ՆՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆ

«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը այս տարի պիտի կազմակերպուի նոր տարբերանշանով մը։ 7-14 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ փառատօնը՝ արդէն 16-րդ անգամ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մէջ վերջերս մամլոյ ասուլիս մը սարքեց փառատօնի տնօրէնուհի Յասմիկ Յովհաննիսեան։ Նոր տարբերանշանի հեղինակն է Ուիլիամ Սարգսեան։ Այս վերջինը «Ծ» տառի հիման վրայ մշակած է տարբերանշանը։ «Փորձեցինք ստանալ ծիրանի պատկերը, որ այդքան ալ նման չէ մեր պատկերացուցած ծիրանին։ Սա աւելի կլոր է», ըսաւ ան։

Յասմիկ Յովհաննիսեան լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ տեղեկացուց, որ միջազգային փառատօնին մասնակցելու համար այս տարի աշխարհի զանազան երկիրներէն աւելի քան 740 դիմում հասած է։ Ան շարունակեց. «Ընտրուած են նաեւ ժապաւէններ Ռոթերտամի, Պերլինի եւ այլ միջազգային շարժանկարի փառատօններէն։ «Ոսկէ ծիրան»ը պիտի ունենայ միջազգային լիաժամկէտ, ինչպէս նաեւ կարճաժամկէտ ժապաւէններու տարածքաշրջանային մրցոյթներ, իսկ արտամրցութային ծրագիրը պիտի ներառնէ տարածքաշրջանի համայնապատկերի մրցոյթը։ Ծրագրի մնացեալ մասը պիտի ըլլայ ոչ-մրցութային։ Երեւանեան փրէօմիէրներու ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ հայկական ժապաւէններ»։

Ասուլիսի ընթացքին փառատօնի ներկայացուցիչները անդրադարձան նաեւ GAIFF Pro ծրագրին, որու ծիրէն ներս կը կազմակերպուին վարպետութեան դասեր, ժապաւէններու կամ բեմագրութեան զարգացման աշխատանքներ։ Տարածքաշրջանի երկիրներու՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ շարժանկարի բեմադրիչներուն համար նախատեսուած են զանազան նախագծեր եւ աշխատանքային փուլի մէջ գտնուող ժապաւէններու շուկաներ։ Այս բոլորը համագործակցութեան եւ գանձատրման նոր հեռանկարներ կը ստեղծեն շարժանկարի գործիչներու համար։

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2019