ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐԵՐ
Ապրիլի 24-ին ընդառաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանել սկսան քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրին ընդառաջ՝ երէկ Հայաստան մեկնեցաւ Աղեքսանդրիոյ եւ Համայն Ափրիկէի Պապ, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ գահակալ Տ.Տ. Թեւադրոս Բ. Պատրիարքը։ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքը դիմաւորեցին՝ Տաւուշի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան։ Օդակայանէն հիւր պատրիարքը առաջնորդուեցաւ մայրավանք, ուր զինքը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը։ Երկու հայրապետներու եղբայրական ողջագուրումէն վերջ, անոնք հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը՝ զանգակներու զուարթ ղօղանջին ներքեւ։ Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք։
Այս առթիւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը ողջոյնի խօսքով մը բարի գալուստ մաղթեց իր հոգեւոր եղբօր։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ հոգեւոր մեծ մխիթարութիւն կը նկատուի քոյր եկեղեցիներու պետերուն մասնակցութիւնն ու զօրակցութիւնը՝ 2015-ի տարելիցին։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ Երկնաւոր Տէրը արդիւնաւորէ եկեղեցիներու աստուածադիր առաքելութիւնը՝ աւելիով նպաստելու ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ հասկացութեան եւ հանդուրժողութեան ոգիի զօրացման։
Աւելի վերջ իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Ղպտի Ուղղափառ պատրիարքը, որ նշեց, թէ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութիւնը միշտ եղած է իր հետաքրքրութեան առարկայ։ Ան խօսեցաւ Ղպտի Ուղղափառ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներու միջեւ առկայ բարեկամական սերտ համագործակցութեան մասին։ Սրտի խօսքի աւարտին Թեւադրոս Բ. Պատրիարքը վստահութիւն յայտնեց, որ իր այցելութիւնը Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ հաւատքի վերանորոգման առիթ մը պիտի հանդիսանայ։
Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգը երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնով մը հրապարակեց յառաջիկայ օրերու արարողութիւններուն ժամանակացոյցը։ Այսպէս, վաղը երեկոյեան, ժամը 21.30-ին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հսկումի արարողութիւն մը, որուն պիտի մասնակցին 100-րդ տարելիցին առթիւ Հայաստան ժամանած կամ ժամանելիք քրիստոնէական եկեղեցիներու հովուապետներն ու պաշտօնական պատուիրակութիւնները։ Ապրիլի 23-ի առաւօտեան Մայր Տաճարի մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։ Նոյն օրը 17.15-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ տեղի պիտի ունենայ նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ բազմաթիւ եկեղեցիներու հայրապետներ կամ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ պիտի մասնակցին արարողութիւններուն։ Անցեալ շաբաթավերջին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած արարողութիւններուն նախագահած Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը պիտի չմասնակցի 2015-ի ոգեկոչումներուն։ Կը նախատեսուի, որ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետը Հայաստան այցելէ ոչ թէ այս տարի, այլ 2016 թուականին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024