ՅՈՒՆԻՍԵԱՆ ԳՈՅՆԵՐ
Բնութիւնը ներշնչանքի աղբիւր հանդիսացած է հինէն ի վեր: Յունիս ամսուն բնութիւնը կը հագուի բազմագոյն երանգներ, ամենայատկանշականը սակայն վարդերու երանգներն են: Այս ամսուան ընթացքին է, որ վարդերը իրենց բազմաթիւ տեսակներով գեղեցկութիւն կը սփռեն ամէնուր: Սիրոյ խորհրդանիշ այս բոյսին հմայքին ներշնչանքով ծնունդ առած են բազմաթիւ գոհարներ միջնադարեան տաղերգուներու գրիչով եւ յաճախ վարդը առընչուած է պլպուլին հետ՝
«Աշխարհումըն վարդն է էլի պըլպուլների սիրեկանըն.
Պըլպուլի լիզուով իմ ասում.« Տէ՜ր, պահէ վարդի նըմանըն,,,» (Գրիգորիս Աղթամարցի)
Հանց ողորմուկ ի վարդն ասաց.
-Իմ լուսատու արեւըն դու,
Աստղըն զօհալ եւ մուշտարի,
Շամս ու ղամար իմ թաճըս դու»: (Կոստանդին Երզնկացի)
Յունական առասպելներ հիւսուած են վարդի մասին՝ թէ ինչպէս սիրոյ եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աֆրոտիթի նման վարդը ծնունդ առած է ջուրի փրփուրներէն: Վարդը ի սկզբանէ ճերմակ էր, իր գոյնը փոխած է, երբ, օրին մէկը աստուածուհիին մատը ծակած ու կաթիլ մը արիւն հոսած է ծաղիկին վրայ: Արիւնը վարդին գոյնը կարմիր դարձուցած է:
Կ՚ըսուի թէ նաեւ ժամանակին կը հաւատային, որ այդ ծաղիկը քաջութիւն կը ներշնչէ: Երբ քաջ զինուորները պատերազմէն յաղթական կը վերադառնային, անոնց վրայ վարդի փերթեր կը թափէին կամ վարդերով հիւսուած ծաղկեպսակներ կը դնէին անոնց գլխուն:
Իսկ բնութեան սիրահար Համօ Սահեան իր «Եւ ի՞նչ է տուել» ոտանաւորին մէջ կը յիշէ մասրենին՝ վայրի վարդը եւ երջանկութիւնը կը կապէ բնութեան հետ՝
Եւ ի՞նչ է տուել ինձ բնութիւնը,-
Յաւիտեան նորոգ իր հնութիւնը,
...
Սեփական վէրքերն ապաքինելու
Կարողութիւնը…
Իր սեւահողի խոնաւութիւնը,
Մասրենու փշոտ խոնարհութիւնը…
Ինքնաբաշխումի ուրախութիւնը,
Ինքնամերժումի խիզախութիւնը,
Ինքնութեան պատիւն ու թանկութիւնը,
Ինքն իր մեծութեամբ չպարծենալու
Երջանկութիւնը…
Բացի վարդազգիներէն յունիսին կը ծաղկին բազմաթիւ բոյսեր: Մանկութեանս, սովորաբար ամառները Պէյրութ՝ մեծ հօրս տան մէջ կ՚անցընէինք, հոն առաջին անգամ տեսած եմ ռեհանի թուփը: Մանր ձեռքերովս կը շոյէի թուփին գանգուր մազերը, երբեմն ճերմակ, փոքր ծաղիկները կը թափէին, բայց անուշ բոյրը կը մնար ափիս մէջ. անյագօրէն կը շնչէի, մեծ հօրս ալ շնչել կու տայի: Լուսահոգին խանդավառութիւնս տեսնելով մօրս կը թելադրէր որ Հալէպ՝ մեր տունն ալ զարդարէր այս անուշաբոյր բոյսով: Հայրենիքի ռեհանը տարբեր է, հոս թարմ կապոցներով կը ծախուի կանաչիներուն հետ. բուժիչ յատկութիւններով օժտուած բոյս է, հազի ժամանակ կը թելադրուի խմել թէյի պէս:
Բազմաթիւ են նաեւ բուժիչ յատկութիւններով օժտուած բոյսերը, ինչպէս՝ անթառամը, որ ունի հակաբորբոքային յատկութիւն: Կ՚օգտագործուի լեարդի, լեղապարկի, միզապարկի, աղիքներու բուժման համար: Ունի նաեւ միջատները սպաննելու յատկութիւն եւ բնակարաններուն մէջ ցեցի դէմ կը գործածուի:
Գազ բոյսին խեժը կ՚օգտագործուի բուժման նպատակով: Խեժը կը հաւաքեն գազին ծաղկման ժամանակ, մասնաւորապէս գլխաւոր արմատին միջուկէն կամ ճիւղերէն, որ կը հոսի արմատին կտրուած մասէն, բայց եթէ ցուրտ է՝ խեժը չի հոսիր, անհրաժեշտ է օդին տաքութիւնը:
Արագած լերան ժայռերուն արանքէն տեսակաւոր ծաղիկներ գլուխ կը ցցեն, ի զուր չէ Իսահակեանի գրիչով մեզի հասածը՝
Ծիրանավառ դուն թագուհի,
Բուրումներու դուն աղբիւր,
Ծաղիկներդ հազար գոյնի,
Հազար անուն, հազար բոյր։
... Հոն տեսած եմ բոգը, որ այս հմայքին մէկ մասնիկն է, կը ծաղկի յունիս ամսուն. անցօղուն այս բոյսը կ՚աճի բարձրութիւններու վրայ՝ Գեղամայ լեռներ, Արագած եւ այլուր, նման այն մարդոց, որոնք բարձունքներ կը նուաճեն ու կը փայլին գագաթներու վրայ: Բոգը կ՚օգտագործուի որպէս օձի թոյնի դեղ:
Անմոռուկին հպանցիկ ձեւով անդրադարձանք մայիսեան բոյսերուն մէջ, քանի որ ան կը սկսի ծաղկիլ մայիսին ու կը շարունակուի ծաղկումը մինչեւ յունիսի վերջաւորութիւնը: Այս ծաղիկը բոլոր լեզուներով ունի խորհրդանշական իմաստ՝ յիշել, չմոռնալ եւ յիշեցնել: Ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան համար, այլ ընդհանրապէս, խաղաղաբեր պատմութիւն ունեցող բոյս է՝ Անգլիոյ Հենրի Դ. թագաւորը անմոռուկը ընտրած է 1398 թուականին որպէս աքսորեալներու խորհրդանիշ։
2010 թուականին որոշում առնուեցաւ հռչակել Կորսուած մանուկներու միջազգային օր, որուն նպատակն է հասարակութեան ուշադրությիւնը սեւեռել մանուկները առեւանգումներէն պաշտպանելու, կենսական դժուարութիւններէն զերծ պահելու։ Այդ օրուան խորհրդանիշը անմոռուկն է:
Անուանումին հակառակ յատկութիւններով օժտուած է հողմածաղիկը, տաք շրջաններուն մէջ աճող գեղեցիկ եւ բազմերանգ այս բոյսը կ՚աճի Արարատեան դաշտի մէջ, բայց անոր հայրենիքը Փոքր Ասիոյ լեռներն են: Կը ծաղկի ապրիլէն մինչեւ յունիս:
Յունիս ամսու ծաղիկներուն ցանկը երկար է, ամէնուր կարելի է հանդիպիլ բազմագոյն վարդակակաչներու, մեխակներու, պիոններու...:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