ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆ ՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ շուրջ հինգ տարուան ընդհատումէ մը վերջ վերջերս կազմակերպուեցաւ միջմիութենական գիտական մրցոյթը։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը այս մրցոյթը մաս կը կազմէր միջմիութենական աւանդական ձեռնարկներու շարքին, սակայն դժբախտաբար ընդհատուած էր անոր յաջորդականութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ վերջին անգամ 2010 թուականին կազմակերպուած մրցաշարքի արդիւնքին առաջնութիւնը նուաճած էր Մխիթարեան սանուց միութիւնը, այս վերջնոյն վարչութիւնը որոշած էր շարժման անցնիլ, վերականգնելու համար նախընթացը։ Հարկ է նշել, որ ատենապետ Վարդան Պալմումճեանի եւ իր ընկերներուն ջանքերը այս առումով պսակուեցան յաջողութեամբ։ Ինն միութիւններու մասնակցութեամբ վերստին կազմակերպուեցաւ գիտական մրցոյթը, որ տեւեց ամիս մը։ Եօթ հանդիպումներու հանգրուանէն վերջ երէկուան եզրափակիչը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ, Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
Մշակութասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին աւարտական փուլին նկատմամբ, որու ընթացքին Վարդան Պալմումճեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Աւելի վերջ խումբերը վերջին անգամ չափեցին իրենց գիտելիքները։ Արդիւնքին՝ աղիւսակը գլխաւորեց Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի սանուց միութիւնը, որուն յաջորդեցին Սահակեանն ու «Մարալ» միութիւնը։
Մրցանակաբաշխման հանգրուանին բոլոր ներկաները ծափահարութիւններով ողջունեցին մասնակիցները, դափնեկիրներն ու կազմակերպիչները։
Հարկ է նշել, որ այս մրցաշարքի դատակազմը բաղկացած էր երեք անուններէ՝ Սելին Չավուշօղլու, Արտա Պաքլաճըօղլու եւ Սեւան Տէյիրմենճեան։ Հայկական մշակոյթին վերաբերեալ հարցումները պատրաստուած էին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ։ Ընդհանուր գիտելիքներու վերաբերեալ հարցումները պատրաստած էին Արտա Պաքլաճըօղլուի գլխաւորած խումբին կողմէ։ Դատակազմի միւս մասնակիցը՝ Սելին Չավուշօղլու միեւնոյն ժամանակ ստանձնած էր հանդիսավարի դերը։
Թրքահայ կեանք
- 02/05/2025