ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԸ
ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
-Ո՞ւմ արձանն է, մա՛մ,- կը հարցնէ ձագուկ մը Մատենադարանի անցքերէն մէկուն մէջ բազմած պատմահօր պրոնզեայ արձանին ակնարկելով:
-Մովսէս Խորենացու արձանն է, բալէս, նա է առաջին անգամ գրել մեր պատմութիւնը:
Ու ինքնիկով մը կը յաւերժանայ մանկան առաջին ծանօթութեան այս պահը:
-Էս ներկերը տեսնո՞ւմ ես բալէս, տե՛ս, գրուել է, թէ ինչի՛ց են պատրաստուել. բոլորն էլ՝ բոյսերից, իսկ կարմիր գոյնը,- ցոյց տալով որդան կարմիրի բրածոները,- էս որդերից են դուրս բերել մեր նախնիները, որդան կարմիր են կոչուում. էս որդերը բնակում էին Արարատեան դաշտում:
-Ինչի՞ համար են օգտագործուել էս ներկերը, պա՛պ,- հետաքրքրուած կը հարցնէ ձագուկը:
-Էս թանգարանում լիքը ձեռագրեր կան, մատեաններ. մանրանկարիչները գոյներով էին նկարազարդում դրանց էջերը. էդ գոյները սրանք են:
-Միայն գրքերի համա՞ր էին օգտագործուում,- մանուկը կը շարունակէ իր պապակ հոգին յագեցնել գիտելիքներով:
-Գորգերի համար էլ էին օգտագործում հնում, բրդերն էին ներկում ու գորգ հիւսում: Արի՛, գնանք քեզ ցոյց տամ մանրանկարները:
Հետաքրրութիւններ կը ցանուին մանուկներուն մէջ, հիմքեր, պրպտումներու նախապայմաններ, որոնք, հասունացման հետ, պարոյկներու կրնան վերածուիլ ու սիրով գիտելիք առ գիտելիք կրնան կառուցուիլ ապագային:
Տօներ կան, որոնք կենդանութիւն կը պարգեւեն անցեալին: Մատենադարանի ցուցասրահները կը վխտան այցելուներով: Օրն է հինին հետ առընչուելու: Կը տեսնես ամբողջ ազգի մը անցած ուղին, կը պատկերացնես մերթ գրիչը թանաքամանին ու լամբին աղօտ լոյսին հետ ամբողջութիւն մը կազմած կը թափէ ներքին կուտակները թուղթին վրայ գծելով, մերթ՝ ծաղկողը գոյներու աշխարհին մէջ խորասուզուած իր պատկերացումները կը թափանցէ մագաղաթին, մերթ՝ պատմաբանը, որ իր հաւաքած նշումներն ու բանահիւսութեանց պատառիկները պաստառի կը վերածէ, ամբողջութեան տեսք մը կու տայ անոնց, տեսք մը, որ երբեմն իբրեւ ականատեսի վկայութիւն պիտի ծառայէ յետագային ազգի մը գոյութեան, ապրած տարիներուն, մարտնչումներուն, յաղթանակներուն ու պարտութիւններուն...:
Կ՚ապրին հիները այսօր մեզի հետ, կը հաղորդակցին, կ՚ուրախանան նաեւ մա՛նաւանդ երբ նկատեն մանուկի մը այցելութիւնը, անոր տրուած բացատրութիւնները իրենց մասին. կը կենդանանան անոնք, կը տօնեն, կը տեսնեն «փոքր ածու»ին սերունդը նոր, կը յուսան որ իմաստնութեան ու գիտութեան ժառանգորդը ըլլան, կը յուսան որ նորը հասկնայ հինին անցած դժուար ուղին ու փորձէ գուցէ նշմար մը քաղել անկէ, շարունակել հինին ուղին նոր որակումներով, նոր յաղթանակներով, նուաճումներով, պարտութիւններով..., բաներ, որոնք արժանանան «գրոյ, յիշատակի»:
-Գիտե՞ս, ձագս, այս աւետարանը երեք կտորի վարածած եւ հայ կիները իրենց հագուստներուն մէջ պահելով փրկած են ցեղասպանութենէն,- կը բացատրէ սփիւռքահայ զբօսաշրջիկ մը իր զաւկին:
-Իրա՞ւ, մա՛մ, որքա՛ն դժուար է պատկերացնելն իսկ,- կը պատասխանէ մանկիկը պիշ-պիշ նայելով հսկայ աւետարանին:
Սրահներէն մէկուն մէջ՝
-Բալէս դու ի՛նչ երգ էիր նոր սովորել, յիշո՞ւմ ես, որ երգեցիր վերջին համերգին,- կը հարցնէ հայր մը իր մանչուկին ցուցափեղկերէն մէկուն դէմ կանգնած:
-Հա՛, պա՛պ, Սայաթ Նովայի «Քանի վուր ճան իմ» երգը,- կը պատասխանէ մանկիկը հօրը անտեղի հարցումէն զարմացած:
-Տե՛ս, էս ձեռագիրը Սայաթ Նովայի ձեռագիրն է,- ցոյց կու տայ ցուցափեղկին մէջ գիրքի մը յատակին գրուած «Սայաթ Նովայի ձեռագիրը» գրութիւնը:
Ու մանուկը կը սկսի շշնջալ նոյն երգին հնչիւնները, զուարթ յուշ մը արձանագրելով իր մտքի շտեմարանին մէջ:
Աւետարաններու պատառիկները մէկ կողմէն, Նարեկը, շարակնոցները միւս կողմէն, Աստուածաշնչեան տարբեր դարերու նկարիչներու գծապատկերները՝ ցուցասրահներներէն կարծես կ՚օրհնեն այս առընչութիւնը, մինչ Մատենադարանի հայաբոյր որմանկարները կ՚ողջունեն անցորդները կամարներուն բարձունքէն:
... Եւ կը շարունակուի օրը այցելուներու հերթականութեամբ, ու դուրսը, մուտքին, ծնկաչոք Կորիւնը Մաշտոցէն դասեր կ՚ունկնդրէ...:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