ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐՈՒԱՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանը եւ վարժարանի Մատակարար մարմնէն Սօնա Մորպոյաճըն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, թէ Մխիթարեանի ընտանիքը այս տարի եւս կը պատրաստուի իրականացնել աւանդական խաւիծի օրը, որու նախապատրաստական աշխատանքները կ՚ընթանան թափով։ Ծանօթ է, որ բոլոր մխիթարեանցիներուն համար խաւիծի օրը ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն, որովհետեւ սա առիթ մը կ՚ըլլայ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու համախմբման համար։ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ Սօնա Մորպոյաճը յայտնեցին, որ Մխիթարեանի ընտանիքի պատասխանատուներուն համար մեծագոյն հաճոյքը պիտի ըլլայ հնարաւորինս բարձր թիւով սաներուն մասնակցութիւնը այս աւանդական հաւաքոյթին։
Օգտուելով առիթէն, Մխիթարեանի ներկայացուցիչները անդրադարձան նաեւ դպրոցին յարակից ձեռնարկուած հսկայական շինարարութեան ընթացքին։ Շարք մը դիւանակալական խնդիրներու բերումով ներկայիս շինարարութեան ընթացքը դանդաղած է ու կը շարունակուի նուազագոյն թափով։ Ծանօթ է, որ միջոց մը առաջ Մխիթարեանի շինարարութեան տարածքէն ներս ի յայտ եկած էր հնագիտական արժէքով հոր մը եւ այս պատճառով ալ ամբողջ ծրագիրը վերաբանաձեւուած էր՝ այդ մէկը պաշտպանելիք ձեւով։ Հիմա այս վիճակին մէջ նախագիծը վերստին հաստատման փուլերէ կ՚անցնի եւ այս պատճառով ալ շինարարութեան ժամկէտը կրնայ նախատեսուածէն աւելի երկար ըլլալ։
Յամենայնդէպս, Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի բացատրութիւններով, անյաղթահարելի խնդիրներ չկան ու վերջին հաշուով նախատեսուած համալիրը պիտի կառուցուի՝ ի գին ամէն զոհողութեան։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024