ԱՐՄԱՆ ՍՈՒՃԻԵԱՆ. ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՈՒ ԻՆՔՆԱՏԻՊ ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ԶԱՐԴԵՐՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿԸ

Հմտութիւնը գիտութեան վերածելու ճանապարհը կրթութիւնն է…

(Սամուէլ Ճոնսընզ)

Ոսկիի յայտնագործումը հնագոյններէն է։ Անոր պատմութիւնը կը սկսի աւելի քան Քրիստոսէ 2700 տարի առաջ։ Անյիշելի ժամանակներէ սկսեալ ազնուագոյն այս մետաղը ոչ միայն գերող ապրանքային տեսք ունէր, այլեւ դիւրութեամբ կը մշակուէր։

Նախապէս ոսկին կը գործածուէր մետաղադրամներ պատրաստելու համար, այնուհետեւ, երբ մարդու երեւակայութեամբ ստեղծուած գիծերն ու ձեւերը ամփոփուեցան այս մետաղին մէջ՝ ծնաւ ձեռարուեստի ամենէն գեղեցիկ մասնագիտութիւններէն մին՝ ոսկերչութիւնը։

Հազարամեակներ շարունակ մենք՝ հայերս կը փոխանցենք գեղեցիկի մեր ընկալումը, ստեղծելով քաղաքակրթութիւն, մշակոյթ ու արուեստ։ Մենք գեղեցիկը կը տեսնենք ամէնուր՝ մեզ շրջապատող արտաքին, ինչպէս նաեւ ներքին՝ հոգեւոր աշխարհին մէջ։ Հայկական մշակութային գանձարանին մէջ կան արժէքներ, որոնց մէջ կը յայտնուին նիւթական ու հոգեւոր գեղեցկութիւնները, ազգային պատկերացումները…

Հայաստանի մէջ ոսկերչութեան աւանդոյթները ձեւաւորուած են տակաւին Ն. Ք. առաջին հազարամեակին։ Հայազգի վարպետները իրենց ոսկերչական արուեստի հմտութեամբ գրաւած են առաջնային տեղեր, հռչակելով ժամանակի լաւագոյն ոսկերիչի, ադամանդագործի ու ակնագործի անուն։ Աշխարհի ոսկերչական արդիւնաբերութեան գրեթէ եօթ տոկոսը կը ստեղծուի հայ վարպետներուն շնորհիւ։ Յիրաւի, այն հսկայական ցուցանիշ մըն է, որու յաջողութիւնը Հայաստան չունի տնտեսութեան այլ ուղղութիւններու մէջ։

Ոսկերչութեան նորագոյն շրջանը կը համարուի 19-րդ դարը։ Ճիշդ այդ ժամանակաշրջանին սկսաւ ոսկեայ զարդերու ծաւալուն արտադրութիւնը։ Ազնուագոյն մետաղի արդիւնաբերութիւնը օրէ օր կ՚ընդգրկէր նոր շուկաներ, ամէն տարի աւելցնելով ոսկերչական իրերու արտադրման ու իրացման ծաւալները։ Ըլլալով հնագոյն մասնագիտութիւն, ոսկերչութիւնը կը շարունակէ պահպանել արհեստագործական նախկին հնարքները, միեւնոյն ժամանակ ոսկերչութեան համաշխարհային շուկայի մէջ կատարուող փոփոխութիւններն ու մարտահրաւէրները կը թելադրեն կատարելագործել արտադրողական կարողութիւնները, նախեւառաջ լաւ մասնագէտներու ապահովմամբ։

Ինչպէս դարեր շարունակ, այսօր նոյնպէս հայկական ոսկերչութեան զարգացման խառնարաններէն մին կը հանդիսանայ Պոլիսը, ուր մէկ յարկի տակ համա-խըմբուած է հայ ոսկերիչներու աստղաբոյլ մը։ Այսօրուան իմ զրուցակիցն է ականաւոր ոսկերիչ՝ Արման Սուճիեան, որ շնորհիւ իր իւրօրինակ ու անկրկնելի գործերուն, յաջողած է ո՛չ միայն տեղացիներու ուշադրութեան արժանանալ, այլեւ՝ աշխարհի զանազան ծալքերու մէջ բնակողներուն։

1972 թուականի դեկտեմբերի 29-ին երաժշտական խոր ակունքներ ունեցող, ոչ-հասարակ ընտանիքի մը մէջ ծնած է մերօրեայ նշանաւոր ոսկերիչը՝ Արման Սուճիեան։ Անոր մեծ հայրը՝ Խաչիկ Սուճիեան եղած է մեծն Կոմիտաս Վարդապետի վերջին աշակերտներէն մին։ Ան տարիներ անց հիմը դրած է Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ երգչախումբին։ Պրն. Խաչիկի եղբայրն էր ժամանակին նշանաւոր երգահան, ջութակահար՝ Սարգիս Սուճիեան։ Վերջինս յայտնի էր «Kemani Sarkis efendi» անուամբ ու կը հանդիսանար անցեալ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ժողովուրդի կողմէ սիրուած, մեծ ճանաչում ձեռք բերած «Kimseye etmem şikayet, ağlarım ben halime» երգի երաժշտութեան հեղինակը։

