«ՎՈ՞ՎԱ» (Բ.)

Անցեալ սիւնակով Համշէն առաջին մուտքիս մասին պատմած էի։

Կարինէն բարձրացած էինք դէպի հիւսիս, լեռնանցքներու ընդմէջէն հասած պատմական Համշէն, այսինքն Համամաշէն, հոն ուր Համամ Ամատունի իշխանը հասած էր իր հօր՝ Շապուհի, եւ տասներկու հազար Այրարատեան նահանգի բնակիչներու հետ 789-790 թուականներուն, արտագաղթելով Արաբական իշխանութեան տակ ինկած Հայաստանէն։ Բիւզանդական կայսրութեան իշխանութեան տակ գտնուող այդ լեռնավայրին մէջ Համամ կառուցած էր Համամաշէնը, որ սկիզբ դրած էր Համշէնեան պատմութեան եւ յետագային ձեւաւորուելիք համշէնցիի ինքնութեան։

Համամի հիմնած իշխանութիւնը, շնորհիւ իր լեռնային աշխարհագրութեան, մնացած էր կիսանկախ թէ՛ Բիւզանդական, թէ՛ Տրապիզոնեան կայսրութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ Լենկ Թիմուրեան եւ Թիւրքմենական տիրութիւններու ժամանակաշրջաններուն։ 1489 ին արդէն մաս դարձած էր Օսմանեան կայսրութեան, ու մնացած անոր մէջ մինչեւ կայսրութեան փլուզումն ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծումը։

Այսօր, սակայն, հին Համշէնը համշէնցիութեան անպաշտօն մայրաքաղաքի իր դիրքը զիջած է Հոփային, որ դուրս կը գտնուի պատմական Համշէնէն, եւ ուր համշէնցիք հասած են շատ աւելի ուշ։ Ժամանակի ընթացքին համշէնցիներու կարեւոր թիւ մը գաղթած է պատմական Համշէնէն դէպի արեւելք, Օսմանեան կայսրութեան ծայրամաս, եւ հաստատուած նախ Հոփա քաղաքի շրջակայ լեռներուն վրայ, յետոյ ալ քիչ քիչ արդէն նոյնինքն քաղաքին մէջ։ Առաւելաբար ա՛յս շրջանի համշէնցիներն են, որոնք պահած են իրենց լեզուն, համշէն(ահայ)երէնը, ի տարբերութիւն պատմական կամ արեւմտեան Համշէնի ժողովուրդին։

Իրենք զիրենք համշէնցի կամ համշէնահայ համարողները այսօր առաւելապէս կեդրոնացած են արեւելեան Համշէնի մէջ։ Արեւմտեանի մէջ թրքացածներու համեմատութիւնը շատ աւելի մեծ է։ Այն մէկ երկու համշէնահայ ընտանիքը, որոնց առաջին այցիս ընթացքին հանդիպած էի եւ որոնց մասին գրած էի նախորդ յօդուածիս մէջ, նոյնինքն արեւելեան Համշէնի գիւղերու բնակիչներ էին։

Եթէ արեւելեան շրջանի մէջ իրենք զիրենք հայ համարողներ աւելի շատ կարելի է գտնել, այդ տակաւին չի նշանակեր որ բոլոր արեւելեան համշէնցիները որպէս այդպիսին կը ներկայանան։ Անոնց մէջ ալ կան մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք հայ չեն համարեր, հակառակ անոր, որ համշէնահայերէն կը խօսին։ Այսպիսիներու մասին աւելի հանգամանօրէն պիտի գրեմ յաջորդիւ, բայց այսօր պատմեմ միայն մէկ դրուագ, որուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով դէմ յանդիման եկայ համշէնցիի այդ տեսակին։

Ծովափնեայ Հոփայի հիւրանոցներէն մէկը գիշերած էինք։ Յաջորդ առաւօտ արդէն հանրակառքով պիտի մեկնէինք Վան։ Ամէն այցելած քաղաքէս փոքր բան մը հետս տանելու այն օրերու սովորութեանս համաձայն, որոշեցի Հոփայէն տեղական սեւ թեյ առնել։ Բախտս այնպէս բերաւ, որ հիւրանոցի ընդունելութեան սեղանին մօտ վաճառքի դրուած էին թեյի տրցակներ։

Մօտեցայ սեղանին, եւ սպասեցի որ ինձմէ առաջ գտնուող մարդը գործը աւարտէ։ Թէ՛ վերջինս, թէ՛ հիւրանոցի պաշտօնեան համշէնցի էին, որովհետեւ Համշէնի բարբառով կը խօսէին։ Ինծի համար դժուար էր (մինչեւ օրս ալ դժուար է), իրենց խօսածը ամբողջովին հասկնալը, յատկապէս որ արագ կը խօսէին։ Բայց կրցայ «մէկ», «երկու» եւ «իյեք» բառերը բռնել։

Երբ հերթը հասաւ ինծի, մօտեցայ եւ ցուցամատս ուղղեցի թէյի տրցակներուն։ Մարդը ժպտաց, կապոյտ աչքերով այո՛ մը ըրաւ եւ տրցակ մը վերցուց ու դրաւ առջեւս։ Թէեւ ինծի համար մէկ հատը բաւարար էր, բայց չդիմացայ փորձութեան եւ ըսի «երկու»։ Ժպիտը սառեցաւ, մի քանի երկվայրկեան մնաց ապշած, յետոյ ակնյայտօրէն որոշեց «չհասկնալ» ըսածս։ Ըսի «Հոմշեցմա... երկու», բայց դարձեալ «չհասկցաւ» ու թրքերէնով բաներ մը ըսաւ։

Կասկած չունէի, որ լաւ ալ հասկցած էր։ Բայց գիտէր, որպէս հիւրանոցի ընդունելութեան պաշտօնեայ, որ խումբ մը հայ զբօսաշրջիկներ եկած էին իրենց մօտ, ու անմիջապէս հասկցած էր, որ անոնցմէ մէկն եմ ես ու կը փորձեմ իր հետ «նոյնն ենք»ի խաղը խաղալ։

«Նոյնը չենք»ի քարտը հանած նետած էր խաղասեղանին. պարտուած էի։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019