիցներուն պէս ան բան մը ապացուցելու եռանդը ունեցած է իր կեանքին ընթացքին:
Մենագրութիւնը համացանցի վրայ, Փինաճեանի մասին կայքէջին մէջ տեղադրուած է: Ֆոլք կրցած է մանրամասնօրէն վերլուծել Փինաճեանի ներաշխարհը: Քանի որ Փինաճեան նաեւ կը գրէր, արուեստաբանը կարգ մը բաներ յայտնաբերած է այդ գրութիւններէն: Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ բնորոշել մարդը, քան անոր սեփական գրութիւնները, օրագրութիւնները, խոհերը, զորս ան թուղթին կը յանձնէ հոգեկան տուայտանքի պահուն: Իսկ մեծ արուեստագէտներուն տրուած է տուայտելու, հոգեպէս տառապելու ջիղը: Ֆոլք կը գրէ, որ 1948 թուականը թերեւս ճակատագրական եղած է Փինաճեանի համար. այդ տարին ան հոգեկան խանգարում մը ունեցած է: Հոգեկան այդ խաթարման ժամանակ ծաւալուն գրական գործ մը ստեղծած է այն մասին, թէ ինչ կը նշանակէ մեծ նկարիչ ըլլալը: Արուեստաբանը նկատել կու տայ, որ 1948 թուականին էր, որ ամերիկահայ ճանչցուած նկարիչ Արշիլ Կորքին, անձնասպան եղած է: Հանդիպա՞ծ են արդեօք նոյն երկրին մէջ ապրող երկու հայ նկարիչները. ո՛չ մէկ տուեալ կայ այդ մասին: Բայց այն, որ Փինաճեան եւ իր քոյրը որոշ շրջան մը բնակած են Ուուտսթոք, ուր կը բնակէր Արշիլ Կորքի եւ այդ տարիներուն տակաւին ողջ էր, որոշ տեսաբաններու ենթադրութեամբ կը հասկնանք թերեւս, որ անոնք հանդիպած են:
Փինաճեանի յետմահու փառքին առթիւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կրկին յիշած են անոր տաղանդաւոր հայրենակիցը՝ Արշիլ Կորքին: Փինաճեանը համեմատած են նոյնիսկ Վան Կոկի, Սեզանի եւ Կոկէնի հետ: Անոր անունը յայտնաբերելէ վեց տարի անց` 2013 թուականի մարտին, ժառանգութիւնը պաշտօնապէս գնահատուած է 30 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Արթիւր Փինաճեան ծնած է 1914 թուականին՝ Նիւ Ճըրզիի ամերիկահայ համայնքին մէջ: Ծնողքը, մինչ Առաջին աշխարհամարտ, հեռացած էր Թուրքիոյ Տիգրանակերտ քաղաքէն՝ խուսափելով ազգային զտումներու պատճառած հետեւանքներէն, որ ի յայտ եկած էին այդ տարիներուն: Նկարիչին հայկական անունը Աշոտ էր, սակայն ընկերները «Արչի» կը կոչէին զայն: Դպրոցը աւարտելէ ետք ան իր հօրը եւ հօրեղբօրը հետ աշխատած է գորգերու խանութին մէջ եւ երիտասարդ տարիքէն՝ 1930-ականներէն, սկսած է նկարել: Սկզբնական շրջանին Փինաճեան ծաղրաշարեր կը նկարէր: Այդ ժամանակ ծաղրաշարը, իբրեւ ժանր կը տարածուէր մամուլին մէջ եւ համարում ունէր: Փինաճեանի ծաղրաշարերը կը տպագրուէին «New York Daily News»ին մէջ: Ան ստեղծած է առաջին «զգեստափոխուող գերհերոսը»՝ «Տիկին Ֆաթալ»ը, որ կնոջական հանդերձանք կրած առաջին տղամարդն է՝ պատկերաշարերու պատմութեան մէջ: «Տիկին Ֆաթալ» խորագրով Փինաճեանի ծաղրաշարերը տպագրուած են մամուլին մէջ:
1932 թուականին մահացած է իր երիտասարդ մայրը, եւ Արթիւր հօրը եւ քրոջը հետ տեղափոխուած է Նիւ Եորքի հիւսիսը գտնուող Ուուտսթոք քաղաքը: Հոն, որոշ ժամանակ ապրելէ ետք, քոյր եւ եղբայր աւելի պզտիկ տուն մը գնելով վերջնականապէս փոխադրուած են Պելփորթ:
Անոր կենսագրութեան մէջ կայ նաեւ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին մասնակցելու եւ «Պրոնզէ աստղ» արիութեան շքանշանին արժանանալու դրուագը, որ եղած է Նիւ Եորքի Կերպարուեստի ուսանողներու լիկային մէջ իր ուսումնառութեան տարիներուն: Ուսումնառութեան տարիներուն ան, բնականաբար, շփումներ ունեցած է ամերիկացի արուեստագէտներու հետ, ծանօթացած արուեստի մէջ ի յայտ եկող ուղղութիւններուն: Իր նկարներուն վրայ ստորագրած է Արթիւր Փինաճեան, ունեցած է նաեւ քանի մը ծածկանուններ՝ Արթ Կորտըն, Արթ Ֆրանքլին, Ճէյ Ֆլեթչըր, Թոմ Տիքսըն: Օտար անուններու որդեգրումը հաւանաբար աւելի արագ ճանաչումի հասնելու համար էր, սակայն արուեստաբանները նկատած են, որ ան երբեք փառքի ետեւէն չէ վազած: Պարզապէս, ինչպէս իւրաքանչիւր ստեղծագործող, մեծ ցանկութիւն ունեցած է իր ստեղծագործութիւնը եւ ներաշխարհը հաղորդակից դարձնել մարդոց:
Փինաճեան նկարած է ամէն ինչ՝ տարփական պատկերներէն մինչեւ սիրերգութիւն, բնութիւն, դիմանկարներ, բայց իր տաղանդը լաւագոյնս դրսեւորուած է վերացական բնապատկերներուն մէջ: Այդ գործերն են, որ այսօր միլիոնաւոր տոլարներով կը վաճառուին աճուրդներու մէջ:
Նկարիչին ստեղծագործական կեանքը կը բաժնուի երկու շրջանի՝ Ուուտսթոքի եւ Պելփորթի մէջ անցուցած շրջանները: Երկու վայրերուն մէջ ալ Փինաճեան գրեթէ մեկուսացած կեանք մը վարած է: Ան մինչեւ իր մահը, օրուան բոլոր ժամերուն, նկարած է եւ երբեք վար չէ դրած վրձինը: Ըստ տուեալներուն, Փինաճեաններուն երբեմն հատուկենտ ազգականներ կ՚այցելէին: Փինաճեան անոնցմէ մէկուն նուիրած է իր նկարներէն, քանի որ տունին մէջ դնելու տեղ չունէր:
Ուուտսթոքի մէջ ապրած տարիներուն Փինաճեան իր ստեղծագործական ներշնչանքները գտած է մօտակայքը գտնուող Օվըրլուք լերան փէշերուն։ Այս երկգագաթ լերան պատկերը կը դառնայ իր նկարներուն մէջ պարբերաբար յայտնուող տեսարան մը: Յետագային, արուեստաբան Ֆոլք յայտնաբերած է, որ այդ լեռը հաւանաբար Փինաճեանին յիշեցուցած է Արարատը, հակառակ պարագային, այդքան շատ չէր գործածեր իր նկարներուն մէջ: Օվըրլուքը Արարատին պէս երկգագաթ է: Իր կենդանութեան Փինաճեան գրեթէ չէ վաճառած իր նկարները, երբեմն-երբեմն գեղանկար մը վաճառած է՝ ներկ կամ պաստառ գնելու համար: Ոչ ալ ցուցադ-րըւած է:
Բոլոր ցուցահանդէսները յետմահու տեղի ունեցած են: Վերջին ցուցահանդէսը մէկ ամիս առաջ տեղի ունեցաւ՝ իր ծննդեան 105-ամեակին առթիւ: 2017 թուականին նոյնպէս ցուցադրուած են անոր գործերը՝ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր տաճարի «Ճան Փաշալեան» ներքնասրահին մէջ: Իսկ առաջին անգամ Փինաճեանի գործերը անհատական ցուցահանդէսով մը 2010 թուականին ցուցադրուած են: 2013 թուականին ուրիշ ցուցահանդէս մը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգի Ս. Լեւոն հայկական եկեղեցւոյ «Զօրեան» թանգարանին մէջ:
Գալիֆորնիոյ մէջ գտնուող «Ստեֆանի» պատկերասրահին մէջ է, որ Փինաճեանի նկարները սկսած են վաճառուիլ: Պատկերասրահին տէրը՝ Լինտա Ստեփանեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական արուեստի վաճառքով զբաղող յառաջատար մասնագէտներէն մին էր: Փինաճեանի գործերը անմիջապէս գրաւած են ամերիկացի, ռուս, հրեայ, ճաբոնցի հաւաքորդներուն ուշադրութիւնը, հասած են մինչեւ Փարիզ եւ Լոնտոն: Բայց իբրեւ հայուհի՝ Լինտա Ստեփանեան միշտ յոյս ունէր, որ Փինաճեան ճանաչում կը գտնէ նաեւ իր հայրենիքին մէջ: Այդ նոյն տարիներուն, երբ Փինաճեան հանելուկային կերպով յանկարծ յայտնաբերուեցաւ իբրեւ նորայայտ հայ անուն, հայաստանեան մամուլը անմիջապէս գրեց այն խորհրդաւոր պատմութեան մասին, որ սկիզբ առած է խրճիթի մը նկուղէն եւ հասած Մենհեթթընի բարձրախաւ պատկերասրահները:
Այսօր Փինաճեանի գործերուն գիները բարձր են: Նկարիչին գործերուն յայտնաբերման պատմութեամբ սկսած է հետաքրքրուիլ ամերիկեան մեծ հեռատեսիլային ցանցերէն մէկուն՝ HBO-ի արտադրիչը: Ուրիշ հեռատեսիլային կայաններ հաղորդումներ պատրաստած են՝ շեշտը միշտ դնելով բացայայտման պատմութեան վրայ: ABC հեռատեսիլի ընկերութիւնը «Բարի լոյս, Ամերիկա» հաղորդման մէջ այս պատմութիւնը ներկայացուցած է որպէս «աննկարագրելի բացայայտում»։ «The New York Times» թերթը ճգնաւոր նկարիչին երկու երկար յօդուած նուիրած է` լուսաբանելով նաեւ անոր առաջին յետմահու, բաւական յաջող ցուցահանդէսը՝ Նիւ Եորքի մէջ:
Հայ գաղթականի զաւակ Փինաճեանին կեանքը յետմահու շրջուած է: Բայց մամուլը կը նկատէ, որ նոյն ձեւով բարեշրջուած է նաեւ հիւղակը գնող Շուլցին կեանքը: Ան իր գործընկերոջ մասնաբաժինը վճարելով՝ գնած է տունը եւ հոն կը բնակի: Շուլց ձեւով մը նմանած է Փինաճեանին: Ան նոյնպէս մեկուսի կեանք մը կ՚ապրի անտառին մօտ գտնուող այդ տան մէջ՝ նայելով ծառերուն եւ խորհելով կեանքի խորհրդաւորութեան մասին:
Լրագրողները կ՚այցելեն արուեստով հետաքրքրուող նախկին գործակալին, եւ ան կը պատմէ, թէ ինչպէս գտած է իրեն համար սուրբ այդ վայրը: Ան բացայայտած է հետաքրքրական անձնաւորութիւն մը, որ կ՚ապրէր առանց շքեղութիւններու եւ կը մտածէր միայն արուեստի մասին:
Շուլց իր խաղաղ կեանքին համար պարտական կը զգայ Արթիւր Փինաճեանին եւ բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնէ, որպէսզի ճգնաւորի կեանքով ապրած նկարիչը աւելի ճանաչում ստանայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