Աւա՜ղ, արմատներով պոլսեցի տաղանդաւոր ոսկերիչը տակաւին լոյս աշխարհ չեկած կորսնցուց մեծ հայրը, սակայն պատիւն ունեցաւ անկէ ժառանգելու արուեստի նկատմամբ սէրն ու ձիրքը։ Համբարձում եւ Յասմիկ Սուճիեան ամոլի երկու զաւակներէն մին է Արման Սուճիեան։ Ունի քոյր մը՝ Թալին, որ հաստատուած է Գերմանիա։ Թալին Սուճիեան Միւնիխի «Լիւտվիք Մաքսիմիլիան» համալսարանին մէջ ստանալով տոքթորականի աստիճան, այժմ՝ որպէս դասախօս կը պաշտօնավարէ նոյնանուն համալսարանին մէջ։ Ունի հեղինակային գիրք մը։

Արման Սուճիեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Եշիլգիւղի, այնուհետեւ Սահակեան-Նունեան վարժարաններուն մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է Մեծն Բրիտանիոյ Ռոչեսթըր քաղաքին մէջ գտնուող «Քենթ» համալսարանէն ներս։ Աւարտելով համալսարանի Մշակոյթ եւ ոճ բաժինը՝ մասնագիտացած է ազնիւ մետաղներու մշակման ու ձեւաւորման վրայ։

Փոքր տարիքէն սկսեալ բաւականաչափ ազդուելով մանկութեան օրրան՝ Եշիլգիւղի բնական տեսարաններէն, պայծառ ու զինքը միշտ խնդացնող կապուտակ երկինքէն, ինչպէս նաեւ՝ ծովափնեայ հրաշագեղ տեսարաններէն, մասնաւորապէս ձկնորսներու աշխատանքէն, Արման Սուճիեան թուղթ ու մատիտ առնելով սկսած է նկարել։ Անոր նկարները բազմազան ու բազմաբնոյթ էին։ Թերեւս այդ ժամանակուընէ սկսեալ ան իր գծած կտաւներու մէջ հիմը դրաւ ակնագործութեան կմախքներուն։ Ամուսնացած է Լեռնա Հազրոյեան-Սուճիեանի հետ։

Վերջերս Արման Սուճիեան իր արուեստանոցի երդիքին տակ՝ իր ոսկերչական իւրայատուկ ու ինքնատիպ ստեղծագործութիւնները լաւագոյնս գնահատողներու ու երկրպագուներու համար, ջերմ ու անմիջական ցուցադրութիւն-հաւաքոյթ մը կազմակերպեց։ Մինչ հիւրերուն ժամանելը, մեր համակրելի ոսկերիչը սիրով պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցերուն։

-Պարոն Արման, կրնա՞ք պատմել ձեր այս գեղեցիկ օրուան խորհուրդին մասին։

-Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը պատրաստուիմ այս օրուան։ Վերջերս նպատակադրուեցայ օր մը համախմբել, մէկ երդիքի տակ հաւաքել ընկերներս, բարեկամներս, եւ առհասարակ՝ իմ ստեղծագործութիւններու երկրպագուները, նախկին եւ նոր յաճախորդներս։ Նպատակս է՝ նեղ ընկերային ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զանոնք ծանօթացնել նոր եւ աւելի հին հաւաքածոներուս հետ։ Ահաւասիկ այդ օրը՝ այսօր էր, զոր ես կը կոչեմ՝ ընկերային հաւաքոյթ։

-Քիչ մը կը պատմէք, թէ ինչպէ՞ս ընտրեցիք ակնագործութեան ուղին։

-15 տարեկան էի, երբ Գոց շուկայի մէջ վարպետ՝ Յակոբ Չաքանի մօտ, որպէս սկսնակ գործի սկսայ։ Այնտեղ չորս տարի շարունակ թէ՛ աշխատեցայ, թէ սորվեցայ։ Բաց աստի, գծագրութեան դասընթացքներու կը յաճախէի։

