ՀՐԱՉԵԱՅ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՐԸ
Պէյրութի մէջ վերջերս լոյս տեսած է «Հայ իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի գրիչէն» գիրքը, որ կազմած է լիբանանահայ երիտասարդ պատմաբան Պետրոս Թորոսեան:
Գիրքը թերթելով կը ծանօթանանք սփիւռքահայ հեղինակաւոր ազգային-հասարակական գործիչի կեանքի հետաքրքրական մանրամասնութիւններուն: Գիրքին մէջ զետեղուած են Հրաչեայ Սեդրակեանի յօդուածները, գրութիւնները, ճառերը՝ հայ իրականութեան զանազան հարցերուն շուրջ: Այդ գրութիւնները անփոխարինելի ու արժէքաւոր աղբիւրներու կը վերածուին, երբ կը տեղեկանանք, որ ինք՝ Հրաչեայ Սեդրակեան, եղած է յետեղեռնեան սերունդի այն մտաւորական ներկայացուցիչներէն, որ Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ իրենց բոլոր հնարաւորութիւնները ներդրած են հայութեան պահպանման հարցին եւ ստեղծած՝ կառոյցներ, միութիւններ եւ ամէն ջանք ի գործ դրած, որ գաղթական հայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ գտնէ իր արժանաւոր տեղը:
Մեթր Սեդրակեան յաճախ այցելած է սփիւռքի գաղթօճախները եւ Հայաստան։ Ան միշտ պայքարած է, որպէսզի պահպանուի կամ վերահաստատուի Հայ Եկեղեցւոյ միասնականութիւնը: Հաւատացած է հայրենիքի եւ Սուրբ Էջմիածնի ազգապահպանման կարեւոր դերին եւ միշտ հակադրուած է Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ կապերու խզման հակառակ գաղափարախօսութեանց եւ վարչաձեւերու տարակարծութիւններուն:
Հրաչեայ Սեդրակեան ծնած է Եոզղատ, 1916 թուականին: Հայրը՝ Խոսրով էֆէնտին, եղած է Օսմանեան բանակի սպայ, որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի օրերուն հաստատուած է Լիբանան, մինչ ընտանիքը մնացած է Եոզղատ: Երկու տարեկանին Սեդրակեան համաճարակի հետեւանքով կորսնցուցած է իր մայրը եւ մեծցած է մեծ մօր գուրգուրանքին տակ: 1926 թուականին ընտանօեք վերջնականապէս փոխադրուած են Լիբանան: Պէյրութի մէջ ուսումը ստացած է ժեզուիթներու Սեն Կրեկուար ճեմարանէն ներս, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Սեն Ժոզէֆ համալսարանէն ներս, մասնագիտանալով իրաւաբանութեան ճիւղին մէջ, զոր պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտած է 1941 թուականին, վկայուելով իբրեւ փաստաբան:
Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան կանուխ տարիքէն նետուած է ազգային-հասարակական կեանքին մէջ եւ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն: Ան կարեւոր դեր ունեցած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան հիմնադրման մէջ, որ կեանքի կոչուած է 1940-ին: 1940-1943 թուականներուն վարած է միութեան ատենապետութիւնը, ատկէ ետք ալ կարեւոր պաշտօններ վարելով ՀԲԸՄ եւ ՀԵԸ կառոյցներէն ներս: Կանուխէն անդամակցած է ՌԱԿ-ին՝ եգիպտահայ կուսակցական ղեկավար Էօժէն Բաբազեանի կնքահայրութեամբ, երբ վերջինս ազգային գործերով Պէյրութ կը գտնուէր:
1946-ին գլխաւորած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի Ներգաղթի կեդրոնական կոմիտէն: Հայ մշակոյթը պահպանելու եւ տարածելու միտումով, 1947-ին եղած է հիմնադիրներէն ՌԱԿ մշակութային թեւին՝ Թէքէեան մշակութային միութեան, իսկ 1951-ին՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին, միաժամանակ ըլլալով վարժարանին արտօնատէրը: Երկար տարիներ ատենապետած է ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, իսկ 1982-ին՝ ընտրուած ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ:
