ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

ԹԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՆԸ ԱՐԱՐԻՉ Է

Աւետարանիչը երբ Աստուծոյ Բանին ծնունդը ցոյց տուաւ, ատկէ ետք կ՚ըսէ ու ցոյց կու տայ անոր ներգործութիւնը, ըսելով.

Խօսք.- «Անով էր, որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց» (Յհ 1.3):

Մեկնութիւն.- Հինգ բան ցոյց կու տայ. նախ՝ թէ Հօր արարչակից է: Երկրորդ՝ թէ երկինքին ու երկրին հետ եղած չէ: Երրորդ՝ կը նշանակէ հրեշտակներուն ըլլալը ըստ ամենայնի, ինչի մասին Մովսէս խօսեցաւ (Ելք 23.20): Չորրորդ՝ կը գոցէ անոնց բերանները, որոնք երկու արարիչ կ՚ըսեն՝ չար եւ բարի: Հինգերորդ՝ ամօթով կը հանէ զանոնք, որոնք կ՚ըսեն թէ հրեշտակները Աստուծոյ արարչակից են:

Յայտնի է, թէ Աստուծոյ Բանին ներգործութիւնը բոլոր ստեղծուածներուն վրայ կը տարածուի ընդհանուր կերպով, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուածներ կ՚ըլլան, իբրեւ արհեստաւորէ, ինչպէս իմաստութիւնը Առակացին մէջ կ՚ըսէ. «Բոլորին Ճարտարապետը Աստուած Ի՛նքն է» (Հմմտ. Իմստ 7.21), որովհետեւ Աստուած, ինչ որ կը գործէ, իմաստութեամբ կը ներգործէ, իսկ Աստուծոյ իմաստութիւնը Իր Բանն է, միտքի յղացումով, այդ պատճառով Արիստոտէլ կ՚ըսէ, թէ «տունին արտաքինը տունէն կը շինուի, որ միտքին մէջ է», իսկ աստուածային Բանը աստուածային հանճարին յղացումն է: Հետեւաբար, Աստուծոյ բոլոր գործերը Աստուծոյ Բանով կ՚ըլլան: Այս է, որ Աւետարանիչը կ՚ըսէ. «Անով էր, որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց», այսինքն՝ Բանով, ինչպէս Դաւիթը կ՚ըսէ. «Տիրոջ խօսքով երկինքը ստեղծուեցաւ» (Սղ 33.6): Պօղոսը կը վկայէ. «Որմէ է ամէն բան եւ Որով եղաւ ամէն բան» [տե՛ս Կղ 1.16], այսինքն՝ Որդիով: Եւ որովհետեւ կարելի է այս ըսուածը անիմաստ միտք կարծել, թէ այս Բանը, որ բոլորին Արարիչն է, միայն մարմնաւոր ստեղծուածներուն համար կ՚ըսէ, քանզի Մովսէս միայն զգալիներուն ստեղծումը կը յիշէ, եւ որպէսզի այսպիսի կարծիքը վերցնէ, կ՚աւելցնէ.

Խօսք.- «Առանց Անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց» (Յհ 1.3):

Մեկնութիւն.- Այսինքն՝ ո՛չ թէ միայն մարմնաւոր արարածները, այլ՝ հոգեւորները եւս Աստուծմէ են եւ Աստուծոյ Բանով ստեղծուեցան:

Դարձեալ յայտնի է, թէ Մանին այս խօսքը կ՚առնէ, որ կ՚ըսէ՝ ոչինչ՝ ստորասական հասկնալով: Ըսաւ, թէ անունով ոչինչ իմացեալ կ՚ըլլան մարմնաւոր ստեղծուածները, որ իրենց էութիւնը նուազ ունին, որու համար ոչինչ կ՚ըսուին: Այդպէս ալ կը մեկնէ [Մանին] Աւետարանին խօսքերը. «Առանց Անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց», այսինքն՝ առանց Աստուծոյ Բանին եղան մարմնաւոր ստեղուածները, որովհետեւ Մանին երկու սկիզբներ կ՚ըսէ. մէկը պարզ բարի՝ առանց չարութեան, որ կ՚ըսէ՝ թէ սկիզբն է բոլոր հոգեւոր արարածներուն, իսկ միւսը պարզ չար՝ առանց բարութեան, որ կ՚ըսէ, թէ սկիզբն է բոլոր մարմնաւոր ստեղծուածներուն: Սակայն կարծիքները ներհակ են ո՛չ միայն Ս. Գիրքին, այլեւ բոլոր իմաստասէրներուն. նախ, որովհետեւ ըստ իմաստասէրներուն էակն ու բարին կը հակադարձուին, այդ պատճառով ալ ինչքան որ մարմնաւոր ստեղծուածներու էութիւն ունի, նոյն չափով բարութիւն ունի: Ատոր համար պէտք է, թէ բարի սկիզբէն ելլէ: Երկրորդ՝ Մանիին ստութիւնը կը յայտնուի իրերու կարգէն ու շաղկապութենէն, որովհետեւ մարմնաւոր եւ հոգեւոր բոլոր ստեղծուածները իրարու հետ կը կարգաւորուին եւ մէկով, այդ պատճառով պէտք է ըսել, թէ մէկ սկիզբէ մը կ՚ելլեն եւ դէպի մէկ վախճան կը վերաբերին, ատոր համար Արիստոտէլը բոլոր իրերու կարգէն ու շաղկապութենէն առաջին սկիզբը ցոյց կու տայ, ըսելով. «Էակները չեն ուզեր անկարգ ըլլալ, եւ իշխանութիւններու բազմութիւնը բարի չէ, ապա ուրեմն մէ՛կ իշխան է»:

Դարձեալ ծանօթ է, թէ ոմանք «առանց Անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց» այս խօսքը, այսպէս մեկնած են, ոչինչ անունը սատանայ կոչելով: Առանց անոր, այսինքն՝ սատանայ: Ասոնց կարծիքն ու մեկնութիւնը սուտ է, որովհետեւ սատանան չար բնութեամբ չէ, քանզի եթէ չար էր, ամբողջութեամբ չար կ՚ըլլար եւ ինքզինքն ալ կ՚ապականէր, այլ՝ սատանային բնութիւնը բարի է եւ բարի Աստուծմէ ստեղծուած է, սակայն սատանան իր կամքով չարացաւ: Հետեւաբար, յայտնի է, թէ հոգեւոր ու մարմնաւոր ստեղծուածներուն համար կ՚ըսէ՝ «առանց Անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց», այսինքն՝ ոչ մէկ իր կայ, եւ ոչինչ եղած է առանց Բանին ներգործութեան: Սակայն Որոգինէսը այլ կերպով կը մեկնէ՝ առանց Անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց, այսինքն՝ մեղքը առանց Անոր եղաւ, որովհետեւ մեղքը ոչինչ է եւ չ՚ըսուիր, թէ Աստուծմէ է, այլ՝ մեր կամքէն: Արդ, թէեւ այս խօսքը ճշմարիտ է, սակայն Աւետարանիչին միտք բանին ասիկա չէ, որովհետեւ այստեղ Աւետարանիչը կը կամենայ միայն հաստատել, թէ Բանը ամէն ինչի պատճառն է:

Հարցում.- Ինչո՞ւ համար եւ-ը կը կրկնէ՝ եղեւ եւ ոչինչ [գրաբարով կը ձգենք մէջբերումը, որպէսզի բացատրութիւնը յստակ ըլլայ: (թ.)]:

Պատասխան.- Ամէն տեղ եւ-ը երկու նշանակութիւն ունի, իսկ այստեղ ցոյց կու տայ երկու չարութիւն. նախ՝ սատանայի եւ մարդոց: Երկրորդ՝ հոգիի եւ մարմինի մեղք: Երրորդ՝ մեղք ու կռապաշտութիւն, որովհետեւ ոչինչ են եւ առանց Անոր կամքին կազմուեցան:

Խօսք.- «Անով էր, որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց»:

Մեկնութիւն.- Հակառակ է անոնց, որոնք կ՚ըսեն. «Հոգին ալ Անով եղած է»: Կ՚ըսէ՝ ամէն ինչ, որ ստեղծուեցաւ՝ Անով ստեղծուեցաւ, սակայն Հոգին ստեղծուած չէ, այլ՝ Հօրմէն ելած ու բխած, հետեւաբար Ս. Հոգին Աստուած է եւ Արարիչ:

Խօսք.- «Կեանքը Անով սկիզբ առաւ» (Յհ 1.4):

Մեկնութիւն.- Երեք բան կը յայտնէ. նախ՝ Ադամի փչումը, որով մարդը կենդանի հոգի եղաւ: Երկրորդ՝ նոր արարչութիւնս, որ հոգիով կենդանացանք՝ Քրիստոսի մարդեղութեամբ: Երրորդ՝ անմահ կեանքը, որ Ընդհանրական թուղթին մէջ կ՚ըսէ. «Կեանքը յայտնուեցաւ եւ մենք տեսանք ու շօշափեցինք կենաց Բանը» (տե՛ս Ա.Յհ 1.2):

Դարձեալ Արիստոտէլ կ՚ըսէ, թէ չորս են կեանքի եւ կենդանիներու (ողջերու) աստիճանները, այսինքն՝ աճողական, զգայական, շարժական՝ ըստ տեղի, եւ իմացական: Իսկ ասոնց մէջ իմացակաը ամենէն պատուականն է, այդ պատճառով, թէ ինչ որ մէկու մը մէջ ըստ կերպի իմացականը գոյ է անոր մէջ, ըստ կերպի բոլոր կենդանիներուն: Բայց արդ, բոլոր ստեղծուածները նախ եւ առաջ գոյութեան եկան Բանին մէջ, ինչպէս արհեստի կամ հանճարի յղացումը, ապա յայտնի է, թէ բոլոր ստեղծուածները նախ եւ առաջ գոյութեան եկան Աստուծոյ Բանին մէջ, ըստ իմացական կեանքի կերպին, ատոր համար Աւետարանիչը կ՚ըսէ. «Անով ամէն ինչ ստեղծեց: Կեանքը Անով սկիզբ առաւ», որովհետեւ Աստուծմէ դուրս ինչ որ եղաւ, նախ Աստուծոյ Բանին մէջ գոյ էր, ո՛չ թէ ըստ իրին էութեան, այլ՝ ըստ իրին նմանութեան, քանզի աստուածային էութիւնը Իր կատարելութեան պատճառով Ինքն Իր մէջ ունի բոլոր իրերուն նմանութիւնը, որովհետեւ բոլոր իրերուն յայտնիչն ու ցուցիչն է: Ան եւ բոլոր ստեղծուածները նախ եւ առաջ Աստուծոյ մէջ գոյացան, ինչպէս որ իմացուածն ու ճանչցուածը ճանչցողին մէջ կան: Եւ ասով յայտնի է ստեղծուածներուն Աստուծոյ Բանէն ելլելու կերպը, որովհետեւ Անկէ կ՚ելլեն, ինչպէս՝ արհեստաւորուածները արհեստաւորէն կամ ներքին արհեստէն: Այս է վեհագոյն նախագաղափարն ու պատկերը բոլոր իրերուն, որոնք Արարիչին միտքին մէջ կային:

Դարձեալ, տարբեր կերպով ալ կը մեկնուի Աւետարանին այս խօսքը, ըստ բոլոր իրերուն նախկինաբար գոյ ըլլալը Աստուծոյ Բանին կամքին մէջ, որովհետեւ ամէն բան, որ Աստուծոյ Բանին կամքին մէջ կան, կեանք կ՚ըսուին, իսկ ամէն բան, որ կ՚ելլէ, Աստուծոյ կամքէն է, այդ պատճառով պէտք է ըսել, թէ նախ Աստուծոյ կամքին մէջ կային, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ կամեցուած էին: Այս կ՚ըսէ Աւետարանիչը՝ առանց Անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց, այսինքն՝ ստեղծուածները, կեանքը Անով սկիզբ առաւ, այսինքն՝ Աստուծոյ Բանէն կամեցուած էր, որ կը կամենար զանոնք ստեղծել: Ասով յայտնի է ստեծուածներուն Աստուծմէ ելլելը, որովհետեւ ո՛չ թէ հարկադրաբար, այլ՝ Աստուած ազատ կամքով ստեղծեց բոլոր ստեղծուածները: Ասով կը վերանայ կարգ մը իմաստասէրներու մոլորութիւնը, որոնք ըսին, թէ Աստուած ինչ որ կը գործէ, հարկադրաբար կը գործէ եւ չի՛ կրնար չգործել: Սակայն ասիկա սո՛ւտ է, որովհետեւ Աստուած ստեղծուածներու բարութեան կարօտ չէ եւ ոչ ալ հարկադրաբար կը կամենայ ստեղծուածներուն էութիւնն ու բարութիւնը, այլ՝ ազատապէս կը կամենայ ու կը ստեղծէ զանոնք, ինչպէս որ Մարգարէն կ՚ըսէ. «Եւ ամէն Իմ կամքս պիտի կատարուի» (Ես 46.10), եւ այլն: Բայց այն խօսքին մասին, թէ առանց Անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց, եւ միւս խօսքին, թէ՝ Անով ամէն ինչ ստեղծեց, պէտք չէ հասկնալ, թէ Հօր զօրութիւնը Բանով կը կատարուի, ինչպէս մեր մէջ, այլ՝ պէտք է հասկնալ, թէ ասով պարզ է ու ցոյց կը տրուի, թէ Հայրը Իր զօրութիւնը Որդիին կը հաղորդէ, թէեւ նոյն զօրութիւնը միշտ Հօր մէջ կը մնայ եւ այդ զօրութեամբ Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին միասին կը ներգործեն ու կը ստեղծեն: Այս ալ յայտնի է, թէ գոյութեան պատճառը, ե՛ւ գաղափարը, ե՛ւ լոյսը, ե՛ւ կեանքը եւ այլն, բոլորն ալ Ս. Երրորդութեան կը պատշաճին, սակայն այստեղ Աստուծոյ յատուկ կ՚ըսուին, որովհետեւ առաւելաբար Բանին անձնաւորութեան կը պատշաճին, քան՝ միւս անձերուն, որովհետեւ Բանը Հօրմէն կ՚ելլէ ինչպէս խօսուած իմաստութիւնը, այդ պատճառով գաղափարը, իրերու ցուցումը եւ լոյսին պայծառութիւնը Բանին յատուկ են:

Իսկ երբ Աւետարանիչը ցոյց տուաւ Բանին ներգորուծութիւնը ընդհանուր կերպով բոլոր ստեղծուածներուն, այնուհետեւ ցոյց կու տայ նոյնը՝ մարդոց նկատմամբ, երբ կ՚ըսէ.

Խօսք.- «Եւ կեանքը մարդոց համար լոյսն է» (Յհ 1.4):

Մեկնութիւն.- Այս կեանքին մասին չ՚ըսեր մարդոց լոյսը, նախ՝ որովհետեւ զգայականներուն է, երկրորդ՝ որովհետեւ անցաւոր է, երրորդ՝ որովհետեւ ըստ վկայութեան խաւար է, այլ՝ մշտնջենաւորի մասին կ՚ըսէ, որ հաւատքով մեր Արարիչը ճանչցանք եւ հաւատքի լոյսով կեանքը ժառանգեցինք, ըստ այնմ. «Եւ յաւիտենական կեանքը Քեզ ճանչնա՛լն է՝ որպէս ճշմարիտ միակ Աստուած» (Յհ 17.3), եւ այլն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019