Այնուհետեւ, ոսկերչութիւնը աւելի խոր ուսումնասիրելու եւ սերտելու նպատակաւ երեք տարի Միսաք Թորոսի հետ սկսայ աշխատիլ։ Որոշ ժամանակ անց՝ ոսկերչութեան մէջ լաւագոյնս մասնագիտանալու նպատակով, սկսայ աշխարհի երեսին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ փնտռել եւ ի վերջոյ գտայ։ Շուտով ընդունուեցայ եւ յաջողութեամբ աւարտեցի Մեծն Բրիտանիոյ Ռոչեսթըր քաղաքի «Քենթ» համալսարանը։

Համալսարանական տարիներուն շաբաթը երկու անգամ, աշխարհի նշանաւոր ոճաբան-ձեւաւորողներէն մէկուն՝ Սթիւըն Ուեպսթըրի մօտ սթաժի սկսայ։ Երկամեայ համալսարանը աւարտելէ ետք, իմ նշանաւոր վարպետը ինծի առաջարկեց իրեն հետ աշխատիլ։ Մեծագոյն սիրով ընդունեցի առաջարկը։ Այդ թուականներուն՝ Սթիւըն Ուեպսթըրի հետ աշխատած տարիներուս ես մասնագիտացայ փոքր արձանիկներ ստեղծելու վրայ։ Այսպէս՝ տասնմէկ տարի Մեծն Բրիտանիոյ, հինգ տարի ալ Միլանոյի մէջ թէ՛ աշխատեցայ եւ թէ բնակեցայ։

-Ո՞րն էր ձեր առաջին գործը։

-Առաջին գործերս տղամարդոց համար յատուկ գօտիներ էին։ Մէկ տարուան մէջ գրեթէ տասներկու գօտի պատրաստեցի։ Այնուհետեւ անցայ կանանց համար նախատեսուած նրբաոճ ու իւրայատուկ զարդերուն։ Նշեմ նաեւ, որ իմ բոլոր ստեղծագործութիւններուն վրայ անձամբ կ՚աշխատիմ։ Այսինքն բոլոր գործընթացները ես կը կատարեմ։ Զոր օրինակ, նախապէս մտքիս մէջ տարբերակ մը ունենալով, զայն թուղթին կը յանձնեմ, մոմէ կաղապարը կը հանեմ, մետաղի վրայ կը թափեմ ու կը սկսիմ յղկել։ Միայն տուեալ գործին քարերը ես չեմ տեղադրեր, անոնք քար տեղադրող յատուկ մասնագէտներու գործն է։ Այսպէս՝ այս ուղիէն անցնելով երեւան կու գան իմ բոլոր գործերը։

Անգլիա ուսանած տարիներուս, համալսարանին մէջ մեզի սորվեցուցին՝ գործին տիրապետել սկիզբէն մինչեւ վերջ։ Պոլսոյ մէջ մեր ոսկերիչները, ակնագործները միայն մէկ գործընթացին կը տիրապետեն։

-Պարոն Արման, ձեր ստեղծագործութիւններուն համակիրները ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս կրնան ձեռք բերել ձեր եզակի նմոյշ հանդիսացող գործերը։

-Իմ գործերը ոսկերչատուներու մէջ չեն վաճառուիր։ Փափաքողներ կրնան ինծի հետ կապ հաստատել ու ծանօթանալ, ձեռք բերել զանոնք։

-Ձեր գործերը ինչպէ՞ս կը գովազդէք, մարդիկ ինչպէ՞ս կը տեղեկանան անոնց մասին։

-Իմ բոլոր գործերը տեղադրուած են համացանցի վրայ՝ ընկերային ցանցերու մէջ։ «Դիմատետր» եւ «Ինսթակրամ» ընկերային ցանցերու վրայ ես ունիմ յատուկ էջ՝ «SUCIYAN», ուր մարդիկ կրնան ծանօթանալ եւ ձեռք բերել իմ ստեղծագործութիւնները։ Բաց աստի, այսպիսի յատուկ գործերը կամաց-կամաց, բերնէ բերան կը տարածուին։ Նշեմ նաեւ, որ քանի մը անգամ իմ գործերը տեղ գտան նաեւ ամսագրերու մէջ։

-Որքա՞ն ժամանակ կը պահանջէ ձեր իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւնը։

-Կը տարբերի՝ մէկ, երկու նոյնիսկ երեք ամիս։ Տասներկու հատ գօտիի զարդ ստեղծելու համար գրեթէ մէկուկէս տարի աշխատեցայ։ Շատ բծախնդիր եմ, ամէն մանրուքի վրայ մանրակրկիտ կ՚աշխատիմ, ինչ որ ինձմէ շատ ժամանակ կը խլէ։

-Ովքե՞ր են ձեր յաճախորդները։

-Մեծ մասամբ արտասահմանէն են իմ յաճախորդները, որոնց շարքին կան նաեւ արտերկրի մէջ ապրող տեղացիներ։ Իմ յաճախորդները արտասովոր ու ինքնատիպ ճաշակ ունեցող անձեր են։

