ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ. «ԱՄԵՆԱԿԱՐԵՒՈՐ ԱԶԴԱԿԸ ԱՅՆ Է, ՈՐ ՄԵՐ ԳԻՒՂԸ՝ ԱՅՆՃԱՐԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՄԱԳԻԾ ՈՒՆԻ»

Հայաստանէն դուրս գտնուող տիպական հայկական շունչ ունեցող գիւղերու շարքին է Այնճար հայկական աւանը։ Լիբանանեան Պեքաա հովիտին մօտ գտնուող եւ ութսուն տարուան կեանք ունեցող այս բնակավայրը կը յատկանշուի մի քանի ազդակներով, որոնց ամենէն յատկանշականն այն է, որ գիւղի ամբողջ բնակչութիւնը բնիկ մուսատաղցի է, եւ անոնք բոլորն ալ ցայսօր կը շարունակեն պահպանել ու ապրիլ իրենց տոհմիկ աւանդութիւններով։

Թէկուզ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներէն շատ-շատեր լսած ու կարդացած են Այնճար հայաւանին մասին, բայց եւ այնպէս, թարմ եւ վերջին օրերուն գիւղի գործիչներէն Յակոբ Այնթապլեանին հետ իմ ունեցած զրոյցը վստահաբար յաւելեալ լոյս պիտի սփռէ հայկական գիւղին, անոր բնակչութեան ու հոն ծաւալուող ընկերամշակութային կեանքի զանազան ծալքերուն վրայ։

Ստորեւ հարցազրոյցը.

-Ներկայիս ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ Այնճարի մէջ։

-Ներկայիս համեմատաբար իրավիճակը խաղաղ է։ Կար ժամանակ, երբ Լիբանան-Սուրիա սահմանին մօտ տեղի կ՚ունենային բախումներ եւ լիբանանեան բանակը կը փորձէր հակակշռի տակ պահել ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) զինեալները, բան մը, որ իր ժխտական անդրադարձը կ՚ունենար մեր հայաբնակ գիւղին վրայ։ Բարեբախտաբար վտանգը շուտ հեռացուեցաւ, գիւղի ապահովութիւնը ստանձնած աւելի քան 300 երիտասարդները ցրուեցան եւ հայաւանը վերադարձաւ իր բնականոն վիճակին։

Մեր գիւղը սակայն անմասն չի մնար լիբանանեան իրավիճակէն, որ վերջին տարիներուն կը դիմագրաւէ տնտեսական սոսկալի տագնապ, Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով գաղթականական մեծաքանակ հոսք, նաեւ երկրի ղեկավարման հիւանդագին վիճակ։

-Այսօր ի՞նչ են Այնճարի առանձնայատկութիւնները։

-Գիւղի գլխաւոր առանձնայատկութիւնը իր հայկական դիմագիծն է։ Մայր հայրենիքէն դուրս, համայն հայութեան փոքրիկ Հայաստանն է, ծուարած Լիբանանի արեւելքը, Սուրիոյ սահմանին մօտ, Պէյրութ-Դամասկոս մայրուղիի ճիշդ մէջտեղի հատուածին։ Աշխարհի տարածքին աւելի քան 30 հազար հաշուող մուսալեռցիներու գլխաւոր օրրանն է Այնճարը, ուր ութսուն տարիէ ի վեր կը շարունակուին Մուսա լերան աւանդութիւնները, սովորութիւնները, բարքերը, իր իւրայատուկ բարբառը եւ մանաւանդ Մուսա լերան 40 օրերու յաղթական պայքարի անընկճելի ու ազատատենչ ոգին։

Այնճարը առանձնայատուկ է համայնքային ու յարանուանական համերաշխութեամբ ու ՀՅԴ-ի «Կարմիր լեռ» կոմիտէի գլխաւորութեամբ։ Գիւղի համաժողովրդային ձեռնարկները տեղի կ՚ունենան փոխգործակցութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով։ Ան իւրայատուկ է իր քաղաքապետութեամբ, որու խորհուրդի 15 անդամները, պաշտօնէութիւնն ու ոստիկանները հայեր են անխտիր․ այս մէկը իւրայատուկ պարագայ է ամբողջ սփիւռքի տարածքին։ Ու տակաւին շրջանին մէջ Այնճարը յատկանշական է իր առատ ու մաքուր ջուրով, ճաշարաններով եւ Օմայաթներու բերդաքաղաքով։

-Յաճախ կը լսենք, որ Այնճարի երիտասարդութիւնը կը լքէ գիւղը ու կը հեռնանայ... Ի՞նչ պատճառներով է, որ երիտասարդութիւնը կը լքէ Այնճարը։

