ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂ ՀՐԱԿ ԿԻԼԻԿԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԷՆՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԸ ԴՐԱԿԱՆ ԷՐ»

Քիչ չէր անոնց թիւը, որոնք զոհ գացին Սուրիոյ մէջ ծագած պատերազմին։ Խօսքը Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի, Հոմսի, Համայի, Տէր Զօրի եւ նոյնիսկ Ռաքքայի մէջ զոհուած հայ զինուորներուն մասին է, որոնք, ինչպէս ընդունուած է շատ մը երկիրներու պարագային, կը ծառայէին իրենց ապրած երկրի ազգային բանակին մէջ։

Իրողութիւնը, տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւնները, մարտերուն անկանխատեսելիութիւնը եւ առհասարակ սուրիական տագնապին ահաւորութիւնը իր արիւնոտ հետքերը թողեց նաեւ սուրիահայութեան վրայ եւ այդ զարգացումներուն ամենէն աւելի վիշտ պատճառողը եղաւ Սուրիոյ հայ մայրերուն ապրած օրհասական պահերը, երբ անոնցմէ շատեր զանազան պայմաններու տակ կորսնցուցին իրենց զաւակները, ամուսիներն ու հարազատները։

Այդ ընդհանուր դրութեան մէջ եղան զինուորներ, որոնք աչք առին ամէն ինչ եւ զանազան ճանապարհներով դուրս եկան երկրէն ու հասան հայրենիք՝ Հայաստան։

Անոնցմէ մին է Հրակ Կիլիկեան, որ պատերազմի ամենածանր փուլին կը գտնուէր Ռաքքայի մէջ եւ կարողացաւ մեծ դժուարութիւններէ անցնելէ յետոյ հասնիլ Հայաստան։

Վերջերս առիթն ունեցայ զրուցելու Հրակ Կիլիկեանին հետ։ Մեր ընթերցողները պիտի նկատեն, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ հալէպահայ երիտասարդը կարողացած է հոսանքն ի վեր լողալ եւ աւուր հացի խնդիրը լուծելու կողքին իր ուսումնառութիւնը շարունակել։

*

-Վեց տարի առաջ որոշում առիք Սուրիայէն հեռանալու։ Ճի՞շդ էր արդեօք այդ որոշումդ եւ ինչո՞ւ:

-Ես Սուրիոյ մէջ զինուոր էի, վտանգաւոր՝ Ռաքքայի շրջանին մէջ կը ծառայէի: Երբ 2013 թուականի մարտին Ռաքքա քաղաքը ինկաւ ահաբեկիչներու ձեռքը, ես Հայաստան փոխադրուեցայ: Այդ ժամանակուայ համար իմ Հայաստան գալը ամենատրամաբանական որոշումն էր, որ առի եւ հիմա, վեց տարի անց, նոյնպէս կը համարեմ, որ ճիշդ էր իմ առած այդ քայլը, որովհետեւ Հայաստան գալով, ես կրցայ շարունակել բնականոն կեանքս։ Չեմ ուզեր մտածել, թէ ինչ պիտի ըլլար ճակատագիրս, եթէ ես շարունակէի Սուրիա մնալ։

-Վեց տարիէ ի վեր Հայաստան կ՚ապրիք, ի՞նչ ձեռքբերումներ ունեցաք այս ժամանակահատուածին։ Արդեօք Հայաստանը եւ հայաստանցիները որեւէ կերպով ձեզի օգնեցի՞ն, որպէսիզ կարողանաք յաջողութեան հասնիլ։

-Կրնամ ըսել, որ զանազան ձեռքբերումներ ունեցայ Հայաստան գալէս վերջ: Վեց տարի առաջ, երբ նոր եկած էի, բնականաբար առաջին քայլը գործ ճարելն էր եւ ես հնարաւորութիւն ունեցայ աշխատելու խոհանոցի մէջ. նախ՝ որպէս ճաշ պատրաստող, մի քանի տարի վերջ, աստիճանաբար զարգանալով, գլխաւոր խոհարարի մակարդակին հասայ եւ որոշ շրջան մը վարեցի այդ պաշտօնը։ Բաւականին զարգացայ նաեւ շաուրմայի գործին մէջ, որ մինչեւ այսօր կը շարունակեմ: Այս մէկը մեծ ձեռքբերում էր ինծի համար իրականութեան մէջ, հակառակ անոր, որ խոհարարութիւնը իմ ուզած գործը չէր, այսինքն՝ խոհարարութեան մէջ ձեռքբերումը իմ նպատակը չէր, բայց եղաւ եւ դժգոհ չեմ:

Երկրորդ՝ ինծի համար աւելի մեծ ձեռքբերում էր համալսարական ուսումս եւ իմ մասնագիտական ոլորտիս՝ հոգեբանութեան մէջ խորանալը: Համալսարանի կեանքը ինծի շատ օգնեց յարմարուելու համար Հայաստանին, նաեւ ունեցայ հայաստանցի ընկերներ: Անշուշտ դժուարութիւններ ալ կային, յատկապէս սկզբնական շրջանին, բայց յաղթահարուեցան եւ այս տարի արդէն կ՚աւարտեմ ուսումս: Այս ընթացքին ես հոգեբանութեան մէջ գրեցի երկու գիտական յօդուած, որոնցմէ մէկը ահաբեկչական հոգեբանութեան մասին էր։ Ասոնք ալ հիմնական ձեռքբերումներ են ինծի համար։

Նշեմ նաեւ, որ աշխատանքի ու համալսարանական ուսման կողքին, մասնակցեցայ տարբեր դասընթացքներու, որոնք ուղղուած էին Հայաստանի կեանքին յարմարուելու, այդ դասընթացքները բաւական օգնեցին ինծի, միաժամանակ տարբեր կազմակերպութիւններէ զանազան կրթաթոշակներ ստացայ, իմ կրթութիւնս շարունակելու համար, բան մը, որ շատ օգտակար էր ինծի համար։

-Գնահատելի է, որ ձեր ուսումը շարունակելու համար, զանազան գործեր ըրիք: Այսօր ի՞նչ իրավիճակի մէջ էք, ինչպիսի՞ն են ձեր պայմանները:

-Այսօր ես դեռ կ՚աշխատիմ որպէս խոհարար։ «Ապու Յակոբ» ֆեսթ-ֆուտի մասը եւ ինչպէս ըսի, ուսմանս աւարտական տարին է: Ներկայ իրավիճակս լաւ է, որովհետեւ ես հիմա ոչ թէ միայն կ՚աշխատիմ ու կ՚ուսանիմ, այլ նաեւ կամաւոր աշխատանքներ կը տանիմ, որպէս հոգեբան, զանազան կազմակերպութիւններէ ներս: Ես առանձին կ՚ապրիմ եւ աշխատանքիս միջոցով թէ՛ իմ տան վարձքը, թէ անձնական ծախսերս կը հոգամ, միեւնոյն ժամանակ ուսումնական ծախսս կը հոգամ, անշուշտ, ինչպէս ըսի, կրթաթոշակի առումով որոշ կազմակերպութիւններ եւս օգտակար կը դառնան:

-Որպէս ուսանող, ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցար համալսարանէն ներս. արդեօք որեւէ ձեւով խտրական վերաբերմունք զգացի՞ր, թէ՞ մօտեցումը դրական էր քեզի հանդէպ: Ի՞նչ կրնաս պատմել կրթական համակարգի մասին:

-Բաւական դժուար էր ուսումնական կեանքը, մանաւանդ սկիզբները, բայց կրնամ ըսել, որ այն աւելի օգնեց Հայաստանի կեանքին յարմարուելու: Դժուարութիւնները շատ էին, մանաւանդ լեզուի խնդրի հետ կապուած, կը դժուարանայի դասերը թէ՛ հասկնալու, թէ՛ սորվելու։ Բացի այդ, կար նաեւ մշակութային տարբերութիւնը, որքան ալ նոյն հայը ըլլանք, մշակութային որոշ զանազանութիւններ կան սուրիահայերու եւ Հայաստանի հայերու միջեւ, բայց խտրականութիւն բացարձակապէս չկար, ընդհակառակը, աւելի դրական էր վերաբերմունքը իմ նկատմամբ ու արդէն այդ էր, որ ինծի օգնեց ամէն ինչ յաղթահարելու:

Կրթական համակարգը լաւ էր, բայց կային որոշ թերութիւններ: Իմ ուսումս հայերէնով էր ու շատ դժուար էր մասնագիտական գրականութիւն, նիւթեր գտնել հայերէնով, իսկ դասընկերներս կ՚օգտուէին ռուսերէն գրականութենէն: Ատիկա ինծի համար բաւական դժուար էր, քանի որ ես ռուսերէն չեմ գիտեր եւ բոլորին կարդացած նիւթերը չէի կրնար կարդալ, բայց յամենայնդէպս այդ հարցով եւս ինծի օգնեց կրթական համակարգը, թոյլ տալով, որ ես անգլերէն աղբիւրներէ նիւթեր կարդամ:

-Իսկ ուսումդ աւարտելէ ետք պիտի շարունակե՞ս մնալ Հայաստան, թէ՞ մտադիր ես այլ երկիր երթալ, եթէ այո՝ ինչո՞ւ:

-Հայաստանէն երթալու նպատակ չունիմ: Հայաստանի մէջ իմ ապրած փորձառութենէս գոհ եմ։ Հիմա կ՚ուզեմ մագիստրոսի աստիճան ստանալ, շարունակել մասնագիտական կեանքս: Տեսնենք ինչ հնարաւորութիւններ կ՚ունենամ աշխատելու իմ մասնագիտութեամբ, բայց համոզուած են, որ հնարաւորութիւնները շատ են Հայաստանի մէջ, պէտք է քիչ մը ջանք թափել:

-Դուք, ի վերջոյ, պատերազմի պատճառով ստիպուեցաք լքել ձեր ծննդավայրը. ի՞նչ կը մտածէք այսօր այդ մասին՝ Սուրիոյ մասին:

-Այո՛, ճիշդ է, Սուրիան իմ ծննդավայրն է, բայց ներկայ Սուրիան իմ ծննդավայր Սուրիան չէ: Ան միայն աշխարհագրական տարածք չէ, այլ ժողովուրդն է, մեր յիշողութիւններն են։ Իսկ այսօր այն յիշատակները՝ զորս ունինք, Սուրիոյ ներկայ իրականութենէն շատ տարբեր են, ժողովուրդն ալ նոյնը չէ: Սուրիոյ ժողովուրդը տարածուեցաւ աշխարհի չորս կողմը. Հայաստան, Եւրոպա եւ այլն, եւ ամէն մէկը իր հետ քիչ մը Սուրիա տարաւ… Հիմա, այսօրուան Սուրիան տարբեր տեղ մըն է:

Եթէ պատերազմ չըլլար, Սուրիան աւելի զարգանալու մեծ հնարաւորութիւն ունէր, բայց պատերազմը եկաւ եւ այդ յառաջընթացի հնարաւորութիւնը փոխարինուեցաւ յետադիմութեամբ։

Պատերազմն էր, այո, պատճառը, որ ես եկայ Հայաստան եւ հիմա այսպէս դասաւորուեցաւ իմ կեանքը։

-Գիտենք, որ Սուրիոյ մէջ երիտասարդութեան թիւի լուրջ նուազում կայ, յատկապէս հայկական համայնքէն ներս. ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:

-Իմ կարծիքով՝ Սուրիոյ մէջ երիտասարդութեան թիւի նուազումը շատ բնական է, որովհետեւ 18 տարեկանէն մինչեւ 35-40 տարեկան երիտասարդ տղաքը բանակ կանչուեցան, հետեւաբար, բոլոր այն մարդիկ, որոնք չէին ուզեր այս պատերազմին մաս կազմել, դուրս եկան Սուրիայէն: Անոնք այլընտրանք չունէին, եթէ Սուրիա մնային, իրենց ապագան պիտի վտանգուէր, կամ վտանգի մէջ պիտի ըլլային, իսկ հիմա, անոնք այդ երկրին մէջ ապագայ չունին, անոնց ապագան Սուրիայէն դուրս է։

-Արդեօք հայութիւնը ապագայ ունի՞ Սուրիոյ մէջ:

-Այո՛, իմ կարծիքով հայերը ապագայ ունին Սուրիոյ մէջ, կրնամ ըսել՝ փորձը արդէն ցոյց տուած է ատիկա: Սուրիոյ հայկական համայնքը ամենազօրաւորներէն մէկն էր, մանաւանդ Հալէպի մէջ: Մենք սուրիացի ըլլալէ առաջ, որպէս հայ դաստիարակուած ենք, արաբական երկրի մէջ ապրած ըլլալով, այդ օտար մշակոյթը ազդեցութիւն չէ գործած մեր վրայ, գոնէ Հալէպի մէջ, եւ հայկական մշակոյթը անընդհատ շարունակած է զարգանալ: Կը կարծեմ, որ նոյն ձեւով ալ կը շարունակուի այսօր, թէե համայնքին թիւը նուազած է, բայց նոր սերունդ մը պիտի հասնի անպայման։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019