-Պարոն Արման, անհատական պատուէրներ ալ կ՚ընդունի՞ք։

-Աւելի շատ ես իմ գործերը կը վաճառեմ։ Հազուագիւտ անձաւորութիւններէ կ՚ընդունիմ անհատական պատուէրներ, քանզի նման պատուէր ընդունելու համար պէտք է, որ մարդը լաւ ճանչնաս. լաւագոյնս ծանօթ ըլլաս անոր ներաշխարհին ու հոգեբանութեան։ Ընդհանրապէս կու գան, իմ գործերէն կը հաւնին, երբեմն կը փափաքին չնչին փոփոխութիւններու ենթարկել իրենց նախընտրած զարդը։

-Ներկայիս ոսկերչութիւնը ձեր միա՞կ զբաղումն է։

-Ոչ, բացի ոսկերչութենէ, չորս տարիէ ի վեր շաբաթը երկու օր «Պիլկի» համալսարանին մէջ «Նորաձեւութիւն ու ոճաբանութիւն» բաժնի երկրորդ դասարանի ուսանողներուն ոսկերչութիւն կը դասաւանդեմ։ Ուսանողներուն կը սորվեցնեմ, թէ ինչպէս կարելի է պարզ մետաղէ մը արուեստի գործ ստանալ։ Շատ կը սիրեմ ուսանողներու հետ աշխատիլ, իմ գիտելիքներու պաշարն ու փորձառութիւնը փոխանցել անոնց։

-Քիչ մը կը պատմէ՞ք ձեր աշխատանքային առօրեային մասին։

-Ինչպէս իւրաքանչիւր աշխատող՝ ես ալ նոյնպէս կ՚աշխատիմ ամէն օր։ Երբեմն նոյնիսկ շաբաթ եւ կիրակի օրերը ստիպուած կ՚ըլլամ աշխատելու։

-Պարոն Արման, դուք ոսկերչական ցուցահանդէսներու մասնակցա՞ծ էք։

-Այո, երբեմն կը մասնակցիմ։ Անցեալ տարի ալ Լաս Վեկասի մէջ ցուցադրութեան մը մասնակցեցայ։

-Հայաստան այցելա՞ծ էք։

-Հայաստան չեմ այցելած, սակայն շատ կը փափաքիմ։ Մասնաւորապէս զիս շատ կը հետաքրքրէ քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մէջ բացուած ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը, ուր շատ կը փափաքէի այցելել։

Արման Սուճիեանի արտասովոր ու ինքնատիպ ստեղծագործութիւններուն մէջ տեղ գտած են արծաթէ ու ադամանդներէ, թանկարժէք երփներանգ քարերու համադրումէ երեւան եկած միօրինակ ու եզակի նմոյշներ։ Տրուելով երեւակայութեան անծայրածիր սահմաններուն, Արման Սուճիեան արտասովոր ոճի սիրահարներուն համար կը ստեղծէ ամենազանազան իրեր ու զարդեր։ Տղամարդոց համար՝ մատանիներ, գօտիներ, թեզանիքի կոճակներ։ Իսկ գեղեցիկ սեռի ներկայացուցիչներուն առջեւ ան կը փռէ զարդերու առատ տեսականի՝ մատանի, օղ, մանեակ, ապարանջան եւ այլն…

Կինը գաղտնարան է, իւրաքանչիւր կին ունի միմիայն իրեն յայտնի գաղտնիք մը։ Մեծապէս յարգելով կանանց բնաւորութեան այս գիծը, Արման Սուճիեան անոնց համար կը ստեղծէ գաղտնիք, թաքուն բան մը իր մէջ պարունակող եզակի զարդեր, զոր օրինակ՝ օղ մը, որու հակառակ կողմը իր վրայ ունի պահուած նշան մը, զոր միայն կրողին յայտնի է։

Ազնիւ մետաղներէ, թանկարժէք քարերով պատուած տղամարդոց համար նախատեսուած թեզանիքի կոճակներու արժէքը կը սկսի 250 ամերիկեան տոլարէ։ Գօտիներու գինը կը հասնի մինչեւ 1000-1200 ամերիկեան տոլար։ Իսկ կանանց համար նախատեսուած զարդերուն արժէքը կը սկսի 800 ամերիկեան տոլարէն եւ կը հատէ 12 հազար ամերիկեան տոլարի սահմանները…

Հուսկ, ամփոփելով միտքս՝ համայն մարդկութեան կը մաղթեմ ոսկիի ազնուութիւն, իսկ կեանքի աղբիւրը հանդիսացող գեղեցիկ սեռի ներկայացուցիչներուն՝ ադամանդեայ փայլք ու գրաւչութիւն։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019