-Ինչպէս շատ մը երկիրներու գիւղերու պարագային, շեշտուած դժուարութիւնը գիւղերու երիտասարդութեան հոսքն է դէպի քաղաք, ինչ որ արդէն նշեցիք։ Բնականաբար քաղաքի մէջ թէ՛ ուսման եւ թէ գործի կարելիութիւնները անհամեմատելի են, հետեւաբար երիտասարդը իր հայեացքը ուղղած կը պահէ դէպի քաղաք եւ անգամ մը, որ հոն հաստատուի, գիւղ վերադարձը կը դժուարանայ։ Այնճարի հիմնական դժուարութիւնը սակայն, մարդուժէն աւելի, հողապահպանումն է։ Այնճարը շըր-ջապատուած ըլլալով այլազգիներով, որոնց թուաքանակը յարատեւ աճի մէջ է, ամէն գնով փորձ կը կատարուի նեցուկ կանգնիլ հայ հողատէրերուն, շեշտելով, որ հողը բարձրագոյն արժէք է եւ հողը լքելով՝ Այնճարը կրնայ հայաթափուիլ։

Բարեբախտաբար մեր հայրենակիցներու մեծամասնութիւնը կը գիտակցի առկայ վտանգները եւ ատով իսկ յարգանքի արժանի է, մանաւանդ անոնք, որոնք մնայուն ներկայութիւն են գիւղին մէջ եւ որոնք ստիպուած են նաեւ տիրութիւն ընել արտագաղթող հայրենակիցներու հողերուն ալ:

-Յառաջիկայ տասն-քսան տարիներուն ինչպիսի՞ պատկեր մը կրնայ ստանալ Այնճարը։

-Այս տարին կը զուգադիպի Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին։ Ամեակները կու գան նոր շունչ ու որակ բերելու մեր գիւղին եւ ժողովուրդին: Կը կազմակերպուին միջոցառումներ, խորհրդաժողովներ եւ այլազան ձեռնարկներ․ նպատակը անշուշտ մէկ է՝ բարելաւել, զարգացնել եւ հզօրացնել հայկական գիւղին կեանքը:

Այս ուղղութեամբ քաջալերական են պատկան մարմիններու կողմէ նախաձեռնուած բազմաթիւ աշխատանքները, որոնք միտում ունին վառ պահելու մեր կրթական օճախները, մարզական ու մշակութային միութիւնները, անշուշտ նպատակ ունենալով մեր երիտասարդութիւնը պահել գիւղին մէջ։ Ազգօգուտ ու հայրենանուէր այս աշխատանքները նկատելի են թէ՛ գիւղին եւ թէ՛ մեր ցանքատարածքներուն մէջ:

-Իր շրջապատին հետ այսօր հաշտ վիճակի մէ՞ջ է հայկական գիւղը։ Այսինքն խորթ աչքով կը նայի՞ն ձեզի այդ շրջանի արաբ բնակիչները։

-Մեր շրջապատին հետ պաշտօնական յարաբերութիւնները միշտ եղած են փոխադարձ յարգանքի եւ հասկացողութեան հիման վրայ: Դէպքեր պատահեցան անցեալին, երբ շրջանին մէջ ծայրայեղ իսլամութիւնը քիչ մը բացայայտ բնոյթ ստացաւ։ Բարեբախտաբար Լիբանանի մէջ հայ համայնքի գոյութիւնն ու իրաւունքները ամրագրուած են սահմանադրութեամբ եւ կարելի չէ փողոցին մէջ շրջանցել այդ հանգամանքը:

-Այնճարցի ժողովուրդին նիւթական ապահովող գլխաւոր աղբիւրը գիւղատնտեսութիւնն է։ Այսօր ի՞նչ դժուարութիւննր ունի գիւղատըն-տեսութիւնը, ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ եւ որո՞նք են այդ խնդիրներու լուծումները։

-Գիւղատնտեսութիւնը գիւղի եկամուտի գլխաւոր աղբիւրներէն մին է, բայց ոչ միակը: Լիբանանեան մակարդակով, գիւղատնտեսութիւնը այս օրերուն քաջալերական վիճակի մէջ չէ: Գլխաւոր պատճառը փաստօրէն Սուրիոյ պատերազմական վիճակն է, որու հետեւանքով արդէն աւելի քան եօթ-ութ տարիէ ի վեր ցամաքի ճամբով գիւղամթերքի արտածումը կասեցուած է: Հողամշակին մտահոգութիւնները շատ շատ են, նկատի ունենալով նաեւ այն հանգամանքը, որ ան լքուած է իր ճակատագրին: Բարեբախտաբար Այնճարը ունի առատ ու մաքուր ջուր, ինչ որ տեղական շուկային մէջ մեր արտածած պտուղներն ու բանջարեղէնները աւելի յարգի կը դարձնէ եւ բնականաբար՝ պահանջուած:

Ես կ՚ուզեմ նշել նաեւ, որ գիւղի եկամուտները սահմանափակուած չեն միայն գիւղատնտեսութեամբ: Մեր գիւղացիներուն առեւտրային լայն առիթ կը ստեղծէ Դամասկոս-Պէյրութ մայրուղին, որ սակայն հարիւր տոկոսով օգտագործուծ չէ: Զգալի են մեր գիւղի զբօսաշրջութեան կարելիութիւնները, նկատի ունենալով գիւղին մէջ գտնուող Օմայաթներու շրջանէն մնացած աւերակները, ակը, բայց մանաւանդ գիւղին մէջ գործող բազմաթիւ ճաշարանները, որոնցմէ ոմանք ունին մեծ համբաւ եւ տիրացած են միջազգային մրցանակներու: Անշուշտ գիւղացի մեր արհեստաւորներու որակաւոր գործերը գնահատտուած են շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ նկատառելի թիւ կը կազմէ գոյութիւնը զանազան մարզերու մէջ մեր մասնագէտներու, որոնք կը գործեն գիւղին մէջ կամ այլուր:

-Երկու խօսք ալ Այնճարի մշակութային կեանքին մասին. ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին։

-Գիւղի մշակութային կեանքը Այնճարի երեք վարժարաններու կողքին փաստօրէն իր սնունդը կ՚առնէ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի գործունէութենէն: 1970-էն ետք մշակութային հսկայ աշխատանք կատարուած է այս մասնաճիւղին կողմէ, իր «Կաքաւիկ» մանկապատանեկան եւ «Կոմիտաս» երիտասարդական երգի ու պարի համոյթներով, «Լուսարձակ քառասուն»  թատերախումբով, «Ռուբէն Նագեան» գծագրական դպրոցով եւ բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ մշակութային ձեռնարկներով:

Գիւղին մէջ մշակութային կեանքը եռուն ու ճկուն է այնքան, որքան մնայուն խմբավար, պարուսոյց եւ բեմադրիչ ունինք: Դժբախտաբար միշտ չէ, որ անոնք ներկայ են եւ հետեւաբար երբեմն տուժած է գիւղի մշակութային կեանքը: Սակայն այն, որ մուսալեռցիները մշակութասէր են, կասկածէ վեր է, եւ ուրեմն մշակութային արժէքները միշտ գնահատուած են մեր գիւղին մէջ։ Նաեւ քիչ չէ թիւը այն մուսալեռցի-այնճարցի արուեստագէտներուն, որոնց մենք կը հանդիպինք հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին: Անունները բազմաթիւ են, առանց վիրաւորելու զանոնք, կ՚ուզեմ յատուկ անդրադառնալ, զոր օրինակ, գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանին, որուն տուն-թանգարանին բացումը տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ, քանի մը տարի առաջ։ Նաեւ կ՚ուզեմ անդրադառնալ երիտասարդ երեք երաժիշտներու, որոնք ծնունդ առին Այնճարէն եւ այսօր մենք զանոնք կը տեսնենք միջազգային բեմերու վրայ, անոնք են՝ Զաքար Քէշիշեանը, որ հիմնադիր-խմբավարն է «Շուշի-Վարանդա» մանկապատանեկան երգչախումբին, զոր կը ղեկավարէ աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր եւ այսօր ալ կը ղեկավարէ Համազգայինի զոյգ երգչախումբները Լիբանանի մէջ: Երկրորդ անունը՝ Պարգեւ Թասլաքեանն է, որ նոյնպէս խմբավար է։ Ան ներկայիս կը ղեկավարէ լիբանանեան եւ արաբական մակարդակով հանրայայտ դարձած «Ալ Ֆայհա» երգչախումբը, որ նոյնպէս ստացած է միջազգային մրցանակներ։ Երրորդը ՝ թենոր Գէորգ Հաճեանն է, որ մնայուն բնակութիւն հաստատած է Հայաստան եւ որուն մենք յաճախ կը հանդիպինք պատկառելի բեմերու վրայ, հայրենիքի մէջ, թէ սփիւռքի:

-Ձեր վերջին խօսքը մեր ընթերցողներուն։

-Այնճարը սփիւռքի անզուգական փոքրիկ Հայաստանն է, որու բնակիչ մուսալեռցին ութսուն տարիէ ի վեր մայր Հայաստանը կը կրէ իր կուրծքին տակ։

Եթէ սփիւռքի մէջ ձուլում գոյութիւն ունի, հաւանաբար վերջին ձուլուող գաղթօճախը լիբանանահայութիւնն է եւ հաստատ Այնճարի հայութիւնը, իսկ եթէ պիտի գոյատեւենք, ատիկա կրնայ ըլլալ միայն ու միայն հայրենիքի մէջ, որովհետեւ Հայաստանն է հիմքը հայ դատին եւ խարիսխը՝ հայ հոգիին։ Ես համոզուած ու հաւատացած եմ, որ մենք ո՛ւր որ ալ ծաղկինք, պիտի, եւ պէտք է պտղաբերենք մայր հայրենիքին մէջ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019