1988-ին, ՀԲԸՄ-ի նախագահ Ալեք Մանուկեանի որոշումով դարձած է ՀԲԸՄ-ի պատուոյ անդամ: Նոյն տարին Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սեդրակեանը պարգեւատրած է «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով։ 1991-ին հռչակուած է ՌԱԿ-ի պատուոյ նախագահ: Արժանացած է Ամենայն Հայոց Վեհափառի սրբատառ կոնդակին, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի Արժանեաց շքանշանին:
Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան մահացած է 1997-ին՝ Պէյրութ:
«Հայ իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի գրիչէն» գիրքը կազմող Պետրոս Թորոսեան կը գրէ, որ իր ծանօթութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին հետ սկսած է անոր մահէն ետք, երբ նախ պատանութեան տարիներուն լսած է անոր անունը, իսկ յետոյ, երբ մաս կազմած է ՀԲԸՄ-ՀԵՄ Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան վարչութեան, որուն հիմնադիրներէն եւ առաջին ատենապետը եղած է Սեդրակեան, աւելի մօտէն ծանօթացած է անոր գործին: Նշմարելով անոր կարեւոր ներդրումը եւ ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութիւնը լիբանանահայ գաղութի զանազան բնագաւառներէն ներս, Պետրոս Թորոսեան ձեռնամուխ եղած է գիրքի կազմումին:
Հետաքրքրական է գիտնալ, որ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան ուշ տիրապետած է հայերէնին եւ հակառակ այս մէկուն, մամուլին մէջ գրած է բազմաթիւ յօդուածներ, որոնց մէջ քննարկած է հայ իրականութիւնը յուզող բազմաթիւ հարցեր: Գիրքին մէջ ամփոփուած յօդուածները տպագրուած են 1939-1994 թուականներու միջեւ եւ ընդհանրապէս քաղուած՝ լիբանանահայ «Զարթօնք» օրաթերթէն եւ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» ամսագրէն: Գիրքին մէջ տեղ գտած է շուրջ 82 յօդուած, որոնք ըստ նիւթերուն, բաժնուած են հինգ գլուխներու՝ «Ազգային խնդիրներ եւ խորհրդածութիւններ», «Գաղութներ», «Եկեղեցական հարցեր», «Կազմակերպութիւններ», «Ներգաղթ եւ Խորհրդային Հայաստան»:
Գիրքը կազմողը կը վերահաստատէ, որ այս յօդուածները կարեւոր սկզնաղբիւր եւ ատաղձ են սփիւռքահայ պատմութիւնը հետազօտողներուն, պատմաբաններուն եւ սփիւռքագէտներուն համար, որոնք կ՚ուսումնասիրեն յետեղեռնեան շրջանին կազմաւորուած լիբանանահայ եւ այլ գաղութներու (Սուրիա, Յորդանան, Յունաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն) պատմութիւնը, ազգային առաջնահերթութիւնները, հարցերը եւ մթնոլորտը:
Գիրքին մէջ տեղ գտած է նաեւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօս եւ ընկերաբան Տքթ. Ահմատ Պաալպաքի խօսքը, որ արտասանուած է Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի մահուան քառասունքին առթիւ: Այս մէկը ներառուած է որպէս ոչ հայու արժեւորում մը՝ Մեթրի անձին:
Գիրքին երկրորդ մասին մէջ կը կարդանք Հրաչեայ Սեդրակեանի յիսնամեայ յոբելենական հանդիսութեան առիթով հրատարակուած գրքոյկէն նամակներու եւ յօդուածներու ընտրանի մը (13 հատ): Անոնք գրուած են Մեթրին կուսակցական եւ միութենական գործակիցներուն կողմէ. ինչպէս՝ Ալեք Մանուկեան, Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն, Հայկաշէն Ուզունեան, եւ այս գրութիւնները աւելի կ՚արժեւորեն անոր անձն ու գործը:
Գիրքը հետաքրքրական կը դառնայ նաեւ յօդուածներու եւ ճառերու կողքին զետեղուած յուշագրութեամբ մը, որ կը պատկանի Մեթրին կողակիցին՝ Տիկին Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրակեանին, որ նաեւ քաջալերողը եւ նպաստողը եղած է պատմաբան Պետրոս Թորոսեանի սոյն աշխատութեան: Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրակեան կը նշէ, որ Մեթրը յուշեր չէ գրած եւ երբ անոր յաճախ հարց կը տրուէր, թէ ինչո՞ւ իր յուշերը գրի չ՚առներ, ան զանազան պատճառաբանութիւններով նիւթը կը փոխէր: Իր մահէն ետք, շատեր անոր կողակիցին՝ Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրակեանին առաջարկած են, որ գրէ յուշեր եւ նկատի առնելով Մեթրին ապրած կեանքը, կ՚ակնկալուրէր, որ հարուստ պիտի ըլլան այդ յուշերը: Կնոջ յուշերէն ընտրանի մը միայն տեղ գտած է գիրքին մէջ:
Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրակեան նաեւ կը տեղեկացանէ, որ Հրաչեայ Սեդրակեանի անձնական արխիւը անհետացած է քանի մը հանգրուաններով: 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն կողոպտուած է Հրաչեայ Սեդրակեանի Պէյրութի սիրտը գտնուող փաստաբանական գրասենեակը: Երկրորդը՝ 1994-ին Գանատա Սեդրականներու բնակութեան շրջանին, Պէյրութի անոնց բնակարանին մէջ ջուր յորդելու հետեւանքով փճացած է մաս մը եւ մնացեալ մասը, որ փրկուած է, դժբախտաբար, տրամադրութեան տակ չէ:
Մերթ Հրաչեայ Սեդրակեանի կողակիցը իր յուշագրութեան կը սկսի իր իսկ մանկութենէն եւ կը հասնի մինչեւ իր ամուսնութիւնը Մեթրին հետ, որուն անունը, ուրիշ ազգայիններու անուններուն հետ, լսած էր Պաղտատ ապրած պատանութեան տարիներուն եւ երբեք միտքէն չէր անցուցած, որ ապագային ինք պիտի ըլլար այդ ազգայիններէն մէկուն կողակիցը:
Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրակեան ծնած է Պաղտատ, իրաքահայ ազգայիններէն Կարապետ Մելքոնեանի ընտանիքին մէջ: Անոր մայրը՝ Ազնիւ Տէր-Եղիայեան, Պոլսոյ Զաւէն Պատրիարք Տէր-Եղիայեանի եղբօրը դուստրն էր: Իր յուշագրութեան մէջ կը գրէ. «Ծնողքս աշխոյժ ազգային գործունէութիւն կը տանէին եկեղեցւոյ, վարժարանի, աղքատախնամի, ներգաղթի, ՀԲԸՄ-ի եւ այլ բնագաւառներէ ներս: Մեր տան մէջ յաճախ հանդիպումներ եւ ժողովներ տեղի կ՚ունենային, ինչպէս նաեւ մուտք կը գործէին տարբեր օրաթերթեր՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը Պոլիսէն, «Արեւ»ը՝ Գահիրէէն եւ «Զարթօնք»ը՝ Պէյրութէնե:
Այնուհետեւ կը նկարագրէ, թէ ինչպէս ընտանիքը Պաղտատէն հաստատուած է Պէյրութ: 1958 թուականը փոթորկալից տարի մը եղած է Իրաքի պատմութեան համար, ինչպէս նաեւ Մարլէն Մելքոնեանի ընտանիքին համար: Այդ տարին անոր հայրը՝ Կարապետ Մելքոնեան, որ Իրաքի քարիւղի արդիւնաբերութեան մէջ պատասխանատու պաշտօն կը վարէր, 57 տարեկանին յանկարծամահ կ՚ըլլայ Լոնտոնի մէջ, ուր յաճախ կը ճամբորդէր իր պաշտօնին բերումով: Մարլէն Մելքոնեան իր երկու աւագ եղբայրներուն հետ կ՚ուսանէր Միացեալ Նահանգներ, անոնք անմիջապէս Պաղտատ կը վերադառնան: Հազիւ մի քանի շաբաթ անց՝ 14 յուլիսին, տեղի կ՚ունենայ Իրաքի յեղափոխութիւնը, որ վերջ կը դնէ արքայական Հաշիմ ընտանիքին: Եղբայրները կ՚որոշեն Միացեալ Նահանգներ վերադառնալ, իսկ ինք՝ Մարլէն Մելքոնեան, իր մօրը հետ մի քանի տարի Պաղտատ բնակելէ ետք, 1969-ին, վերջնականապէս կը հաստատուի Պէյրութ: Պէյրութի մէջ, երկար ընդմիջումէ ետք, կ՚որոշէ իր բարձրագոյն ուսումը շարունակել՝ մասնագիտանալով գրադարանագիտութեան մէջ:
Կը յիշէ, թէ ո՛ւր առաջին անգամ տեսած է Մերթ Հրաչեայ Սեդրակեանը. 1969-ի օգոստոսին, երբ նոր հաստատուած էին Պէյրութ, երեկոյ մը բարեկամներով կ՚երթան Լիբանանի Պաալպէքի փառատօնին, ներկայ գտնուելու Արամ Խաչատրեանի «Սփարթաքիա» պալէին, որ առաջին անգամ կը ներկայացուէր Խորհրդային Միութենէն դուրս: Դադարին կը շրջէին եւ զմայլանքով կը դիտէին Պաալպէքի սքանչելիօրէն լուսաւորուած հսկայական սիւները, երբ դիմացնին կ՚ելլէ երեք բարձրահասակ անձ. «Ասոնք մեր գաղութի գագաթներն են», Մարլէն Մելքոնեանի ականջին կը շշնջայ զինք փառատօն հրաւիրող տիկինը: Ինք նոյնպէս կը տպաւորուի այդ բարձրահասակ անձերով, որոնք Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանը, Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանը եւ Գերսամ Ահարոնեանն էին: Իրարու կը ծանօթանան եւ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան Մարլէն Մելքոնեանի հօրը ծանօթ ըլլալով, փափաք կը յայտնէ իր տիկնոջ հետ այցելել Մարլէն Մելքոնեանին մօրը: Նշանակուած օրը Մեթրն ալ կ՚ընկերակցի անոր. «Շատ հաճելի երեկոյ մը կ՚անցընենք միասին, անցեալի ազգային նիւթերու եւ դէմքերու մասին զրուցելով, մանաւանդ որ մայրս Պոլսոյ Դպրոցասէր վարժարանի շրջանաւարտներէն էր եւ իր հօրեղբօր՝ Զաւէն Պատրիարքին կ՚ընկերանար իր զանազան ճամբորդութիւններուն ատեն դէպի Եւրոպա, Եգիպտոս, Կիպրոս եւ այլ երկիրներ:
«Տեղին է յիշել, որ յետեղեռնեան շրջանին, երկու տարի Նիկոսիոյ մէջ անոնք հիւրընկալուած էին Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեաններու կողմէ, ուր Պատրիարքը յաջողած էր երկու բարերար եղբայրները համոզել Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնումին անհրաժեշտութեան մասին», կը գրէ Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրակեան:
Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրակեան կը յիշէ, որ Մեթր Սեդրակեանի եւ Բարունակ Թորոսեանի հետ այդ հանդիպումէն ետք, քանի մը այցելութիւններ կը փոխանակուին, որմէ ետք վրայ կը հասնի 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ ստիպուած կ՚ըլլան շրջան մը ապրիլ Զուիցերիա, ապա կը վերադառնան Պէյրութ, ուր մայրը, որ արդէն անհանգիստ էր, կը մահանայ:
Ան մէյ մըն ալ Մեթր Սեդրակեանին կը հանդիպի 1981-ին, երբ դէմ դիմաց կու գան փողոցը: Մեթրը կը պատրաստուէր մեկնել հայրենիք եւ Մարլէն նոյնպէս գործի բերումով պիտի ճամբորդէր եւ կը համաձայնին ճամբորդութիւններէն վերադարձին հանդիպիլ որոշեալ թուականի մը: Այդպէս ալ կ՚ըլլայ: Կը գրէ. «Շատ ժամանակ չանցած, օր մը սեպտեմբեր 1982-ին, Մեթրը անակնկալօրէն կ՚այցելէ ինծի: Ձեռքս բռնած կ՚ըսէ. «Եկուր նստէ կողքս, ըսելիք ունիմ: Ես բոլոր կեանքս ազգային գործով զբաղած ըլլալով, բնաւ ամուսնութեամբ չհետաքրքրուեցայ: Բայց հիմա որոշած եմ քեզի հետ ամուսնանալ… Հոկտեմբերի սկիզբը պիտի մեկնիմ հայրենիք եւ դուն ալ հետս: Հոն Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ պիտի պսակուինք»… Այս կեանքի մեծ անկիւնադարձ մըն էր ինծի համար մանաւանդ որ առաջին այցելութիւնս պիտի ըլլար հայրենիք, ուր նաեւ պիտի ծանօթանայի Վեհափառին հետ»:
Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրակեան կը յիշէ, որ իրենց ճամբորդութիւնը Հայաստան կը զուգադիպէր ՀԲԸՄ-ի նախագահ Ալեք Մանուկեանի եւ իր շքախումբին Հայաստան ժամանումին: Ալեք Մանուկեան Հայաստան կ՚երթար բացումը կատարելու Սուրբ Էջմիածնի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» թանգարանին, որուն բացման թուականը որոշուած էր 11 հոկտեմբեր 1982-ին: Վեհափառին կարգադրութեամբ Մեթրին եւ Մարլէնին պսակը տեղի ունեցած է նոյն օրը, կէսօրէ առաջ, Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ, Տէր եւ Տիկին Հայկաշէն եւ Մարի Ուզունեաններու կնքահայրութեամբ, իսկ պսակէն ետք տեղի ունեցած է թանգարանին բացումը:
Գիրքը կազմողը հոս կը ծանօթագրէ, որ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան ամուրի եղած է մինչեւ 65 տարեկանը, եւ երկար տարիներ կը վայելէր իր կրտսեր եղբօր՝ Հմայեակին եւ անոր տիկնոջ՝ Արմինէին, ինչպէս նաեւ անոնց երեք զաւակներուն՝ Վահէին, Սեպուհին եւ Պերճին (ներկայիս ՀԲԸՄ-ի նախագահ) գուրգուրանքը:
Այնուհետեւ Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրակեան կը գրէ, որ ամուսնութենէն ետք է, որ աւելի ու աւելի սկսած է ճանչնալ Մեթր Սեդրակեանը եւ ծանօթացած է այն լայն համարումին, որ ան ունէր սփիւռքի եւ հայրենիքի անձնաւորութիւններուն կողմէ։ «Թէեւ մեր ամուսնութիւնը տեւած է մօտաւորապէս տասնհինգ տարի (1982-1997), սակայն կարծէք լման կեանք մը ճանչցած էինք զիրար», կը գրէ Հրաչեայ Սեդրակեանին կողակիցը:
Յուսանք՝ Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրակեանին յուշերը, որոնք այս հատորին մէջ միայն պատառիկներ են, շարունակութիւն կ՚ունենան եւ աւելի հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ի յայտ կու գան հայութեան նուիրուած գործիչին՝ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին կեանքէն: Ինչ կը վերաբերի գիրքը կազմող երիտասարդ պատմաբան Պետրոս Թորոսեանին, ան վերջերս ստացած է իր մագիստրոսական կոչումը՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն՝ թեզի նիւթ ունենալով եգիպտահայոց տնտեսական դերը 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարասկիզբին եւ սեպտեմբերին իր տոքթորական ուսումը պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
«Հայ իրականութիւնը Մերթ Հրաչեայ Սեդրակեանի գրիչէն» գիրքին մէջ ընդգրկուած են ընտանեկան արխիւէն տրամադրուած 78 լուսանկարներ, որոնք Մեթր Սեդրակեանի յիսնամեայ ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը եւ կեանքը կը ներկայացնեն: Լուսանկարներէն մէկուն մէջ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագիր՝ Մարտիրոս Գօչունեանի հետ է: Լուսանկարը առնուած է 1961 թուականին:
ՌԱԿ շրջանակի առաջին փորձաքարը հանդիսացաւ 1946-ին լայն թափով վերսկսած հայրենադարձութիւնը: Շրջանակին կեցուածքն ու գործնական ընթացքը, ներգաղթին հանդէպ դրսեւորած ոգեւորութիւնը հաստատեցին, որ ան, հակառակ գաղափարական հեռաւորութեան եւ այլազան դժուարութեանց, փարած է այս նուիրական գործին եւ շատ սրտամօտ կը նկատէ Խորհրդային Հայաստանը, որուն մէջ կը տեսնէ վերջին վեց դարերու պետականազրկումէ եւ 1918-20-ի Հայաստանի Հանրապետութեան դժուարագոյն օրերէն ետք վեր յառնող հայրենիքը, ներշնչարանն ու երաշխիքը հայկական երազներու իրականացման: Շրջանակը պատուով կատարեց ներգաղթին հանդէպ ստանձնած յանձնառութիւնը, արդարօրէն վաստըծկեցաւ հայրենասէր կազմակերպութիւն ըլլալու վարկն ու պատիւը եւ գործնապէս հաստատեց նախանձախնդիր ազգայնականներ ըլլալու իրողութիւնը: Հայրենադարձութեան գործը Լիբանանի մէջ գործնապէս գլխաւորեց Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանը:
Կուսակցական օրինակելի առաջնորդ, խոնարհ ու համեստ, անմիջական ու դիւրահաղորդ, մարդկային ու հանդարտաբարոյ, ազնիւ, ջինջ եւ անխարդախ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին առաջին իրագործումը չէր ատիկա ռւ չեղաւ նաեւ վերջինը՝ այս գիրքը վկայ:
Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