ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

ԲԱՆԻՆ ՄԱՐՄԻՆ ԸԼԼԱԼԸ

Չորս հարցում կը տրուի.

Առաջին հարցումը. Բանը ինչպէ՞ս մարմին եղաւ:

Պատասխան. Կ՚ըսենք, ինչպէս խօսքը գիրով մարմին կ՚ըլլայ, եւ ասիկա չորս կերպերով. նախ, ինչպէս խօսքը անմարմին է եւ գիրով կը ճանչցուի, այդպէս ալ Բանն Աստուածը Ինք՝ ըստինքեան անմարմին է, իսկ մեզի մարմինով երեւցաւ: Երկրորդ, ինչպէս խօսքը առանց խառնուելու մելանին կը միանայ, այդպէս ալ Բանն Աստուածը անքակտելի կերպով մարմինին միացաւ: Երրորդ, գիրը կը ծածկէ խօսքը, այդպէս ալ մարմինն ու հոգին Քրիստոսի Աստուածութիւնը ծածկած էին: Չորրորդ, ինչպէս որ ոեւէ մէկը գրուած քարտէսը կը չարչարէ, սակայն խօսքը գիրին միջոցով անչարչարելի կը մնայ, այդպէս ալ Բանն Աստուածը մարմինին հետ Իր միութեամբը չարչարուեցաւ եւ անչարչարելի մնաց, որովհետեւ Աստուած էր:

 

Երկրորդ հարցումը. Ինչո՞ւ համար կ՚ըսէ. «Եւ Բանը մարմին եղաւ» եւ ո՛չ թէ՝ մարդ եղաւ կամ հոգի:

Պատասխան. Չըսաւ, թէ՝ մարդ եղաւ, նախ՝ որպէսզի չկարծեն, թէ Քրիստոսի մէջ երկու անձ կայ, այլ՝ մարմին եղաւ, որովհետեւ, մարմինը, հոգին ու միտքը Աստուծոյ Բանին նախագոյեացեալ անձին հետ միացան, որով կը դաւանուի՝ երկու բնութիւններէ՝ մէ՛կ Տէր, մէ՛կ Քրիստոս, մէ՛կ անձ եւ մէ՛կ բնութիւն, ինչպէս վերը ցոյց տրուեցաւ: Երկրորդ, կ՚ըսենք, հոգի չըսա՛ւ, որպէսզի պատուական մասը աւելի չկարծուի, այլ՝ մարմին [ըսաւ], որ ընդհանուր միաւորութիւնը ցոյց կու տայ: Որովհետեւ, եթէ Բանն Աստուածը անարգ մարմինը միաւորեց, ա՛լ աւելի հաւատալի է նաեւ, որ պատուականն ալ միաւորեց, որ հոգին է, ինչպէս Աստուածաբանը կ՚ըսէ, թէ «Հոգիին միջնորդութեամբ մարմինը եղաւ»: Երրորդ, Բանին խոնարհութիւնը ցոյց կու տայ, որ ո՛չ միայն պատուական մասին միաւորեցաւ, որ հոգին է, այլ՝ անարգ ու նուաստ մասին ալ, որ մարմինն է: Եւ չորրորդ, մարմին կ՚ըսէ, որովհետեւ իր հետ ունի ե՛ւ հոգի, ե՛ւ միտք, ե՛ւ ոսկորներ ե՛ւ [միւս] մասերը [մարմինին]: Նոյնպէս Բան կ՚ըսէ, որովհետեւ Իր հետ ունի գոյացութիւնը, էութիւնը եւ բնութիւնը, որովհետեւ կը ցուցնէ, թէ Բանը ամբողջութեամբ ամբողջական մարդ եղաւ եւ ո՛չ թէ Բանէն մաս մը մարդէն մասնիկ մը առաւ, այլ՝ ամբողջը ամբողջին առնելով Իր Աստուածութեան միաւորեց:

 

Երրորդ Հարցում. Ի՞նչ պատճառով Աստուած մարդ եղաւ եւ ո՛չ թէ հրեշտակներուն կամ մարդոց միջոցով մարդիկը չփրկեց:

Պատասխան. Առաջին, կ՚ըսենք, թէ հրեշտակը չէր կրնար փրկել, նախ՝ որովհետեւ արարածներ են, չեն կրնար նորոգել եւ ո՛չ ալ մեզ փրկել: Երկրորդ, մեր փրկիչը կը պարտաւորուէինք պաշտել, եւ այդ կռապաշտութիւն կ՚ըլլար, այլ Արարիչը Ի՛նք նորոգեց ու մեր Փրկիչը պաշտելով աստուածապաշտներ կ՚ըլլանք: Երկրորդին մասին կ՚ըսենք, թէ մարդը չէր կրնար փրկել՝ վեց պատճառով. նախ՝ որովհետեւ մահկանացուներ էին եւ չէին կրնար մեզ կենդանացնել, այդ պատճառով Անմահ Աստուածը մեզ մարմինով կենդանացուց: Երկրորդ, որովհետեւ մեղքով ինկած էին եւ չէին կրնար մեզ արդարացնել, այդ պատճառով Բանն Աստուածը անմեղ մարմինով մեզ արդարացուց: Երրորդ, մեր բնութիւնը խոնարհուած ու ապականուած էր, Բանն Աստուածը մեզ անապական մարմինով բարձրացուց: Չորրորդ, մեր ցաւերը զօրաւոր էին եւ արդարները կամ մարգարէները չէին կրնար բժշկել, այդ պատճառով ճարտար եւ իմաստուն Բժիշկը՝ Քրիստոս, եկաւ ու բժշկեց մեզ, ըստ այնմ. «Իր Խօսքը ուղարկեց եւ բժշկեց զիրենք» (Սղ 107.20): Հինգերորդ, Ադամին մեղքը անհուն էր, որովհետեւ Աստուծոյ դէմ էր, իսկ Օրէնքը չէր կրնար վերցնել զայն, որովհետեւ հեռաւոր էր, այդ պատճառով Աստուած մարդ եղաւ եւ մեղքը վերցուց: Վեցերորդ, ինչպէս որ նկարին վրայ կը տեսնուի, երբ ձեւը կը նկարեն եւ ապա միայն գլուխը կը կցեն, այդպէս ալ Աստուած երկիրը, երկինքը եւ միւս բոլորը արարեց, ու վեցերորդ օրը՝ Ադամը: Մեղանչելէն ետք երբ արարածներուն գլուխը [Ադամը] մեռաւ, այդ պատճառով անհրաժեշտ եղաւ Աստուծոյ Բանին Կոյսին որովայնին մէջ իջնելը եւ երկրորդ Ադամ ըլլալը: Եւ ասիկա իրարու հակառակ է, որովհետեւ առաջին Ադամէն Եւան ստեղծուեցաւ, իսկ Կոյսէն՝ Քրիստոսը ծնաւ եւ երկրորդ Ադամը եղաւ, ու ապա երկինքն ու երկիրը եւ անոնց բոլոր զարդերը իրենց կատարումին հասան, որովհետեւ արարածները չորս են. նախ՝ անշարժ էութիւնները, երկրորդ՝ շարժականները, երրորդ՝ զգայականները, չորրորդ՝ բանականները: Արդ, այս չորս մարդուն մէջ կը գտնուին եւ Քրիստոսի մարդեղացման ժամանակ այս բոլորը իրենց կատարումին հասան մարդուն մէջ, որովհետեւ մարդը ամբողջ աշխարհը իր մէջ պարունակուած ունի:

Այսքանը երրորդ հարցումին համար:

ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԲԱՆԸ ՄԱՐԴԱՑԱՒ ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ ՀԱՅՐԸ ԿԱՄ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ

Չորրորդ հարցում. Թէ ինչո՞ւ համար Բանը մարմնացաւ եւ ո՛չ թէ Հայրը կամ Սուրբ Հոգին:

Պատասխան. Վարդապետները բազմաթիւ պատճառներ կու տան. նախ, որովհետեւ Հայրը անսկիզբն է, ու քանի որ եթէ մարմինով սկսած ըլլար, աշխարհին մէջ ո՛չ ոք անսկիզբը կ՚ըլլար, այլ՝ Հօրմէն սկսած Բանը, մօրմէն սկսաւ:

Երկրորդ, Հայրը Միածին Որդին եւ ճշմարիտ Հոգին առաքող է: Արդ, եթէ մարմնացած ըլլար, ո՛չ ոք առաքող կ՚ըլլար, այլ՝ երեք անձերն ալ առաքուած:

Երրորդ, եթէ Հայրը մարմնանար է, որդի կ՚ըլլար, այդ ատեն պատշաճ չէր ըլլար որ Հայրը որոշ ժամանակ Հայր ըլլար, եւ որոշ ժամանակ՝ Որդի:

Չորրորդ, եթէ Հոգին մարմին առած ըլլար, անձերը շփոթուած կ՚ըլլային, այլ՝ ծնունդը ծնաւ եւ Որդին Որդի եղաւ:

Հինգերորդ, որովհետեւ Բանը հօր պատկերն ու էութեան նկարագիրն է, եւ մարդը Աստուծոյ պատկերին համաձայն ըլլալով, պարտ է պատկերին, որ Իր պատկերը առնէր:

Վեցերորդ, Որդին ըստ անձերու կոչումին Հօր եւ Հոգիին միջեւ է, նոյնպէս պէտք էր միջնորդ ըլլար մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ:

Եօթներորդ, Բանը Հօր իմաստութիւնն ու մարդուն Արարիչն էր, իսկ ապականուած մարդուն պէտք է Աստուծոյ իմաստութիւնը նորոգէր զինք:

Ութերորդ, ըստ Առաքեալին, Բանը Աստուծոյ զօրութիւնն է. «Աստուծոյ զօրութիւնը պարտաւոր է մարդոց տկարութեան հասնիլ» (հմմտ. Հռ 8.26):

Իններորդ, որովհետեւ Աստուծոյ Բանը եւ մարդուն խօսքը (բանը) բազմաթիւ հասարակ կէտեր ունին, ինչպէս Աւետարանին սկիզբը ցոյց տրուեցաւ, այդ պատճառով Բանն Աստուածը մարդացաւ:

Այսքանը չորրորդ հարցումի մասին:

ՄԵՐ ՄԷՋ ԲՆԱԿԵԼՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «...եւ մեր միջեւ բնակեցաւ» (Յհ 1.14):

Մեկնութիւն. Կրկնակի է բնակիլը. նախ՝ միութեամբ, ինչպէս հոգին մարմինին մէջ կը բնակի: Երկրորդ, բաժանմամբ, ինչպէս մարմինը հագուստին մէջ կը բնակի:

Արդ, Բանին համար միութեամբ բնակիլ կ՚ըսուի մարմինին մէջ, ըստ այնմ. «Անոր մէջ մարմնապէս կը բնակի Աստուածութեան ամբողջ լրումը» (տե՛ս Կղ 1.19), որ է էապէս, որովհետեւ բունը, էն եւ գոյն մէկ իր կը ցուցնէ. բնակից, էակից, գոյակից. իսկ բաժանմամբ բնակիլ կ՚ըսուի, ինչպէս որ վայրի մը մէջ: Եւ այդպէս, մարմնացած Բանը երկիրի վրայ շրջեցաւ եւ մարդոց մէջ բնակեցաւ, ինչպէս Բարուք կ՚ըսէ. «Ասկէ ետք երկիրի վրայ պիտի երեւի ու մարդոց մէջ պիտի շրջի» (տե՛ս Բրք 3.38):

Արդ, Բանը չորս կերպով բնակեցաւ. նախ՝ միութեամբ մարմինին մէջ, երկրորդ՝ բաժանմամբ Կոյսին մէջ, երրորդ՝ որոշմամբ՝ երկիրի մէջ, չորրորդ՝ շնորհով սուրբերուն մէջ:

ԹԷ ԻՆՉՊԷՍ ՏԵՍԱՆՔ ԶԻՆՔ

Իսկ Աւետարանիչը երբ Աստուծոյ Բանին ծնունդն ու մարդեղութիւնը ցոյց տուաւ, հիմա կը ցուցնէ, թէ ինչպէս աւետարանիչներն ու առաքեալները կարողացան հասու ըլլալ ու ճանչնալ Բանին ծնունդն ու մարդեղութիւնը, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Մենք տեսանք Անոր փառքը» (Յհ 1.14):

Մեկնութիւն. Տեսնելը կրկնակի է. նախ՝ առաքեալները մարմինով մարմինը տեսան եւ հոգիով՝ Քրիստոսի Աստուածութիւնը: Տեսնելը հոգեւորագոյն է, քան՝ միւս զգայութիւնները, այդ պատճառով կ՚ըսենք. «Տե՛ս այդ բանը, տե՛ս համը, եւ այլն»: Մենք տեսանք Անոր փառքը, այսինքն՝ մենք, որ Քրիստոսի առաքեալ ու աշակերտ ենք, տեսա՛նք, այսինքն՝ Քրիստոսի անչափելի Աստուածութիւնը եւ Անոր գործերը ճանչցանք, որ աւելի վեր է, քան բոլոր ստեղծուածները, այդ պատճառով Աւետարանիչը կ՚ըսէ. «Փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ» (Յհ 1.14), այսինքն՝ Անոր մեծութենէն, որ մեզի յայտնուեցաւ, զՔրիստոս ճանչցանք՝ Աստուծոյ Որդին, ո՛չ որդիներու որդեգրութեան պէս, այլ՝ Միածին Որդի եւ մարմնացեալ Բան, ատոր համար Միածին կ՚ըսէ, եւ մարմնացեալ Բանին մեծութեան համար Յոհաննէսը իր ընդհանրականին մէջ, կ՚ըսէ. «Մենք լսեցինք, մեր աչքերով տեսանք եւ մեր ձեռքերով շօշափեցինք Որդին, Բանը, որ սկիզբէն իսկ կեանքի ստեղծիչն էր» (Ա.Յհ 1.1), այսինքն՝ որ ըստ Իր էութեան կեանքի ու կենդանութիւն աղբիւրն է:

Կեանքը մարմինով յայտնուեցաւ, բայց երբ Աւետարանիչը կ՚ըսէ՝ «իբրեւ զՄիածնի», այս իբրեւը պէտք է իմանալ ճշմարտապէս Միածին, որովհետեւ ինչպէս որ երբեմն իբրեւը ճշմարտութեան համար կը դրուի, ըստ այնմ. «Յիրաւի Իսրայէլի Աստուածը բարի է» (Սղ 73.1). Պօղոսը Կորնթացիներուն նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Սոյնպէս մարդիկ մեզ իբրեւ Աստուծոյ պաշտօնեաներ թող համարեն» (տե՛ս Բ.Կր 6.4). իսկ Յակոբոսը կ՚ըսէ. «...Օրէնքին կողմէ իբրեւ օրինազանց կը դատապարտուիք» (Յկ 2.9), այսինքն՝ Աստուծոյ օրէնքներուն ճշմարտապէս յանցաւորները: Նոյնպէս այստեղ կ՚ըսէ. «Իբրեւ զՄիածնի առ ի Հաւրէ», այսինքն՝ որ Քրիստոսն է, ճշմարտապէս Հօր Աստուծոյ Միածինը: Արդ, առաքեալները հինգ [կերպով] ճանչցան Քրիստոսի Աստուածութիւնը. նախ՝ որովհետեւ Հայրը Յորդանանի մէջ եւ Թաբօր լերան վրայ վկայեց. «Այս է Իմ սիրելի Որդիս» (Մտ 17.5): Երկրորդ, հրեշտակներու սպասաւորութենէն, որովհետեւ հրեշտակները միայն Աստուծոյ կ՚երկրպագեն: Երրորդ, որովհետեւ բոլոր արարածները հնազանդեցան Անոր՝ ծովը, երկիրը եւ լուսաւորները: Չորրորդ, վարդապետութիւններէն, որովհետեւ Անոր խօսքը իշխանութեամբ էր: Հինգերորդ, մեծամեծ սքանչելիքներէն, որ կը գործէր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 8

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2019